ԱՆՁԵՐՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔՆԵՐԸ՝ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՄԱՁԱՅՆ - Գ -
ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐ
Վարդապետներու երկու դասակարգ գոյութիւն ունի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ։ 1.- «Մասնաւոր», որ ունի չորս աստիճաններ, եւ 2.- «Ծայրագոյն» կամ «Աւագ», որ նախորդէն աւելի ունի տասը աստիճաններ եւս։
Մասնաւոր Վարդապետութեան իշխանութիւն ունեցողը կրնայ քարոզել եկեղեցւոյ բեմէն գաւազան ի ձեռին։
Իսկ Ծայրագոյն Վարդապետը իրաւունք ունի, 1.- Մեկնելու Ս. Գիրքը, եւ 2.- Մասնաւոր Վարդապետութեան իշխանութիւն տալու իր ձեռնասուններուն։ Ծայրագոյն Վարդապետը պէտք չէ՝ անխտրաբար վարդապետութեան իշխանութիւն տայ. «եթէ ոչ իցէ նուիրեալն կատարեալ ուսմամբ՝ եւ առաքինութեամբ, եւ հասակաւ, եւ աստուածային երկիւղիւ» (Եէմ. 8)։
ՔՈՐԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐ
«Քորեպիսկոպոս» կ՚ըսուին այն եպիսկոպոսներուն՝ որոնք կը գտնուին թեմակալ եպիսկոպոսի մը ձեռին տակ իբերւ «օգնական եպիսկոպոս»։
Քորեպիսկոպոսը կրնայ տալ.
1.- Դպրութեան չորս աստիճաններ,
2.- Կիսասարկաւագի աստիճան, բայց առանց իր եպիսկոպոսին կամքին չի՛ կրնար,
1.- Երէց օծել. (Անկ. 14), (Անտ. Ժ),
2.- Սարկաւագ ձեռնադրել. (Անկ. 14), (Անտ. Ժ)։
ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐ
Եպիսկոպոսները բարձրագոյն հեղինակութիւնն են եկեղեցւոյ մէջ։ Անոնք իրենց իշխանութիւնը յաջորդաբար ստացած են առաքեալներէն։ Անոնք կը կառավարեն ստորադաս եկեղեցականները եւ հաւատացեալ ժողովուրդը, պահապաններն են ուղղափար հաւատքին, իշխանութիւն ունին դատելու եւ պատժելու յանցաւորները. կրնան կատարել բոլոր խորհուրդները, մասնաւորաբար ձեռնադրութիւնը իրենց սեփական է։
Եպիսկոպոսներու յատուկ իրաւունքներն են.
1.- Աջ ճկոյթին կրել «եպիսկոպոսական մատանի», զոր պէտք է հանէ Ս. Պատարագ մատուցած պահուն։
2.- Հագնիլ եմիփորոն՝ քահանայական զգեստներու վրայէն եւ գլխուն կրել խոյր։
3.- Կատարել ձեռնադրութիւնը քահանաներու եւ անոնցմէ վար եկեղեցական պաշտօնեաներուն։
4.- Մասնակցիլ եպիսկոպոսի օծման՝ կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ։
5.- Օծել եկեղեցիներ եւ եկեղեցական իրեր։ Սեղան կանգնել եւ մարտիրոսաց նշխարներ զետեղել. (Շահպ. 17), (Թագ. Է)։
6.- Նախագահել կրօնական ատեաններու եւ դատաստան ընել։
7.- Մասնակցիլ Ազգային-Եկեղեցական Ժողովներու։
8.- Թեկնածութիւն վայելել թեմական առաջնորդութեան եւ կաթողիկոսութեան։
9.- Քարոզել Սուրբ Աւետարանը։
10.- Եկեղեցւոյ մէջ յատուկ գորգի վրայ կանգնիլ եւ աթոռի վրայ բազմիլ։
11.- Նոր հաստատուած սովորութեան համաձայն իր կուրծքին վրայ կրել պանակէ։
Եպիսկոպոսը պէ՛տք է որ
1.- Եկեղեցւոյ Սուրբ Գիրքերը արուեստաւոր, ուղղափառ եւ գիտուն մարդոց գրել տայ. (Սիս 10)։
2.- Տարին երկու անգամ շրջի իր թեմը եւ այցելէ իր հօտին. (Սիս 11)։
Եպիսկոպոսը պէտք չէ՛ որ
1.- Բան մը ընէ առանց կաթողիկոսի կամքին. (Անտիոք Թ, Կղեմ. ԼԴ, Մխ. Ա կզ)։
2.- Լքէ այն վիճակը՝ որուն վրայ օծուած է։
3.- Իր վիճակէն դուրս ձեռնադրութիւն կատարէ, տեղացիներուն կամքին հակառակ։
4.- Նշանակուի գիւղի մը կամ դուզնաքեայ, այսինքն՝ փոքր, աննշան քաղաքի մը՝ որուն մէջ երէց բաւական է. (Սարդ. Զ)։
5.- Տգէտները եւ անարժանները քահանայ կամ սարկաւագ ձեռնադրէ. (Թադ. Ա)։
6.- Ուրիշ եպիսկոպոսէ մը բանադրուած քահանայ մը կամ աշխարհական մը արձակէ. (Շնորհ. 37)։
7.- Քորեպիսկոպոսներուն կամ քահանաներուն սեղան հաստատել կամ եկեղեցի օրհնել տայ. (Պարտ. 4)։
8.- Միւռոն օրհնէ, կամ վրան աւելցնէ եւ քահանաներուն տայ. (Պարտ. 5)։
9.- Ուրիշի մը վիճակին մէջ սեղան՝ հաստատէ։
ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍՈՒԹԻՒՆ
«Արքեպիսկոպոսութիւն»ը Հայ Եկեղեցւոյ մէջ այժմ մասնաւոր պատիւ մը դարձած է՝ զոր կաթողիկոսը կը շնորհէ արժանաւոր եպիսկոպոսներու՝ յատուկ կոնդակով։
ՊԱՏՐԻԱՐՔՆԵՐ
Հայ Եկեղեցին նախապէս ունէր մէկ պատրիարք՝ Երուսաղէմի մէջ։ Թուրքերը Պոլիսը առնելէ ետք հոն հաստատեցին նոր Պատրիարքութիւն մը Թուրքիոյ հայոց համար։ Իսկ Երուսաղէմի պատրիարքութիւնը ենթակայ է այժմ Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Հայրապետութեան։
Երուսաղէմի պատրիարքներուն իրաւունքներն են.
1.- Ստանալ արքայական հրովարտակ, կամ պետական ճանաչում, իրենց պաշտօնը եւ առանձնաշնորհումները հաստատող։
2.- Նախագահել Միաբանական եւ Տնօրէն Ժողովներու. (Միաբ. Կանոն 1888, յօդ. 22)։
3.- Ազատ ըլլալ տուրքերէ։
4.- Ցկեանս վարել իրենց պաշտօնը. (յօդ. 22)։
5.- Պատարագելու ժամանակ կրել եպիսկոպոսական խոյր, նախքան այդ աստիճանը ստանալը. (Սիմէոն Կաթողիկոս Երեւանցի. 1763-1780)։
Երուսաղէմի պատրիարքներուն պարտականութիւններն են.
1.- Անկորուստ եւ պայծառ պահել Ս. Տեղերը։
2.- Ս. Աթոռի սեփական կալուածներուն բարգաւաճման հոգ տանիլ։
3.- Ս. Աթոռի թեմական ժողովուրդը հովուել։
4.- Վանական Կանոնագրի անթերի գործադրութեան հսկել։
5.- Հաւատարիմ մնալ Տէրութեան, Ազգին եւ Ս. Աթոռին Երուսաղէմի. (յօդ. 27)։
ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՆԵՐ
Ներկայիս Հայաստանեայց Եկեղեցին ունի երկու կաթողիկոսութիւններ.- Ա. Ընդհանրական, ի Ս. Էջմիածին, Ամենայն Հայոց Հայրապետը, եւ Բ. մասնաւոր, յԱնթիլիաս, Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը։
Կաթողիկոսական մանաւոր իրաւունքներն են.
1.- Իր վիճակին համար եպիսկոպոս ձեռնադրել եւ օծել (Երս. 1), ունենալով առնթերակայ գոնէ երկու եպիսկսպոս (Նիկ. 4)։
2.- Միւռոն պատրաստել եւ օրհնել. (Ե. Դուին 9)։
3.- Ազգային-Եկեղեցական Ժողով գումարել եւ նախագահել եւ հաստատել Ժողովին որոշումները, ի գործադրութիւն։
4.- Եկեղեցւոյ բարեկարգութեան համար Կանոններ գծել եւ յատուկ Կոնդակով հրատարակել։
5.- Եկեղեցական Կանոններու դէմ գործուած մեծ յանցանքներ պատժել։
6.- Նուիրակներ եւ Պատուիրակներ ուղարկել մասնաւոր խնդիրներու կարգադրութեան համար։
7.- Առաջնորդներ նշանակել կամ հաստատել ըստ պարագային։
8.- Կոնքեռ կրել աջ կողմին. (Ժողով Կարնոյ. Կան. Թ)։
9.- Վեղարին վրայ կրել ադամանդեայ խաչ, ըստ նոր հաստատուած սովորութեան։
10.- Հաստատել Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի որոշումները եւ վճիռները։
11.- Անունը յիշել տալ՝ յիշատակել տալ եկեղեցական պաշտամունքներու ընթացքին։
12.- Արքեպիսկոպոսութեան պատիւ շնորհել պատրիարքներու եւ արժանաւոր եպիսկոպոսներու։
13.- Նոր թեմեր հաստատել։
14.- Եպիսկոպոսներու արձակած վճիռներուն դէմ բողոքները նկատի առնել եւ պատշաճը տնօրինել։
15.- Ամուսնութեան եւ ամուսնալուծման վերաբերմամբ կատարել ի հարկին բացառիկ տնօրինութիւններ։
16.- Իր իրաւասութեան ներքեւ գտնուող եպիսկոպոսները հրաւիրել խորհրդակցական ժողովի եւ ներկայացնել անոնց կրօնական-եկեղեցական հարցեր ի քննութիւն եւ ի տեղեկագրութիւն, կամ յանձնարարել որոշ գրաւոր աշխատանքներ մատուցանելի իրեն, զորս, իր կարգին, եթէ յարմար տեսնէ, կը ներկայացնէ «Ազգային-Եկեղեցական Ժողով»ին, կամ առ որ անկ է, ի նկատառումն եւ ի տնօրինութիւն պարտ ու պատշաճին։
17.- Միջեկեղեցական Ժողովներու մասնակցիլ յանուն Հայ Եկեղեցւոյ, կամ ներկայացուցիչներ եւ դիտողներ ղրկել ըստ պարագային։
Կաթողիկոսական այս իրաւունքներէն երրորդը, իններորդը եւ տասնեօթերորդը Ամենայն Հայոց Հայրապետին միայն յատուկ են, իսկ միւսները իւրաքանչիւր կաթողիկոս իր թեմերուն համար ի գործ կը դնէ։
Կաթողիկոսը պէտք չէ՛.
1.- Առանց միւս եպիսկոպոսներու միաբանութեան բան մը ընէ. (Անտիոք Թ, Մխ. Ա. կզ)։
2.- Եպիսկոպոս ձեռնադրէ «Թարց խնդրանաց ժողովրդեան, եւ վկայական թղթոյ» (Երս. 3), եւ շատցնէ անթեմ եպիսկոպոսներու թիւը առանց յայտնի հարկաւորութեան։
Կաթողիկոսը իրաւունք չունի իր բոլոր իրաւունքները ուրիշի մը փոխանցելու, տալու։
- Սկզբնաղբիւրներ.-
ա) Ներսէս Վարդապետ Մելիք-Թանգեան, «Հայոց Եկեղեցական Իրաւունքը», վերահրատարակութիւն, Ս. Էջմիածին, 2011
բ) Վազգէն Յակոբեան, «Կանոնագիրք Հայոց», Երեւան, Ա. հատոր՝ 1964, Բ. հատոր՝ 1971
գ) Նորայր Արքեպիսկոպոս Պողարեան, «Կանոնագիտութիւն», Երուսաղէմ, 1992։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 3, 2017, Իսթանպուլ