ՉԱՓԱԶԱՆՑՈՒԹԵԱՆ ՄՈԼՈՒԹԻՒՆ
Պէտք է խոստովանինք, թէ մեր ամէն կարդացածին չենք հաւատար, մանաւանդ երբ գրուածին նիւթը «անձ» մըն է։ Յաճախ խորհած ենք թէ՝ եթէ նոյն գրուածքները տարիներ վերջ կարդացուին, կարդացողներ պիտի կարծեն կամ պիտի ենթադրեն, որ իր մասին գրուած «անձ»ը՝ «դիցաբանական հսկայ» մըն է իր իմացական յատկութիւններովը եւ գեղարուեստական տաղանդովը։ Արդարեւ կ՚արժէ հարցնել, երբ ոեւէ անձի համար կը գրուի, կա՞յ միթէ երկրորդ, երրորդ կարգի մէկը իր յատկութիւններով ու տաղանդով։ Որուն մասին որ գրուած է, ան մի՛շտ առաջինն է՝ ամենամեծը, ամենալաւը, այնպէս որ երկրորդ մը կարելի չէ գտնել, ան եզակի է, միա՛կ… հապա ուրիշ մէկը ի՞նչ կարգի է. զարմանալի՜ է՝ ան ալ առաջին է, ան ալ եզակի։
Լա՛ւ, երբ բոլորն ալ առաջին են, բոլորն ալ ամենամեծը, ո՞ւր է ուրեմն «երկրորդ»ը, երրորդը…։
Կարելի բան է՞ որ զատ զատ բոլորն ալ առաջին, բոլորն ալ ամենամեծ ըլլան։ Ըստ գրուածքներուն՝ ո՛չ, չկայ, քանի որ ամէնքն ալ առաջնակարգ են, կամ ըսենք, «առաջաւոր» իր կարգին, ըստ ստեղծուած տգեղ եւ սխալ բացատրութեան մը։
Եւ ահաւասիկ այս տգեղ ու անիմաստ երեւոյթին կ՚ըսեն «չափազանցութեան մոլութիւն»։ Եւ դժբախտաբար այս մոլութիւնը շատ տարածուած է եւ իր ազդեցութեան տակ առնելով ամբողջ ընկերային կեանքը, ամէն մարդ «առաջին», ամէն մարդ «ամենագէտ», ամէն մարդ «մասնագէտ», ամէն մարդ «արժանահաւատ» եղած կ՚երեւի։ Միջին արժէք ունեցող չկա՛յ, եւ երբ մէկու մը մասին կը գրուի կամ կը խօսուի՝ ան միշտ կատարեալ է՝ անթերի՛։
Եւ այս պայմաններու տակ այլեւս ո՛չ մէկ արժէք կշիռի տակ կը դրուի։ Ո՛չ մէկ չափանիշ ունի այդ չափը եւ կշիռը, քանի որ միայն ամենաբարձրը ցոյց կու տայ։ Այս կը նշանակէ, որ արժէչափ մը չունինք։ Ենթակայական, անձնական համակրանքի ազդեցութեամբ եւ կամ որեւէ ակնկալութիւններու կամ շահերու հմայքէն տարուած՝ այդ պահուն գիրի կամ խօսքի առարկայ ոեւէ անձ ամենամեծն է՝ առաջինը, վստահելին եւ արժանահաւատը։
Արդար եւ անողոք դատաստանով, շիտակ կշիռքով չեն վարուիր մարդիկ՝ միշտ անկշիռ, անհաշիւ, քմահաճ, յուզական, ենթակայական-անձնական վճիռներով վարել կ՚ուզենք մեր եւ մեր շուրջիններուն կեանքը։
Այս անխնայ եւ անհաշիւ շողոմով շփացուցած եւ փքացուցած կ՚ըլլանք միջակութիւններ, եւ այս «չափազանցութեան մոլութեան» պատճառով անոնց յառաջդիմելու, զարգանալու կարելիութիւններն ալ՝ թերեւս խափանած։ Քանի որ երբ մէկ ինքզինք ամենաբարձրը նկատէ կամ կատարեալ, ապա ուրեմն կարելի՞ է որ ան աւելի բարձրանայ եւ կամ կատարելագործուի, քանի որ ինքզինք իր նպատակին հասած կը կարծէ։ Ուրեմն, չափազանցութեան մոլութիւնը թէ՛ անհատական, թէ՛ հաւաքական վնասներու պատճառ կրնայ հանդիսանալ։
Երբեմն այս շռայլուած փառաբանութիւնները «կաշառք» են կամ «վարձատրութիւն» բարեկամութեան։
«Կաշառք»՝ այն իմաստով, որ գովաբանութեան մէջ չափազանցողը, գովաբանութեան առարկայէն՝ անձէն անձնապէս, կերպով մը օգտուիլ կը ցանկայ։ Ըսենք՝ խոստումի մը ապահովագինն է որ կը վճարէ։ Եւ «վարձատրութիւն»՝ այն իմաստով որ բարեկամին կը վերադարձնէ արդէն ընդունուած շնորհքը, նուէրը կամ շահը՝ գրիչի ճոռոմաբանութեամբ։
Այս կարգի գրուածքներ կը նմանին ծակոտկէն շղարշի՝ որ գրողին հոգիին մերկութիւնը չի կրնար երբեք ծածկել։ Եւ ցաւալի՜ն այն է որ «պզտիկ», անարժէք մարդիկ, որոնք սովորութիւն չունին ընդհանրապէս հայելին նայելու իրենց ներքին կամ արտաքին հարազատ դիմագիծը տեսնելու, իրենք զիրենք ուրիշէ մը նկարագրուած «մեծ» մարդ, «կարեւոր» մարդ, «արժէքաւոր» մարդ կը համարեն։
Մինչդեռ անարժէքներու «արժէք» ընծայել, արժէք ունեցողները անտեսել՝ վնաս կը պատճառէ ամբողջ ընկերութեան։ Արդարադատութիւնը ո՛չ միայն իրաւունք ճանչնալու համար կարեւոր է, այլ նաեւ՝ արժէք գիտնալու մէջ։
Շատ օրինակներ, վկայութիւններ եւ կեանքի փորձառութիւններ կարելի է ներկայացնել՝ որոնք «մեծ»երու կարգ դրած են իրենք զիրենք, քանի որ սնամիտ եւ կեղծաւոր խնկարկուներ իբրեւ «մեծ» ներկայացուցած եւ գովաբանած են զանոնք։
Եւ որքան ցաւալի՜ է, որ այդ «պզտիկ»ները, իրենք ալ համոզուած ու հաւատացած են, որ «մեծ» են՝ արժէքաւոր եւ կարեւոր անձնաւորութիւններ։
Աւելի ողբալին՝ միջակութիւններ, շատ անգամ իրե՛նք կը մուրան գովեստը, փառաբանութիւնը։
Իրենց աչքը եւ ականջը լարուած կը պահեն միշտ՝ գովաբանութիւն տեսնելու թերթերու մէջ, կամ լսելու՝ բեմերէ։ Անոնք մարդիկ են՝ որոնց ոտքերը ամպերու վրայ կը հանգչին։ Եւ իրենց մասին կատարուած գովաբանութիւններու մէջ գոհացում կը գտնեն՝ իրենց մերկ հոգին քօղարկելու ապարդիւն յոյսով։ Ուռուցիկ, թռուցիկ գիրերու կամ խօսքերու վրայ դրուած համբաւներ՝ որոնք չափ ու կշիռի չեն գար, որովհետեւ փետուրէ աւելի ծանրութիւն չունի՛ն։ Անոնց կարծեցեալ մեծութիւնը, իրականին, իրենց պզտիկութեան ապացո՛յցն է։ Ճշմարիտ մեծը՝ «մեծ» է, քանի որ պահանջքը ի զգար երբեք գովաբանուելու եւ փառաբանուելու։ Ան «մեծ» է, որովհետեւ իրապէ՛ս մեծ է…։
Շռայլուած փառաբանութեան, չափազանցուած գովաբանութեան մէջ կարելի է տեսնել ախտավարակութիւն մը։ Ուստի «Մեծապատիւ Մուրացկաններ»ու մուրացկանութիւնը վերակենդանացած կը թուի այս չափազանցութեան մոլութեան մէջ։ Եւ չափազանցութիւնը որքան որ մոլութիւն մըն է, չափաւորութիւնն ալ այնքան առաքինութիւն մը, ազնուութեան նշան մըն է։
«Արժանիք», ո՜րքան սուղ ապրանք մըն է։
Եւ սուղ ապրանքը յայտարարութեան, ծանուցման պահանջքը չունի՛. ան չի յայտարարուիր։ Իրաւ արժանիքին հաստատուած համբաւը արդէն իր յայտարարութիւնը կ՚ընէ։ Իսկ «աժան» ապրանքը քշելու համար պէտք է գովաբանել, ծանուցանել եւ թերեւս «չափազանցել»…։
Ուստի, ան որ իր բնածին ու հարազատ արժանիքին չի կրնար ապաւինիլ, այդ մասին չունի ինքնավստահութիւն, կ՚ապաւինի շողոմաբանութեան, չափազանց գովաբանութեան։ Այս կը նմանի այն «տգեղ» կիներուն՝ որ երբեմն «գեղեցկութեան տիպար»ներու կը դառնան վարպետ գունաւորումով։ Բայց զարդարանքով մարդու մը «խելքին կուտը» հատիկ մը իսկ չ՚աւելնա՛ր։
Եւ ամէն մեծութիւն համեստութեան եւ խոնարհութեան «զգե՛ստ»ով կը համակուի։
«Կշիռները» ըստ այնմ պէ՛տք է շտկել…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յունիս 22, 2016, Իսթանպուլ