ԲՆՈՒԹԵԱՆ ԳԵՂԵՑԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

Կարելի չէ որ մարդ մեծ կամ փոքր չափով չազդուի բնութեան գեղեցկութիւններէն՝ հմայիչ, հրապուրիչ տեսարաններէն, եթէ սորված է բնութեան գեղեցկութիւններէն ճաշակ առնել։ Բնութեան գեղեցկութիւնները հակամէտ են մարդը բարձրացնելու խորհուրդով, եւ բնական տեսարաններուն յաճախ ներշնչած վսեմ, գեղեցիկ խորհուրդները եւ զգացումները կարող են երբեմն չքացնել, ոչնչացնել մարդկային փտած, տգեղ եւ չնչին ամէն խորհուրդ եւ զգացում։

Բայց որքա՜ն ցաւալի է տեսնել, որ քիչեր սովորութիւն ունին անդրադառնալ երկնակամարին գեղեցկութիւնները վայելելու հաճոյքին՝ դիտելու եւ ախորժ զգալու անոնցմէ, գէթ որքան հաճոյք կը զգան, զոր օրինակ, ստոր եւ ցածորակ պատկերներէ։ Բնութեան գեղեցկութիւններուն մէջ է՝ պարզ բայց վեհիմաստ վայելքներ։

Լոյսերու ցոլքին մէջ կը յայտնուին՝ ճշմարտութիւն, գեղեցկութիւն եւ բարութիւն, որոնք անուրանալի առաքինութիւններ են մարդուն բարձրացման եւ սրբացման։ Այս իմաստով, մարդ տեւական մրցակցութեան մէջ կը գտնուի երկնակամարի լուսաւորութիւններուն հետ։

Խաղաղութիւնը եւ հանդարտութիւնը, որոնք պարզութեան եւ չափաւորութեան մէջ կը գտնեն իրենց գոյութիւնը եւ գոյատեւութիւնը, ամէն կողմ պարուրած են, սակայն մարդ կարելի չէ որ իր «մտքին աչքեր»ով չտեսնէ այն ինչ որ լռութիւնը եւ մութ գիշերը կը ծածկեն իրենց ներքեւ։ Արդարեւ, մարդ լռութեան մէջ կը բարձրանայ դէպի իր հեռանկարներուն եւ կը հասնի իր նպատակներուն՝ կ՚իրականացնէ իր երեւակայութիւնները։ Մարդ իր վեհութիւնը աւելի եւս կը զգայ լռութեան պարզութեանը մէջ՝ կը դիմաւորուի իր իսկ «Ես»ին հետ, ինչ որ բարձրացման առաջին եւ կարեւոր քայլն է։ Կեանքի անմեղ եւ առողջ զբօսանքներու վայելքը անպատմելի եւ անբացատրելի է. յաջողութիւն, սէր եւ երջանկութիւն կ՚ողողեն մարդուս ամբողջ կեանքը այս վայելքով։ Գոհունակութեան ալիքներ կ՚ողողեն մարդուս կեանքը… մարդկային կեանքի յատուկ բազմապիսի տեսարաններու վրայ երկինքի լոյսերը՝ բնութեան գեղեցկութիւններու շողերը կը շողան միօրինակ պլպլումներով, հաճելին եւ անհաճոն, տհաճը, բարին եւ չարը, օգտակարը եւ վնասակարը հաւասարապէս ողողելով իրենց մաքուր եւ վճիտ լոյսով։ Սա յստակ է, որ անձրեւը կը տեղայ թէ՛ բարիին, թէ՛ չարին վրայ, եւ արեւը կը ծագի թէ՛ հաճելիին, թէ՛ անհաճոյին վրայ, եւ ուրեմն անխտիր հաւասար են մարդիկ բնութեան գեղեցկութիւններու, բարիքներու եւ ճշմարտութեան դիմաց։ Բնութեան առիթները հաւասարապէս կը ձօնուին մարդոց։ Մարդիկ, ուրեմն, հաւասար են, եղբայր են եւ ազատ են մի՛շտ սիրոյ մէջ։

Արդարեւ, կեանքի անվերջ պայքարին մէջ բնութեան բարիքները կը զօրացնեն մարդը։ Անպատմելի ազատ կամքին զօրութիւնը յարութիւն կ՚առնէ հոգիին հանդարտ, զօրաւոր եւ ինքնիշխան էութեան մէջ։ Ուստի, մարդ պէտք չէ՛ վախնայ աշխարհի մը մէջ՝ ուր անվերջ պայքար մը կը գոյատեւէ։

Henry Wadsworth Longfellow (1807-1882), իր քերթուածներէն մէկուն մէջ սապէս կ՚ըսէ.

«Ա՜ստղ զօրութեան. կը տեսնեմ որ կանգնած կը ծիծաղիս իմ ցաւերուս վրայ, եւ սպառազէն քու բազուկովդ նշան կ՚ընես ինծի, եւ ես ահա՛ դարձեալ զօրաւոր եմ…»։

Ուրեմն, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, բնութեան գեղեցկութիւններուն եւ բարիքներուն մէջ պէտք է անխռով եւ քաջարի ըլլալ, երբ լոյսերը մի առ մի մարին, քանի որ հաւատքի մէջ վախը տեղ չունի եւ հոն՝ ուր յոյս եւ սէր կայ, հոն կա՛յ կեանքը. կեանք մը՝ որ մարդս կը պահէ միշտ իր բարձրութեան եւ վեհութեանը մէջ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 7, 2023, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 8, 2023