«ՄԱՐՄՆԱՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՄԱ՛Հ Է»
«Վասնզի մարմնաւոր խորհուրդը մահ է, եւ հոգեւոր խորհուրդը՝ կեանք եւ խաղաղութիւն». (ՀՌՈՎ. Ը 6)։
Մարմնաւոր խորհուրդը մահ է. այսինքն մարմնաւոր բարիք մտածել եւ անոնց հետամուտ ըլլալը կը կորսնցնէ մարդուս հոգիին կեանքը։ Հայերէն «մարմին» բառը Նոր կտակարանին մէջ կը գործածուի յունարէն բնագրին մէջ տարբեր նշանակութիւն ունեցող երկու բառ թարգմանելով։ Այս երկու բառերուն մէկը կը նշանակէ մարդու կամ անասունի ամբողջ գործարանաւոր մարմինը անոր այլեւայլ անդամներովը, մասերովը եւ կարողութիւններովը։ (ՄԱՏԹ. Ե 29, Զ 23), (ԵԲՐ. ԺԳ 11), (ՅԱԿ. Գ 3)։ Միւսը կը նշանակէ այն նիւթը՝ որմէ բաղկացեալ է կենդանի մարդը։ (ՂՈՒԿ. ԻԴ 39), (Ա ԿՈՐՆ. ԺԵ 39)։
Նոյն բառը երբեմն կը գործածուի մարդուս մահկանացու մասը ցուցնելու եւ այն մասը անմահ մասէն որոշելու համար, ինչպէս (Բ ԿՈՐՆ. Դ 11) եւ (Ա ԿՈՐՆ. ԺԵ 50), ուր «արիւն» նշանակող բառ մը հետը ունի։ Երբեմն ալ կը գործածուի մարդուս զգայական մասը որոշելու համար անոր իմացական եւ հոգեւոր մասէն։ (Բ ԿՈՐՆ. ԺԲ 7), (ՀՌՈՄ. Բ 28), (ՅՈՎՀ. Զ 64), (ՄԱՏԹ. ԻԶ 41), եւ այլն։ Նաեւ կը գործածուի «սերունդ» կամ «ազգակցութիւն» նշանակելու համար, ինչպէս (ՅՈՎՀ. Ա 13), (ՀՌՈՎՄ. Ա 3, Թ 3), (ԳՈՐԾ. Բ 30)։
Երբեմն պարզապէս կը նշանակէ «մարդ», եւ այս նշանակութեամբ ընդհանրապէս տկարութեան գաղափարը կու տայ։ (ԵՓ. Զ 12), (ՀՌՈՎՄ. Գ 20), (Ա ԿՈՐՆ. Ա 29)։
Նոյնպէս կը նշանակէ մարդուս բնութիւնը եւ այլեւայլ հանգամանքը, զոր օրինակ, Քրիստոսի համար «մարմին եղաւ» ըսելը, Քրիստոս մարդկային բնութիւնը եւ հանգամանքը վրան առաւ ըսել է։ (ՅՈՎՀ. Ա 14), (Ա ՏԻՄ. Գ 16), (Ա ՅՈՎՀ. Դ 2)։ Նոյն «մարմին» բառը կը նշանակէ՝ նաեւ քրիստոնեաներու բնական կեանքը։ (Բ ԿՈՐ. Ժ 3), (ՓԻԼ. Ա 22-24)։ «Մարմին» բառը կը գործածուի բարոյական մտօք նաեւ եւ կը նշանակէ՝ մարդկային չար բնութիւնը, որ Աստուծմէ բոլորովին օտարացեալ է։
Այս միջանկեալ շեղումէն յետոյ գանք «մարմնաւոր խորհուրդին մահ ըլլալու» հարցին։
Ըսինք, որ մարմնաւոր բարիք մտածել եւ անոնց հետամուտ ըլլալը՝ կը կորսնցնէ մարդուս հոգիի կեանքը։
Սակայն «հոգեւոր խորհուրդ»ը, այսինքն հոգեւոր բարիք մտածել եւ անոնց հետամուտ ըլլալը, ճշմարիտ կեանք կը բերէ մարդուն հոգիին մէջ, եւ կ՚ապահովէ հոգւոյն խաղաղութիւնը այս աշխարհիս մէջ եւ յաւիտեանս։
Մարմնաւոր խորհրդին մահ ըլլալուն պատճառը այն է, որ հոգեւոր բարիքի անհոգ եւ անտարբեր ըլլալ եւ միայն մարմնաւոր բարիք մտածել՝ Աստուծոյ կամքին դէմ է, եւ կը բաժնէ մարդը Աստուծմէ՝ որ աղբիւր է հոգեւոր կեանքի եւ ճշմարիտ երջանկութեան։
Այսպիսի մարմնաւոր խորհուրդ ունեցողը կրնայ կը-րօնասէր, բարեբարոյ, իմաստուն կամ գիտուն ըլլալ. սակայն Աստուծոյ օրէնքին հնազանդող չէ, եւ մինչ իր մարմնաւոր խորհուրդներուն կը հետեւի, չի՛ կրնար այն օրէնքին հնազանդիլ կամ Աստուծոյ հաճո՛յ ըլլալ։ Արդարեւ, բարի է ան՝ որ աստուածահաճոյ արարքներու մէջ է։ Ուստի, սրտին մէջ Աստուծոյ Հոգիին բնակելովը միայն մարդ ճշմարիտ քրիստոնեայ կրնայ ըլլալ։
Ի՜նչ ահաւոր է եւ ցաւալի Քրիստոսի անունը կրել, նաեւ երեւելի ըլլալ իբրեւ անոր նուիրեալ ծառայ, եւ տակաւին չունենալ անոր Հոգին. մարմնաւոր խորհուրդէ եւ զգացումէ չզերծուիլ։ Ուստի, տասներկու աշակերտներէն մին Քրիստոսի խօսքերը լսեց, անոր հետ շրջեցաւ, անոր սեղանին մասնակցեցաւ եւ անոր ձեռքէն կերակրուեցաւ, եւ ըստ երեւոյթին, ճշմարիտ աշակերտ էր, բայց անոր համար ըսուած է, թէ սատանայ էր. (ՅՈՎՀ. Զ 71)։
Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս կ՚ըսէ. «Քրիստոս մարդուն մէջ է, երբ հաւատքը սրտին մէջ է»։
Երբ Քրիստոս մարդուն մէջ է, այսինքն մարդը Քրիստոսի վրայ փրկարար հաւատք ունի, թէեւ այնպիսիին մարմինը մեղքի պատճառաւ մահուան ենթակայ է, հոգին կենդանի է «արդարութեան համար», այսինքն այն արդարութեան կամ սրբութեան համար, որ Քրիստոսի շնորհքով եւ Սուրբ Հոգիին ազդեցութեամբ կը գործուի մարդուն սրտին մէջ։
Քրիստոսի փրկագործութիւնը կատարեա՛լ է, Քրիստոսով տրուած աստուածային շնորհքը հաւատացեալներուն ոչ միայն հոգիին նոր եւ մաքուր կեանք կու տայ, այլեւ մարմինը կը կենդանացնէ, այսինքն մեղքին ազդեցութենէն կ՚ազատէ եւ կը պարտադրէ «Սուրբ Հոգիին տաճար» ըլլալու. (Ա ԿՈՐՆ. Զ 19), այնպէս որ մարմինին անդամները ոչ թէ մեղքի, այլ արդարութեան, սրբութեան գործիքներ կ՚ըլլան. (ՀՌՈՎՄ. Զ 13), եւ վերջապէս, մարմինը մեռելներէն յարութիւն կ՚առնէ, ինչպէս որ Քրիտոս առաւ։
Արդարեւ, չկա՛յ բան մը, որ կարենայ մեզ յաւիտենական մահէն ազատել, մարմնաւոր կիրքերու ազդեցութեան տակ կը մնանք, եւ մեր վարմունքը մարմնաւոր է։ Ոչ մէկ բան՝ ոչ եկեղեցւոյ արարողութիւնները կամ որեւէ մարդու գործը կրնան մեզի օգնել, եթէ չեն օգներ մեզի սրտով մաքուր եւ վարքով սուրբ ըլլալու։
Եւ եթէ կ՚ուզենք յաւիտեան ապրիլ՝ յաւիտենական երանութիւնը վայելել, հարկ է որ սպաննենք մարմինին գործերը, այսինքն պէտք է բոլոր մարմնաւոր կիրքերը նուաճենք… (Ա ԿՈՐՆԹ. Թ 27)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մայիս 6 2023, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 04/26/2025