ԿԵՂԾԵՐԸ ՇԱ՜Տ ԵՆ
Վերջերս սփիւռքահայ մամուլի մը մէջ տպագրուած գտայ անձի մը մէկ գրութիւնը, որուն անձնապէս ճանչնալու առիթը ունեցած եմ: Անձը որուն մասին կը խօսիմ, հայերէն լեզուին լաւապէս չի՛ տիրապետեր. ընդհանրապէս արաբերէն լեզուով կ՚արտայայտուի, սակայն մամուլի մէջ իր ստորագրութեամբ տեսայ յօդուած մը՝ մաքուր ու անսխալ հայերէնով գրուած ու հասայ այն եզրակացութեան, որ այսօր դրամը մարդը մինչե՛ւ իսկ յօդուածագիր ու հրապարակախօս կը դարձնէ:
«Յօդուածագիրը» իրապէս գիտէ՞ «ցայտուն», «առկայ», «մտորում» բառերուն իմաստը. կը կասկածիմ...:
Տարիներ առաջ Լիբանանի մէջ հանդիպում ունեցայ արուեստագէտ Վարդան Աւեսեանի հետ. հարց տուի, թէ իր ո՞ր արարքին համար կը զղջայ. պատմեց, թէ մեծահարուստ մը մեծ գումար խոստացած է քանդակի մը դիմաց, այն պայմանով որ անոր տակ ո՛չ թէ Վարդանի, այլ իր ստորագրութիւնը տեղ գտնէ։ Արուեստագէտը պատմեց, թէ տնտեսական դժուարին պայմաններու մէջ գտնուած էր այդ օրերուն եւ ստիպուած համաձայնած: Շաբաթներ շարունակ ի՛նք տանջուած էր, սակայն արձանի բացումը կատարած էր «մեծահարուստ»ը, արժանանալով գովասանքներու եւ ներբողներու. որպէս արուեստագէտ իր գովեստը հիւսած գործի մը համար, որ իրը չէ եւ չի՛ կրնար ըլլալ՝ նոյնիսկ երբ իր ստորագրութիւնը կրէ:
Միայն թէ գիտնա՜ք, թէ դրամը այսօր ինչե՜ր ընելու կարողութիւնը ունի. դրամի ճամբով անգրագէտը յօդուածագիր, անտաղանդը արուեստագէտ, գողն ու աւազակը բարերար, պոռնիկը կոյս եւ տգէտը դոկտոր կը դարձնէ. ինչպէս ժողովուրդը կ՚ըսէ «դուն դրամէն լուր տուր...»:
Վերջերս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ կատարուած վիճակագրութեան մը համաձայն, աւելի քան 600 հազար մարդ դրամով ձեռք բերուած վկայականներով կը գործէ։ Այսօր բազմաթիւ բժիշկներ կան, որոնք բժշկական կրթութիւն չեն ստացած, այլ դրամի ճամբով ձեռք բերած են այդ վկայականը:
Նպատակս նախկին ղեկավարները քննադատել չէ, սակայն անհերքելի ճշմարտութիւն է, թէ անցեալին սփիւռքի մէջ տարածուած արտայայտութիւն էր «Հայաստան գնա՛, դրամը տուր վկայականդ առ» արտայայտութիւնը. շատե՜ր այդ ձեւով ստացած են վկայականներ ու աստիճաններ. ո՛չ արժանաւորութեամբ, այլ կեղծաւորութեամբ:
Այս բոլորին հետեւանքները պարզելու համար յիշեմ անցնող շաբթուան ընթացքին պատահած մի քանի դէպք. 13 օրեր առաջ՝ ուրբաթ, 28 յունուար 2022 թուականին հնդկական «HindustanTimes» տեղեկատուական աղբիւրը կը յայտնէ, թէ կեղծ վկայեալ բժիշկի մը պատճառով գիւղի մը մէջ կը մահանան 5 անձեր. կեղծ բժիշկը կը ձերբակալուի: Դարձեալ հնդկական «The Indian Express» լրատուութիւնը կը յայտնէ, թէ Հնդկաստանի մէջ երկու շաբաթ առաջ մահացած 2 տարեկան մանուկ մը, կեղծ բժիշկի չմասնագիտացած ըլլալուն պատճառով: Ֆրանսայի մէջ օրեր առաջ 5 տարուան ազատազրկումով դատուած է 35 ամեայ օրիորդ մը, բժշկական կեղծ փաստաթուղթեր ունենալուն պատճառով:
Ի՞նչ արժէք ունի հպարտանալ, գովասանուիլ ու բարեբանուիլ բանի մը համար, որ քուկդ չէ՛, նոյնիսկ եթէ անոր վրայ անունդ գրուած ըլլայ եւ մարդիկ իրապէս հաւատան, թէ դուն ես անոր հեղինակը: Ո՞վ պիտի չուզէր ճանչցուած երգիչ, նկարիչ եւ հանրածանօթ արուեստագէտ մը ըլլալ. ո՞վ պիտի չուզէր ունենալ Պարոյր Սեւակի կամ Համօ Սահեանի պէս գրիչ, ո՞վ պիտի չուզէր յայտնի մարզիկներու նուաճումներուն տիրանալ եւ պատիւ բերել հայրենիքին ու ազգին:
Մարդ արարածը շա՜տ բաներ կ՚ուզէ, սակայն բոլորին չէ՛ որ արժանի կը դառնայ. աւելի լաւ է գնահատուիլ փոքր արժանիքի մը համար, որուն իրապէս տէ՛րն ես դուն, քան մեծամեծ պատիւներ ստանալ արժէքի մը համար, որ քուկդ չէ, որովհետեւ անոր իսկական փառքը բուն սեփականատէրին կը պատկանի:
Դասընկերներս լաւապէս կը յիշեն. դպրոցական տարիներուն միջդպրոցական շարադրութեան մրցոյթ մը կար, որուն պիտի մասնակցէր այլ աշակերտ մը. մօտեցաւ եւ պահանջուած նիւթը յայտնեց եւ խնդրեց օգնեմ (ըստ երեւոյթին գրեմ): Շարադրութիւնը ես գրեցի, ինք արտագրեց եւ իր ստորագրութեամբ մրցոյթին մասնակցութիւն բերաւ։ Գոռոզութիւն չսեպուի, բայց այդ գրութիւնը առաջնութեան արժանացաւ. հանրութեան դիմաց ի՛նք բարձրացաւ բեմ, շնորհաւորանքներն ու որպէս մրցանակ տրուող նիւթական օժանդակութիւնը ի՛նք ստացաւ, սակայն դասընկերներս ու ես գիտէինք, որ իրական յաղթանակը իրեն չէր պատկաներ. մրցոյթէն ետք բազմի՜ցս տեսայ զինք, խօսակցեցանք՝ առանց խօսելու այդ գաղտնիքին մասին, բայց զգալի էր. տեղ մը ի՛նք եւս համոզուած էր, թէ յաղթանակը իրն էր: Մամուլի մէջ շա՜տ կը հանդիպինք բանագողութիւններու. անձեր գաղափարներ ստեղծելու փոխարէն գաղափարներ գողնալով կը զբաղուին, այն մտածումով, որ մարդ չի կրնար գիտնալ, թէ ուրկէ առնուած են անոնք:
Կը հաւատանք, թէ տկարներն ու անկարողներն են, որ դրամի ուժի կը դիմեն. մարդուն համար անկարելի բան գոյութիւն չունի՛ այնքան ատեն՝ որ աշխատելու եւ սորվելու ունակութիւնը ունի:
Երանի՜ այն մարդուն, որ իր նպատակներուն համար գիտէ պայքարիլ ու աշխատիլ ու երազներու տիրացման համար դժուարին ճամբան կ՚ընտրէ՝ քան դիւրինը:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԹՈՎՄԱՍ ԹԵՐԶԵԱՆ
(1840-1909)
Մեր թուականէն 113 տարիներ առաջ՝ 8 փետրուար 1909-ին, Պոլսոյ մէջ մահացած է գրող, բանաստեղծ եւ թատերագիր Թովմաս Թերզեան:
Թերզեան ծնած է 21 հոկտեմբեր, 1840-ին, Պոլսոյ մէջ. իր նախնական կրթութիւնը ստացած է Մխիթարեաններու վարժարանէն ներս եւ ապա ղրկուած է Վենետիկի Մուրատ Ռաֆայէլեան վարժարան, ուր հմտացած է գրաբար, իտալերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն եւ յունարէն լեզուներու մէջ: Աւարտելով իր ուսումը, 1858 թուականին վերադարձած է Պոլիս եւ սկսած է ուսուցչագործել, դասաւանդելով հայոց լեզու եւ ֆրանսերէն: Անոր աշակերտներէն եղած են անուանի դէմքեր. արձակագիր եւ բանաստեղծ Եղիա Տէրմիճիպաշեան, գրող եւ փաստաբան Գրիգոր Զօհրապ, հրապարակախօս Երուխան, արձակագիր Օննիկ Չիֆթէ Սարաֆ եւ ուրիշներ: Երկար տարիներ ուսուցչական պաշտօն վարած է Պոլսոյ Կենդրոնական վարժարանէն ներս:
Իր առաջին թատրերգութիւնը՝ «Սանդուխտ»ը գրած է 1862 թուականին, որ բազմաթիւ անգամ արժանացած է տպագրութեան եւ բազմիցս ներկայացուած է տարբեր բեմերու վրայ: Թերզեան իր առաջին օփերան՝ «Արշակ Բ.»ը գրած է 1871 թուականին, որուն յաջորդած են «Յովսէփ Գեղեցիկ»ը, «Մահ Աբէլին»ը, «Հռիփսիմէ Կոյս նահատակ»ը եւ ուրիշներ: Ստեղծագործելու կողքին Թերզեան զբաղած է նաեւ թարգմանութեամբ. յիշարժան է հին յունական բանաստեղծ Անակրէօնի բանաստեղծութիւններու թարգմանութիւնը՝ կատարուած հին յունարէնէ:
Յետ մահու, գրող եւ բանասէր Արշակ Չօպանեանի ջանքերով Վենետիկի մէջ լոյս տեսած է Թերզեանի երկերու ժողովածուն՝ երկու հատորով, ուր տեղ գտած են անոր բանաստեղծութիւնները, թատրերգութիւններն ու կատարած թարգմանութիւնները:
Թերզեանի աշխատանքը հարուստ է նաեւ դասագիրքերու պատրաստութիւնով. ան Պոլսոյ մէջ պատրաստած ու կազմած է ֆրանսերէն լեզուի դասագիրքեր. այդ աշխատութիւններէն են «Նոր քերականութիւն Գաղղիերէն լեզուի» եւ «Գործնական քերականութիւն ֆրանսերէն լեզուի» հատորիկները:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024