ՄԱՐԴԻԿ ՉԵՆ ՓՈԽՈՒԻՐ

Մարդիկ որքան որ արտաքնապէս փոխուած կ՚երեւին, էապէս երբեք չեն փոխուիր։ Արդարեւ մարդը իր ստեղծումէն ի վեր երեւութապէս մեծ փոփոխութիւններու է երթարկուած, հետզհետէ բարեփոխուած, նախկին մարդուն նկատմամբ արտաքնապէս, ապրած շրջանին համաձայն «արդի մարդ» է եղած։ Բայց մարդու բնութիւնը երբեք չէ փոխուած, քանի որ ծինային յատկութիւնները սերունդէ սերունդ փոխանցուած եւ մինչեւ իր ներկայ վիճակին հասած են, եւ այս պատճառով ալ մարդ էակը ներքնապէս, բնաւորութեամբ չէ փոխուած։ Մշակոյթ, քաղաքակրթութիւն եւ զանազան արտաքին-միջավայրի ազդեցութիւններ թէեւ փոխած կ՚երեւին մարդը, բայց մարդը միշտ նո՛յն «մարդ»ն է մնացած դարերէ, շրջաններէ ի վեր։

Այս իմաստով մարդիկ կը նմանին ճամբաներու, ո՛չ մարդիկ կը փոխուին եւ ոչ ալ ճամբաները։ Անոնց խորհուրդի եւ նպատակներու ուղղութիւնը միշտ նոյնն են եւ բնաւ չեն փոխուիր։

Ո՛ւր որ ճամբայ մը կը խաչաձեւուի ուրիշ ճամբով մը՝ հո՛ն ահաւասիկ վտա՛նգ մը կը սլքտկայ, կարծես վտանգի հրաւէր մը կը տրուի։ Ի՞նչ ընել ուրեմն։ Սովորական միջոցն է ազդարարիչ նշան մը կամ լոյս մը դնել ճամբաներուն խաչաձեւուած անկիւնը եւ կամ կառքերու թափը զսպելու, եւ կամ բոլորովին կեցնելու զանազան միջոցներու դիմել։

Այս է բարին, այս է միջոցը վտանգին առաջքը առնելու համար։ Այս է վտանգի դէմ ապահովութեան երաշխիքը։

Ուստի, անձնական դատողութեան անստուգութիւններու եւ արտաքին պայմաններու քմահաճոյքին ձեռքէն առնելով դէպքերու ընթացքը՝ զայն «Օրէնք»ի մը հրամանին տակ դնել կը նշանակէ այսպիսի միջոցառումի մը անհրաժեշտութիւնը եւ ներկայութիւնը՝ զիրար խաչաձեւող ճամբաներու գլուխը։ Առանց միջոցառումի անվտանգութիւն սպասել՝ պարզապէս միամտութի՛ւն է։

Արդարեւ, «օրէնքի միջամտութիւն»ը անհրաժեշտ պայման եւ պահանջ մըն է, երբ մարդկային կամքը եւ դատողութիւնը վստահելի չեն։

Այս պահանջէն սա կը հետեւի. մարդ ի՛նչ որ իր քշած կամ վարած կառքին համար կ՚ընէ, պէ՛տք է ընէ նաեւ իր «կեանք»ին համար։

Կառք վարող մարդկային միտքը կարո՛ղ է նաեւ կեանքը վարել, կեանքին ընթացքը եւ ուղղութիւնը որոշել, օգտակարը եւ նպաստաւորը ընտրել։

Մարդկային կեանքին մէջ կա՞յ արդեօք շրջան մը, օր մը՝ որուն մէջ մարդուն կեանքին «ճամբայ»ն չի խաչաձեւուի։ Կա՞յ օր մը, որ նեղութիւն մը, դժուարութիւն մը «խաչաձեւում» մը չպատահի։ Անիկա կրնայ կարեւոր կամ անկարեւոր ըլլալ, եւ կամ զգալի կամ անզգալի, բայց անպայմա՛ն նման իրողութիւն մը կը պատահի։

Ուստի մա՛րդ առանց նեղութեան կեանք չի կրնար ապրիլ, քանի որ կեանքը իրապէ՛ս պայքար մըն է, բախում մը ներհակ ուժերու…։

Առանց խաչաձեւումի, առանց նեղութեան եւ առանց որեւէ դժուարութեան կեանք չկա՛յ, ասիկա մանաւանդ զգալի է սովորական չափահաս մարդոց համար, որոնք այլեւս ստացած են պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը։

Կեանքի ընդհանուր փորձառութիւնը եւ ապրումներու վկայութիւնները ցոյց կու տան, թէ ոչ մէկուն կեանքը միակտուր, անշեղ ճամբու մը վրայէն կ՚ընթանայ։ Կեանքը երբեք շիտակ ճամբայ մը չէ՛։ Ուստի մարդոց բոլորն ալ - անխտի՛ր - պարտաւոր են զգուշաւոր կերպով ընթանալ, որովհետեւ մի գուցէ բախին՝ իրենց հաւատալիքները, գաղափարները, տեսակէտները, բարքերը, սովորութիւնները եւ աւանդութիւնները խաչաձեւող, հակասող հոսանքներու հետ։

Պահ մը խորհինք, եթէ ամէն մարդու ճամբան նոյնը ըլլար, եթէ ամէն մարդ նոյն հեռանկարով, նոյն իտէալներով շարժէր, նոյն նպատակներուն ծառայէր, նոյն փափաքները հետապնդէր, խաչաձեւում եւ բախում չէր ըլլար։

Բայց մարդիկ տարբեր ճամբաներէ կը յառաջանան, տարբեր նպատակներ եւ տարբեր իտէալներ, տարբեր ճամբաներ կը հետապնդեն, եւ ասիկա բնական է մարդոց համար, քանի որ անոնք բանական, խորհող եւ որոշող էակներ են։

Մարդիկ կան, որոնք փոխաբերական իմաստով՝ «հիւսիսէն հարաւ կ՚ընթանան»,  ուրիշներ՝ «արեւելքէն արեւմո՛ւտք»։ Այսպէս ամէն մարդու քալած ճամբան անպատճառ կը կտրուի կամ կը խաչաձեւուի, որոնք շատ անգամ կը հակասեն իրարու։ Եւ մարդկային կեանքի դժուարութիւնները ծագում կ՚առնեն այս խաչաձեւումներէն։ Անձը անձի՝ անհատը անհատի կը բախի, ժողովուրդը ժողովուրդի հետ կը բախի, քանի որ իւրաքանչիւրը իրարու ներհակ կը խորհի, հակառակ կը մտածէ եւ մէկը միւսին նկատմամբ «սխալ» է, «շեղած» է։ Եւ ասիկա չի մնար միայն մտածումի մէջ, կը տարածուի դէպի զգացում, խօսք եւ գո՛րծ։

Բայց այս բախումները երբեք խնդիր չեն լուծեր։ Իսկապէս խոհեմ, զգոյշ եւ իմաստուն մարդը կը սպասէ, կը համբերէ, մինչեւ որ չարը իր ուժերը սպառէ, մինչեւ որ ճամբան ապահով է եւ նպատակը՝ ստոյգ։ Եւ ահաւասիկ, այն ատեն «կը քշէ իր կառքը», իր ամբողջական բովանդակութեամբ, այսինքն իր գաղափարներովը, իր սկզբունքներովը եւ երա՜զներովը։

Նախ, եթէ ճամբան շիտակ է, մարդ պէտք չէ՛ շեղի անկէ, պէտք է հետապնդէ այդ շիտակ ճամբան։ Երկրորդ՝ հաւատալիքները, սկզբունքները, համոզումները, ընդհանուր առմամբ հաւատքը պէտք չէ՛ ենթարկէ չարերուն վտանգին՝ որոնք կը խաչաձեւեն ճամբան։

Կեանքի ճամբուն խաչաձեւումներուն վրայ զգուշացուցիչ լոյսն է՝ հաւատքը, ճշմարտութիւնը, արդարութիւնը՝ Յիսուս Քրիստոս…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սեպտեմբեր 22, 2019, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2019