ՍՐՏԻՆ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆԸ

Մարդ­կա­յին բո­լոր յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ, որ­պէս­զի ա­ռողջ ըն­թացք մը ու­նե­նան, անհ­րա­ժեշտ է սրտի մաք­րու­թիւ­նը։

Սրտի մաք­րու­թիւ­նը, ա­ռա­քի­նու­թեան եւ ազ­նուու­թեան հիմն է, ո­րով կա­րե­լի է բա­րե­բեր յա­րա­բե­րու­թիւն­ներ մշա­կել, խա­ղա­ղու­թիւն հաս­տա­տել եւ մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը միշտ վե՛ր պա­հել։ Ար­դա­րեւ մար­դուս մա­նա­ւանդ բա­րո­յա­կան եւ հո­գե­ւոր կեան­քը սրտի մաք­րու­թիւն կը պա­հան­ջէ, քա­նի որ ա­նոնք է որ կ՚ար­տա­ցո­լաց­նեն «ներ­քին մարդ»ը եւ նկա­րա­գի­րը կը կազ­մեն «ար­տա­քին մարդ»ուն՝ որ «ըն­կե­րա­յին մա՛րդ»ն է։ Մարդ իր էու­թիւ­նը կ՚ա­պա­հո­վէ եւ կը տե­ւա­կա­նաց­նէ հա­ւա­քա­կա­նու­թեան մէջ, միշտ պա­հանջ­քը ու­նի իր նման­նե­րուն եւ պար­տա­ւոր ու պա­տաս­խա­նա­տու է ա­նոնց հետ ա­ռողջ կա­պեր հաս­տա­տե­լու, որ­պէս­զի կա­րե­նայ իր նպա­տա­կին հաս­նիլ։

Ան­հա­տը պէտք է ըն­կե­րու­թեան մէկ ան­դա­մը ըլ­լայ, որ­պէս­զի ապ­րի, քա­նի որ ա­նոր ստեղ­ծու­մին պատ­ճառ­նե­րուն ա­ռաջ­նա­կարգն է՝ ի­րե­րօգ­նու­թիւն, ի­րա­րու տկա­րու­թիւն­ներ զօ­րաց­նել եւ թե­րու­թիւն­ներ լրաց­նել։

Հա­ւա­քա­կան կեան­քը մար­դուս հա­մար պա­հանջք մըն է՝ քա­նի որ ա­մէն մէ­կը ի­րա­րու օգ­նե­լու կո­չուած է, եւ թէ՛ ան­հա­տա­պէս եւ թէ՛ հա­ւա­քա­բար կեան­քին տե­ւա­կա­նա­ցու­մը եւ պահ­պա­նու­մը այս հի­ման վրայ կա­րե­լի է ա­պա­հո­վել։ Այս կա­պը որ­քան զօ­րա­ւոր եւ հաս­տատ ըլ­լայ, ար­դիւնքն ալ ա՛յդ­քան ա­պա­հով կ՚ըլ­լայ։

Եւ մարդ­կա­յին փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն հաս­տա­տուն եւ վստա­հե­լի ըլ­լա­լը կա­խում ու­նի մար­դոց սրտի մաք­րու­թե­նէն, այ­սինքն ա­նոնց ան­կեղ­ծու­թե­նէն։

Մար­դիկ ե­թէ ի­րա­րու հետ ան­կեղծ վա­րուին, ի­րենց ա­մէն մէ­կուն ար­տա­յայ­տու­թիւ­նը եւ վար­մուն­քը մա­քուր սրտէ մը բխի, այ­լա­պէս ո՛չ մէկ հարց, ո՛չ մէկ ան­հա­մա­ձայ­նու­թիւն եւ խռո­վու­թիւն կը ծա­գի եւ մար­դիկ մեծ մա­սամբ խա­ղա­ղու­թեան մէջ կ՚ապ­րին։ Բայց մար­դիկ, ընդ­հան­րա­պէս խռո­վա­սէր են, փո­խա­նակ խա­ղա­ղու­թեան, խռո­վու­թիւ­նը կը նա­խընտ­րեն, փո­խա­նակ ի­րա­րու օգ­նե­լու՝ ի­րա­րու փոս փո­րե­լու ջանք կը թա­փեն, փո­խա­նակ հա­մա­ձայ­նու­թեան ձգտե­լու, տե­ւա­պէս ի­րա­րու կը հա­կա­ռա­կին եւ վեր­ջա­պէս ի­րա­րու եր­բեք չեն վստա­հիր, քա­նի որ ի­րենք ալ, ա­մէն մէ­կը վստա­հու­թիւն չեն ներշն­չեր եւ այս անվս­տա­հու­թիւ­նը մարդ­կա­յին փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հի­մը կը կազ­մէ։

Մինչ­դեռ մար­դիկ ե­թէ մա­քուր սիր­տով՝ ան­կեղ­ծու­թեամբ մօ­տե­նա­յին ի­րա­րու, պի­տի վստա­հէին, փո­խա­դարձ ա­պա­հով պի­տի զգա­յին ի­րենք զի­րանք եւ ա­մէն ինչ կար­գին, խա­ղա­ղու­թեան մէջ պի­տի ըն­թա­նար։ Վստա­հու­թիւ­նը մա­քուր սրտի մը ար­տա­յայ­տու­թիւնն է՝ մա­քուր սիրտ մը վստա­հու­թիւն կը ներշն­չէ եւ փո­խա­դար­ձա­բար՝ կը վստա­հի. կեր­պով մը՝ նմա­նը իր նմա՛­նը կը գտնէ։ Բայց անվս­տա­հու­թիւ­նը վտանգ կը սպառ­նայ մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն եւ վնաս կը պատ­ճա­ռէ ա­նոնց ըն­թաց­քին։

Այս կը նշա­նա­կէ՝ ինչ որ կը տես­նուի «կե­ղեւ»ին վրայ, պէտք է ըլ­լայ նաեւ «կե­ղեւ»ին մէջ՝ հո­գե­կան կա­լուա­ծին մէջ։ Ուս­տի թա­փան­ցիկ ըլ­լալ՝ մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հա­մար անհ­րա­ժեշտ է։ Ա­նո­րո­շու­թիւն­ներ, անս­տու­գու­թիւն­ներ վտանգ կը սպառ­նան մարդ­կա­յին փոխ­յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն եւ կը վնա­սեն ա­նոնց էու­թիւ­նը։

Ար­դա­րեւ, խոր­հուր­դը երբ կը բխի միտ­քէն՝ խօսքն ալ որ խոր­հուր­դին ար­տա­յայ­տու­թիւնն է, կու գայ եւ կը դրսե­ւո­րուի սիր­տէն։ Ու­րեմն, խօս­քը սեր­տօ­րէն կա­պուած է սրտին՝ որ կը մա­ղէ, կը զտէ մտքի ար­տադ­րու­թիւն­նե­րը։ Եւ երբ սիր­տը մա­քուր է՝ խօսքն ալ մա­քուր կ՚ըլ­լայ եւ ո­րուն բնա­կա­նա­բար կը յա­ջոր­դէ գո՛ր­ծը։

Այ­լա­պէս ե­թէ սիր­տը մա­քուր չէ՝ խոր­հուրդն ալ կ՚ա­պա­կա­նէ եւ պատ­ճառ կ՚ըլ­լայ չա­րա­խօ­սու­թեան։

Ա­ռանց ներ­քի­նին թա­փան­ցե­լու՝ դրսե­րե­ւոյ­թը միշտ խա­բէա­կան է, կրնայ շփո­թեց­նել մարդս. իսկ ե­թէ ներ­քի­նին մա­սին վստա­հու­թիւն ներշն­չուած է՝ ար­տա­քինն ալ վստա­հե­լի կ՚ըլ­լայ, քա­նի որ յստակ կ՚ե­րե­ւի ա­մէն ինչ՝ լու­սա­ւոր եւ յայտ­նի կեր­պով։

Ար­դա­րեւ Յի­սուս կ՚ը­սէ. «Աս­տուծ­ոյ Հո­գին է, որ կեանք կու տայ, մարդս ո՛չ մէկ բան կրնայ ը­նել» (ՅՈՎՀ. Զ 63-64)։ Ուս­տի, մարդ երբ կ՚անդ­րա­դառ­նայ Սուրբ Հո­գիի ներ­կա­յու­թեան, կը հնա­զան­դի Ա­նոր եւ ըստ այնմ կը շար­ժի՝ շի­տակ կը խօ­սի եւ ու­ղիղ կը գոր­ծէ։

Յի­սուս կը խօ­սի նաեւ «Կեն­դա­նի ջու­րեր»ու մա­սին, ա­նոնց անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը մար­դուս կեան­քին մէջ։ Եւ Յի­սու­սի ա­մե­նա­մեծ ճշմար­տու­թիւնն էր, որ կը յայ­տա­րա­րէր՝ կեն­դա­նի ջու­րե­րուն ա­կուն­քը բուն իսկ ի­րեն դի­մող մար­դոց մէջ ցոյց տա­լով։ Ար­դա­րեւ Սուրբ Գիր­քը կը վկա­յէ այն ճշմար­տու­թեան՝ թէ սի՛րտն է բուն իսկ ա­կուն­քը՝ ուր­կէ կեն­դա­նի աղ­բիւր­ներ պի­տի հո­սին. «Ա­մէն զգու­շու­թիւ­նով քու սիրտդ պա­հէ, քան­զի կեան­քի աղ­բիւր­նե­րը ան­կէ են» (Ա­ՌԱԿ. Դ 23)։ Ուս­տի Յի­սուս իր ամ­բողջ կեան­քին ըն­թաց­քին, իր խօս­քե­րով եւ գոր­ծե­րով ցո­լա­ցուց «մա­քուր սիրտ»ի մը բո­վան­դակ անբ­ծու­թիւ­նը, մաք­րու­թիւ­նը՝ որ բուն իսկ իր վե­հու­թեան եւ իր աս­տուա­ծու­թեա­նը գե­րա­զանց նշա­նա­կը ե­ղած էր։ Յի­սուս ե­ղաւ տի­պա­րը՝ մա­քուր սրտի ար­տա­յայ­տու­թեան, ան­կեղ­ծու­թեան, ո­րուն մի­ջո­ցով կա­տա­րեալ վստա­հու­թիւն ներշն­չեց զԻնք լսող­նե­րուն։

Մար­դու մը ար­ժէ­քը գնա­հա­տե­լու հա­մար միակ ստու­գա­նի­շը կամ վա­ւե­րա­նի­շը պէտք է փնտռել իր սրտին մէջ, քա­նի որ մարդ իր սրտին մէջ է որ կ՚ապ­րի եւ կը շա­րու­նա­կէ ապ­րիլ իր սրտին թե­լադ­րած զգա­ցում­նե­րով, մղում­նե­րով՝ սի­րով եւ մի­տում­նե­րով՝ ո­րոնք ի­րեն կեան­քին ու­ղե­ցոյ­ցը պի­տի կազ­մեն։

Սի՛րտն է ա­մէն բա­նէ ա­ռաջ մար­դուս տե­ղը՝ իր մէջ կը գոր­ծէ եւ իր նկա­րա­գի­րը ա­նով է, որ կը կազ­մուի, կը ձե­ւա­ւո­րուի։ Սի՛րտն է որ կը քա­ջա­լե­րէ, կը յա­րա­տե­ւէ եւ մար­դուս ուժ եւ կո­րով կը ներշն­չէ՝ ա­նոր գե­րա­գոյն տեն­չան­քին, վերջ­նա­կան նպա­տա­կին հաս­նե­լու հա­մար, սիրտն է որ կը տկա­րա­նայ, կը յու­սա­հա­տի, կը յու­սալ­քուի։ Սի՛րտն է որ կը սի­րէ եւ նաեւ կ՚ա­տէ. կը պաշ­տէ եւ նաեւ կը խոր­տա­կէ, կ՚ա­ղօ­թէ եւ նաեւ կը հա­յհո­յէ։

Եւ սիր­տը կը մո­լո­րեց­նէ մարդս եւ կամ ճշմար­տու­թեան կ՚ա­ռաջ­նոր­դէ՝ աս­տուած­ճա­նա­չու­թեան եւ Յի­սուս Քրիս­տո­սի լու­սա­ւոր ճամ­բա­նե­րը կը ներ­կա­յաց­նէ։

Կեան­քի եր­կու ճշմար­տու­թիւն­նե­րը՝ մա­հը եւ կեան­քը սրտին մէջ տեղ կը գրա­ւեն, ժպի­տը եւ ար­ցուն­քը սրտէն կը ծնին ու կը բխին եւ վեր­ջա­պէս սիրտն է, որ ա­սոնց­մէ մին կամ միւ­սը ճա­շա­կել կու տայ մե­զի։ Այս պատ­ճա­ռով է որ Սաղ­մո­սեր­գուն «Սուրբ Սիրտ» կը խնդրէ Աս­տուծ­մէ, եւ ա­նոր հա­մար է որ Յի­սուս ե­րա­նի՜ կու տայ ա­նոնց՝ որ «Սր­­տով սուրբ են», եւ նոյն ի­մաս­տով է որ Ա­ռա­կա­խօ­սը կը պա­տուի­րէ՝ զգու­շու­թեամբ պա­հել սիր­տը, քա­նի որ ան գի­տէ, թէ՝ «Ծուռ սիրտ ու­նե­ցող­նե­րը Տէ­րոջ առ­ջեւ պիղծ են, բայց ու­ղիղ ճամ­բայ քա­լող­նե­րը Ա­նոր հա­ճե­լի են» (Ա­ՌԱԿ. ԺԱ 20)։

Կ­րօն­քէ ան­կախ բա­րո­յա­կա­նի մը գա­ղա­փա­րա­կից­ներ նոյ­նիսկ, ի­րենց ամ­բողջ հա­մո­զու­մի դրու­թիւ­նը եւ մտա­յին կա­ռու­ցուած­քին ան­կիւ­նա­քա­րը կը նկա­տեն ու կը դա­ւա­նին՝ «սրտի մաք­րու­թիւն»ը՝ ա­ռանց ո­րու ո՛չ վստա­հու­թիւն կրնայ գո­յու­թիւն ու­նե­նալ աշ­խար­հի վրայ եւ ո՛չ իսկ ո­րե­ւէ տո­կուն եւ զօ­րա­ւոր նկա­րա­գիր հաս­տա­տել։

Խօս­քին կամ դրսե­րե­ւոյթ­նե­րուն կեղ­ծիք կամ պատ­րանք­նե­րը եր­բեք չեն կրցած հիմ­նա­կան կեանք մը ա­պա­հո­վել ի­րենց են­թա­կա­նե­րուն հա­մար։ Խա­բէու­թիւ­նը, ի վեր­ջոյ վե­րա­ծուած է ինք­նա­խա­բէու­թեան եւ կորսն­ցու­ցած ա­մէն վստա­հու­թիւն։ Կեղ­ծիք եւ խա­բէու­թիւն եր­բեք չեն կրնար հա­մըն­թաց ըլ­լալ վստա­հու­թեան, ա­ռա­քի­նու­թեան եւ ազ­նուու­թեան հետ։

Ա­ռօ­րեայ յա­ջո­ղու­թիւն­ներ, յաղ­թա­նակ­ներ ո­րոնք այդ պայ­ման­նե­րով ձեռք բե­րուած են, ո­րե­ւէ ար­դա­րա­ցում եւ ե­րաշ­խա­ւո­րու­թիւն ցոյց չեն կրնար տալ ի­րենց տե­ւա­կա­նու­թեան հա­մար։ Ա­ռանց ան­կեղ­ծու­թեան, ա­ռանց մա­քուր սիրտ ու­նե­նա­լու, միայն ե­րե­ւոյթ­ներ փրկե­լու հա­մար ժպտի­լը՝ մեր «ներ­քին մարդ»ուն քայ­քա­յումն է՝ որ պի­տի պատ­րաս­տէ ա­պա­հո­վա­բար, եւ ալ ան­կէ վերջ Յի­սուս Քրիս­տո­սի ակ­նար­կած «կեն­դա­նի ջու­րե­րու ա­կունք»ը մենք մե՛ր ձեռ­քե­րով ցամ­քե­ցու­ցած պի­տի ըլ­լանք, եւ ա­տով ցամ­քե­ցու­ցած պի­տի ըլ­լանք բո՛ւն իսկ մեր կեան­քին աղ­բիւ­րը։ Ուս­տի հե­տե­ւինք Ա­ռա­կա­խօ­սին, որ կը պա­տուի­րէ «պա­հել մեր սիր­տը», քա­նի որ ան­կէ կը հո­սին կեան­քի աղ­բիւր­նե­րը։ Եւ լսենք Յի­սու­սի հրա­ւէ­րը, երբ կ՚ը­սէ. «Կեն­դա­նի ջու­րե­րու մօ­տե­ցէ՛ք», եւ կը հրա­ւի­րէ կեն­դա­նի ջու­րեր հո­սեց­նել մեր ո­րո­վայ­նէն։

Այս պա­տուէր­նե­րէն ա­ռա­ջի­նը՝ Ա­ռա­կա­խօ­սին պա­տուէ­րը՝ սրտին պահ­պա­նու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը կը շեշ­տէ, իսկ երկ­րոր­դը՝ Յի­սու­սին պա­տուէ­րը՝ այդ անհ­րա­ժեշտ պահ­պա­նու­թեան կեր­պը եւ մի­ջո­ցը ցոյց կու տայ մե­զի։

Մարդ, ընդ­հան­րա­պէս եւ բնա­կա­նա­բար, սո­վո­րու­թիւն ու­նի իր թան­կա­գին, կա­րե­ւոր ա­ռար­կա­նե­րը պահ­պա­նե­լու, խնամք տա­նե­լու ա­նոնց այն ա­մէն պա­տա­հա­կա­նու­թիւն­նե­րէ, ո­րոնք վտանգ կը սպառ­նան եւ կրնան վնաս պատ­ճա­ռել ա­նոնց ար­ժէ­քին։

Այս կը նշա­նա­կէ՝ թէ ա­ռա­ւե­լա­գոյն խնամ­քը պէտք է տա­րուի մա­նա­ւանդ սրտին՝ որ կեան­քի աղ­բիւրն իսկ է եւ ա­մէն կեն­դա­նու­թիւն եւ ապ­րո՛ւմ իր­մէ կը բխի…։

- Մա­սամբ օգ­տուե­ցանք՝ Մու­շեղ Ծ. Վար­դա­պետ Սերոբեան «Ոչ եր­բեք այն­պէս խօ­սե­ցաւ մարդ» (ՅՈՎՀ. Է 46) բնա­բա­նով քա­րո­զէն (1904)։­

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ապ­րիլ 21, 2017, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Մայիս 8, 2017