ԿԵԱՆՔԻ ԱՆԻՒԸ ԿԸ ԴԱՌՆԱՅ

Կեանքի անիւը անդադար կը դառնայ, ինչպէս ժամանակի անիւը։ Ուստի, մեր ապրած կեանքին ո՞ր մէկ օրը կը նմանի ապրուած ուրիշ օրուան մը։ Մարդ ամէն օր նո՛ր մարդ մըն է կեանքի անիւին մէջ։ Մեր օրերուն մէկ մասը՝ ցաւով եւ տառապանքով լեցուած, իսկ ուրիշ մաս մը՝ ուրախութիւնով, խաղաղութեամբ եւ վայելքով։ Ուրեմն, ցաւերու եւ տառապանքներու ենթարկուած մարդուն տրամադրութիւնը կարելի՞ է նոյնը ըլլայ ուրախ եւ յաջող, առողջ մարդուն հետ. այս ալ ցոյց կու տայ՝ թէ ապրուած իւրաքանչիւր օրուան ենթական՝ մարդը նոյն մարդը չի կրնար ըլլալ։ Արդարեւ, մեր կեանքին ամէն մէկ օրուան վրայ արեւ չի ծագիր. կեանքը ամէն օր անակնկալներով կը դիմաւորէ մեզ, այդ ալ պատճառ կ՚ըլլայ, որ փոխուին մեր տրամադրութիւնները եւ փոխուինք նաեւ մենք։

Ի՞նչ է ձեր կարծիքը, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ։ Աշխարհիս վրայ կա՞յ ապրող էակ մը՝ մա՛րդ մը, որ «մութ օրեր»՝ ցաւով եւ տառապանքով լեցուն օրեր ունեցած չըլլայ։

Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնները շղթայուած են փոխնիփոխ առողջութիւններով եւ հիւանդութիւններով, երանութիւնով եւ հիասթափումներով, ժպիտով եւ արցունքով, բարի գործերով եւ չար գործերով, յաջողութիւններով եւ ձախողութիւններով. Աստուծոյ հետ, Աստուծոյ մօտ եւ Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեամբ եւ Աստուծմէ հեռու, Աստուծմէ պաղած, Աստուծոյ բարիքներէն հեռացած…։ Եւ Աստուծոյ մօտ եւ Աստուծմէ հեռացած մարդը նոյն մարդը կրնա՞յ ըլլալ. թերեւս մարմնապէս այո՛, բայց հոգեպէս՝ ո՛չ։

Ուստի մեր կեանքի հորիզոններ երբեմն լայն են եւ պայծառ, երբեմն նեղ, երբեմն ամ-պամած, երբեմն՝ մութ եւ երբեմն լուսաւոր։

Մեր անհատական յարաբերութիւններն ալ, արդարեւ, իրենց մութը եւ լուսաւորը ունին։ «Ոսկեայ բարեկամութիւն» կարծածդ օր մըն ալ կը տեսնես, թէ «պղինձ» է եղեր…։

Ահաւասիկ, բոլոր այս փորձառութիւնները կը դառնան «կեանքի անիւ»ին մէջ՝ որը լեցուն է անակնկալներով։ Ուստի հաւատարիմ մարդը եւ անհաւատարիմ, մարդը նոյն մարդը կրնա՞յ ըլլալ։ Այլեւս ան «նոր» եւ «տարբեր» մարդ մըն է գոնէ ներքնապէս, քանի որ հաւատարիմ մարդը եւ անհաւատարիմը կարելի չէ անուանել եւ կոչել «նոյն մարդ»ը։ Կեանքի անիւին մէջ դառնալով, մարդ յաճախ կը փոխուի եւ չի կրնար նոյն մարդը մնալ։ Նոյն մարդը կը մնան շատ քիչեր, որոնք զօրաւոր նկարագիր ունին, չեն ազդուիր արտաքին ազդեցութիւններէ՝ չեն փոխուիր պարագաներու եւ պայմաններու համեմատ։ Սկզբունքի տէր, բարձր նկարագրի տէր են այդ հազուագիւտ մարդիկը։ Անոնք հաւատարիմ կը մնան իրենց «մարդ» հանգամանքին եւ կոչումին, անոնք վստահութիւն ներշնչող՝ մարդկային արժանապատուութիւնը միշտ պահպանող անձեր են։

Սկզբունքի տէր մարդը՝ հաւատարիմ է իր կոչումին եւ կը վայելէ «մարդ ըլլալ»ու արժանիքը եւ արժանաւորութիւնը։

Երբ խօսքը «բարեկամութեան» վրայ էր, պէտք կը զգանք մենք մեզի հարցնել. ո՞ր աւերումը աւելի ցաւալի է քան բարեկամութեան մը քանդումը։ Արդարեւ, գեղեցիկ շէնքի մը հիմերուն ո՛րքան խորունկ եւ ամուր ըլլալը կարելի չէ հասկնալ, երբ շէնքը դուրսէն կը դիտենք, ինչպէս դրուած են անոր հիմերը՝ ժայռի վրայ թէ լպրծուն աւազի վրայ։

Կեղծ եւ շահամոլ զգացումներու վրայ հիմնուած «բարեկամութիւն»ներ, որքան ալ երկար ժամանակ տեւեն, վերջապէս կը փլչին։ Կեանքի փորձառութիւններ եւ վկայութիւններ ցոյց կու տան մարդկային բարեկամութիւններ որքա՜ն յաճախ քանդուած են, այն բարեկամութիւնները՝ որոնք կը կարծուէին, թէ հաստատ եւ ամուր հիմերու վրայ հաստատուած են։ Բայց ասիկա պէտք չէ «անակնկալ» սեպուի, քանի որ մարդկային բնաւորութիւնը միշտ ունի թերութիւններ եւ տկարութիւններ, որքան ալ կատարեալ կարծուի, անպայման անկատարութիւն մը ունի։ Ուստի մինչեւ որ սիրտը չմաքրուի ամէն տեսակ ծածկուած, քօղարկուած նենգութիւններէ, թոյներէ, կեղծաւորութիւնններէ, ոչ մէկ բարեկամութիւն կրնայ երկար ապրիլ։

Արդարեւ, մութ կայ, գիշեր կայ եւ լոյս կայ, ցերեկ կայ մեր բոլոր մարդկային փոխյարաբերութիւններուն մէջ, բայց միա՛յն լոյս, եւ անխաւար լո՛յս՝ Աստուծոյ մէջ։ Այս իմաստով ահաւասիկ, «Լոյսի Որդի»ներ ըլլալ կը նշանակէ Աստուծոյ Հոգիին հաղորդ ապրիլ մի՛շտ։

Ժամանակի եւ կեանքի անիւը, ահաւասիկ այսպէս կը դառնայ. մին միւսին նախաբանն է, բայց յայտնի չէ, թէ ո՞րն է վերջաբանը։

Աստուածային ծրագրին մէջ կա՞յ արդեօք դադար մը կամ կախակայում մը այս «անիւ»ին եւ եթէ կայ՝ ո՞ւր է, ե՞րբ է, եւ ո՞րը կը դադրի եւ ո՞րը կը շարունակէ։ Կամ, աստուածային այս ծրագրին մէջ մարդուն բաժինը ի՞նչ է. յաջորդականութի՞ւն մը տեւական խաւարի, մութի եւ լոյսի, թէ՝ միայն խաւար, կամ միայն լոյս…։

Մարդ իր երկրաւոր փորձառութեամբ եւ բանականութեամբ կրնա՞յ միթէ լուծել հարցեր, որոնք յաւիտենականութեան կը պատկանին։

Հունաւոր, սահմանաւոր մարդկային միտքը ինչպէ՞ս հասցնել «այս աշխարհի բաներ»էն անդին։ Մարդ կարո՞ղ է ամէն հարց լուծել՝ ամէն հարցումի պատասխանել ճշմարտութեամբ…։

Մտքին «դիտակ»ովը արեւը, լուսինը կրնանք տեսնել, նոյնիսկ աւելին, բայց յաւիտենականութիւնը լուսնին եւ արեւին անձուկ սահմաններուն մէջ չի պարփակուիր։ Յաւիտենականին մէջ մտնելու համար՝ «հաւատքի թեւ»երու պէտք ունինք։ Ո՛չ թէ բանականութեամբ, ո՛չ թէ տրամաբանութեամբ, այլ՝ հակառակ բանականութեան հաւատա՛լու ենք, թէ խաւարին եւ լոյսին յաջորդականութիւնը կանգ կ՚առնէ երկրաւորին եւ երկնաւորին, անցաւորին եւ յաւիտենականին, ժամանակաւորին եւ անժամանակին սահմանագծին վրայ եւ խաւարը կը պարտուի լոյսէն, եւ կը նահանջէ, կ՚ամփոփուի երկրաւոր կեանքի սահմաններուն մէջ, լոյսի միակալ իշխանութիւնը թողելով յաւիտենականութեան։

Հաւատքն է, որ կը հաստատէ, թէ «հոն այլեւս խաւար պիտի չըլլայ…։

Յաւիտենական կեանքը լուսոյ կեանք է. խաւարի եւ լոյսի յաջորդականութիւնը յատուկ է մարդո՛ւն…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 2, 2021, Իսթանպուլ

Երկուշաբթի, Մարտ 8, 2021