ԿՈՅՐ ԱՆՄՏՈՒԹԻՒՆ

«Քրիստոսի խաչին թշնամիները, որոնց վախճանը կորո՛ւստ է, իրենց Աստուածը իրենց փորն է եւ ամօթալի բաներով կը հպարտանան եւ միայն երկրաւոր բաներու մասին կը մտածեն». (ՓԻԼ. Գ 18-19)։

Սիրելի՜ներ, ո՞ւր կարելի է այս աստիճան «խելագար» մը գտնել, որ չի գիտեր, թէ կոյրը զրկուած է արեւու լոյսէն։ Եւ եթէ այս մէկը «զրկանք» է, պէտք է գիտնալ, թէ որքա՜ն աւելի մեծ է զրկանքը եւ անտանելի է կուրութիւնը անոնց, որոնց համար պատուիրաններուն լոյսը խաւարած է եւ որոնք կռնակ դարձուցած են Սուրբ Գիրքի ազդարարութիւններուն եւ որոնք չեն կրնար չարը բարիէն զանազանել եւ ոչ ալ միատարր մտածումներ ունենալ։ Եթէ մէկը երկու թունաւոր օձերու հանդիպի եւ խորհելով, որ անոնցմէ մէկը կրնայ թունաւոր ըլլալ՝ փախչի անկէ եւ աներկիւղ կերպով երկրորդին մօտենայ, արդեօք, երկրորդը սարսափելի մահով մը պիտի չմեռցնէ՞ զինք, քանի միեւնոյն վնասակար եւ մահացու թոյնը ունի։ Այս ալ կը նշանակէ, որ նախընտրութիւնը պիտի չփոխէ վախճանը…

Նո՛յնն է պարագան անոնց, որոնք պատուիրաններէն մէկուն կը հնազանդին եւ երկիւղածութեամբ կը պահեն զայն, սակայն կ՚անարգեն եւ կ՚արհամարհեն անոր նմանող ուրիշ պատուիրան մը՝ որուն համար չափազանց խղճալի կերպով կորուստի կը մատնուին։

Ահաւասիկ թէ ինչո՛ւ անոնք կորուստի կը մատնուին. ասիկա կը սորվինք Պօղոս առաքեալէն, բայց եւ մա՛նաւանդ Յիսուս Քրիստոսէն, որ կ՚ըսէ. «Գողերը, պոռնիկները, գինեմոլները եւ բամբասողները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգեն». (Ա. ԿՈՐՆ. Զ 10)։

Ապա ուրեմն, ո՞ւր կարելի է գտնել այսքան «կոյր անմտութիւն», որ այս բոլոր մոլութիւնները մէկ չարութիւն չնկատէ։ Բայց «անմտութիւն»ը ոմանց նկատմամբ զգոյշ է եւ վերապա՛հ, ուրիշներու նկատմամբ՝ արհամարհալից եւ անարգալից, իսկ անոնք, որոնք նոյն չարութիւնը ունին, անոնց կը մօտենայ անվա՛խ կերպով։ Այս մարդիկը իրօք «անմիտ» են եւ «խենթ» եւ կը նմանին մոլորած կոյրերու, որոնք կը խարխափեն մթութեան մէջ, նոյնպէս անոնց վարմունքը ամէն բանի նկատմամբ անտարբեր է. սաստիկ ծուլութեան եւ անշարժութեան տակ թուլցած՝ աներկիւղ կերպով կ՚ընեն այն՝ ի՛նչ որ արգիլուած է պատուիրաններով։ Արդարեւ, եթէ Աստուած արգիլեց գողութիւնը եւ պոռնկութիւնը, արգիլեց նաեւ բամբասանքը եւ գինեմոլութիւնը, որովհետեւ մէկ պատուիրանով արգիլեց բոլոր մոլութիւնները հաւասարապէ՛ս։

Ուստի, հարց տալ պէտք է, որ մարդ ինչո՞ւ կարգ մը համանման եւ համազօր մոլութիւններէն աներկիւղ կերպով կը հեռանայ զանոնք «չար» նկատելով, իսկ ուրիշներ ապահով կերպով մը կը մօտենան՝ զանոնք «բարի» նկատելով. արդարեւ, եթէ պոռնկութիւնը եւ գողութիւնը «պիղծ» են, պի՛ղծ են նաեւ բամբասանքը եւ գինեմոլութիւնը. ինչո՞ւ պոռնկութեան համար կը զղջայ մարդ եւ կ՚ապաշխարէ, եւ ինչո՞ւ գինեմոլութեան եւ բամբասանքի համար, այս մոլութիւններու պարագային չի մտահոգուիր. չէ՞ որ երկուքն ալ հաւասարապէս վնասակար են եւ վտանգաւոր մարդկային յարաբերութիւններու նկատմամբ, քանի որ անոնք կը վիրաւորեն եւ կը սպաննե՛ն…

Արդարեւ, օրէնագրութիւններու մէջ՝ օրէնադիրը ցոյց կու տայ, որ «չար»ը համազօր է եւ կը նմանի պղծութեան, ան՝ որ ըսաւ, թէ գողերը եւ պոռնիկները Աստուծոյ արքայութիւնը պիտի չժառանգե՛ն, նաեւ ըսաւ. «Նոյնպէս բամբասողները եւ գինեմոլները չե՛ն կրնար Աստուծոյ արքայութիւնը ժառանգել». (Ա ԿՈՐՆԹ. Զ 9-10)։

Ուրեմն, եթէ պոռնկութիւնը եւ գողութիւնը գէշ են, գէշ են նաեւ բամբասանքը եւ գինեմոլութիւնը եւ համազօր են բոլոր մոլութիւնները։ Այս ուղղութեամբ մարդ պէտք է զգոյշ ըլլայ՝ ապրելու ընդհանրապէս օրինապահ կեանք մը, հեռու՝ ամէն տեսակ մոլութիւններէ՝ մաքուր եւ սուրբ կեանք մը…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յունիս 6 2023, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Յունիս 8, 2023