ՇԱՏ ԳԻՏՑՈՂԸ ՇԱՏ ԿԸ ՍԽԱԼԻ

Յայտնի առած մըն է՝ «շատ գիտցողը շատ կը սխալի՛»։ Ժողովրդական այս հասարակաց իմաստութեան արտայայտութիւնը, իրականին ի՞նչ ըսել կ՚ուզէ արդեօք։ Սա յստակ է, թէ նպատակը գիտութիւնը եւ գիտունը վարկաբեկել չէ՛, քանի որ իմաստութիւնը միշտ կը գնահատէ գիտութիւնը եւ գիտունը։ Իմաստութիւնը եւ բանականութիւնը երբե՛ք հակառակ չեն կրնար ըլլալ գիտութեան, քանի որ գիտութիւն, իմաստութիւն եւ բանականութիւն՝ անբաժան արժէքներ են եւ ընդհանրապէս համընթաց, որովհետեւ ըստ էութեան իրար չեն հակասեր եւ ընդհակառակը, զիրար կ՚ամբողջացնեն, իրարու կ՚օգնեն եւ կը լրացնեն։ Ուրեմն ճշմարիտ գիտութիւնը մարդս չի սխալեցներ եւ գիտունն ալ սխալի պատճառ չի՛ կրնար ըլլալ։ Այս ուղղութեամբ, շատ գիտցողին շատ սխալելու հաւանականութեան մէջ կարելի է նշմարել «հեգնութիւն» մը։ Այլապէս, այս խօսքով ուրիշ բան մը ըսել կ՚ուզուի, փորձ մը՝ հակառակը ըսելով՝ ճշմարիտը, շիտակը գտնելո՛ւ։

Նախ սա ըսենք, որ «շատ գիտցողը շատ կը սխալի» խօսքը, պէտք է հասկնալ սապէս՝ «շատ գիտցողը եթէ կը կարծէ, թէ ամէն բան գիտէ, շատ կը սխալի»։ Արդարեւ, «շատ գիտնալ» եւ «ամէն բան գիտնալ» բոլորովին տարբեր բաներ են։ Ուստի, «շատ»ը «ամէն բան» չէ, եւ ուրեմն մարդ եթէ այս երկուքը իրար շփոթէ, անշուշտ որ կը սխալի՛։ Եւ ուրեմն մարդ, ինչպէս ամէն մարզի մէջ, եւ նաեւ՝ գիտութեան մէջ ալ պէտք է չափն ու սահմանը գիտնայ, եւ չափաւո՛ր ըլլայ։

Յետոյ, «շատ բան գիտնալ» կը նշանակէ՝ «շատ բան ալ չգիտնա՛լ», եւ այսինքն սխալելու հաւանակութիւնը միշտ պէտք է նկատի ունենալ, եւ այն որ այդ հաւանականութիւնը նկատի չ՚առներ, անշուշտ կը սխալի՛։ Այս իմաստով ալ կարելի է հասկնալ՝ «շատ գիտցողը շատ կը սխալի» խօսքը։

Արդարեւ, սա անուրանալի ճշմարտութիւն է, որ գիտութիւնը սահման չունի, եւ ուրեմն մարդ որքան ալ գիտնայ, միշտ «պակաս» մը պիտի ըլլայ գիտութեանը մէջ։ Եւ հոն ո՛ւր «պակաս» մը գոյութիւն ունի, հոն բնական է որ սխալութեան հաւանականութիւնը ըլլայ՝ շատ կամ քի՛չ։ Եւ ուրեմն, այս իմաստով ալ կարելի է հասկնալ «շատ գիտցող»ին վիճակը եւ բնական նկատել «սխա՛լ»ը։

Եւ իրական «գիտութիւն»ը ո՛չ թէ գիտցուածներուն մէջ է, այլ՝ «չգիտցուած»ներուն մէջ։ Այս կը նշանակէ՝ ինքնագիտակցութի՛ւն, ուրիշ խօսքով՝ գիտնալ, անդրադառնալ, թէ իր ունեցած գիտութիւնը սահմանաւոր է, եւ տակաւին կայ ա՜յնքան բան չգիտցուած, որ գիտցուածներէն շատ աւելի է։

Ուրեմն, «շատ գիտնալը շատ սխալանքներու կրնայ պատճառ ըլլալ» խօսքին կամ գաղափարին մէջ կը գտնուի նաեւ այն իրողութիւնը, թէ՝ շատ բան գիտնալը ամէն բան գիտնալ կարծել՝ սխա՛լ է։

Այս խօսքին մէջ կայ նաեւ սա ճշմարտութիւնը, թէ մարդուս գիտցած որեւէ բան յստակ չէ, կրնայ սխալ ըմբռնումներ, համոզումներ կամ տեսակէտներ ըլլալ, ամէն տեսնուած իրապէս իր տասնուածին պէս չէ՛, ինչպէս՝ ամէն գիտցուած իր գիտցուածին պէս չէ։ Այս կ՚ենթադրէ Պղատոնի «շուքերու տեսակէտ»ը, թէ՝ մարդուս տեսածները ո՛չ թէ իրական առարկաները, իրերն են, այլ՝ անոնց շուքերը, ստուե՛րները։ Այս կը նշանակէ, որ տեսնուած ո՛չ մէկ բան յստակ կերպով ինքն է, ինչպէս՝ գիտցուած ամէն բան ճշմարտութիւն կարելի չէ համարել, քանի որ մարդ կրնայ «սխալի՛լ»։

Ահաւասիկ, այս պատճառով է որ ըսուած է՝ գիտցողը կը սխալի. շատ գիտցողը շատ կը սխալի համեմատաբար։ Եւ ո՜րքան իմաստալից եւ իրաւացի է Սոկրատի այն խօսքը, թէ՝ մէկ բան յստակ գիտէ, այն որ չի գիտե՛ր։

Գիտութիւնը քանի որ անսահման է, ուրեմն մարդ միշտ «չգիտցած» բան մը պիտի ունենայ եւ իր գիտցածները միշտ թերի պիտի ըլլան, եւ ուրեմն ճշմարիտ գիտութիւնը կը պահանջէ տեւական ուսումնասիրութիւն, տեւական աւելին եւ նորը փնտռելու ջանք, փորձ եւ աշխատա՛նք։

Այն որ իր գիտցածով կը բաւականանայ եւ կը կարծէ ամէն բան գիտցած ըլլալ իր սահմանաւոր գիտութեամբ, անշուշտ կը սխալի՛։

Խաբէութիւն է նաեւ «գիտցած ձեւացնել» եւ չգիտցածով հպարտանալ՝ գիտուն մարդու հովեր առնելով։ Ինքնակոչ եւ կարծեցեալ գիտունը ամենամեծ վնասը կը պատճառէ մարդկութեան։ Աւելի նախընտրելի է տգէտը, քան կարծեցեալ եւ ինքնակոչ գիտունը, եւ մանաւա՛նդ իր տգիտութեանը գիտակցութիւնը ունեցող տգէ՛տը։

Ուրեմն կը տեսնուի, որ ինքնագիտակցութիւնը կարեւոր է գիտութեան հարցին մէջ՝ գիտցածով հպարտանալու փոխարէն չգիտցածին անդրադառնա՛լ, եւ ըստ այնմ վարուիլ։ Արդարեւ, չգիտցածը գիտնալ ամենամեծ առաքինութիւններէն մէկն է՝ ազնուութիւն, վեհանձնութիւն կ՚ենթադրէ։ Բայց չգիտցածը գիտնալու չափ, անոր անդրադառնալու չափ ազնուութիւն է՝ զայն հրապարակելու անկեղծութիւնը ե՛ւ քաջութիւնը ունենալ։ Մարդիկ, ընդհանրապէս ծածկել կը ջանան իրենց թերութիւնները եւ տկարութիւնները եւ անկեղծութիւնը չեն ունենար զանոնք հրապարակելու։ Մարդիկ կը նախընտրեն «զեղծարար», խաբեբայ եւ խարդախ ըլլայ այս մասին, քան՝ անկեղծ եւ ուղղամիտ։

Տգիտութիւնը ծածկող մէկը, թերեւս կրնայ պահել իր «գիտուն»ի կեղծ հանգամանքը, բայց կը կորսնցնէ շատ աւելի՛ կարեւոր արժէք մը՝ իր արժանապատուութիւնը եւ վստահելի մարդ ըլլալու հանգամանքը։ Արդարեւ, ամէն մարդ կրնայ գիտուն չըլլալ, բայց մա՛րդ ըլլալ, բայց այն որ կը կորսնցնէ իր արժանապատուութիւնը եւ վստահելիութիւնը ընկերութեան մէջ, մեծ մասամբ կը կորսնցնէ նաեւ իր մարդկութի՛ւնը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Օգոստոս 28, 2017, Իսթանպուլ 

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2017