Ե՞Ս ԵՄ ՃԻՇԴ… ԿԱՄ ԴՈՒՆ ՍԽԱ՞Լ

Ժամանակի փոփոխման հետ մարդ, կամայ թէ ակամայ, ի՛նք եւս կը փոխուի՝ բանիւ եւ գործով, որդեգրելով նոր բարքեր, սովորութիւններ ու ապրելակերպ: Անցեալին մարդկային ընկերութիւն մը կ՚ունենար հասարակաց գիծեր ընդգրկող ապրելակերպ մը, հաստատուած գաղափարական մը: Այդ ընկերութեան մաս կազմող ամէ՛ն անհատ քիչ շատ այդ հաստատուած մտածելակերպին շուրջ կը դառնար՝ նուազ կամ առաւել չափով, առանց սակայն երբեք հեռանալու:

Անցեալին յառաջդիմութիւնը կը կատարուէր հաւաքական ձեւով. ոմանք կը յաջողէին քայլ պահել, իսկ ուրիշներ որոշ հեռաւորութեան վրայ կը փորձէին հետեւիլ: Այսօր փոխուած է նոյնիսկ յառաջդիմութիւն ըսուած անծանօթ տարրին ինչութիւնը, որովհետեւ ոմանց համար կարծեցեալ յառաջդիմութիւն մը, ուրիշի համար կրնայ խոտորում ու մոլորութիւն սեպուիլ, ստեղծելով մտածելակերպերու անյստակ վիհ մը:

Եթէ անցեալին մտածելակերպի փոփոխութիւնը կը չափուէր որպէս քաղքենի եւ գիւղացի, այսօր ամբողջութեամբ փշրուած է այդ չափանիշները, որովհետեւ նոյն փողոցը, նոյն շէնքը եւ գուցէ նոյն տունին մէջ ապրող անհատներ այսօր կրնան ունենալ տարբեր ըմբռնումներ ու գաղափարականներ, որոնք կրնան չհամապատասխանել զիրար: Եթէ անցեալին այդ տարբերութիւնները կը տարուբերէր «այո»ի եւ «ոչ»ի միջեւ, այսօր ունին զանազան աղաւաղուած տարբերակներ, որոնց ո՛չ «այո» ըլլալը յստակ է եւ ո՛չ ալ «ոչ» ըլլալը:

Զանազան գաղափարականներու օծուած այս մարդիկ այսօր կ՚ապրին միատեղ, մաս կը կազմեն նոյն ընկերութեան ու հաւաքականութեան, սակայն կը յաջողին պահել իրենց տարբերութիւնները յաճախ քննադատելով զիրար, որովհետեւ մէկուն աւանդապաշտութիւնը ուրիշին ժամանակավրէպ հին գլխութիւն մը, եւ ուրիշին յառաջդիմութիւնը անքաղաքավար լրբութիւն մը կրնայ թուիլ:

Մենք բազմաթի՜ւ զոհեր ու կորուստներ ունեցած ենք անհաւասարակշիռ վերոյիշեալ զանազանութեանց պատճառով, բազմաթիւ տաղանդներ սպաննուած են մատաղ ըլլալով խոտոր մտածելակերպերով: Անոնցմէ է օրինակ սեպտեմբեր 4-ին ծնած դերասանուհի եւ ասմունքող Վերգինէ Գարագաշեան, որ իր արուեստի վերելքի ժամանակաշրջանին ընդմիշտ կը հեռանար բեմէն 1887 թուականին՝ ի նպաստ ամուսնոյն թիւր մէկ գաղափարական ըմբռնումին: Պատմութեան ընթացքին գիտէ՞ք ինչքա՜ն իգական սեռի պատկանող բանաստեղծուհիներ զոհած ենք՝ որովհետեւ ամօթ է, աղջիկը չի՛ կրնար գրել սիրոյ մասին, աղջիկը չի՛ կրնար իր խօսքը ազատ արտայայտել, երգել ու գրել, որովհետեւ «մարդիկ ի՞նչ պիտի ըսեն»:

«Մարդիկ ի՞նչ պիտի ըսեն» լոզունգին ի խնդիր ունեցած ենք շա՜տ կորուստներ:

Կը կարդամ Կոմիտաս Վարդապետի 15 մարտ, 1912-ին Պոլիսէն գրած մէկ նամակը Մարգարիտ Բաբայեանին, ուր վարդապետը կը խօսի տաղանդաւոր աղջկայ մը մասին. «Անցեալ օրը եկաւ մի հայ աղջիկ, ձայնը փորձեցի, ա՛խ, Մարգօ ջան, մօտս լինէիր եւ մի լսէիր։ Խելագարուելիք բան էր, բնութիւնն ամէն բան կատարեալ է տուել, ձայն, հասակ, գեղեցկութիւն, խելք, շարժուձեւ, զգացում, շնորհալիութիւն... մի խօսքով, ես խելագարուեցայ, բայց... բայց... ամէն բան վերջացած էր դորանով. մայրը ամուսնացնելու է հէնց էս Զատկից յետոյ, Նոր կիւրակէին. մայրն էլ մօտս էր, սաստիկ զայրացայ եւ ասացի, որ մարդասպան է ինքը, մի այսպիսի հրաշք հանգցնում է. աղջիկն սկսաւ լալ եւ խոստովանեցաւ, թէ որքան աղաչել է մօրը, որ ուղարկէ իրան արտասահման, սովորէ...»:

Վարդապետի բառերով ՄԱՐԴԱՍՊԱՆ: Հաւանաբար Կոմիտասը իր ձայնով զգլխող այդ աղջիկը իրապէ՛ս սպաննուեցաւ եւ այսօր պատմութիւնը չի՛ յիշեր զինք:

Դար մը ետք չի՛ կարծէք, որ մեր գաղութներուն, մեր հայկական ընկերութեան մէջ գոյութիւն չունին նման մարդասպաններ, որովհետեւ ինչքա՛ն ժամանակը յառաջդիմեց, այնքա՛ն մարդու մտածումներն ու ապրելակերպը եղան բաժան բաժան: Եւ ի՜նչ տարօրինակ բան է մտածելակերպը, որ նոյն դպրոցը յաճախող, նոյն դասերն ու գիրքերը կարդացող մարդոց մէջ ատակ է ստեղծել տարբեր տարբեր ըմբռնումներ ու համոզումներ:

Ինչքա՜ն տեղին են երաժիշտ Արթուր Մեսչեանի բառերը.- «ո՞վ է սխալը, ո՞վ է ճիշդը, էլ ո՛չ ոք չի հասկանում...»:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԱՌԱՆՁԱՐ
(1877-1913)

Մեր թուականէն 144 տարիներ առաջ՝ 8 սեպտեմբեր 1877-ին Կեսարիոյ մէջ ծնած է երգիծաբան եւ վիպագիր Առանձար (բուն անունով՝ Միսաք Գույումճեան):

Առանձար իր ուսումը ստացած է Կարինի Սանասարեան վարժարանին մէջ: Որոշ ժամանակ ետք մեկնած է իր ծնողքի ծննդավայրը՝ Պաղտատի Ֆելուճէ գիւղաքաղաքը, ուր շարունակած է իր ուսումը: Դպրոցական ուսումը աւարտելէ ետք մեկնած է Եւրոպա՝ իր ուսումը շարունակելու Միւնիխի եւ Ցիւրիխի համալսարաններուն մէջ: Աւարտելէ ետք համալսարանական ուսումը որոշ ժամանակ ապրած է Եգիպտոսի մէջ՝ ուսուցչութեան պաշտօն վարելով: Ապա վերադարձած է Ատանա՝ 1908 թուականին, տեղի ազգային վարժարանին մէջ ըլլալով ուսուցիչ եւ ապա՝ տեսուչ:

Առանձարի գրական փորձերը սկսած են աշակերտական տարիներէն: Իր առաջին գրութիւնը տպագրած է 1899-ին, Գահիրէի «Արշալոյս» լրագիրին մէջ: Ապա երկար տարիներ աշխատակցած է Թիֆլիզի «Մուրճ» ամսագիրին, ուր հրատարակած է իր բոլոր նորավէպերը:

Գրողը 1905 թուականին Թիֆլիզի մէջ առանձին գիրքով հրատարակած է իր «Վշտի ծիծաղ» խորագրեալ պատմուածքներու ժողովածուն, որ 1961 թուականին դարձեալ լոյս տեսած է Երեւանի մէջ: «Հայ դասականների գրադարան» մատենաշարով 1982 թուականին լոյս տեսած է Առանձարի պատմուածքներէն ընտանի մը, որոնցմէ են «Երկու Պատկեր», «Նորավէպին նորավէպը», «Կախաղանէն... ամուսնութիւն» եւ ուրիշներ:

Առանձար մահացած է  13 սեպտեմբեր 1913 թուականին Ատանայի մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2021