ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՊ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔ ՈՒՆԵՑՈՂԸ
Գրականութիւնը ապերախտ ասպարէզ մը եղած է միշտ եւ հաւանաբար յաւիտենապէս շարունակէ մնալ այդպէս: Ապերախտ, որովհետեւ յանկարծ տասը բանաստեղծութիւն գրողը կրնայ «գրող» նկատուիլ, իսկ ամբողջ կեանք մը հայ գրականութեան նուիրուած անձնաւորութիւն մը կրնայ մոռցուիլ: Այդ ապերախտութեան զոհերէն մէկն ալ Չօպանեանն է, որ ըլլալով գրականութեան մեծագոյն դէմքերէն մին, նոր սերունդին կողմէ կը մնայ մոռցուած:
Յաճախ մտածած եմ, թէ ինչո՞ւ համար Պետրոս Դուրեան, որ մի քանի տասնեակ բանաստեղծութիւններու եւ թատրերգութիւններու հեղինակ է՝ աշխարհով մէկ յայտնի է, մինչ անդին Չօպանեան մը, որուն գործերը տասնապատիկ աւելի են քան Դուրեան, կը շարունակէ մոռցուած մնալ. ի՞նչն է չափանիշը, որ կարգ մը գրողներու անուններով փողոցներ ու դպրոցներ կը շինուին, մինչ ուրիշ գրողներ «երկրորդական» ըլլալու «բախտաւորութիւն»ը կ՚ունենան:
Չօպանեանի կենսագրութիւն գրելու համար փորձեցի գտնել կարծիքներ իր ժամանակակից գրողներէն, որոնք բոլորն ալ սքանչացումով կ՚արտայայտուին մեծ գրողին մասին. Հայ գրականութեան մեծագոյն մտաւորականներէն Ինտրա (Տիրան Չրագեան), որ տարիքով չորս տարի փոքր է Չօպանեանէն, սքանչացումով կը գրէ թէ. «Չօպանեան մին է մեր ամենէն այլազան իմացականութիւններէն», իսկ այլ տեղ մը կը գրէ. «Չօպանեան առաջնակարգ է մեր գրականութեան բարձրագոյն եւ օգտակարագոյն դէմքերուն մէջ, մասնաւորապէս արժանի է երախտագիտութեան իր կարողութիւնն ի սպաս դրած ըլլալով հայոց արժէքն ու վիճակը Ֆրանսայի (Եւրոպայի) ծանօթացնելու գործին»:
Չօպանեանի մեծութիւնը իր գրածներէն աւելի իր կատարած թարգմանական աշխատանքներուն մէջ կը կայանայ: «Հայկական անցեալէն պատմութեան մէջ այսօր» բաժինին մէջ մենք յաճախ անդրադարձած ենք թարգմանիչներու, որոնք մեծ աշխատանք տարած են օտարներու գրականութիւնը հայերէնի թարգմանելու եւ հրատարակելու մէջ, սակայն Չօպանեան ա՛յն եզակի դէմքն է, որ օտարինը հայացնելու՝ հայունը օտարացուցած է, որպէսզի օտարներ կարդան եւ սքանչանան հայոց գրականութեան ունեցած հարստութիւններով: Մեր բոլոր թարգմանիչները սքանչացած են ռուս, անգլիացի, ամերիկացի այս կամ այն գրողով եւ իրենց գործերը վերածած են հայերէնի, մինչ Չօպանեան եղած է սիրահար հայկականին եւ համոզուած ըլլալով, որ անոնց արժէքը կրնայ մրցիլ համաշխարհայինին հետ թարգմանած է զանոնք, որպէսզի օտարներու ծանօթացնէ հայ գրականութեան կարողութիւնները:
Յաճախ մարդիկ կը սքանչանան մեքսիքական կամ թրքական տեսերիզներով. կրնա՛մ վստահեցնել, որ հայ գրականութեան մէջ ունինք այնպիսի՛ վէպեր, որոնք եթէ օտար լեզուով թարգմանուին եւ վերածուին ժապաւէններու կրնան համաշխարհային ճանաչում գտնել. թող օտար ժապաւէնի ընկերութիւններ գէթ մէկ անգամ առիթը ունենան կարդալու Ահարոնեանի «Լռութիւնը», տքթ. Ճէլալեանի «Խելագար հայուհին», Եղիազարեանի «Մեռած սիրտի մը յարութիւնը», Մալխասի «Զարթօնք»ը եւ այլ աշխատութիւններ. ցաւ ի սիրտ նոր սերունդին մէջ կը տեսնեմ այնպիսի խաւ մը, որ սքանչացած է Շէյքսփիրով... կը վստահեցնեմ, որ վերոյիշեալ հայ գրականութեան գործերը աւելի՛ն կ՚արժեն քան Շէյքսփիրինը:
Մենք մեր ուժերուն եւ արժէքներուն գիտակցութիւնը չունինք ցաւ ի սիրտ...
Հրապարակագիր Շաւարշ Միսաքեան, որ նոյնպէս Պոլիս ծնած ըլլալով իր կեանքը անցուցած է Փարիզի մէջ, իր գրութիւններուն մէջ սքանչացումով կը յիշէ Չօպանեանը. «Վաստակաւոր մը, բառին բովանդակ իմաստով։ Տեսակ մը զինուորեալ, որ կը հաւատար իրեն սահմանուած դերին, պատանութենէն մինչեւ խոր ծերութիւն: Եւ կ՚ուզէր տակաւին գործել, հակառակ իր ուժասպառ վիճակին». այս բառերով կը յիշէ Միսաքեան մեծ գրողը: Կը յիշէ, թէ ինչպէս հակառակ իր ծերացած տարիքին Չօպանեան ներկայ կը գտնուէր հայկական բոլոր հանդիսութիւններուն. այդ հայկականութեան հանդէպ սէրը Շաւարշ հետեւեալ բառերով կ՚արտայայտէ. «Չօպանեան պաշտամունք ունէր հայկական մշակոյթին հանդէպ, եւ դարձաւ մարմնացեալ տքնութիւն, ծառայելու համար անոր զարգացման»:
Հանրութեան կողմէ արժեւորուիլը վստահաբար աւելորդ էր Չօպանեանի համար. ան այդ բոլորը կը կատարէր հայութեան ու հայ գրականութեան հանդէպ իր ունեցած սիրոյ որպէս արտայայտութիւն, սակայն այս յօդուածին հիմնական ցաւը այն է, որ բազմաթիւ են Չօպանեանի նման անձեր, որոնք զոհը դառնալով հայկական ապերախտութեան ախտին՝ մոռցուած են. բարեբախտաբար այսօր կայ հայ մամուլը, որ կը շարունակէ յիշել նմանները՝ ինչպէս այսօր կ՚ընենք... իսկ տարինե՞ր ետք, երբ մամուլ ըսուածը պատմութեան մէկ մասնիկը դառնայ, պարզապէս ո՞վ պիտի յիշէ այդ մեծերը:
Հայ գրականութեան մէջ կան գրողներ, որոնք Հայաստանի մէջ իրենց անունով ունին աւելի քան տասնեակ դպրոցներ. ինչո՞ւ համար այդ դպրոցներէն մին չկոչուի նաեւ Չօպանեանի անունով:
Ոչինչ, թող ազգը շարունակէ ապերախտ գտնուիլ նման գործիչներու նկատմամբ. հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, մի՛շտ ալ նորերը պիտի գտնուին, որոնք առանց վարձատրուելու, առանց գնահատուելու պիտի շարունակեն ա՛յն առաքելութիւնը, որ ունէին Չօպանեաններ եւ ուրիշներ:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ
ԱՐՇԱԿ ՉՕՊԱՆԵԱՆ
(1872-1954)
Մեր թուականէն 68 տարիներ առաջ՝ 8 յունիս 1954-ին Փարիզի մէջ մահացած է գրող, քննադատ, բանասէր, լրագրող եւ հասարակական գործիչ Արշակ Չօպանեան:
Չօպանեան ծնած է 15 յուլիս 1872-ին Պոլսոյ մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պոլսոյ Մաքրուհեան վարժարանէն ներս, ապա ընդունուած է Կեդրոնական վարժարան: Պատանի տարիքէն սկսած է աշխատակցիլ «Արեւելք», «Մասիս» եւ «Հայրենիք» պարբերականներուն:
Չօպանեան 1895 թուականին սկսած է հրատարակել «Ծաղիկ» հանդէսը, սակայն մի քանի թիւ հրատարակելէ ետք քաղաքական հետապնդումներու պատճառով մեկնած է Փարիզ, ուր անցուցած է իր կեանքի մնացեալ օրերը:
Փարիզի մէջ Չօպանեան սկսած է հրատարակել «Անահիտ» հանդէսը, որ սկզբնական շրջանին լոյս տեսած է 1898-1911 թուականներուն եւ որոշ ժամանակ դադրելէ ետք դարձեալ լոյս տեսած 1929-1949 թուականներուն:
Չօպանեան գրականութեան կեանքին մէջ յայտնի դարձած է մասնաւորաբար իր հրապարակախօսութիւններով եւ քննադատութիւններով: Անոնց կողքին կատարած է նաեւ բանասիրական աշխատանքներ, հրատարակելով «Նահապետ Քուչակի Դիւանը», «Նաղաշ Յովնաթան աշուղը եւ Յովնաթան Յովնաթանեան նկարիչը» աշխատութիւնները: Չօպանեանի կարեւոր գործերէն են բանաստեղծներ Պետրոս Դուրեանի եւ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի երկերուն կազմութիւնն ու հրատարակութիւնը: Եղած է առաջիններէն, որ փորձած է վերլուծել Գրիգոր Նարեկացին:
Գրական ստեղծագործութիւններու կողքին զբաղած է նաեւ թարգմանական աշխատանքներով. շատ մը հայ բանաստեղծներու գործերը թարգմանած ու հրատարակած է ֆրանսերէն լեզուով, որոնք ամփոփուած են «Վարդենիք Հայաստանի» աշխատութեան մէջ:
Չօպանեանի առաջին գործը՝ «Արշալոյսի ձայներ» աշխատութիւնը առաջին անգամ հրատարակուած է Պոլսոյ մէջ՝ 1891 թուականին, որուն յաջորդած են «Թուղթի փառք», «Տղու հոգիներ», «Կեանք եւ երազ», «Բամբասանք» եւ այլ աշխատութիւններ:
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/29/2024
- 11/29/2024