ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԵԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Ներկայ Մեծ պահքի շրջանին առաւել եւս կարեւորութիւն կը ստանայ ապաշխարութեան խորհուրդը, քանի որ այս շրջանը ներհայեցողութեան եւ ինքնամփոփման շրջան, մտախոհութեան եւ խոկումի շրջան մըն է, որ ի վերջոյ կը յանգի ներքին հաշուեյարդարի մը։ Այս «հաշուեյարդար»ը կը նշանակէ՝ հաշտութիւն, ներում եւ դարձի հաստատ մտադրութիւն սխալէ։

Քրիստոնեայ անձին Մկրտութեամբ ստացած շնորհքը՝ նոր կեանքը՝ իր մէջ մարդկային բնութեան թերութիւնները եւ տկարութիւնը չի ջնջեր, նաեւ՝ մեղքի հակումը, այսինքն՝ «ցանկութիւն»ը չ՚անհետացներ, հետեւաբար Քրիստոս այս Սուրբ Խորհուրդը հաստատեց՝ մեղքով Իրմէ հեռացած մկրտեալներուն դարձը ապահովելու համար։ Արդարեւ, մեղքը կը նմանի ամենօրեայ աղտի, բիծին եւ փոշիին, անոնցմէ խուսափիլ կարելի չէ, բայց պէտք է զանոնք յաճախ մաքրել։ Եւ ահաւասիկ, հոգեւոր իմաստով ապաշխարութիւնը ա՛յդ մաքրութեան գործողութի՛ւնն է։ Մարդուս համար մեղքը անխուսափելի է, որուն դարմանը՝ ապաշխարութիւնն է։

Քրիստոս ապաշխարութեան խորհուրդը հաստատեց, երբ Զատկի երեկոյին իր առաքեալներուն յայտնուեցաւ եւ անոնց ըսաւ. «Ընդունեցէ՛ք Սուրբ Հոգին, Որո՛նց մեղքերը ներէք, պիտի ներուին եւ որո՛նց մեղքերը կապէք, պիտի կապուին». (ՅՈՎՀ. Գ 22-23)։

«Ներքին ապաշխարութիւն»ը՝ «սրտաբեկ հոգի»ին եռանդն է. (ՍԱՂՄ. Ծ/ԾԱ 17), աստուածային շնորհքէն հրահրուած՝ կ՚ընդառաջէ Աստուծոյ բարեգութ սիրոյն։ Ապաշխարանքը իր մէջ կը կրէ ցաւ, վիշտ եւ խորշում՝ գործածուած մեղքին հանդէպ, հաստատ առաջադրութիւն՝ այլեւս չմեղանչելու եւ վստահութիւն՝ Աստուծոյ օգնութեան վրայ եւ կը սնանի, կ՚աճի աստուածային բարեգթութեան եւ ողորմածութեան յոյսով։

Ապաշխարութիւնը կ՚արտայայտուի բազմազան ձեւերով, յատկապէ՛ս պահք բռնելով, պահեցողութեամբ, աղօթելով եւ ողորմութիւն ընելով։ Ապաշխարութեան այս եւ միւս միջոցները քրիստոնեան կրնայ իր ամենօրեայ կեանքին մէջ գործադրել, իսկ յատուկ կերպով Մեծ պահքի շրջանին, եւ չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը, որ ապաշխարութեան՝ պահքի օրեր են։

Ապաշխարութեան խորհուրդին՝ որ կը բովանդակէ հաշտութեան խորհուրդը, կը բաղկանայ երկու տարրերէ։

Նախ՝ Սուրբ Հոգիին ներշնչումով զղջացած մեղաւորին կատարած գործերն են, ապա՝ քահանային տուած արձակումն է։ Քահանան Քրիստոսի անունով ներում կը շնորհէ եւ հատուցումին պայմանները կը սահմանէ։

Ապաշխարող անձը, նախ, պէտք է խղճի լուրջ քննութիւն մը՝ ինքնաքննութիւն մը կատարէ, երկրորդ՝ պէտք է զղջայ. զղջումը կատարեալ է՝ եթէ Աստուծոյ հանդէպ սէրէն դրդուած է, իսկ թերի է, եթէ ուրիշ պատճառներու վրայ հիմնուած է, բայց կը պարունակէ կրկին անգամ չմեղանչելու առաջադրանքը, երրորդ՝ պէտք է խոստովանի. այսինքն քահանային առջեւ իր մեղքերը յայտնէ, չորրորդ՝ պէտք է «հատուցում» ընէ, այսինքն՝ ապաշխարանքի կարգ մը գործեր կատարէ, որոնք խոստովանահայրը մեղքին հասցուցած բարոյական-հոգեկան վնասին համեմատ՝ ապաշխարած եւ խոստովանած մեղքին վրայ կը սահմանէ։

Կարեւոր հարց մըն է՝ ապաշխարանքին եւ խոստովանութեան անկեղծ ըլլալը։ Նաեւ՝ խոստովանողը պէտք է անկեղծօրէն զղջայ եւ մտադրէ չկրկնել գործած մեղքը, անշուշտ կարելի չափով, քանի որ մարդ այս մասին տկար է եւ միշտ հակամէտ է եւ տրամադիր մեղք գործելու՝ որուն մասին արդէն աւելի վերը խօսեցանք։ Ո՛չ ոք կրնայ յաւակնիլ եւ հպարտանալ, թէ բոլորովին անմեղ է։

Պէտք է խոստովանիլ բոլոր մեղքերը՝ ծանր կամ ներելի մեղքերը։ Խոստովանանքը ծանր մեղքերուն ներումին սովորական միակ միջոցն է։ Ամէն չափահաս հաւատացեալ պարտաւոր է իր ծանր մեղքերը տարին գէթ մէկ անգամ խոստովանիլ, եւ ամէն անգամ՝ Սուրբ Հաղորդութիւնը ընդունելէ առաջ։

Ապաշխարութեան համար Մեծ պահքի շրջանը պատեհ առիթ մըն է։ Թէեւ, այս շրջանին, բացի բացառիկ պարագաներու Սուրբ Հաղորդութիւն ընդունիլ կարելի չէ, բայց հաւատացեալներ առնուազն հինգ տաղաւար տօնին պէ՛տք է Սուրբ Հաղորդութիւն ընդունին։ Արդարեւ, ամէն Սուրբ Պատարագին հաղորդուիլ, պատրաստ ըլլալու պայմանով, աստուածահաճոյ հոգեւոր պարտականութիւն մըն է։ Յիսուսի. «Առէ՛ք կերէք… Խմեցէ՛ք այս բաժակէն…» հրաւէրը կարելի՞ է մերժել, կարելի՞ է անտարբեր մնալ այս աստուածակոչ հրաւէրին։

Իւրաքանչիւր Պատարագ բարեպատեհ առիթ մըն է հաղորդուելու Աստուծոյ հետ, քանի որ Պատարագը հոգեւոր հաճոյք մը, հացկերոյթ մըն է՝ ուր կը բաշխուի Տիրոջ Մարմինը եւ Արիւնը, եւ մասնակիցներ պէտք չէ՛ զրկուին այդ սուրբ ճոխ օրհնաբեր Սեղանէն, եւ անոր բաժինէն։ Ամէն քրիստոնեայի պարտքը ե՛ւ իրաւունքն է մաս եւ բաժին ընդունիլ այդ սուրբ Սեղանէն եւ հաղորդուիլ Տէր Յիսուսի հետ։

Ի՜նչ աննման եւ գերազանց շնորհ մըն է ասիկա…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 4 2023, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Մարտ 8, 2023