ՊԵՆՏԵԿՈՍՏԷ՝ ՀՈԳԵԳԱԼՈՒՍՏ

«Պենտեկոստէ» Զատկին յիսուներորդ օրն է յունական բառով, որ հրեաներու համար «Սինէական օրէնքներու տուչութեան տօն» էր. իսկ քրիստոնեաներու համար՝ Սուրբ Հոգիին Գալստեան տօնը։ Այսպէս ուրեմն, «Պենտեկոստէ» Հոգեգալստեան տօնին մէկ յորջորջումն է։

Զատկական եօթը շաբաթներուն աւարտին՝ Հոգեգալուստի օրը, Քրիստոսի Զատիկը կը կատարուի Սուրբ Հոգիին հեղումով, որ կը յայտնուի, կը տրուի, կը հաղորդուի իբրեւ ասուածային Անձ. Տէր Քրիստոս, Իր Լիութենէն, Հոգին առատօրէն կը սփռէ. (ԳՈՐԾ. Բ 33-36)։ Այդ օրը Ամենասուրբ Երրորդութիւնը լիովին կը յայտնուի։ Քրիստոսի աւետած Արքայութիւնը բա՛ց է Իրեն հաւատացողներուն առջեւ։ Անոնք իրենց մարմինին խոնարհութեամբ եւ հաւատքով արդէն իսկ կը մասնակցին Ամենասուրբ Երրորդութեան հաղորդութեան։ Սուրբ Հոգին, անընդհատ գալուստով, աշխարհը կը մտցնէ «վերջին ժամանակ»ներուն մէջ, որ Եկեղեցւոյ ժամանակն է, որ արդէն իսկ ժառանգուած բայց տակաւին անաւարտ Արքայութի՛ւնն է։ Ուստի Ճշմարիտ Լոյսը, երկնաւոր Հոգին, ճշմարիտ հաւատքն է անբաժանելի Ս. Երրորդութիւնը՝ որուն կ՚երկրպագեն ճշմարի՛տ հաւատացեալներ։ Արդարեւ, «Աստուած Սէր է» (Ա ՅՈՎՀ. Դ 8, 16)։ Արդ, սէրը առաջին պարգեւն է, որ կը բովանդակէ միւս բոլոր պարգեւները։

Այս Սէրը «Աստուած սփռեց մեր հոգիներուն մէջ՝ Հոգիով, որ տրուեցաւ մեզի» (ՀՌՈՄ. Ե 5)։ Հոգին կու տայ մեզի մեր ժառանգութեան գրաւականը կամ երախայրիքը. այսինքն «Սուրբ Երրորդութեան Կեանք»ը՝ որ «սիրել է՝ ի՛նչպէս Ի՛նք սիրեց մեզ» (Ա ՅՈՎՀ. Դ 11-12)։ Այս Սէրը (Ա ԿՈՐՆ. ԺԳ) նախասկիզբն է Քրիստոսով այն կեանքին, որ այլեւս հնարաւոր դարձած է, քանի որ մենք «ընդունած ենք ո՛ւժ մը՝ որ Սուրբ Հոգին է» (ԳՈՐԾ. Ա 8)։ Հոգին այս զօրութեամբ է, որ Աստուծոյ որդիները պիտի կարենան պտղաբերել։ Ան որ մեզ պատուաստեց Ճշմարիտ Որթին վրայ, մեզ կարող պիտի դարձնէ բերելու «Հոգիին պտուղը, որ է սէր, ուրախութիւն, համբերութիւն, ծառայասիրութիւն, բարութիւն, վստահութիւն ուրիշներուն վրայ, հեզութիւն, ժուժկալութիւն» (ԳԱՂ. Ե 22-25)։ «Հոգին մեր կեա՛նքն է», որքան աւելի մեր անձէն հրաժարինք, ա՛յնքան աւելի Հոգիով կ՚ընթանանք։

«Սուրբ Հոգին հրեղէն լեզուներու» կերպարանքին տակ կը հանգչի աշակերտներուն վրայ Պենտեկոստէի առաւօտը եւ զանոնք Իրմով կը տոգորէ» (ԳՈՐԾ. Բ 3-4)։ Հոգեւոր աւանդութիւնը կրակի այս խորհրդանշութիւնը պիտի պահպանէ իբրեւ Սուրբ Հոգիին ներգործութեան ամենէն արտայայտիչ ձեւը. «Մի՛ շիջուցանէք Հոգին» (Ա ԹԵՍ. Ե 19)։

Արդարեւ, հուրը, այսինքն կրակը կը խորհրդանշէ Սուրբ Հոգիին արարքներուն կերպարանափոխիչ ներուժը։ Եղիա մարգարէն, որ «ծագեցաւ… հուրի նման, որուն խօսքերը բոցավառ էին ջահի պէս», իր աղօթքով՝ Կարմեղոս (Ա ԹԱԳ. ԺԸ 38-39) լերան զոհին վրայ երկինքէն կրակ կ՚իջեցնէ, ի նմանութիւն Սուրբ Հոգիին հուրին, որ իր հպածը կը կերպարանափոխէ։

Յովհաննէս Մկրտիչ, «որ Տիրոջ առջեւէն կը քալէ Եղիայի -հոգի-ով եւ զօրութեամբ» (ՂՈՒԿ. Ա 17), կը քարոզէ Քրիստոսը իբրեւ Ան որ «պիտի մկրտէ Սուրբ Հոգիով եւ հուրով» (ՂՈՒԿ. Գ 16), այն նո՛նյ Հոգիով՝ որուն մասին Յիսուս պիտի ըսէ. «Եկած եմ հուր սերմանելու երկրի վրայ եւ որքան կը ցանկայի որ արդէն իսկ բորբոքէր» (ՂՈՒԿ. ԺԲ 49)։

Արդ, Հոգիին այս լիութիւնը պիտի չտրուէր մի միայն Մեսիային, այլ պիտի հաղորդուէր նաեւ մեսիական ամբողջ ժողովուրդին։ Քրիստոս Հոգիին այս զեղումը բազմաթիւ անգամներ խոստացաւ, վերջապէս զայն կատարեց նախ Զատիկին։ Աւելի լուսափայլ կերպով, ապա, Պենտեկոստէին օրը։ Սուրբ Հոգիով լեցուած՝ առաքեալները սկսան հռչակել «Աստուծոյ սքանչելիքները» (ԳՈՐԾ. Բ 1)։ Իսկ Պետրոս յայտարարեց, թէ Հոգիին այս զեղումը՝ նշա՛նն էր մեսիական ժամանակներուն։ Անոնք որ այն ատեն հաւատացին առաքելական քարոզութեան եւ մկրտուեցան, Սուրբ Հոգիին պարգեւը ընդունեցին։ (ԳՈՐԾ. Բ 38)։

Հոգեգալուստին օրը Սուրբ Հոգիին զեղումով Եկեղեցին յայտնուեցաւ աշխարհին։ Հոգիին պարգեւը «խորհուրդին մատակարարումով» կը սկզբնաւորէ «նոր ժամանակ»ը՝ որ Եկեղեցիին ժամանակն է։

Եկեղեցւոյ այս ժամանակին ընթացքին՝ Քրիստոս Իր փրկչակագործութիւնը կը բացայայտէ. ներկայ կը դարձնէ մարդոց «մինչեւ որ Ինք գայ» (Ա ԿՈՐՆ. ԺԱ 26), որ կը կատարուի Եկեղեցւոյ ծիսակատարումով, պաշտամունքով։ Եւ Հոգեգալուստի օրը՝ խոստումին Հոգին սփռուեցաւ աշակերտներուն վրայ. «որոնք միատեղ համախմբուած էին» (ԳՈՐԾ. Բ 1), սպասելով Անոր՝ «միասիրտ, յարատեւելով աղօթքին մէջ» (ԳՈՐԾ. Ա 14)։ Հոգին որ կ՚ուսուցանէ Եկեղեցին եւ կը յիշեցնէ անոր՝ ի՛նչ որ Յիսուս ըսաւ (ՅՈՎՀ. ԺԴ 26), նաեւ պիտի դաստիարակէ զինք աղօթքի կեանքին մէջ։

Հոգեգալստեան տօնին իւրաքանչիւր անհատ պէտք է զգայ իր ներաշխարհին մէջ իր սեփական «Հոգեգալուստ»ը, քանի որ Հոգեգալուստը որքան որ կ՚երեւի որպէս «պատմական» դէպք, ան այժմէական եւ մշտնջենաւոր իրողութիւն մըն է. ամէն ատեն, ամէն մարդու կեանքին մէջ կը պատահի «հոգեգալուստ» եւ Հոգին կը ներգործէ մարդուն հոգիին մէջ իր պարգեւներով, շնորհներով։ Ուրեմն պէտք է պատրա՛ստ ըլլանք ամէն մէկս մեր անձնական հոգեգալստեան, անդրադառնանք եւ սիրով եւ ուրախութեամբ ընդունինք զԱյն, քանի որ Ան է որ պիտի փոխէ մեր կեանքը եւ մեզ պիտի հասցնէ երկնային երանութեան, որուն կոչուած է ամէն մարդ սկիզբէն ի վեր…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մայիս 17, 2019, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Յունիս 8, 2019