ԱՐԺԷՔՆԵՐԸ ՀԱՒԱՍԱՐԱԿՇՌԵԼ
Մարդս իր կեանքի տեւողութեան՝ կը դիմաւորուի զանազան «արժէք»ներով, որոնց մէջ կը ստիպուի նախընտրութիւն մը ընել։ Անշուշտ, որ կան հաւասար արժէքներ, բայց անոնց մէջ կայ միշտ «հաւասարներու մէջ առաջնակարգ»ը՝ որը ճշդել շատ անգամ դժուար կ՚ըլլայ, եւ նոյնիսկ անկարելի, մանաւանդ կեանքի բազմատեսակ զբաղումներուն մէջ։ Ուրիշ խօսքով՝ կեանքի ընդհանուր ընթացքը արգելք կ՚ըլլա,յ որ մարդ առողջ եւ ստոյգ նախընտրութիւն մը ընէ հաւասար արժէքներու մէջ, եւ կարծեմ շատ մը հարցեր այս կերպով կը ծագին։
Բայց եւ այնպէս, ուղիղ կամ սխալ որոշում մը տալ՝ աւելի նպաստաւոր է, քան անորոշ ու վարանոտ մնալ եւ երկմիտ՝ ո՛չ մէկ բան ընել, ամլանալ։ Անորոշութիւնը եւ տատամսոտութիւնը, արդարեւ անշարժութիւն եւ անգործութիւն կ՚ենթադրէ, որ աւելի վնասակար է, քան սխալ ընտրութիւն մը ընել՝ յետոյ անդրադառնալ եւ սրբագրել զայն։ Եւ մարդիկ, մանաւանդ ընկերային կեանքի մէջ շատ բան կը կորսնցնեն եւ վնաս կը կրեն իրենց անհաստատ, երկմիտ ու վարանոտ կեցուածքով, որ ինչպէս ըսինք, ամլութիւն է՝ անգործութիւն եւ անաշխատութիւն։
Ուստի մարդիկ եթէ կարենան տեսնել «primus inter pares»ը, այսինքն՝ «հաւասարներու մէջ առաջնակարգ»ը, ապա ուրեմն շատ մը հարցեր ինքնին կը լուծուին, եւ մարդիկ կը զբաղին աւելի արդիւնաբեր գործերով եւ աւելի օգտակար կը հանդիսանան՝ ընկերային կեանքի բարելաւման ու բարգաւաճման մէջ։
Սակայն, լուծում մըն է նաեւ՝ արժէքները հաւասարակշռել ու ներդաշնակել, եւ զանոնք գործածել ու գործադրել աւելի նպաստաւոր եւ օգտակար կերպով։
Այս կը նշանակէ՝ ո՞ր մէկը՝ ո՛ւր տեղ գործածելու հմտութիւն, ամէն մէկ արժէք ամենանպաստաւոր տեղ ու ժամանակին կարենալ օգտագործելու կարողութիւն։
Եւ անշուշտ այս կը կարօտի կեանքի փորձառութեան։
Այս իմաստով Աւետարանը փորձառութեան լա՛ւ ու բեղուն աղբիւր մըն է։ Ուստի Աւետարանը լեցուն է կեանքի փորձառութիւններով՝ որպէս ուղեցոյց մը, բացատրագիր մը կամ դեղատոմս մը՝ կեանքի բազմաթիւ հարցերուն լուծման մասին…։
Զոր օրինակ, Աւետարանը կը վկայէ սա իրադարձութեան՝ ուր Յիսուս կը պատուիրէ հաւասարակշռել ու ներդաշնակել հակադիր արժէքները։
Եկէ՛ք, սիրելիներ, կարդանք Աւետարանի հատուածը, եւ տեսնենք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ՝ հաւասարակշռել ու ներդաշնակել «արժէք»ները՝ Յիսուսի աչքով։
«Ապա Յիսուսի ղրկեցին քանի մը կաշառուած անձեր, որպէսզի կեղծաւորութեամբ իրենք զիրենք արդար ձեւացնելով՝ իրենց հարցումներով զայն ծուղակը ձգեն եւ պետութեան դատական իշխանութեան յանձնեն։ Ասոնք, հարցուցին Յիսուսի.
«Վարդապետ, գիտենք որ ճիշդը կը խօսիս եւ կը սորվեցնես, գիտենք որ անաչառ ես եւ ճշմարտութեամբ Աստուծոյ կամքը կ՚ուսուցանես։ Ուրեմն ըսէ՛ մեզի, մեր Օրէնքին համաձայն պէ՞տք է կայսրին տուրք տանք, թէ ո՛չ։
«Յիսուս հասկցաւ անոնց խորամանկութիւնը եւ ըսաւ.
«Արծաթ դրամ մը ցոյց տուէք ինծի։
«Անոնք ալ ցոյց տուին։ Ապա հարցուց.
«Որո՞ւն նկարը եւ արձանագրութիւնը կայ վրան։
«Անոնք պատասխանեցին.
«Կայսրին։
«Յիսուս ըսաւ անոնց.
«Գացէ՛ք, ի՛նչ որ կայսրին կը պատկանի՝ կայսրին տուէք եւ ի՛նչ որ Աստուծոյ՝ Աստուծոյ տուէ՛ք։
«Եւ այսպէս ժողովուրդին դիմաց չկրցան ծուղակը ձգել զԱյն եւ լռեցին՝ զարմանալով անոր տուած պատասխանին վրայ»։ (ՂՈՒԿ. Ի 20-26)։
Եւ ահաւասիկ, Յիսուսի այս խօսքը՝ ընդլայնուած գաղափարի մը հիմնական խօսքն է, վերտառութիւնը, բնաբանն է արժէքներու հաւասարակշռութեան եւ ներդաշնակութեան, եւ մանաւանդ՝ սահմանը՝ աշխարհայինին ու աստուածայինին, երկրայինին ու երկնայինին։ Եւ կարծեմ աշխարհական՝ ո՛չ հոգեւոր եւ հոգեւոր ապրելու տարբերութեան սահմանագիծը։ Ուստի «Laïc» ըլլալ այս կը նշանակէ. կայսրինը՝ կայսրին տալ եւ Աստուծոյ պատկանածը Աստուծո՛յ։ Եւ ասկէ կը հետեւի, թէ «աշխարհականը» պէ՛տք է «աշխարհական» մնայ եւ չմիջամտէ հոգեւորականին, եւ «հոգեւորական»ն ալ փոխադարձաբար՝ «հոգեւորական» մնայ։ Անշուշտ այս կրնայ իրականանալ ամէն մէկուն իր չափն ու սահմանը լա՛ւ գիտնալով։ Աշխարհականի եւ հոգեւորականի սահմանագիծը բոլորովին անխախտ չէ. պահանջուած չափով միջամտութիւններ կրնայ ըլլալ, ի՛նչ որ հաւասարակշռութեան եւ ներդաշնակութեան հարց մըն է, եւ հմտութեան ու լայն փորձառութեան կը կարօտի։
Ողջամիտ հաւատացեալը պէ՛տք է կարողանայ այս «հաւասարակշռութիւն»ը գտնել, ապահովել ու պահպանել։ Ազատամտութիւնը, լուսամտութիւնը երբեք արգելք չեն գիտակից ու բանաւոր հաւատքին, ինչպէս հաւատքը բնաւ արգելք չէ՛ ազատամիտ, լուսամիտ ու յառաջադէմ ըլլալու, կը բաւէ որ անձը կարենայ այդ երկու արժէքներու մէջ հաւասարակշռութիւնը պահէ եւ մանաւանդ ներդաշնակութիւնը ապահովէ։
Ուստի հաւատացեալը ո՛րքան աշխարհական, նո՛յնքան հոգեւոր կրնայ ըլլալ՝ այն ի՛նչ որ կը պահանջէ աշխարհի վրայ ապրելու համար պէ՛տք է կատարէ, բայց միւս կողմէ պէտք չէ երբեք մոռնայ, որ կա՛յ նաեւ հոգեւոր կեանքը՝ կա՛յ Աստուած, հաւատք, երկինք…։
Երջանի՛կ կ՚ապրին անոնք, որ գիտեն հաւասարակշռել կեանքը, եւ երանելի՜ են անոնք, որ երկրի վրայ կրնան ապրիլ նաեւ երկնայինը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 1, 2016, Իսթանպուլ