ՇԱՀՈՒ ԱՆՅԱԳ ԱԽՈՐԺԱԿԸ
Մարդկային մոլութիւններ, տկարութիւններ եւ թերութիւններ կան, բայց դժբախտութիւնը այն չէ՛ որ ասանկ շեղումներ, սխալներ կան, դժբախտութիւնը այն է, որ անոնք որ գիտեն, թէ ո՛րքան աղէտալի է անոնց գործունէութիւնը իրենց կեանքին մէջ՝ կամաւ կը զոհեն այդ աղէտներուն իրենց մարմինն ալ, հոգի՛ն ալ։
Մարդ կրնայ չանդրադառնալ կարգ մը սխալներուն, մոլութիւններուն, սակայն անդրադառնալէ վերջ դարձեալ շարունակելը՝ ահաւասիկ ա՛յդ է ցաւալին։
Զոր օրինակ, յայտնի սխալ մըն է՝ շահու անյագ ախորժակէն մղուիլ։ Անշուշտ որ մարդկային բնական զգացում մըն է՝ շահիլ, ունենալ, տիրանալ, բայց ինչպէս ամէն մարզի մէջ, հոս ալ չափաւորութիւնը, սահմանը շատ կարեւոր է։ Ուստի շահու բնազդը բնական պէտք է նկատուի, շահու ախորժակը կերպով մը մարդուս մղիչ ուժն է՝ աշխատելու, գործելու, ջանալու, ինչ որ կ՚երջանկացնէ զայն։
Բայց չափազանց՝ անյագ զգացումները միշտ վնաս կը պատճառեն մարդուս։ Անյագ մարդը՝ ինքնակեդրոն, այլամերժ եւ եսամոլ մարդ է. իրմէ զատ ո՛չ մէկ բան, ո՛չ մէկ անձ կարեւո՛ր է, միայն ի՛նք կայ եւ կ՚ուզէ որ ամէն բան ի՛րը ըլլայ, ինք տիրանայ։
Ընդհանրապէս, եթէ աննպաստ բան մը ըլլայ, կ՚ըսենք, թէ մարդիկ փոխուած են, ներկայիս մարդիկ չեն խղճահարիր, չեն օգներ իրարու, շահամոլ եւ անձնասէր են, եւ այլն։ Բայց մարդը չէ փոխուած, մարդը միշտ նո՛յն «մարդ»ն է՝ բնութեամբ, բնաւորութեամբ եւ ընդհանուր նկարագիրներով։ Հարցը հոն է, որ մենք միայն ներկան կը տեսնենք եւ ամէն ինչ ներկայով կը դատենք եւ կը կարծենք, որ անցեալին ամէն բան լաւ էր։ Մարդը չի փոխուիր, այլ «կաղապար» կը փոխէ, կամ ըսենք, ծրարը տարբեր կ՚ըլլայ, բայց ներքնապէս միշտ նոյնը կը մնայ։
Ոմանք ալ կ՚ըսեն, թէ ժամանակը փոխուած է։ Ո՛չ ան ալ միշտ իր բնական, միօրինակ ընթացքին մէջ է, արտաքնապէս «փոխուած» տեսարաններ պարզելը՝ անոր տարբեր բան մը ըլլալուն ապացոյցը չէ՛։ Ամէն ինչ իր բնական ընթացքին մէջ կ՚ընթանայ եւ մարդիկ ալ անոր համընթաց կը շարունակեն ապրիլ իրենց կեանքը։
Իրականութեան մէջ անցեալ-ներկայ եւ ապագայ, եթէ ո՛չ նոյն, բայց նման պարագաներ են՝ միօրինակ, արտաքնապէս տարբեր, բայց ներքնապէս, կամ էապէս նոյն վիճակներ։
Հարցնենք. ի՞նչ փոխուած է ներկայիս՝ անցեալի նկատմամբ կամ ի՞նչ պիտի փոխ-ւի ապագային՝ ներկայիս բաղդատմամբ։
Կարելի է ըսել. ո՛չինչ։
Կարելի է ըսել նաեւ. շա՜տ բան։
Օրինակ մը տալով բացատրել ջանանք մեր միտքը։
Առէք խնձոր մը՝ խնձորը միշտ նո՛յն խնձորն է՝ այս խնձորը, երէկ «խակ խնձոր» մըն էր, այսօր՝ հասուն, իսկ վաղը՝ փտած, նեխած խնձոր մը. բայց մի՛շտ նոյն խնձորը։ Ուրե՛մն էապէս չի փոխուիր որեւէ բան, որ բնութեան մաս կը կազմէ ե՛ւ մարդը, այլ կերպարանք կամ ձեւ կը փոխէ։ Եւ ուրեմն, մարդ էակին համար ալ անցեալի նկատմամբ փոխուած է ըսել կարելի չէ, քանի որ անցեալը չենք ապրած, անցեալի մասին յստակ տեղեկութիւն չունինք, անցեալը՝ անցած է եւ իր բոլոր էութիւնը փոխանցած է ներկային։ Եւ ի՛նչ որ կը տեսնենք ներկային՝ անցեալի փոխանցածն է՝ ներկան ինքն իրմէ նոր բան մը չէ ստեղծած։
Գալով ապագային. ապագան բոլորովին անծանօթ է, մարդ չի կրնար ապագայի մասին ստոյգ խօսիլ, քանի որ անորոշ է ան, եւ ուրեմն կարելի չէ բաղդատել զայն ներկային հետ։ Ուրեմն «ներկայիս մարդը փոխ-ւած է» երբ կ՚ըսենք, մեր ձեռքը բաղդատութեան ստոյգ ապացոյցներ չունինք եւ որոշում չենք կրնար տալ այս մասին։ «Ներկայի մարդ»ը չէ՛ փոխուած էապէս. ան նոյն մա՛րդն է, ինչ որ էր անցեալի մէջ եւ այս հետեւողութեամբ կարելի է ըսել, թէ վաղն ալ մարդը շատ տարբեր պիտի չըլլայ՝ մարդը մի՛շտ նոյն «մարդ»ը պիտի մնայ։
Եւ երբ կ՚ըսենք.- այսօր մարդիկ անխիղճ են, այսօր մարդիկ անձնասէր են, այսօր մարդիկ զիրար չեն սիրեր, լաւ ուրեմն, անցեալին ալ չէի՞ն գտնուեր մարդիկ, որ անխեղճ էին, անձնասէր եւ չէին սիրեր զիրար եւ կ՚ատէին մէկզմէկ։ Հապա ինչո՞ւ մեղադրել «ներկայ»ն։
Եթէ մեղադրել պէտք է՝ մարդկային բնութիւնը պէտք է մեղադրուի, որ ունի թերութիւններ, տկարութիւններ, մոլութիւններ, որոնք չեն ուղղուած, դարերէ՜, շրջաններէ՜ ի վեր կը շարունակեն, եւ սերունդէ սերունդ կը փոխանցուին։ Ուրեմն ժամանակը՝ անցեալի բաղդատմամբ ներկան չէ՛ որ պատճառ է մարդուս մոլութեան. քանի որ անցեալին ի՛նչ որ էր մարդ, այսօր ալ նո՛յնն է։ Եթէ այդպէս չէ, ապա ուրեմն բարոյախօսներ, հոգեւորականներ՝ անցեալին եւ այսօր ինչո՞ւ բարոյականութեան եւ հոգեւորականութեան դասեր կու տան, քարոզներ կը խօսին։ Այսօր չէ՛ որ մարդս փոխուեցաւ, այսօր չէ՛ որ բարոյական անկումի մէջ է մարդ, անցեալը, պատմութիւնը եթէ ուսումնասիրուի, պիտի տեսնուի, թէ անցեալի մարդն ալ այսօրուան մարդէն շատ ալ տարբերութիւն չունի։ Այս պատճառով է որ միշտ, բարոյագէտներ եւ հոգեւորականներ ուղղել ուզած են մարդը, եւ կը շարունակեն եւ պիտի շարունակեն իրենց առաքելութիւնը, եւ մարդ, միշտ նոյն «մարդ»ը պիտի մնայ՝ ո՛չ աւելի պակաս եւ ո՛չ ալ աւելին։
Արդարեւ ամենէն անմեղին ճամբուն վրայ լարուած որոգայթներ կ՚ելլեն եւ կը թունաւորեն, կը դժուարացնեն անոր կեանքի ընթացքը։ Մէկ կողմը Աւետարանի անշեղ ճշմարտութիւնը կայ, միւս կողմը՝ յայտարարութիւններու, ծանուցումներու խլացուցիչ եւ յամառ յանկերգը, որ երբեք չի դադրիր։ Աւետարանը մէկ անգամ կարդացողը անդին՝ հարիւր անգամ կը կարդայ, կամ կը լսէ, կամաւ կամ ակամայ, բոլոր այդ յայտարարութիւնները։ Եւ այս ցոյց կու տայ, թէ Աւետարանի ճշմարտութիւններու պատնէշը բաւական պաշտպանութիւն չէ, որ շատեր անձնատուր կ՚ըլլան սատանայական հնարքներու, եւ կ՚իյնան անոր լարած որոգայթներուն մէջ, եւ կը կորսուին...։
Այս բոլորը պատճառ չէ, որ այսօրուան մարդը անցեալի մարդէն աւելի չար ըլլայ, եթէ բնութիւնը, նկարագիրը բարի է, ան միշտ բարի կը մնայ։ Ուստի աշխարհի վրայ ենք միշտ, բայց աշխարհէն ենք, ինչպէս եղած են ամէն դարու, ամէն շրջանի մարդը։
Ուրեմն անդրադառնա՛լ պէտք է՝ որոշելու համար չարը եւ բարին, վնասաբերը եւ օգտակարը։ Եւ պէտք է անդրադառնալ ճշմարտութեա՛ն...։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Օգոստոս 10, 2016, Գնալը կղզի