«ԲԱԽՏ» Կ՚ԸՍԵՆ ՈՄԱՆՔ…
«Բախտ» կ՚ըսեն ոմանք, եւ կ՚անցնին։ Իրաւ է, թէ կեանքի մէջ յաճախ դժբախտութիւններ կը պատահին ամէն ասպարէզի մէջ՝ որոնք շատ անգամ կը հեգնեն մարդկային իմաստութիւնը եւ փորձառութիւնը։
Եւ սակայն պէտք չէ մոռնալ, թէ ի՛նչ որ մարդիկ «դժբախտութիւն» կը կոչեն ընդհանրապէս՝ ասպար մը՝ վահան մըն է, որուն ետեւ վատօրէն կ՚ապաստանին աշխատանքէ վախցող ծո՛յլեր։ Ոմանք ալ հաճոյքը վեր կը դասեն պարտականութենէն, պատասխանատուութեան գիտակցութիւն չունեցողներ՝ կեանքը վատնողներ…։
Կեանք վատնողներ՝ իրենց պերճանքին եւ հաճոյքին համար անհաշիւ մսխումներ ընողներ՝ իրենց ընծայուած առիթները եւ արժէքները հաւասարակշռելու իմաստութիւնը չեն ունենար։ Ահաւասիկ այսպիսի մարդոց համար դժբախտութիւնը «Բախտ»ի արդիւնք է, որ բոլորովին անկախ կը գործէ իրենց կամքէն։ Անոնց համար մարդուս կեանքը «տարողութեան», «կարողութեան» եւ «տրամադրութեան» հարց մըն է, եւ այդ արժէքներէն վեր՝ մարդուս կեանքը կը կառավարէ «բախտ»ը։ Այն ինչ որ իրենց հասկացողութենէն եւ ըմբռնումէն վեր է՝ անբացատրելի է, «բա՛խտ» է։
Բայց կեանքի մէջ ամէն ինչ կը պատահի «պատճառ»ի մը շարժառիթով։ Ուրեմն «բախտ» ըսուածն ալ պատճառի մը արդիւնք է, եւ շատ անգամ այդ «պատճառ»ը նոյն ինքն մարդ ի՛նք կը ստեղծէ եւ որովհետեւ չ՚անդրադառնար այդ եղելութեան, իրմէ անկախ «բախտ»ի կը վերագրէ պատահածները՝ դժբախտութիւնը։ Եւ «հրա՜շք» մը պէտք է համարել իրապէս, որ այս տեսակ թերութիւններ ունեցող կեանք մը անմիջապէս չի կործանիր։ Այս կարգի կործանումներու համար «բախտ»ը երբե՛ք պատասխանատու չէ՛…։
Պարագան նոյնն է նաեւ յաջողութիւններու համար կեանքին մէջ. յաջողութիւնը ո՛չ անպատասխանատու դիպուածին, ո՛չ ալ կոյր բախտին արդիւնքն է։
Երբեմն ալ «Ճակատագիր» կ՚ըսուի՝ պարզապէս անյաջողութիւն մը, դժբախտութիւն մը քօղարկելու համար, կամ պատասխանատուութենէ ազատուելու համար։
Եւ ո՜րքան դիւրին է, սխալ մը, անյաջողութիւն մը վերագրել «անմեղ» մէկու մը, մանաւանդ աներեւոյթ եւ անծանօթ պատճառի մը, եւ քօղակել իր իսկ թերութիւնը, զանցառութիւնը, ծուլութիւնը եւ անտարբերութիւնը։ Շատեր անյաջողութեան մը պարագային վարժ են ըսելու. «Բախտը այսպէս բերաւ», եւ կամ «Ճակատագիրը ա՛յնդպէս է եղեր»։
Երբ մարդ ծոյլ է, անտարբեր է, անպատասխանատու է, այլապէս ի՞նչ կրնայ ընել «բախտ»ը կամ «ճակատագիր» ըսուածը։ Երբ կա՛յ պատճառ մը, բայց տեսնել չ՚ուզ-ւիր, «բախտ»ին կամ «ճակատագիր»ին ետեւը, որպէս վահան կ՚ապաստանուի, ասիկա կատարեալ ինքնախաբէութիւն է՝ յանցանք մը ծածկելու ապարդիւն աշխատանք մը։
Մարդուս ձեռներէցութիւնը, իմաստութիւնը, ընդունակութիւնը, փորձառութիւնը, հմտութիւնը, հեռատեսութիւնը յաջողութեան ազդակներ են, բայց ենթական ասոնց համար շատ ալ հպարտանալու իրաւունք չունի, քանի որ այս ազդակները ընդոծին, ծինային՝ ժառանգական յատկութիւններ են, եւ ո՛չ թէ իր աշխատանքով յառաջ բերուած արժանիքներ։
Եւ յաջողութեան համար այս բոլորը որքան ալ կարեւոր, բայց բաւարար դրամագլուխ մը չեն կազմեր։ Այս յատկութիւններուն համընթաց, եւ թերեւս ասոնցմէ ալ վեր եւ կարեւոր, աշխատասիրութիւնը, գիտութիւնը եւ կարգապահութիւնը, յարատեւութիւնը եւ վերջապէս անթեքելի, անշեղ ուղղամտութի՛ւն մը գործի մնայուն յաջողութեան անհրաժեշտ պայմաններն են։
Եւ երբ մարդ ունի այս բոլորը եւ գիտէ իրագործել զանոնք, այլեւս «բախտ»ի եզրը մեծ կարեւորութիւն մը չի ներկայացներ։ Անշուշտ պայմա՛ն է այս ընդոծին եւ ստացական յատկութիւններ յարմարագոյն կերպով ներդաշնակել եւ հաւասարակշռել։ Այն որ այդ ներդաշնակութիւնը չի կրնար իրականացնել, չի կրնար յաջողիլ եւ իր անյաջողութեան պատրուակ ցոյց կու տայ «բախտ»ը՝ մտացածին այդ գաղափարը, ըսենք «անմեղ նոխազ»ը։
Կեանքի մէջ, որեւէ մարզի մէջ, եթէ անյաջողութիւն մը կայ՝ հոն կայ անպայման մարդկային թերութիւն մը, տկարութիւն մը, զանցառութիւն մը, անտարբերութիւն մը՝ որ պատճառ է եղած անյաջողութեան։
Ուստի, մարդ եթէ ունի այդ բոլոր բնատուր եւ ստացական յատկութիւնները, եւ «ուղղամիտ» չէ՝ անկեղծ չէ, դարձեալ դատապարտուած է անյաջողութեան, քանի որ յատկութիւնները միասին եւ ներդաշնակ, անթերի պէտք է օգտագործել։ Եւ եթէ մարդ, սովորաբար անպայման «բախտ»ի վերագրել կ՚ուզէ որեւէ արդիւնք, ուրեմն բախտը այն է, որ իրեն ընծայուած առիթները օգտագործելու մէջ թերացած է։
Եւ ուրեմն, գիտութիւն, աշխատութիւն եւ կարգապահութիւն երբ կը միանան, յաջողութեան հաւանականութիւնը մեծ է, այլապէս որեւէ թերութիւն պէտք չէ անուանել «բախտ»։ Որեւէ շէնք եթէ անթերի եւ հաստատ հիմերու վրայ կը կանգնուի, այդ շէնքը ամո՛ւր է, իսկ եթէ փոքր, աննշան թերութիւն մը իսկ գտնուի, շէնքը կարելի չ՚ըլլար ամո՛ւր կոչել, քանի որ վտանգի մէջ կ՚ըլլայ միշտ։
Երբ «գիտութիւն», «աշխատութիւն» եւ «կարգապահութիւն» կ՚ըսենք, անշուշտ, անոնք ամէն մէկը ունին իրենց ստորոգելիները, զոր օրինակ, համեստութիւն, խոնարհութիւն, հնազանդութիւն, ջանասիրութիւն, յարատեւութիւն, անվհատ հաստատամտութիւն, ուղղամտութիւն եւ անկեղծութիւն. անշուշտ «հաւատք» եւ «վըս-տահութիւն»՝ թէ այս տարրերով կարելի է ձեռք բերել յաջողութիւն՝ կարելի է հասնիլ մտադրուած նպատակին…։
«Ուղղամտութիւն»ը, մանաւա՛նդ, կարելի է հեգնական քմծիծաղով մը դիմաւորուի ոմանց կողմէ՝ որոնք կեանքի մէջ յաջողութեան համար անհրաժեշտ կը նկատեն «խորամանկ խաբէութիւն»ը եւ ճարպիկութիւն կը համարուի՝ ամէն ճամբով հասնիլ նպատակին, քանի որ կարեւորը յաջողութիւնն է՝ նպատակին հասնիլ եւ կարեւոր չէ անոր միջոցները՝ ճամբան եւ առարկան։
Բայց ճշմարիտ յաջողութեան կարելի է հասնիլ միա՛յն ուղղամտութեամբ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Փետրուար 28, 2018, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024