ԿԵԱՆՔԸ՝ ՈՐ ՉԵ՛ՆՔ ԳԻՏԵՐ ԱՊՐԻԼ

«Կեանքը՝ որ կ՚ապրինք»։ Այս է նուաստիս նախկին գրութիւններէն մէկուն վերնագիրը։ Եւ երբ ամփոփուեր եւ գիրք ըլլալով հրատարակուեր է գրութիւններու մէկ մասը, գիրքը կազմող եւ խմբագրող մեր արժանաւոր եւ սիրելի բարեկամ Վարանդ Քորթմոսեան զայն անուաներ է «Կեանքը որ կ՚ապրինք» անունով։

Երբ կը թղթատէի գիրքը, հարցուցի ես ինծի. արդեօք, կեանքը կ՚ապրի՞նք արժանավայել կերպով, քանի որ կեանքը շնորհ մըն է, պարգեւ մըն է մեզի տրուած Աստուծոյ կողմէ, կեանքին նպատակը բարի է, միջոցը սէր է, եւ ուրեմն պէտք է զայն ապրիլ իր նպատակին համաձայն։ Աւա՜ղ իրողութիւնը այդպէս չէ դժբախտաբար. մարդ երբ կ՚ընդունի եւ կ՚ապրի «կեանք»ը, ընդհանրապէս կը շեղի անոր նպատակէն։ Ան կ՚ընտրէ չարը՝ փոխանակ բարիի, եւ կ՚ընտրէ նաեւ ատելութիւնը՝ փոխանակ սիրոյ։ Կը մոռցուի ճշմարտախօսութիւնը, ուղղամտութիւնը եւ կը տիրէ սուտը եւ խարդախը։ Սուտը կը փառաբանուի եւ «ճարպիկ» կ՚անուանուի ան՝ որ սուտը, կեղծը իրեն ապրելակերպ է ընտրած։ Կեանքին, ընդհանրապէս կը տիրէ կեղծը՝ կեղծիքը։ Չկա՛յ անկեղծ սէր, չկա՛յ զոհողութեան ոգի, չկա՛յ իրերօգնութեան հոգի եւ ամէնուրեք ատելութիւն, դաւ, զրպարտութիւն, բամբասանք. ծայրայեղ ինքնասիրութիւն եւ անձնապաշտութիւն. կորսուած է «իրերօգնութեան» գաղափարը, ամէն ոք ինքնակեդրոն՝ միայն ինքզինք կը հոգայ, ինքզինք կը խորհի։ Ա՞յս է կեանքը ապրիլ։ Ո՛չ երբեք, այլապէս մենք չենք հասկցած կեանքին իմաստը, չենք գիտեր կեանքը ապրիլ, հապա՝ կը վատնենք կեանքը, անշահ, անօգուտ…։

Երբ կեանքը կ՚ապրինք, կը մտածենք միայն աշխարհայինը եւ կ՚անտեսենք, կ՚ուրանանք, անգոհ կը համարենք հոգեկանը, մինչդեռ կեանքը աշխարհայինէն աւելի՝ հոգեկան իրողութիւն մը, բարոյական երեւոյթ մըն է։ Եւ ան որ չի գիտեր կեանքը ապրիլ, կեանքը անոր համար ապարդիւն ընթացք մըն է միայն, անշահ, անօգուտ՝ կու գայ եւ կ՚անցնի կ՚երթայ։

Բայց կեանքը յաւիտենականութեան, մշտատեւութեան, գոյապահպանման եւ գոյատեւման հարց մըն է՝ կեանքը հոգիին մարմնացումն է…։

Կեանքը որ կ՚ապրինք, աննպատակ չէ՛, ան նպատակ մը ունի, որուն պէտք է ծառայել, եւ ծառայելու համար պէտք է սորվիլ, թէ ի՛նչ է նպատակը կեանքին։

Կեանքը պայքա՛ր մըն է «չար»ին դէմ։

Արդարեւ, մեղքը, իր ամենալայն առումով, ներկայ է մարդուն պատմութեան եւ կեանքին մէջ. ընդունայն պիտի ըլլար փորձել անգիտանալ զայն կամ այս մռայլ իրականութեան՝ ուրիշ անուն տալ։ Մեղքին ի՛նչ ըլլալը հասկնալ փորձելու համար, հա՛րկ է նախ ճանչնալ «Աստուծոյ հետ մարդուն խորունկ կապը», որովհետեւ, այս առընչուածութենէն դուրս՝ կարելի չէ իր ճշմարիտ իսկութեան մէջ դիմակազերծել մեղքին չարիքը, որ Աստուծոյ դէմ «մերժում» է եւ հակառակութիւն եւ որ կը շարունակէ իբր բեռ, եւ թէ ծանր եւ անտանելի՛ բեռ, որ կը ճնշէ մարդուն կեանքին եւ պատմութեան վրայ։ Եւ այս իմաստով, մեղք, կը նշանակէ Աստուած վշտացնե՛լ։

Սկզբնական մեղքին վարդապետութիւնը, որ առընչուած է Քրիստոսով կատարուած փրկչագործութեան վարդապետութեան, ճանաչողական լուսաւոր տեսութիւն մը կու տայ աշխարհի վրայ մարդուն կացութեան եւ անոր գործին մասին։

Նախածնողներուն՝ Ադամի եւ Եւայի մեղքով, սատանան որոշ «տիրապետութիւն» մը ձեռք ձգեց մարդուն վրայ, թէպէտ եւ այս վերջինը կը շարունակէ ազա՛տ մնալ։ Արդարեւ, ազատութիւնը մարդկային կեանքին ամենէն խորհրդաւոր արժէքն է։

Սկզբնական մեղքը իր հետ կը բերէ ստրկութիւնը՝ իշխանութեան տակ անոր՝ որ ունէր տէրութիւնը մահուան, այսինքն՝ սատանային։ Անգիտանալ կամ անտեսել, թէ մարդը դէպի չարը հակած վիրաւոր բնութիւն մը ունի, ասիկա դաստիարակութեան, քաղաքականութեան, ընկերային կեանքի եւ գործունէութեան եւ բարքերու մարզերէն ներս ծանրակշիռ սխալներու տեղի կու տայ, ինչ որ պատճառ կ՚ըլլայ որ մարդ շեղի կեանքի նպատակէն։

Հրապուրուած Սատանայէն, տարուելով անոր սխալ ուսուցումէն, պատմութեան սկիզբէն իսկ մարդը չարաչար գործածեց իր կեանքը եւ կեանքով շնորհուած իր ազատութիւնը։ Ան սայթաքեցաւ փորձութեան մէջ եւ հետեւեցաւ չարին, գործեց չարը։

Մարդ պահած է բաղձանքը բարիին, սակայն անոր բնութիւնը կը կրէ խոցը սկզբնական մեղքին։ Ան եղած է ընդհանրապէս հակամէտ չարին եւ ենթակայ՝ մոլորումին։ Ուստի մարդը իր անձին մէջ բաժնուած է։ Ահա թէ ինչո՛ւ մարդոց անհատական ե՛ւ հաւաքական ամբողջ կեանքը կը ներկայանայ իբր «եղերական պայքար» մը բարիին եւ չարին, լոյսին եւ խաւարին, օգտակարին եւ վնասակարին միջեւ։

Սիրելի՜ բարեկամներ, փորձենք վերաքննել մեր կեանքը, անդրադառնանք կեանքի նպատակին, եւ ջանանք ապրիլ մեր կեանքը իր նպատակին համեմատ։

Այդ ընելու կարողութիւնը ունինք բոլորս…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 1, 2022, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 8, 2022