ԶԱՏԿԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ
«Քրիստոս յարեաւ ի մեռելոց,
Մահուամբ զմահ կոխեաց եւ յարութեամբն իւրոյ մեզ զկեանս պարգեւեաց»
Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան, Սուրբ Զատկուայ տօնին առթիւ կրկին ուրախութեամբ կ՚երգենք եւ կը յայտարարենք Հայ Եկեղեցւոյ շարականի հետեւեալ կարեւոր տողերը․
«Քրիստոս իր մահով մահուան յաղթեց
Իսկ իր յարութիւնով մեզի կեանք պարգեւեց»։
Հայ շարականի այս տողերը սքանչելի կերպով կը բացատրեն Քրիստոսի մահուան եւ ապա յարութեան իմաստը եւ նպատակը, նաեւ կը ներկայացնեն, թէ մեզ՝ մարդոց համար ինչ նշանակութիւն ունի Քրիստոսի մեռելներէն յարութիւնը։
Քրիստոսի յարութիւնը պատեհութիւն ընծայեց եւ կը շարունակէ ընծայել մարդկային անկեալ բնութեան վերականգնման։
Քրիստոսի յարութեան խորհուրդը մեզ իբրեւ անհատ, ժողովուրդ, ազգ եւ, ընդհանրապէս, մարդկութիւն պատեհութիւնը կու տայ վերականգնման։
Կը յիշենք Յովհաննէս Աւետարանիչի հետեւեալ խօսքերը․
«Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, որ մինչեւ իսկ տուաւ իր միածին Որդին, որպէսզի, ով որ անոր հաւատայ պիտի չկորսուի, այլ ընդունի յաւիտենական կեանք» (Յովհ. 3:16)։
Ի՞նչպէս կրնանք արժանի ըլլալ այդ յաւիտենական կեանքին, երբ բոլորս ալ մահկանացու ենք։
Յիշենք Քրիստոսի հետեւեալ պատասխանը Ղազարոսի քրոջ՝ Մարթային, երբ Քրիստոս իմանալով իր մօտ ընկերոջ Ղազարոսի ծանր հիւանդութեան լուրը, անմիջապէս ուզեց իրեն այցելել։ Երբ Ղազարոսի քոյրը իմացաւ, որ Յիսուս կը մօտենայ, անոր ընդառաջ երթալով գուժեց եղբօր մահը ու ըսաւ «Տէր եթէ դուն հոս ըլլայիր իմ եղբայրը չէր մահանար» (Յովհ 11:21):
Յիսուս պատասխանեց ըսելով՝ «Եղբայրդ յարութիւն պիտի առնէ»։
Գիտեմ ըսաւ Մարթան «ան յարութիւն պիտի առնէ վերջին օրը»:
Այն ժամանակ Յիսուս յայտարարեց ըսելով.
«Ես իսկ եմ յարութիւնը եւ կեանքը, ան որ ինծի կը հաւատայ, թէպէտ պիտի մեռնի, պիտի ապրի։ Եւ ան, որ կ՚ապրի եւ ինծի կը հաւատայ, յաւիտեանս պիտի չմեռնի» (Յովհ. 11:25-26):
Քրիստոսի այս խօսքերը ոչ թէ միայն Մարթայի, այլ նաեւ մեզի համար պատգամ է, որ յարութիւնը միայն մահէն ետք ապրուելիք վիճակ չէ, այլ նաեւ այս երկրի վրայ ապրուելիք կեանք։ Կեանք մը, որ ներշնչուած է Քրիստոսով։
Այն անձը, որ կը հաւատայ Քրոստոսին, եւ կ՚ապրի իր կեանքը հետեւելով անոր օրինակին եւ կիրագործէ Քրիստոսի ուսուցած եւ ապրած ճշմարտութիւնը իր իսկ ամէնօրեայ կեանքէն ներս՝ մահ չի ճանչնար, որովհետեւ իր մէջ կը վերակենդանացնէ Աստուածային պատկերը։ Այդ անձը կը վերականգնէ իր կեանքը։
Քրիստոս իր պատգամներով եւ իր կեանքով օրինակ հանդիսացաւ մեզ՝ մարդոց, թէ ի՞նչպէս պէտք է ապրինք, եթէ կ՚ուզենք մեր կեանքը արժեւորել եւ յաւերժացնել։ Մենք ալ, մեր ապրած կեանքով Քրիստոսի նման կը խորտակենք մահը։ Այսինքն, մահը անշուշտ կրնայ վերջ դնել մեր մարմնաւոր գոյութեան, բայց ո՛չ այդ գոյութիւնը իմաստաւորող եւ արժեւորող կեանքին։
Քրիստոսի Եկեղեցւոյ սուրբերու եւ նահատակներու անվերջ շարանը այս ճշմարտութեան լաւագոյն վկաները կը հանդիսանան։
Քրիստոսին եւ անոր յաղթական յարութեան հաւատացող բազում նահատակներու արեան հեղումը, կեանքի վերջակէտը ըլլալէն աւելի՝ անոնց համար եղաւ անմահութեան բանալին։
Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ եւս երկայն է շարանը նոյնանման վկայութիւններու։ Յարութեան հաւատքով զօրացած եւ ներշնչուած մեր հայրերը կարողացան յաճախակիօրէն յաղթել մահուան հարուածներու ըննդէմ։
Հայ ճշմարիտ քրիստոնեան միշտ երգեց ու կը շարունակէ կրկնել Հայ Եկեղեցւոյ քաղցրախօս շարականի հետեւեալ տողերը.
«Փառք յարութեան քո, Տէր
Ոչ դադարեցայց, Քրիստոս, օրհնել զքեզ
Զամենայն աւուրս կենդանութեան իմոյ»:
Այո, չդադրեցանք հաւատալէ Քրիստոսի յարութեան։ Չդադրեցանք օրհնելէ Անոր յարութիւնը մեր ամբողջ կեանքի ընթացքին։ Քրիստոսի յաւիտենականութեան առաջնորդող կեանքի օրինակը դարձուչցինք մեր ազգի կեանքին։
Սիրելիներ, այսօր եւս կարիքը ունինք անհատապէս, նաեւ իբրեւ ազգ այդ նոյն օրինակի իրագործման։ Հայ կեանքը՝ Հայրենիքի եւ արտասահմանի մէջ կարիքը ունի ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ, ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ:
Վերականգնում մեր ազգային ինքնութեան արժէքներու, կերտելու համար մեր վաղուան կեանքի ուղղութիւնն ու նկարագիրը։
Քրիստոնէական հաւատքի ներկայ ժամանակներու կարիքներու համաձայն այժմէականացումը մեզ պիտի առաջնորդէ փրկութեան եւ յաւերժութեան։ Այդ հաւատքին սիրտը յարութեան գաղափարն է, որ պէտք է կեանքի վերածուի։
Ընդունինք հրաշափառ յարութեանբ Քրիստոսի մեզի պարգեւած կեանքը եւ միասնաբար զիրար ողջունենք ըսելով.
ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ
ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ
ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ