ՎՍՏԱՀՈՒԹԵԱՆ ԵԶՐԸ

«Վստա­հու­թիւն»ը կա­րե­ւոր ազ­դակ մըն է մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու եւ նաեւ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րու մէջ։ Ար­դա­րեւ մարդ պէ՛տք է վստա­հի, որ­պէս­զի գոր­ծէ, ա­պա­հով զգայ ինք­զինք եւ հե­ռա­նայ ա­մէն տե­սակ վա­խե­րէն՝ ո­րոնք կը դժուա­րաց­նեն կեան­քի ըն­թաց­քը։

Վստա­հու­թիւ­նը հա­ւա­քա­կան կեան­քի մէջ փո­խա­դարձ զգա­ցում մըն է՝ մէ­կը կը վստա­հի, մինչ միւ­սը վստա­հու­թիւն կը ներշն­չէ եւ փո­խա­դար­ձա­բար։

Ան­հա­տա­կան կեան­քի մէջ ալ մարդ, ան­պայ­ման «վստա­հե­լի՛»ի մը կը սպա­սէ՝ որ­պէս­զի ա­պա­հով զգայ ինք­զինք։ Եւ մար­դիկ յարգ կը ստա­նան ըն­կե­րու­թեան մէջ եւ փառք կը վա­յե­լեն երբ վստա­հու­թիւն կը ներշն­չեն ի­րենց շուր­ջին­նե­րուն՝ ո­րոնք ի­րենք զի­րենք ա­պա­հով եւ զօ­րա­ւոր կը զգան ա­նոր շնոր­հիւ։ Ա­ռան­ձին մէ­կը իր յոյ­սը կը դնէ իր անձ­նա­կան ու­ժե­րուն վրայ, ինչ որ կը նշա­նա­կէ վստա­հիլ իր իսկ մէջ գտնուող զօ­րու­թեան, ի­մաս­տու­թեան եւ սի­րոյ՝ որ է իր Ա­րա­րի­չը, երկ­նա­յին Հա՛յ­րը։

Հայ­րեր միշտ վստա­հու­թիւն կը ներշն­չեն, որ­դին իր հօր հետ ինք­զինք միշտ ա­պա­հով կը զգայ, քա­նի վստա՛հ որ հայ­րը պի­տի հո­գայ ու պաշտ­պա­նէ զինք ա­մէն նե­ղու­թեան եւ դժուա­րու­թեան մէջ։ Եւ որ­քա՜ն հա­ճե­լի է զգալ հօր մը վստա­հու­թիւն ներշն­չող ներ­կա­յու­թիւ­նը։

Եւ երբ մարդ այս­քան կը վստա­հի իր երկ­րա­ւոր հօր, հա­պա երկ­նա­յին Հօր որ­քա՜ն ա­ւե­լի պէտք է վստահի, քա­նի որ ինչ­պէս ծնուն­դէն ետք ծնող­քը եր­բեք չի թո­ղուր իր զա­ւա­կը, նոյն­պէս ա­րար­չա­գոր­ծու­թե­նէն ետք, Աս­տուած չի՛ լքեր Իր ա­րա­րած­նե­րը ինք­նի­րենց։ Չի տար ա­նոնց միայն ծնունդ, կեանք եւ գո­յա­տե­ւում, այլ կը պա­հէ զա­նոնք, կը պահ­պա­նէ ա­մէն վայր­կեան զո­հո­ղու­թեան մէջ, զայն գոր­ծե­լու կը լծէ եւ կը հասց­նէ իր վախ­ճա­նին։ Պահ մը իսկ չի թո­ղուր զայն հո­գալ ու խնա­մել, մին­չեւ վեր­ջը։

Ճանչ­նալ այս կա­տա­րեալ առ­կա­խու­թիւ­նը Ա­րա­րի­չէն՝ աղ­բիւր է ի­մաս­տու­թեան եւ ա­զա­տու­թեան, ու­րա­խու­թեան եւ վստա­հու­թեան։ Սուրբ Օ­գոս­տի­նոս կ՚ը­սէ այս մա­սին. «Ա­յո՛, Դուն կը սի­րես ա­մէն ինչ, որ գո­յու­թիւն ու­նի, եւ չես խոր­շիր ո՛չ մէկ բա­նէ, զոր ստեղ­ծե­ցիր. քա­նի որ ե­թէ Դուն բան մը ա­տէիր, պի­տի չստեղ­ծէիր։ Եւ բան մը ի՞նչ­պէս պի­տի գո­յա­տե­ւէ ե­թէ Դուն չես կան­չած զայն։ Բայց Դուն կը խնա­յես ա­մէն բա­նի, քա­նի որ ա­մէն ինչ Քո՛ւկդ է, Դուն որ հո­գե­սէր Տէ՛ր ես» (Ի­ՄԱՍՏ. ԺԱ 24-26)։ Ըստ Սուրբ Օ­գոս­տի­նո­սի խօս­քե­րուն, Ինք ա­ւե­լի բարձր է քան իմ մէջս գտնուող բարձ­րա­գոյ­նը, ա­ւե­լի մտե­րիմ քան մտեր­մա­գոյ­նը…։

Սուրբ Հո­գին՝ գլխա­ւոր հե­ղի­նա­կը Սուրբ Գիր­քին, յա­ճախ ա­րարք­ներ կը վե­րագ­րէ Աս­տու­ծոյ, ա­ռանց յի­շա­տա­կե­լու երկ­րոր­դա­կան պատ­ճառ­նե­րը։ Ա­սի­կա ար­տա­յայ­տե­լու եւ ար­տա­յայ­տուե­լու նախ­նա­կան կերպ մը չէ, այլ խո­րունկ մի­ջոց մը յի­շեց­նե­լու Աս­տու­ծոյ գլխա­ւո­րու­թիւ­նը եւ բա­ցար­ձակ տէ­րու­թիւ­նը պատ­մու­թեան եւ աշ­խար­հի վրայ եւ այս­պէ­սով՝ մեզ վստա­հու­թեան վար­ժեց­նե­լու Ի­րեն հան­դէպ։ Ար­դա­րեւ Սաղ­մոս­նե­րուն ա­ղօթ­քը ա­մե­նա­մեծ դպրո՛ցն է այս վստա­հու­թեան։

Զոր օ­րի­նակ 23-րդ Սաղ­մո­սը՝ ուր կ՚ը­սէ.

«Տէ­րը իմ հո­վիւս է. ես բա­նի մը կա­րօ­տու­թիւ­նը պի­տի չու­նե­նամ… թէեւ մա­հուան շու­քի ձո­րին մէջ ալ պտը­տիմ, չա­րէն չեմ վախ­նար, վասն­զի դուն ին­ծի հետ ես, քու ցուպդ ու գա­ւա­զանդ՝ ա­նոնք զիս պի­տի մխի­թա­րեն…» (ՍԱՂՄ. ԻԳ 1-6)։ Աս­տու­ծոյ վրայ վստա­հու­թեան ան­կեղծ ու սրտա­բուխ ար­տա­յայ­տու­թիւնն են Դա­ւի­թի այս սաղ­մո­սը։ Վստա­հիլ՝ ա­ռանց տա­րա­կու­սան­քի, ա­ռանց կաս­կա­ծի, ա­հա­ւա­սիկ վստա­հու­թեան պարզ մեկ­նու­թիւ­նը։ Եւ այս սաղ­մո­սին նման բազ­մա­թիւ Սուրբ Գրա­յին հա­տուած­ներ կը վկա­յեն Աս­տու­ծոյ ներշն­չած վստա­հու­թեան՝ մար­դուն նկատ­մամբ, քա­նի որ Ան Հա՛յր է եւ ա­րա­րած­նե­րը՝ մար­դիկ՝ որ­դի։ Եւ Աս­տու­ծոյ ներշն­չած այս վստա­հու­թիւ­նը մտա­տի­պարն է երկ­րա­ւոր հօր ներշն­չած վստա­հու­թեան իր որ­դիին նկատ­մամբ։ Եւ հայ­րը միշտ վստա­հե­լի է, ա­պա­հով լեռ մը որ­դիին հա­մար…։

Ար­դա­րեւ Աս­տուած գե­րիշ­խան Տէ՛րն է Իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեան ծրագ­րին։ Աս­տուած, նաեւ հա­ւա­տա­րիմ է իր ծրագ­րին՝ ո՛չ միայն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թեամբ, այլ նաեւ՝ նա­խախ­նա­մու­թեամբ, հո­գա­տա­րու­թեամբ։

Աս­տուած իր ծրագ­րին գոր­ծադ­րու­թեան հա­մար կ՚օգ­տա­գոր­ծէ նաեւ ա­րա­րած­նե­րուն գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը։ Այս օգ­տա­գոր­ծու­մը Ա­մե­նա­կալ, Ա­մե­նա­կա­րո­ղ Աս­տու­ծոյ հա­մար տկա­րու­թեան նշան չէ եր­բեք, այլ՝ մե­ծու­թեան ու բա­րու­թեա՛ն։ Քա­նի որ գոր­ծակ­ցիլ կը նշա­նա­կէ հե­տաքրք­րուիլ, հոգ տա­նիլ, խնա­մու­թիւ­նը տե­ւա­կան կեր­պով չխնա­յել՝ օգ­նել, նե­ցուկ կանգ­նիլ։

Ուս­տի վստա­հու­թիւ­նը կ՚են­թադ­րէ նպա­տա­կի մը հաս­նե­լու, ծրա­գիր մը ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն։ Քա­նի որ Աս­տուած իր ա­րա­րած­նե­րուն կու տայ ո՛չ միայն «գո­յու­թիւն»ը՝ կեան­քը, այլ նաեւ անձ­նա­պէս գոր­ծե­լու ար­ժա­նա­պա­տուու­թիւ­նը՝ ըլ­լա­լու ի­րա­րու պատ­ճառ եւ սկզբունք եւ այս­պէս հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու Իր ծրագ­րին ի­րա­գոր­ծու­մին։ Եւ աս­կէ կը հե­տե­ւի, թէ «վստա­հու­թիւն»ը փո­խա­դարձ է, երկ­կող­մա­նի։

Փո­խա­դարձ վստա­հու­թեան սա­կայն ա­ռար­կա­նե­րը տար­բեր է՝ մին կը վստա­հի իր կեան­քը, միւ­սը՝ իր գոր­ծը, ծրագ­րին ի­րա­գոր­ծու­մը։ Բայց էա­պէս վստա­հու­թիւ­նը կը դիւ­րաց­նէ կեան­քը, կը թե­թեւց­նէ կեան­քին ծան­րու­թիւ­նը, կը նուա­զեց­նէ կեան­քին դժուա­րու­թիւն­ներն ու նե­ղու­թիւն­նե­րը։

Եւ ե­թէ Աս­տուած գե­րա­գոյն վստա­հու­թիւն ներշն­չողն է, ա­պա ու­րեմն Ան Ա­մե­նա­կա­րողն է, բա­րե­սիրտ, ան­հու­նօ­րէն տա­րուած բա­րիք գոր­ծե­լու։ Ո՞վ պի­տի կա­րե­նար իր ամ­բողջ յոյ­սե­րը Ա­նոր վրայ չդնել եւ ո՞վ պի­տի կա­րե­նար չսի­րել զԻնք՝ դի­տե­լով բա­րու­թեան, ի­մաս­տու­թեան, սի­րոյ եւ խան­դա­ղա­տան­քին գան­ձե­րը՝ զորս նոյն Ի՛նքն սփռեց մեր վրայ։ Այս պատ­ճա­ռով Աս­տուած Սուրբ Գիր­քին մէջ Իր պա­տուէր­նե­րուն թէ՛ «սկիզբ»ը եւ թէ՛ «վերջ»ը կը գոր­ծա­ծէ այս բա­նա­ձե­ւը. «Ես եմ Տէ­րը»։­

Ար­դա­րեւ մարդ­կա­յին բա­րո­յա­կան կեան­քը իր ա­կուն­քը կը քա­ղէ Աս­տու­ծոյ վստա­հու­թեան մէջ, որ կը յայտ­նուի որ­պէս «Հա­ւատք»։ Աս­տու­ծոյ կը վստա­հի մարդ, քա­նի որ Ան Իր սէ­րը կը յայտ­նէ ի­րեն։ Ուս­տի հոն՝ ո՛ւր սէր կայ, պայ­մա­նով որ ան­կեղծ եւ սրտա­բուխ ըլ­լայ, հոն կա՛յ վստա­հու­թիւն։ Վա­խը սի­րոյ թշնա­մի՛ն է եւ ար­գել­քը։ Այս ի­մաս­տով՝ վստա­հու­թիւ­նը ար­գելք է վա­խին, եւ ու­րեմն վստա­հող մար­դը սի­րով կը լե­ցուի, քա­նի որ իր մէջ այ­լեւս վախ չէ՛ մնա­ցած։

Ու­րեմն սի­րե­լի՜­ներ, վստա­հե­լու հա­մար շատ պատ­ճառ­ներ ու­նինք. եւ ու­նինք գե­րա­գո՛յն «Վստա­հե­լի»ն՝ մեր Ա­րա­րիչ Հայ­րը եւ մեր Նա­խախ­նամ Հայ­րը, եւ ու­րեմն վստա­հինք եւ վստա­հու­թեան մէջ սի­րենք զի­րար, փո­խա­նակ ա­տե­լո՜ւ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 2, 2016, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Յունիս 8, 2016