ԹՌՉՈՒՆԻՆ ԵՐՋԱՆԿՈՒԹԻՒՆԸ

Բնաւ խորհա՞ծ էք սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ. արդեօք սա փոքրիկ թռչունը կրնա՞յ աւելի երջանիկ ըլլալ քան «մեծ» եւ զանազան յատկութիւններով օժտուած մարդը։

Յաճախ պատուհանէն կը դիտեմ դրացի տուներու պարտէզներուն մէջ հազուագիւտ ծառերը. յանկարծ փոքրիկ թռչուն մը կու գայ կը թառի անոնց ճիւղերուն վրայ եւ ուրախ զուարթ կը սկսի գեղգեղել։ Թռչունին ճռնչիւնին մէջ ո՛չ մէկ հոգ, ո՛չ մէկ մտահոգութիւն՝ միայն ուրախութիւն, գոհունակութիւն, եւ իր չափանիշներով անհո՜ւն երջանկութի՛ւն կը լսուի։ Եւ մարդ կը հիանայ, կը զմայլի փոքրիկ թռչունին երջանկութեան վրայ… ո՜վ գիտէ թերեւս ալ «կը նախանձի» այդ երջանկութիւնը, քանի որ ինք, մա՛րդը, ունի ա՜յնքան կարողութիւն, յատկութիւն, մտային եւ հոգեկան զօրութիւն. իշխանութիւն թէ՛ իր նմաններուն եւ թէ՛ բնութեան վրայ, բայց դժբախտաբար կը պակսի շատ անգամ փոքրիկ թռչունի մը իսկ երջանկութիւնը։ Մարդ ամէն ինչ ունի, բայց փոքրիկ թռչունի մը իսկ երջանկութիւնը չունի։ Ան տեւական հոգերու, մտահոգութիւններու, վախերու, տարակոյսներու, անորոշութիւններու մէջ կը տանջուի, կը տառապի, կը չարչարուի, եւ այս իսկ պատճառով միշտ կարօտը ունի այն փոքրիկ թռչունին երջանկութեան…։ Եւ նոյնիսկ երբեմն ինքզինք «երջանիկ» զգայ, խաբէական է այդ երջանկութիւնը՝ ժամանակաւոր եւ ո՛չ կատարեալ։

Մարդուն երջանկութիւնը երբեք չի նմանիր, բաղդատութեան եզր չունի փոքրիկ թռչունին երջանկութեանը հետ։

Կը շարունակենք դիտել ճիւղի վրայ թառած ուրախ զուարթ ճռուող փոքրիկ թռչունը. յանկարծ կը լքէ թառած ճիւղը եւ կ՚երթայ կը թառի ուրիշ ճիւղի մը վրայ՝ միշտ ուրախ, միշտ զուարթ, միշտ ճռուողելով։ Փոքրիկ թռչունը ազա՛տ է. անոր չկայ որեւէ արգելք լքելու մէկ ճիւղը եւ երթալու թառելու ուրիշ ճիւղի մը վրայ։ Ան ազա՜տ է. ան երջանի՜կ է… անհոգ է ան, բայց ո՛չ երբեք անտարբեր։ Ան բնազդով կը շարժի, եւ կ՚ընէ այն՝ ի՛նչ որ զինք երջանիկ պիտի ընէ։

Բայց մարդ այնքան «ազատ» չէ, որքան փոքրիկ թռչունը՝ մարդուս համար «անբան» սա փոքրիկ արարածը։ Մարդ նաեւ երջանիկ չէ՝ որքան թռչունը. անոր համար դիւրին չէ յանկարծ թողուլ իր տեղը եւ փոխադրուիլ ուրիշ տեղ։ Մարդը սերտօրէն կապուած է զինք ապրեցնող նիւթական եւ բարոյական արժէքներու։ Եւ այդ իմաստով «ազատ» չէ, ինքզինք կը կաշկանդէ իր իսկ ստեղծած արժէքներով, ինքզինք կապուած կը նկատէ աշխարհային արժէքներով. ինք իր ազատութիւնը կը խափանէ եւ դժբախտ կը զգայ ինքզինք, որովհետեւ փոքրիկ թռչունի մը չափ իսկ «ազատ» չէ։ Աշխարհային մտահոգութիւններ, հոգեր, մտատանջութիւններ, մտմտուքներ, վիշտ, նեղութիւն, եւ բոլոր այս դժուարութիւնները կը պատեն մարդուս միտքը եւ հոգին եւ կը մոռնայ, թէ ի՛նչ է երջանկութիւնը։

Սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, թռչունը միշտ երջանիկ է, որովհետեւ ան ո՛չ անցեալի եւ ոչ իսկ ապագայի գիտակցութիւնը ունի. ան կ՚ապրի միայն ներկա՛ն, եւ քանի որ կ՚ապրի, երջանիկ է։ Ան չունի նաեւ պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը. այդ մասին ալ «ազատ» է ե՛ւ երջանիկ։

Կ՚ըսեն, որ «չգիտնալը երջանկութիւն է»։

Թռչունը անգիտակցաբար բայց յստակ կերպով կ՚ապացուցանէ, թէ չգիտնալը երջանկութիւն է. ան ո՛չինչ գիտէ, բայց երջանի՛կ է, ան երբեք չունի անցեալի եւ ապագայի գիտակցութիւն, բայց ազա՛տ է։ Ան երբ մէկ ճիւղէն միւսը կը թառի, երբեք չի մտահոգուիր, չի խորհիր, թէ ճի՞շդ է կամ սխա՛լ իր ըրածը. միայն այդ պահուն «անգիտակցաբար» կ՚ընէ։

Բայց մա՞րդը։ Ամէն քայլին կը խորհի, կը դատէ, կը կշռէ եւ անորոշութեան մէջ կը նետէ իր քայլը։ Ան գիտակցութիւնը ունի ապագային, բայց ապագան միշտ անծանօթ է իրեն. մութ է, եւ մութը միշտ վախ եւ մտահոգութիւն կը պատճառէ։ Ան գիտակցութիւնը ունի պատասխանատուութեան -եւ լա՛ւ է որ ունի - բայց անիկա մարդս կը մղէ մտահոգութեան՝ խորհելու եւ դատելու, թէ իր ըրածը ճի՞շդ է, թէ սխա՛լ։

Թռչունին միակ մտահոգութիւնը - եթէ մտահոգութիւն նկատուի - օրուան ուտելիքին մասին է, բայց երբեք անօթի չի մնար, բնութիւնը կերպով մը կու տայ անոր իր օրապահիկը, որովհետեւ ան միայն ներկայ օրը «կեանք» կը սեպէ։

Թռչունը «ազատ» է, քանի որ չի մտահոգուիր ապագայով, անոր համար «ապագայ» գոյութիւն չունի, միայն օրի բնազդով կը շարժի։ Այս իմաստով ո՛չ մէկ բաղդատութեան եզր կը գտնուի թռչունին եւ մարդուն ապրած կեանքին նկատմամբ։ Մարդը չի մտահոգուիր միայն ներկայով, օրով, այլ կը մտահոգուի անցեալով, կը մտատանջուի ապագայի ենթադրեալ, երեւակայական հարցերով. «հապա եթէ այսպէս ըլլայ, հապա եթէ ձախողիմ, հապա եթէ կորսնցնեմ, հապա եթէ հիւանդանամ, հապա եթէ չյաջողիմ, հապա եթէ որեւէ պատճառով մեկուսանամ, հապա եթէ բարեկամներս լքեն զիս» եւ նման մտացածին եւ երեւակայական հարցեր մտատանջութեան պատճառ կ՚ըլլան, եւ անշուշտ դժբա՛խտ կ՚ըլլայ մարդ։ Եւ ինչպէս ապագան, անցեալն ալ յաճախ կը տանջէ մարդը եւ մանաւանդ եթէ խղճի խայթ մը ունի ան։ Եւ բոլոր այս իրողութիւնները արգե՛լք են մարդուս ազատութեան եւ կատարեալ, տեւական երջանկութեան։

Ազատութեան հարցին Ժ. Ժ. Ռուսօ կ՚ըսէ, թէ՝ «մարդ ազատ կը ծնի, բայց անմիջապէս կը կաշկանդուի անոր ազատութիւնը՝ փաթթուելով խանձարուրի մէջ, յետոյ ազատ ապրիլ կը ջանայ, սակայն ընկերային կեանքի պայմանները դարձեալ կը կաշկանդեն իր ազատութիւնը, վերջապէս ազատ կը մեռնի, եւ այս անգամ անոր ազատութիւնը կը կաշկանդուի պատանքով»։

Եւ ի՞նչպէս չնախանձիլ սա փոքրիկ թռչունը, որ ազատ կը ծնի, ազատ կ՚ապրի եւ ազա՛տ կը մեռնի… եւ ի՞նչպէս չփափաքիլ թռչունի մը պէս երջանի՜կ ըլլալ, քանի որ ան միշտ երջանիկ է եւ ո՛չ մէկ բան արգելք կ՚ըլլայ անոր երջանկութեան։

Ուրեմն հարցը բանական եւ գիտակից ըլլալու եւ կամ անբան, անգիտակից ըլլալու մէջ կը կայանայ։ Մարդ բանաւոր, գիտակից եւ շատ մը յատկութիւններով օժտուած արարած մըն է եւ անշուշտ ունի պատասխանատուութեան եւ անցեալի եւ ապագայի գիտակցութիւն։ Թռչունը անբան եւ անգիտակից արարած մըն է - որքան որ գիտենք եւ կը հասկնանք անշուշտ - եւ այդ «յարաբերական» անբան եւ անգիտակից վիճակին մէջ ան երջանի՜կ է՝ թառէ թառ ուրախ զուարթ կ՚ապրի իր կեանքը։

Եւ մարդ էակին էական հարցն է. թռչունի պէս «անբան» եւ «անգիտակից» բայց «ազատ» եւ «երջանիկ» ըլլալ, թէ՝ մա՛րդու պէս, բանաւոր եւ գիտակից ըլլալ եւ սահմանաւոր ազատութիւն մը վայելել եւ ժամանակաւոր երջանիկ ըլլալ։

Նախընտրելի՛ է, մա՛րդ ըլլալ եւ մարդ մնալ, եւ «մա՛րդ» ապրիլ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 6, 2020, Իսթանպուլ

Շաբաթ, Օգոստոս 8, 2020