ՔԱՂԱՔԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՑՈՓ ԿՈՂՄԸ
Անձնապէս քաղաքականութենէն շատ բան չեմ հասկնար, սակայն կը սիրեմ ընդդիմութիւնը, որովհետեւ ընդդիմութեան եւ իշխանութեան միջեւ եղող բախումն է, որ կողմերը կը մղէ աշխատանքի եւ կը կարծեմ դժբա՛խտ է այն երկիրը, որ ընդդիմութիւն չունի, որովհետեւ այդտեղ մի-իշխանութիւն տիրելով ամէն բան «պապի անսխալականութեան» նման պէտք է ընդունի ուզեն կամ չուզեն:
Լաւ բան է ընդդիմութիւնը, սակայն շատ անգամ կը դառնայ վտանգաւոր, որովհետեւ անոնք շապիկ փոխելու նման կրնան փոխել սկզբունք եւ տեսակէտ, որոնք հաւաքական շահերէն աւելի անհատական հաշիւներու վրայ հիմնուած կ՚ըլլայ. այդ շահերուն հիման վրայ քննադատելի եւ դատապարտելի երեւոյթ մը կրնայ «սովորական» տեսք ստանալ, իսկ սովորական ու անհրաժեշտ երեւոյթ մը՝ քննադատելի բնոյթ կրել՝ նայած թէ քամին ո՞ր կողմէն կը փչէ:
Կուսակցական գործունէութիւն չեմ սիրած այն պատճառով, որ «քաղաքականութիւն» անուան տակ ծպտուած յստակ գաղափարական մը չեն որդեգրեր, որպէսզի հետեւին անոր. յաճախ իրենց կատարած նոր յայտարարութիւնները կրնան հակասութիւնը ըլլալ իրենց նախորդ յայտարարութեան: Անոնք իրենց շահերէն մեկնած կրնան դիմել փոփոխական ուղղութիւններու, որոնց հանդէպ ակամայ շփոթութիւն մը կ՚ապրի մարդ:
Յաճախ կը հետեւիմ կը լսեմ ընդդիմադիր կուսակցութիւններու «Եթէ...»ով սկսող արտայայտութիւնները, ուր ազգին ծառայելու եւ անոր շահերը պաշտպանելու համար եթէական պայմաններ կը դրուին: Դուք երբեւէ տեսա՞ծ էք մայր մը, որ իր զաւակը կերակրելու համար տան տղամարդուն պայմաններ ներկայացնէ:
Ամենէն սիրած ժամանակաշրջանս նախընտրական շրջանն է, ուր շուկայ կ՚իջնեն հազար ու մէկ խոստումներ թէ՛ իշխանութեան եւ թէ՛ ընդդիմադիրներուն կողմէ. տարի մը ամբողջ բան մը չըրած իշխանութիւն մը յանկարծ կը խօսի երեւակայական իրագործումներու խոստման մասին եւ նոյնպէս տարի մը ամբողջ բան մը չըրած ընդդիմադիր կուսակցութիւն մը կը «խոստանայ» շա՜տ բան ընել՝ պայմանով եթէ ընտրուի:
Հիմա այստեղ ակամայ կը ծագի հարց մը. ընտրուիլը միջո՞ցն է նպատակին, թէ ոչ նպատակը ինքնին ընտրութիւնն է:
Ինչո՞ւ համար ազգին ծառայելը պայմանաւորուած է ընտրութեան արդիւնքներուն հետ. նախընտրական շրջանին մի՛շտ նոյնն է, որ կը պատահի. հրապարակ կու գան խօսքերը՝ որոնք ապագային գործի վերածուելու «երաշխիք»ը կ՚ուզեն փոխանցել. տակաւին տեսած չի՛ կանք կողմ, որ իր խօսքերը գործի վերածելու կողքին գործերը խօսքի վերածէ:
Ունիմ այն համոզումը, որ եթէ իրապէս հայրենասէր անձ մըն ես, կապ չունի թէ ով է ներկայ իշխող կուսակցութիւնը. ի գին ամէ՛ն զոհողութեան պարտաւոր ես աշխատիլ այնպէս՝ ինչպէս պիտի աշխատէիր երբ գտնուէիր իշխանութեան գլուխը, այլապէս եթէ աշխատանքը պիտի երաշխաւորուի ընտրութեան արդիւնքներով, այդ մէկը աթոռի կռիւէ մը տարբեր բան մը չէ:
Մեր ընդդիմադիրները յաճախ կ՚ուզեն բան մը չընել եւ աւելին՝ շատ անգամ արգիլել կատարուած աշխատանքը նոյնիսկ, պահանջեալ հարկին իշխող կուսակցութեան «աչքը փորել»ու համար. անոնք կը սպասեն, որ իշխող կուսակցութիւնը գործէ սխալներ, որպէսզի քննադատելու յաւելեալ կէտ մը ունենան, սակայն կ՚անգիտանան, որ այդ քննադատելի կէտը կուսակցութեան հասցէէն աւելի վնաս մըն է հայ ժողովուրդին ու մեր ազգին:
Մեր ընդդիմութիւնը այսօր կը նմանի քահանայութեան ա՛յն թեկնածուին, որ ցոփութեան ու մեղքի մէջ ապրելով կը խոստանայ դառնալ սրբակրօն այն ժամանակ՝ երբ քահանայական կոչում ստանայ:
Իշխող ու ընդդիմադիր կուսակցութեան ելոյթներուն դիմաց Սեւակի խօսքերը կը մտաբերեմ. «Լաւ ապրանքը ինքն է ծախւում, ու վատն է, որ պիտի գովես». այլ խօսքով՝ եթէ դուն գործդ կատարես ամենայն անկեղծութեամբ, հայրենասիրութեամբ ու մի՛ միայն ազգային շահերէ մղուած արդէն ելոյթներու ընթացքին կարիքը չես ունենար «Եթէ...»ներով ճառելու՝ վատ ապրանքը գովաբանող վաճառականի մը նման:
Թերթեցէ՛ք մեր ազգի պատմութիւնը. մեր ազգը իր ամենէն պանծալի օրերը ապրած է ա՛յն անհատներու օրօք, որոնք հրապարակներու վրայ երկարապատում ճառեր չեն կարդացած, իրենց հայրենասիրութիւնը ընտրութեան արդիւնքներուն հետ չեն կապած:
Պահ մը պատկերացուցէք, որ թշնամին կը յարձակի ու մեր ֆետայիները յանկարծ խումբերու բաժնուած կը խոստանան կռուիլ՝ ժողովուրդի կողմէ առաջնորդ ընտրուելու պարագային. այսօր ա՛յս է վիճակը մեր քաղաքական կեանքին: Ամենէն դժուարին օրերուն ամէն մէկը իր «ապրանք»ը կը փորձէ ծախել:
Քաղաքականութենէ չեմ հասկնար, սակայն յստակ է, որ ցոփութենէ տարբեր բան մը չէ. կը խոստանայ հաճոյք ու հանգիստ՝ մի միայն առնելիք շահի մը դիմաց:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԱԼԵՔՍԱՆՏՐ ԱԼՓԱՍԼԱՆ
(1859-1919)
Մեր թուականէն 163 տարիներ առաջ՝ 8 ապրիլ 1859-ին Պոլսոյ մէջ ծնած է բանաստեղծ եւ թատերագիր Ալեքսանտր Ալփասլան (բուն անունով՝ Ալեքսանտր Փանոսեան):
Ալփասլան իր կրթութիւնը ստացած է Նուպար Շահնազարեան վարժարանէն ներս, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ անմիջապէս ետք սկսած է զբաղիլ կրթական ու մշակութային գործունէութեամբ:
Ալփասլան 25 տարեկանին՝ 1884 թուականին հրատարակած է իր բանաստեղծութիւններուն առաջին ժողովածուն «Շողեր եւ ցողեր» խորագրով, որուն յաջորդած են «Այգեկութ» (1908) եւ «Ազատ քնար» (1908) ժողովածուները:
Ալփասլանի գրութիւնները լոյս տեսած են Պոլսոյ, ինչպէս նաեւ ֆրանսական շարք մը պարբերականներու մէջ. բանաստեղծը յաճախ գրած է նաեւ ֆրանսերէն լեզուով:
Ալփասլան սփիւռքահայ գրականութեան մէջ յիշուած է որպէս առաջին մանկագիր հեղինակ, որ իր բանաստեղծութիւններուն ճամբով ձգտած է մանուկներուն ներկայացնել կեանքի բնութիւնն ու մայրենի լեզուի կարեւորութիւնը:
Բանաստեղծութեան կողքին Ալփասլան գրած է նաեւ կատակերգութիւններ. ինչպէս՝ «Թեկնածուները», «Մագնիս» եւ ուրիշներ, որոնք բազմիցս ներկայացուած են Պոլսոյ մէջ:
Ստեղծագործելու կողքին Ալփասլան կատարած է նաեւ թարգմանական աշխատանք՝ ֆրանսերէնի թարգմանելով Տիգրան Չուխաճեանի «Զեմիրէ», Միքայէլ Նալպանտեանի «Երգ ազատութեան», Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի «Մահ քաջորդւոյն», Պետրոս Դուրեանի, Գրիգոր Զօհրապի, Արշակ Չօպանեանի աշխատութիւններն ու բազմաթիւ ուրիշներ:
Յայտնենք, որ Ալփասլան եղած է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի աշխատակից եւ թերթի հրատարակութեան առաջին իսկ օրէն արձակ բանաստեղծութիւններով բերած է իր մասնակցութիւնը թերթի հրատարակութեան աշխատանքին:
Ալփասլան մահացած է 28 հոկտեմբեր 1919 թուականին, Պոլսոյ մէջ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ