ՎԱՐԴԱԳՈՅՆ ԶԱՏԻԿԸ

«Ո՞ւր են առաջուան Զատիկները…»:

Այս խօսքը հնութիւն եւ ծերութիւն կը բուրէր, երբ մանուկ էինք, սակայն, ինչքան հասակ առինք, այնքան աւելիով «ծերացանք» եւ մեր կարգին սկսանք փնտռել «առաջուան Զատիկները»:

Հիներուն մօտ Ծաղկազարդն ու Զատիկը հեքիաթային երջանկութիւն մը կը գծէին օդին մէջ ու կարծես յանկարծ ամէ՛ն մարդ կը մանկանար ու իր թշուառ վիճակէն դուրս գալով ուրախ մթնոլորտ մը կը տիրէր։ Օշականի նկարագրութեամբ «տօնական երջանկութեամբ մը» կը քալէին բոլորը։ Շաւարշ Միսաքեանի համաձայն, տօնական այդ օրերուն «մարդիկ աւելի կը մօտենան իրարու, Ծաղկազարդէն Զատիկ, պայծառութիւն մը զգալով իրենց սիրտերուն մէջ»։ Այդ վարդագոյն օրերը ինչո՞ւ անհետացան. տօնական այս օրերուն ընդառաջ ինչո՞ւ համար մարդիկ տօնական երջանկութեամբ չեն քալեր եւ կամ ինչո՞ւ մարդիկ չեն մօտենար իրարու եւ այդ պայծառութիւնը, որ անցեալին կը զգային, այսօր մենք չենք զգար:

Անցեալին թէ՛ Ծաղկազարդը եւ թէ՛ Զատիկը, եկեղեցական տօն մը ըլլալէ անդին, ազգային տօն կը նկատուէին եւ չե՛մ կարծեր, թէ աշխարհի վրայ գոյութիւն ունենայ ազգ մը, որ ա՛յսքան խանդավառութեամբ կը նշէր Զատկուան տօնը՝ ինչքան հայութիւնը: Յարութեան յո՞յսն էր արդեօք մեզի այդ խանդավառութիւնը տուողը, որովհետեւ մեր ազգը այդ յարութեան կարիք աւելի՛ ունէր՝ քան միւս ազգերը:

Այդ ուրախութիւնը, սակայն, շա՜տ աւելի հին ճամբայ մը ունի. Գրիգոր Տաթեւացիի Գիրք քարոզութեան, որ կոչի ձմեռան հատոր «145»րդ գլխուն մէջ կը հանդիպինք հետեւեալ արտայայտութեան. «Զատիկը ազատութիւն եւ ուրախութիւն թարգմանի»: Իսկ մեր օրերուն ի՞նչ թարգմանի:

Բոլոր դժուարութիւններով, բոլոր թշուառութիւններով հանդերձ, տօնական այս օրերը յոյսի նշոյլ մը կը բոցավառէր անցեալի մարդոց հոգիներուն մէջ. նոր սկիզբ, նոր էջ եւ նոր պայքարի ոգի մը կ՚արթննար անոնց մէջ, սակայն այսօրուան մարդը գիտակից է անոնց փուճ ըլլալուն, որովհետեւ մերօրեայ մարդը չի՛ սիրեր ինքզինք մխիթարել իրականութենէ հեռու երազներով:

Զատիկը մարդոց համար ունէր ուրիշ նշանակութիւն մը. տօնական զգեստ, կարմիր հաւկիթ ու հաւկթամարտ, ձուկ, ժամ ու պատարագ: Այդ բոլորը մեծ արժէք ունէին թէ՛ մեծահասակներուն, թէ՛ երիտասարդներուն եւ թէ՛ մանուկներուն համար, սակայն այդ բոլորը այսօր ստացած է հասարակ կարգավիճակ։ Այսօր Զատկուան առիթով ո՞ր մանուկը կարելի է ուրախացնել եւ կամ «խաբել» նոր զգեստով մը։ Այսօր ո՞ր մանուկը տարբեր խանդավառութիւն մը կ՚ունենայ սովորականէն աւելի տարբեր եւ աւելի հարուստ սեղանի մը շուրջ բոլորուելու համար:

Զատիկը այս օրերուն ոմանց համար եկեղեցի երթալու օր է, որովհետեւ շատ են մեր մէջ անոնք, որոնք կը հաւատան, թէ եկեղեցի կարելի է յաճախել միայն Զատիկէ Զատիկ։ Սակայն, այս մէկը ո՛չ բողոք է եւ ո՛չ քննադատութիւն, որովհետեւ տասնամեակներ ետք Զատկուան համար նոյնիսկ եկեղեցի յաճախողները խոշորացոյցով պիտի փնտռուին:

Յոյսը ունինք, որ օր մը մեր Զատիկներն ալ դառնան անցեալի զատիկներուն նման եւ մենք եւս կարենանք տօնական քալուածք մը ունենալ՝ մեր առօրեայ քալուածքներէն տարբեր: Թող Գրիգոր Զօհրապի Արաքսիին գրած առաջին տողերը մեզի յոյս ներշնչեն եւ կարենանք իրե՛ն պէս ըսել. «Վաղը Զատիկ է ամէնուն, բայց ոչ մեզի համար: Հարկաւ օր մըն ալ մերինը կու գայ. սպասենք»: Արդէն ժամանակէ մը ի վեր՝ մանաւանդ Արցախի պատերազմէն յետոյ, այդ սպասման վիճակը ունինք, որ դարձեալ յարութեան յոյսով մը ունենաք մե՛ր Զատիկը:

Ամէն մէկը, իր կարգին, իր մէջ ունի՛ խաչեալ Քրիստոս մը, Աւագ ուրբաթ մը, Աւագ շաբաթ մը, սակայն Յարութեան օրն է, որ կը պակսի:

Մեր կարծիքով, մարդիկ կեանքին կապուելու համար ստեղծած են ուրախութեան տօներ. «Նոր տարի» է, պէտք է ուրախանալ, «Զատիկ» է, պէտք է ուրախ տրամադրութեամբ ըլլալ. հաւանաբար կեանքի դառնութիւնները մասամբ մոռնալու համար դիտմամբ նշանակուած են այս տօները՝ պահ մը դուրս գալու համար առօրեայ հոգերէն, մտահոգութիւններէն եւ հաւաքական ուրախութեան մթնոլորտի մը մէջ ապրելու, սակայն, ըստ երեւոյթին, կեանքի մտահոգութիւնն ու վիշտերը աւելի զօրաւոր գտնուելով խեղդեցին այդ ուրախութիւնն անգամ: Երիտասարդ եւ կամ մեծահասակ, այսօր բոլորն ալ իրենց հոգիին ու սիրտին մէջ ունին անջնջելի Զատիկի պատկեր մը, որ տարբեր է այսօրուան Զատիկէն. թէեւ համամիտ ենք, որ անցեալը մէկդի դնելով՝ պէտք է ապրիլ ապագան եւ նայիլ անցեալին, սակայն, կան իրողութիւններ, որոնց անցեալին շա՛տ աւելի ուրախութիւն կը ներշնչէին՝ քան ներկան եւ անյայտ, սակայն բացայայտօրէն դժբախտ ապագան:

*

Զատկուան այս օրերուն որքա՜ն պիտի ուզէի լաւատես ու անհոգ տողեր գրել՝ լեցուն անցեալի հեքիաթային ուրախութեամբ, սակայն կեանքը միա՛յն հեքիաթներու մէջ վարդագոյն է, այլապէս սեւ ու մութ է:

Այսօր թէեւ Զատիկ ըլլալով հանդերձ, դարձեալ կը մաղթեմ ձեր բոլորին, որ «բարով հասնիք Սուրբ Յարութեան». այն յարութեան, որ պիտի յարուցանէ նաեւ ձեր ապրումները, սիրտերը, ուրախութիւնն ու կիսաքանդ սիրտն ու հոգին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շաբաթ, Ապրիլ 8, 2023