ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ՝ ԱՆՓՈՓՈԽԵԼԻ՛
Ընդհանուր առումով, նկարագիրը, այսինքն մարդու մը, անհատի մը յատկանշական գիծերը, արժէքները, էութիւնը չի՛ փոխուիր։ Իսկ եթէ արտաքին ազդեցութիւններով, պարագաներու համեմատ ընթացքի ուղղութիւնը կը փոխուի, անիկա «նկարագիր» չէ, այլ պարզապէս ստացական սովորութիւն։ Նկարագիրը, էական արժէքը, սերտօրէն կապուած է անձին հետ եւ ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները, միշտ անայլայլելի կը մնայ։ Մէկ խօսքով, ի՛նչ որ է մէկու մը նկարագիրը, անիկա ինքնութիւնն է՝ ի՛նքն է՝ անբաժան իր էութենէն։
Զոր օրինակ, իրական ազնիւը, կամ մեծը՝ այն չէ՛ որ մեծ ըլլալու ձգտումը ունի, եւ կամ այն չէ՛ որ բարձր դիրքերու վրայ կը գտնուի որեւէ ձեւով, այլ ա՛յն է՝ որ ամէն դիրքի, ամէն վիճակի եւ պարագայի մէջ մեծ է եւ ցոյց կու տայ իր նկարագիրը՝ մեծութի՛ւնը։ Այս իմաստով անգլիացիներ կ՚ըսեն, թէ իրական ազնուականը ա՛յն է՝ որ երբ առանձին է սենեակին մէջ եւ թէյ կը խմէ, իր թէյի բաժակին մէջ՝ շաքարի հատիկը փոքր ունելիով կ՚առնէ եւ կը դնէ։ Այս աւանդական առածը ցոյց կու տայ, թէ՝ մարդուս որեւէ յատկանիշը չի փոխուիր պարագաներու համեմատ եւ միջավայրի համաձայն, եւ ո՛ւր որ ալ ըլլայ ան՝ միշտ նո՛յն անձն է եւ նոյն նկարագրով օժտուած կը մնայ։
Այս իմաստով, ահաւասիկ, ազնիւ նկարագրի տէր մէկը միշտ ազնիւ է՝ թէ՛ պանդոկի մը շողշողուն սրահներուն մէջ, եւ թէ՛ նոյն պանդոկին կառատնակին մէկ անկիւնը։ Եւ այս օրինակը կարելի է բաղդատել Յիսուսի ծնունդի ժամանակ, այն քարայրին կամ գոմին՝ ուր ծնաւ, եւ այն օթեւաններու հետ՝ ուր Իրեն համար տեղ չկար…։
Արդարեւ, կարելի՞ է խորհիլ, թէ Յիսուս Մանուկ երբ ծնաւ գոմի մը մէջ, կորսնցուց իր աստուածային բնութիւնը, իր հանգամանքը, իր նկարագիրը…։ Ան ո՛ւր որ ալ ծնած եւ ապրած ըլլայ, միշտ Աստուածորդի է՝ իր աստուածային ամբողջական բնութեամբ։
Նո՛յնն է պարագան նաեւ Աստուծոյ համար, երբ աշխարհի վրայ կայ չարը եւ չարութիւնը, ասիկա երբեք չի փոխեր Աստուծոյ բարի նկարագիրը եւ բարութեան նախատիպարը ըլլալու անփոփոխելի եւ մշտնջենական ճշմարտութիւնը։ Աշխարհ որքա՜ն ալ չարութեամբ պատուած ըլլայ՝ Աստուած միշտ բարի՛ է, քանի որ բարութիւնը Անոր անբաժանելի նկարագի՛րն է։
Արդարեւ, աստուածային բարութեան եւ աշխարհային չարութեան հայցին մէջ աստուածային արդարութիւնը կամ աստուածագիտութիւնը՝ «théodicée», իր փաստարկումներով մեզի ցոյց կու տայ, թէ աստուածային բարութիւնը, ի հեճուկս չարին եւ չարութեան՝ անայլայլելի է եւ մշտնջենաւո՛ր։ Քանի որ աստուածային հանգամանքը անփոփո՛խ է եւ տեւական։
Ուրիշ օրինակ մըն ալ ահաւասիկ։ Իշխանաւոր մը, թագաւոր մը կամ պաշտօնատար մը, եթէ նոյնիսկ բազմած չըլլայ իր պաշտօնական աթոռին կամ գահին վրայ, կը կորսնցնէ՞ իր հանգամանքը կամ հեղինակութիւնը։ Ո՛չ, քանի որ ան ամէն պարագայի նոյն անձնաւորութիւնն է՝ իր բոլոր հանգամանքներով, հեղինակութեամբ։ Ան միշտ իշխանաւոր է, միշտ պաշտօնատա՛ր։
Արդարեւ, ասիկա, արժէք ճանչնալու, ուղիղ նայելու եւ շիտակը տեսնելու, գնահատելու հարց է, ուրիշներ ինչ աչքով ալ նային՝ ինչ ալ տեսնել ուզեն, դիտուած եւ տեսնուածին էութիւնը, հանգամանքը, ընդհանուր նկարագիրը չի փոխուի՛ր։
Մարդ կրնայ շիլ աչքով նայիլ ուղիղ բանի մը, եւ զայն ծուռ տեսնել, սխալ գաղափար կազմել անոր մասին, բայց ասիկա չի նշանակեր, որ իր տեսածը ուղիղ եւ շիտակ չէ։ Ճշմարտութիւնը կարծիքներով, ենթադրութիւններով եւ երեւակայութիւններով չի՛ փոխուիր՝ ան միշտ նոյնը կը մնայ։ Մէկը երբ իրական ոսկին չճանչնայ եւ պարզ թիթեղ կարծէ, ոսկին կը կորսնցնէ՞ իր հանգամանքը։
Ահաւասիկ, պատմութիւնը կը վկայէ Յիսուսի ծնունդին՝ որ պատահեցաւ քարայրի մը, գոմի մը մէջ եւ դրուեցաւ մսուրի յարդերուն վրայ։ Բայց Ան երբեք չկորսնցուց իր հանգամանքը, ի վերջոյ հասկցուեցաւ իր ինքնութիւնը եւ ընդունուեցաւ իր հեղինակութիւնը մանաւանդ անոնց կողմէ, որ նախապէս անտեսած եւ մերժած էին զԻնք։ Արդարեւ Բեթլեհէմի այդ սուրբ վայրը՝ քարայրը մինչեւ այսօր կը մնայ, Յիսուս Մանուկ աւելի քան երկու հազար տարի է որ կը յիշուի՝ երբեք չի մոռցուիր, բայց այն ժամանակ այն օթեւանները՝ ուր Իրեն համար տեղ չկար, ո՛չ մէկը գոյութիւն ունի այսօր, եւ այն պանդոկ-օթեւաններու շողշողուն սրահներուն մէջ Յիսուս Մանուկը անտեսող, Սուրբ Ընտանիքը մերժող հիւրասիրողներէն, եւ կամ հոն ծառայողներէն ո՛չ մէկը կը յիշուի, ո՛չ մէկուն ինքնութիւնը յայտնի է։
Ուրեմն, սիրելի՜ բարեկամներ, մէկու մը իսկական արժէքը, հանգամանքը երբեք կախում չունի ուրիշներու գնահատանքէն, քանի որ արժէքը, նկարագիրը բնատուր է, եւ աստուածատուր, եւ ուրեմն՝ անփոփոխ եւ մշտնջենաւո՛ր։
Շուրջիններ ի՛նչ աչքով որ նային, ի՛նչ կ՚ուզեն որ տեսնեն, այդքան կարեւոր չէ իսկական արժէքի մը համար։ Եւ դարձեալ, արժէք մը ո՛ւր որ ալ գտնուի՝ մի՛շտ «արժէք» է եւ ո՛չինչ կը կորսնցնէ իր հանգամանքէն, իր նկարագրէն։ Իսկական, անխառն՝ զուտ արժէքը, հաստատ նկարագիրը եւ մանաւանդ բնատուր առաքինութիւնը եւ ազնուութիւնը միջավայրէ եւ արտաքին պայման եւ պարագաներէ կախում չ՚ունենար, քանի որ չ՚ազդուիր անոնցմէ՝ հաստատ, ամուր եւ անայլայլելի կը գոյատեւէ դարէ՜ դար, շրջանէ՜ շրջան, մի՛շտ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 5, 2018, Իսթանպուլ