ԾԱՂԿԱԶԱՐԴԻ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ

Մեծ պահ­քի 40 օ­րե­րը կը հաս­նին ա­հա­ւա­սիկ ի­րենց լրու­մին։ Հայ Ե­կե­ղե­ցին կը բո­լո­րէ 40 օ­րուայ պա­հե­ցո­ղու­թեան շրջա­նը։ Այս շրջա­նը, ինչ­պէս յա­ճախ կը կրկնուի, ինք­զինք զրկե­լու, հե­ռու պա­հե­լու շրջան մըն է աշ­խար­հա­յին շատ մը սո­վո­րու­թիւն­նե­րէ, կեր­պով մը ըն­թաց­քը փո­խե­լով կեան­քին եւ ընդ­հա­նուր ապ­րե­լա­կեր­պին՝ գո­նէ մի­ջո­ցի մը հա­մար։ Այս օ­րե­րը ան­ցան նաեւ ա­ղօթ­քով, բա­րե­գոր­ծու­թեամբ, ներ­հա­յե­ցո­ղու­թեամբ, ինք­նաքն­նու­թեամբ, ա­պաշ­խա­րու­թեան ան­կե՛ղծ խոս­տո­վա­նու­թեամբ։

Յի­սուս իր երկ­րա­յին կեան­քը կարճ ժա­մա­նա­կով ապ­րե­ցաւ եւ իր ե­րե­սու­նե­րեք տա­րուան վեր­ջին ե­րեք տա­րի­նե­րը ե­ղան քա­րոզ­չու­թեան, ա­ւե­տա­րան­չու­թեան, Աս­տու­ծոյ հետ մարդ­կու­թեան հաշ­տու­թեան ջան­քե­րու տա­րի­ներ։ Յի­սուս իր այս ա­ռա­քե­լու­թեամբ աս­տուա­ծա­յին ան­հուն սի­րոյ բա­րո­յա­կան սահ­ման­նե­րը բա­ցաւ մարդ­կու­թեան առ­ջեւ՝ սի­րոյ միաց­նե­լով գութ եւ ո­ղոր­մու­թիւն՝ բժշկե­լով հի­ւանդ­նե­րը եւ մին­չեւ իսկ մա­հա­ցած­ներ վերս­տին կեան­քի կո­չե­լով։

Քա­րոզ­չու­թեան այդ շրջա­նին, Յի­սուս, բա­ցի իր ա­շա­կերտ­նե­րէն եւ ան­մի­ջա­կան հե­տե­ւորդ­նե­րէն, կապ հաս­տա­տեց նաեւ ըն­տա­նիք­նե­րու հետ՝ ա­նոնց ա­մէն մէկ ան­դա­մին հետ։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ, այդ ըն­տա­նիք­նե­րէն էր՝ Ղա­զա­րո­սի ըն­տա­նի­քը, ո­րոնց ան­դամ­ներն էին՝ Ղա­զա­րոս ի՛նք եւ իր եր­կու քոյ­րե­րը՝ Մա­րիամ եւ Մար­թա։

Յի­սուս, հրեա­նե­րու Զա­տի­կը՝ Պա­սե­քը, որ հրեայ ժո­ղո­վուր­դին Ե­գիպ­տո­սէն ա­զա­տագր­ման յի­շա­տա­կի տօնն էր, տօ­նե­լու հա­մար Սա­մա­րիա­յէն Ե­րու­սա­ղէմ կու գար իր ա­շա­կերտ­նե­րուն ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ։ Պա­սե­քի տօ­նը, ընդ­հան­րա­պէս կը կա­տա­րուէր գար­նա­նա­յին գի­շե­րա­հա­ւա­սա­րին ան­մի­ջա­պէս յա­ջոր­դող լիա­լուս­նի օ­րը։ Այս­պէս, ու­րեմն, Յի­սուս երբ հա­սաւ Բե­թա­նիա, զինք դի­մա­ւո­րե­ցին ծա­նօթ­ներ, ո­րոնք տե­ղե­կա­ցու­ցին ի­րեն, թէ՝ Մա­րիա­մի եւ Մար­թա­յի եղ­բայ­րը Ղա­զա­րոս չորս օ­րէ ի վեր մե­ռած, եւ ար­դէն թա­ղուած է։

Յի­սուս երբ լսեց ա­սի­կա, ան­մի­ջա­պէս գնաց ա­նոնց բնա­կա­րա­նը՝ հոն տես­նե­լու Ղա­զա­րո­սի քոյ­րե­րը։ Երբ հա­սաւ տուն, տե­սաւ որ ա­մէն ոք տխուր է եւ լաց ու կո­ծը կը տի­րէ տան մէջ։ Եւ Յի­սուս ի՛նքն ալ լա­ցաւ եւ ար­ցունք թա­փեց. (ՅՈՎՀ. ԺԱ 33)։

­Թէեւ լա­ցաւ Յի­սուս մարդ­կայ­նօ­րէն, բայց Ան իր մէջ ու­նէր այն հաս­տատ հա­մո­զու­մը եւ վստա­հու­թիւ­նը՝ թէ կա­րո­ղու­թիւն ու­նի աս­տուա­ծա­յին զօ­րու­թիւն ի գործ դնել եւ վերս­տին կեան­քի կո­չել մե­ռեալ­նե­րը եւ ան­շուշտ իր բա­րե­կա­մը՝ Ղա­զա­րո­սը, որ ար­դէն իսկ մե­ռա՛ծ եւ թա­ղուած էր չորս օ­րէ ի վեր։

Յի­սուս հար­ցուց թէ ո՛ւր է թա­ղուած Ղա­զա­րոս։ Իր շուր­ջին­նե­րը միայն, ը­սին թէ ան չորս օ­րէ ի վեր մե­ռած է եւ թա­ղուած եւ ար­դէն իսկ սկսած է ա­նոր մար­մի­նը փտիլ, ա­պա­կա­նիլ, ուս­տի եւ եր­թա­լու եւ տես­նե­լու կա­րի­քը չկա՛յ։ Սա­կայն Յի­սուս չըն­դու­նեց ա­նոնց ա­ռար­կու­թիւ­նը եւ հաս­տա­տամ­տօ­րէն յա­մա­ռե­ցաւ իր ը­սա­ծին վրայ, պնդեց որ գե­րեզ­ման պի­տի եր­թայ՝ ուր թա­ղուած էր իր բա­րե­կա­մը՝ Ղա­զա­րո­սը։

Երբ գե­րեզ­ման հա­սան եւ գլո­րե­ցին գե­րեզ­մա­նի քա­րը, Յի­սուս, Ղա­զա­րո­սին ա­նու­նը տուաւ եւ ը­սաւ. «Ղա­զա­րո՛ս, դո՜ւրս ե­կուր քու գե­րեզ­մա­նէն»։­

Եւ ա­հա­ւա­սիկ, Ղա­զա­րոս, պա­տանք­նե­րու մէջ փաթ­թուած, յայտ­նուե­ցաւ գե­րեզ­մա­նին դու­ռը։

Զար­մա­ցած եւ հիա­ցու­մով յափշ­տա­կուած ու մագ­նի­սա­ցած ներ­կա­նե­րը, ան­մի­ջա­պէս քա­կե­ցին վե­րա­կեն­դա­նա­ցած Ղա­զա­րո­սին պա­տանք­նե­րը։ Եւ այս­պէս ան «նոր կեանք» ստա­ցաւ՝ յա­րու­թի՛ւն ա­ռաւ։

Սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, յա­րու­թեան այս հրա՛շ­քը բա­ցա­ռիկ հրաշք մըն է, որ Յի­սուս գոր­ծեց իր քա­րո­զու­թեան շրջա­նին։ Եւ այս հրաշ­քով Ան ա­պա­ցու­ցա­նեց, որ Ի՛նք Աս­տուած է եւ Ի՛նք միայն կա­րո­ղու­թիւն եւ իշ­խա­նու­թիւն ու­նի մե­ռեալ­նե­րը ի­րենց գե­րեզ­մա­նէն դուրս հա­նե­լու եւ վերս­տին նոր կեանք պար­գե­ւե­լու՝ յա­րու­թիւն տա­լու ա­նոնց։

Մինչ այդ մարդ­կու­թեան ամ­բողջ պատ­մու­թեան մէջ նման հրաշք մը ար­ձա­նագ­րուած չէ։

Կ՚ար­ժէ խոր­հիլ թէ՝ Յի­սուս ին­չո՞ւ կա­տա­րեց այդ հրաշ­քը։

Յի­սուս կա­տա­րեց այդ հրաշ­քը, քա­նի որ որ­պէս ար­քայ եւ թա­գա­ւոր Իս­րա­յէ­լի, յա­ջորդ օ­րը ար­քա­յա­վա­յել մուտք պի­տի գոր­ծէր Ե­րու­սա­ղէմ՝ իբ­րեւ Հօր Աս­տու­ծոյ կող­մէ ա­ռա­քուած Մե­սիա։

«Մե­սիա», այ­սինքն Քրիս­տոս՝ ա­նուն մը չէ, այլ տիտ­ղոս մը, տա­ռա­դար­ձու­մը յու­նա­րէն «Christos» բա­ռին, որ հա­յե­րէ­նի մէջ կը նշա­նա­կէ՝ «օ­ծեալ», «օ­ծուած» եւ այս­պէս թարգ­մա­նուած եւս կա­րե­լի է գտնել Նոր Կտա­կա­րա­նի մէջ։ Կը հա­մա­պա­տաս­խա­նէ եբ­րա­յե­րէն «Մա­շիա» տիտ­ղո­սին, որ հա­յե­րէ­նի մէջ եւս կը գոր­ծա­ծուի «Մե­սիա» ձե­ւով։ Ար­դա­րեւ, այս տիտ­ղո­սը կը տրուէր Իս­րա­յէ­լի թա­գա­ւոր­նե­րուն եւ քա­հա­նա­յա­պետ­նե­րուն, ո­րոնք կ՚օ­ծուէին՝ Աս­տու­ծոյ ընտ­րու­թեան եւ ի­րենց յանձ­նուած պաշ­տօ­նին կամ ա­ռա­քե­լու­թեան իբ­րեւ նշան։ Բայց հետզ­հե­տէ այդ տի­տող­սը գոր­ծա­ծուե­ցաւ՝ նշե­լու հա­մար Աս­տու­ծոյ ղրկե­լիք ա­պա­գայ Փրկիչ Թա­գա­ւո­րը՝ ո­րուն գա­լուս­տը կ՚ա­ւե­տէին շատ մը մար­գա­րէ­ներ եւ ո­րուն ակն­դէտ կը սպա­սէր եբ­րա­յե­ցի ժո­ղո­վուր­դը, ինչ­պէս կա­րե­լի է տես­նել Յի­սու­սի ժա­մա­նակ­նե­րուն։

Նոր Կտա­կա­րա­նը կը վկա­յէ, թէ Յի­սուս Ի՛նքն էր Քրիս­տո­սը, Աս­տու­ծոյ Օ­ծեա­լը, խոս­տա­ցուած Փրկիչ Թա­գա­ւո­րը։ Ուս­տի Ա՛ն էր Տի­րոջ Օ­ծեա­լը։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ Յի­սու­սի Ե­րու­սա­ղէմ մուտ­քը որ­պէս Քրիս­տոս՝ Մե­սիա, հաս­տա­տուած է Ղա­զա­րո­սի հրա­շա­լի յա­րու­թեամբ, որ միայն կրնար կա­տա­րել Հօր Աս­տուծ­մէ ա­ռա­քուած Օ­ծեա՛­լը։

Յի­սուս իր ա­շա­կերտ­նե­րուն հետ ուղ­ղուե­ցաւ դէ­պի Ե­րու­սա­ղէմ. ճամ­բուն վրայ հա­ւա­քուած էր խուռ­նե­րամ բազ­մու­թիւն մը՝ ուր տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թիւն մը կը տի­րէր եւ Յի­սուս մտաւ Ե­րու­սա­ղէմ ու տա­ճար գնաց՝ ա­ղօ­թե­լո՛ւ։ Հոն տես­նե­լով, թէ ի՛նչ կը կա­տա­րուի, իր Հօ­րը Տան մէջ, սիր­տը ճմլուե­ցաւ։ Աս­տու­ծոյ, Հօ­րը Տու­նը, որ ա­ղօթ­քի տուն է, վա­ճառ­քի եւ ա­ռեւ­տու­րի կեդ­րո­նի էր վե­րա­ծուած։

Ուս­տի դուրս հա­նեց այն­տե­ղէն բո­լոր ա­ռեւտ­րա­կան­նե­րը, ա­ղաւ­նա­վա­ճառ­նե­րը եւ լու­մա­յա­փոխ­նե­րը՝ քան­դեց ա­նոնց սե­ղան­նե­րը։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ, Ծաղ­կա­զար­դի ա­մե­նա­կա­րե­ւոր խոր­հուր­դը այս ի­րո­ղու­թեան մէջ կը կա­յա­նայ՝ Յի­սու­սի, Հօր Աս­տու­ծոյ Տու­նը՝ ա­ղօթ­քի վայ­րը շա­հա­գոր­ծող­նե­րու նկատ­մամբ ցոյց տուած ար­դար զայ­րոյ­թը եւ պոռթ­կո՛ւ­մը։ Ուս­տի պէտք է դա­սեր քա­ղել Յի­սու­սի Ե­րու­սա­ղէմ մուտ­քէն եւ Տա­ճա­րի մէջ ցոյց տուած ի­րա­ւա­ցի հա­կազ­դե­ցու­թե­նէն։ Յի­սու­սի Ե­րու­սա­ղէմ մուտ­քի այդ դէպ­քը տի­պա՛ր մըն է հո­գե­ւոր ծա­ռա­յու­թեան բնոյ­թին, կազ­մա­ւոր­ման եւ գոր­ծու­նէու­թեան։

Ե­կե­ղե­ցին ո՛չ ա­ռեւ­տու­րի, ո՛չ վա­ճառ­քի վայր է, զայն շա­հա­գոր­ծել՝ Աս­տու­ծոյ հան­դէպ, հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու հան­դէպ ոտնձը-գու­թի՛ւն է…։

Յե­տոյ, իւ­րա­քան­չիւր հա­ւա­տա­ցեալ պէտք է ըն­դու­նի որ ի՛նք «տա­ճա՛ր» մըն է եւ պէտք է միշտ պատ­րա՛ստ ըլ­լայ ներ­կա­յու­թիւ­նը վա­յե­լե­լու Յի­սու­սի՝ Տի­րոջ Օ­ծեա­լին, որ կրնայ այ­ցե­լել եւ գու­ցէ Ե­րու­սա­ղէ­մի այդ ժա­մա­նա­կուան պէս ե­թէ գտնէ… խոր­հի­լը ան­գամ կը տան­ջէ՜ միտ­քը, մա՛ր­դը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապ­րիլ 1, 2017, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Ապրիլ 8, 2017