ՄԱՌԱԽՈՒՂԱՅԻՆ ՆԿԱՐԱԳԻՐ
Ի՞նչ է «մառախուղ»ը։ Բնութեան անորակելի «խաբեբան» է ան, որ ո՛չ մարմին ունի, ո՛չ նպատակ, ո՛չ գոյն եւ ո՛չ ալ հոտ՝ որ իր յայտնութիւնը արդարացնէ։ Բնութեան մէջ չարադէպ եւ չարադէտ միջամտութիւն մը՝ անիմաստ ու աննպատակ երեւոյթ մըն է ան, անշուշտ եթէ կարելի է ըսել անոր «երեւոյթ»։ Մառախուղը արգե՛լք մըն է բարիին, դրականին, օգտակարին, լոյսին եւ լուսեղէն ամէն էութեան՝ քաղցր ժպիտին, անկեղծ ամէն արտայայտութեան։ Խափանարար մըն է մառախուղը՝ աննպատակ եւ անիմաստ։ Խնդութիւնը տրտմութեան, ուրախութիւնը տխրութեան վերածող, ի՜նչ ըսենք, «սատանայական դաւադրութի՛ւն» մը՝ Աստուծոյ կամքին եւ սիրոյն դէմ. խառնակիչ մը՝ գիշեր ու ցերեկ, տեւապէս չարիք ստեղծող։ «Գո՛ղ» մըն է ան՝ խաւարին եւ լոյսին, պատճառը՝ «մահուան շուքի ձորին»։ Խառնածինութեան արդիւնք երեւոյթ մըն է մառախուղը։ Մառախուղը իր այս նկարագրով երբեք սիրելի չէ՝ ո՛չ բնութեան մէջ եւ ո՛չ ալ մարդուս մէջ։
Իր այս երեւոյթով եւ նկարագրով ան «վատութեան» հոմանիշն է. որքան բնութեան մէջ եւ նո՛յնքան մարդկային յարաբերութիւններու մէջ, քանի որ անոր ամէն գործը ժխտական է եւ խափանարա՛ր։
Այն մարդկային բնաւորութիւնը որ անկեղծութիւն եւ վստահութիւն չի ներշնչեր, «մառախուղային» է, քանի որ յայտնի չէ՛ թէ՝ բարի է, թէ չար, յայտնի չէ՛ թէ՝ լոյս է թէ խաւար, լուսաւոր թէ մութ։ Եւ այն նկարագիրները որոնք անկայուն են, յարափոփոխ, անոնք անվստահելի են եւ անսիրելի՝ իրենց բոլոր յարաբերութիւններուն մէջ։
Ի՞նչ պէտք է հասկնալ «մառախուղային նկարագիր» բացատրութեամբ։
«Մառախուղային նկարագիր» ասացուածքէն այն կը հասկնանք, ի՛նչ որ կը հասկնանք «մառախլապատ օդ» բացատրութենէն։ Քանի որ մառախուղը անորոշութի՛ւն կը ներկայացնէ, քանի որ ան՝ լոյսին վրայ նետուած «թաց քօղ»ի մը նման կը ծածկէ ամէն ճշմարտութիւն, կը յեղաշրջէ ամէն ճշդութիւն։ Մառախուղին մէջ հասկնալ կարելի չէ՛ թէ ո՛րն է շիտակը, ո՛րն է սխալը, որը՝ իրաւ եւ որը սուտ է, կարելի չ՚ըլլար հասկնալ, երբ ան պատած ու ծածկած է ամէն իրողութիւն։
Նոյնպէս է նաեւ կեղծաւորութիւնը, երկերեսութիւնը, նենգութիւնը, խարդախութիւնը՝ որոնք կը քօղարկեն մարդկային հոգիին բիւրեղեայ յստակութիւնը, հարազատութիւնը, սպիտակ մաքրութիւնը, անխարդախ ճշմարտութիւնը եւ սրբութիւնը։ Արդարեւ կեղծաւոր եւ նենգամիտ մարդու մը նկարագիրը կ՚աղտեղէ, ցեխով կը պատէ ճշմարտութիւնը, կ՚անպատուէ եւ կ՚ապականէ պատուականութիւնը եւ կը պղծէ հոգին։
Ուստի բնութեան մէջ օրհնութիւն է անձրեւը, օրհնութիւն է նաեւ ձիւնը, իսկ մառախուղը անէծքի մը նման կ՚իջնէ բնութեան գեղեցկութիւններուն՝ օրհնութիւններուն վրայ, կ՚ապականէ ամէն բարիք, ամէն գեղեցկութիւն եւ կը խափանէ ճշմարտութիւնը։
Բայց ցաւալին այն է, որ մառախուղը կ՚ընէ այս բոլորը՝ բոլորովին աննպատակ եւ անիմաստօրէն։ Եւ մառախուղին առկախեալ անտեսանելի գոլորշիներուն նման՝ մարդկային հոգիին մէջ ալ, անոր ջինջ ու մաքուր մթնոլորտին մէջ կը ստեղծուին եւ կը խտանան ամէն չարութիւն՝ չարակամութիւն, փառամոլութիւն, ստախօսութիւն, նախանձ, սնապարծութիւն, կեղծաւորութիւն, անհնազանդութիւն, հպարտութիւն եւ մեղքի ամբողջ վատառողջ ընտանիքը՝ մինչեւ տասը սերո՜ւնդ։
Եւ երբ նայինք մեր շուրջը, դժբախտաբար ներկայ ընկերութեան մէջ, աւա՜ղ, բարոյական եւ հոգեւոր մառախուղը հետզհետէ կը տարածուի, կը տիրապետէ եւ տակաւ վանելու վրայ է ճշմարտութեան, գեղեցկութեան եւ բարութեան պայծառ լոյսը, արդարութեան եւ սիրոյ փայլը եւ անոնց տեղ կը զետեղէ ատելութիւն, անիրաւութիւն, անարչարութիւն, ամէն տեսակ չարիք, կասկած, անվստահութիւն, անապահովութիւն, դաւ, խաբէութիւն եւ ամէն ինչ որ հետզհետէ մարդ էակին այլասերման պատճառ կը հանդիսանան։
Իրա՛ւ է որ Յիսուս կ՚ըսէ, թէ գայթակղութիւններ անպայման պիտի պատահին, քանի որ մարդուս համար անխուսափելի են փորձութիւններ այս աշխարհի վրայ եւ քանի որ հոն միշտ կա՛ն նեղութիւններ, դժուարութիւններ։
«Վա՜յ աշխարհին, քանի գայթակղութիւնները անպակաս են հոն։ Գայթակղութիւններ անպայման պիտի պատահին…» (ՄԱՏԹ. ԺԸ 7)։
«Աշխարհի վրայ նեղութիւն պիտի ունենաք…» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։ Ուստի մարդ չկա՛յ որ անմեղ, անսխալ ըլլայ, խաբեբայութիւն, սուտ, կեղծաւորութիւն, խարդախութիւն եւ բոլոր մեղքեր, փորձութիւններ անխուսափելի են մարդ էակին համար։ Բայց պէտք է զգոյշ ըլլայ մարդ անոնց հանդէպ, քաջ ըլլայ անոնց դէմ մղուած արդար պայքարին մէջ, եւ մանաւա՛նդ, երբ իյնայ, պէտք է գիտնայ կանգնի՛լ, կանգնելու կարողութիւնը եւ քաջութիւնը պէտք է զգայ իր հոգիին մէջ եւ մտապէս պատրաստ ըլլայ զանոնք գործադրելու իր ալեկոծ կեանքին մէջ…։
Մարդ որքան ալ մարմնապէս ինքզինք կատարեալ եւ զօրաւոր կարծէ, պէտք է գիտնայ արժէքը զանոնք պահպանելու, տեւականացնելու, այսինքն հոգիի եւ մտաւոր կեանքի կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան գիտակցութիւնը ունենայ։ Այլապէս իր ֆիզիքական էութիւնը անապահով կ՚ըլլայ եւ թերի կը մնայ բան մը՝ որ պատճառ կ՚ըլլայ իր մարմնական առողջութեան վատթարացման։ Թէ ի՞նչ է այդ հոգեկան եւ մտաւոր զօրութիւնը, որ կ՚ազդէ մարդուս մարմնական կեանքին վրայ։
Մարդուս «ներքին խաղաղութիւն»ն է այն, որ բարոյապէս կը զօրացնէ, կը կատարելագործէ մարդը։ Եւ այս ներքին խաղաղութեան արծաթաշող հորիզոնին վրայ՝ կը փարատի, կը չքանայ մարդկային անբարոյ կիրքերուն «մառախուղ»ը՝ որ սփռած է իր թաց քօղը։ Մառախուղի այս քօղին ներքեւ կը ծածկուին ամէն առաքինութիւն, բարութիւն եւ գեղեցկութիւն եւ մարդկային անկեղծ յոյսով ակնկալուած «նոր երկինք»ի եւ «նոր կեանք»ի փոխարէն երեւան կու գայ «հին երկինք»ը, «հին կեանք»ը եւ մարդս կը թողու առանց երկինքի, իր զզուելի տգեղութեամբ եւ զազրելի չարութեամբ։ Եւ բնութեան մառախուղէն շա՜տ աւելի վտանգաւոր եւ վնասակար ըլլալ կը թուի մարդկային մառախուղային նկարագիրը։ Ան վտանգաւոր է եւ վնասակար, քանի որ կը խանգարէ մարդուս ներքին խաղաղութիւնը, որ կ՚ազդէ նաեւ մարմնական առողջութեան վրայ։
Ներքին խաղաղութեան եւ մարմնական առողջութեան արգելք հանդիսացող մառախուղային ամէն նկարագիր՝ երջանկութեան եւ երանութեան խոստացեալ արեւը ծածկող «դաւաճան»ներ են մարդկութեան, մարդկային կեանքի։ Եւ ուրեմն զգոյշ ըլլալու է՝ հեռու մնալու է մառախուղային նկարագիրներէ, երջանկութեան լուսապայծառ արեւը՝ խափանող այս դաւադիրներէն, որոնք ո՛չ մէկ օգուտ ունին մարդկութեան, եթէ նոյնիսկ հաշուի չառնուի իրենց պատճառած բազմատեսակ վնասները…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 2, 2017, Իսթանպուլ