ԽԵԼԱՊՏՈՅՏ ՊԱՏՃԱՌՈՂ ՅԱՌԱՋԴԻՄՈՒԹԵԱՆ ԸՆԹԱՑՔԸ

21-րդ դարը մանաւանդ խելապտոյտ պատճառող մարդկային յառաջդիմութեան մը կը վկայէ։ Սա անուրանալի իրողութիւն մըն է, որ մարդկութիւնը, մանաւանդ վերջին շրջաններուն, շատ մեծ ոստումներ ըրաւ։ Մարդկութիւնը չափազանց արագ կ՚ընթանայ, այնքան որ «լոյսի արագութեան» հետ կը մրցի։ Միշտ աւելի արագ, միշտ աւելի յառաջ, միշտ աւելի նորը։ Եւ այս կեանքի արագութիւնը իրապէ՛ս խելապտոյտ կը պատճառէ մարդուս։ Հազիւ դար մը առաջ ապրող մարդը եթէ այսօր յարութիւն առնէր, աչքերուն պիտի չհաւատար եւ պիտի կարծէր, թէ «ուրիշ» աշխարհ մը եկած է, քանի որ այս աշխարհը երբեք իր շրջանի աշխարհին, կեանքը իր ապրած կեանքին երբեք պիտի չնմանէր։ Ամէն ինչ փոխուած, ամէն ինչ նոր եւ բոլորովին փոխուած կեա՛նք մը…։

Բայց ինչո՞ւ այս աճապարանքը։ Արդեօք ի՞նչ է այս արտորանքին պատճառը։ Դէպի ո՞ւր կ՚երթայ մարդկութիւնը այս առեղծուածային արագութեամբ։ Եւ մարդ ո՛րքան կրնայ դիմանալ այս անսովոր արագութեան, մարդուն մտային եւ հոգեկան տարողութիւնը կրնա՞յ տոկալ այս արագ ընթացքին։ Եւ հարցում մը. մարդ այս արագ յառաջդիմութեան մէջ ո՞րքան կրցած է յառաջդիմել։

Ինչպէս յայտնի է, մարդ մարմին, միտք եւ հոգիէ բաղկացած ամբողջութիւն մըն է, եւ մարդուն երջանկութիւնը կախում ունի այս երեք արժէքներուն ներդաշնակուած վիճակի մը գոյութենէն։ Եւ եթէ այդ ներդաշնակութիւնը չապահովուի, մարդ երբեք չի կրնար երջանիկ ըլլալ, քանի որ միշտ բան մը կը պակսի, անկատար կը մնայ, եւ անկատարութիւնը երբեք երջանկութիւն չի՛ բերեր…։

Եւ ահաւասիկ հարցում մը եւս։ Գիտութեան իրագործած անսովոր եւ արագ ոստումներով, մարդուս ընկերային կառոյցին հաւասարակշռութիւնը չի՞ կրնար խախտած ըլլալ արդեօք։ Այս կարգին, յառաջդիմութեան առընթեր, ո՛չ բոլորովին, բայց մտահոգիչ անպատեհութիւններ կան եւ դեռ կը նախատեսուին։ Զոր օրինակ, բնութեան ընդհանուր կառոյցին «չափազանց» միջամտութիւններ, որոնք բնութեան բնական վիճակը, սովորական ընթացքը կը խախտեն, կը խաթարեն, արդեօք «անպատասխան» կը մնա՞ն։

Բնութեան չափազանց միջամտութիւններ արդեօք չե՞ն վնասեր բնութեան մէջ տիրող այն հարշալի՜ ներդաշնակութեան եւ հաւասարակշռութեան։ Արդարեւ, Բնութիւնը ներդաշնակութեան եւ հաւասարակշռութեան վրայ հիմնուած ստեղծագործութիւն մըն է, եւ եթէ այդ ներդաշնակութիւնը խաթարուի եւ հաւասարակշռութիւնը խախտի, արդեօք «յառաջդիմութեան» արշաւէն ակնկալուած օգուտի եւ բարիքի տեղ վնաս եւ չարիք չի ստեղծուի՞ր։ Արդարեւ, օգուտի եւ վնասի, բարիքի եւ չարիքի հաւասարակշռութիւնը պէտք է ապահովել, որպէսզի արարք մը, գործ մը նպաստաւոր եւ նպատակայարմար ըլլայ համայն մարդկութեան համար։

Բայց այս խորհրդածութիւնները պէտք չէ երբեք որպէս «յետադիմական» մտածումներ՝ յառաջդիմութեան թշնամի գաղափարներ նկատուի. երբե՛ք։ Յետադիմութիւնը մարդկային արժանապատուութիւնը խորապէս վիրաւորող ընթացք մըն է։ Այլ՝ չափաւոր, բանաւոր յառաջդիմութիւն, գիտակից յառաջդիմութիւն, կշռուած եւ ողջամիտ, նպատակայարմար եւ իմաստալից յառաջդիմութիւնը. ահաւասիկ, ա՛յս է ըսուածը։

Ուստի, «բարերար գիտութիւն»ը՝ ինքնին երկսայրի սո՛ւր մըն է. գիտութեան անունով հպարտանալ թէեւ մարդուն արդար իրաւունքն է միշտ, ինչպէս դարերու ընթացքին այսպէս եղած է, քանի որ մարդ կոչուած է գիտնալու, գործելու, աշխատելու, յառաջդիմելու եւ կոչուած է մանաւանդ կատարելութեա՛ն։ Բայց ամէն ինչ չափաւորութեան եւ ողջմտութեան սահմաններուն մէջ, իմաստութեամբ եւ բանականութեան օժանդակութեա՛մբ։ Արդարեւ, մարդ պէտք է գիտակցի գիտութեան արժէքին, անոր կարեւորութեան եւ անհրաժեշտութեան, գիտակցի եւ զեղծանի եւս անով, կարելի է, ըլլայ տեսութիւններ, կարծիքներ յերիւրելով, ըլլայ հանրօգուտ գործելակերպը չարի գործածելով։ Ուստի «գործիք»ը կամ «միջոց»ը օգտակար կ՚ըլլայ, երբ գործածողը բարի նպատակով կ՚օգտագործէ զայն, իսկ վնասակար եւ վտանգաւոր՝ երբ զայն գործածողին նպատակը չա՛ր է։ Պարագան նո՛յնն է ճարտարարուեստին համար, որ գիտութեան «որդի»ն կը նկատուի։

Մարդ, միտքը եւ հոգին երբեք պէտք չէ իրարու օտար մրցակիցներ նկատէ, այլ՝ երկու անբաժան ընկերակիցներ՝ որ զինք կատարելութեան եւ երջանկութեան պիտի առաջնորդեն։ Մարդուն նպատակն ալ այդ չէ՞. մարդ կատարելութեան եւ երջանկութեան չէ՞ կոչուած։ Եւ մարդ պէտք է գիտակցի, որ իր վերջնական նպատակին կրնայ հասնիլ միայն մտքին եւ հոգիին միութեամբ։

Այսօր ժամանակն է յառաջդիմելու, լուսաւորուելու, բայց ժամանակն է նաեւ խորհելու՝ թէ ներկայ արագ յառաջդիմութեամբ կրնանք գերին դառնալ «մեքենայ»ին, եթէ անտեսենք հոգիին գոյութիւնը եւ չշարժինք ողջմտութեամբ։

«Մեքենայ» օգտակար եւ բարի «միջոց» մըն է՝ առարկայ մը, եւ պէտք է ա՛յդպէս մնայ։ Ան, մարդուն արտադրած մէկ առարկան է՝ իր առօրեան, իր կեանքը դիւացնելու, քաղցրացնելու համար շինուած՝ հանգստաւէտութեան միջոց մը լոկ։ Այո՛, «մեքենայ»ն կը դիւրացնէ մարդուս կեանքը, բայց երբեք չի՛ կրնար երջանկացնել զայն։

Անշուշտ, ապերախտութիւն կ՚ըլլայ ուրանալ «մեքենայ»ին բերած օգտակարութիւնները՝ որ յառաջդիմութեան շնորհիւ մարդկային կեանքին մէջ տեղ է գրաւած. ուրանալ կարելի չէ, բայց մարդ պէտք է անդրադառնայ եւ գիտակցի, թէ ո՛չ յառաջիմութիւնը, ո՛չ «մեքենայ»ն առանձինն երբեք չեն երջանկացներ զինք։

Շեշտենք, ճշմարիտ երջանկութիւնը կ՚ըլլայ թէ՛ միտքով, թէ՛ հոգիով։ Առանց այս երկուքին, երջանկութիւնը, խաբէական է, որովհետեւ կատարեալ չէ՛։ Ուրեմն եթէ կը պակսի հոգեւորը, մարդուն կը պակսի կարեւոր արժէք մը։

Հոգեւորը, որովհետեւ մարդ լոկ միսէ, ոսկորէ չի բաղկանար. ան առաւելապէս «հոգեւոր էակ» մըն է, եւ թէ ան ներաշխարհ մը ունի եւ ներքին ապրումներով միայն կրնայ կատարելապէս յագենալ. ասիկա անյեղլի ճշմարտութիւն մըն է՝ աներեր։ Եւ ահաւասիկ, ճիշդ այս կէտին, այսօր, ներկայ արագ յառաջդիմութիւններու մէջ, մարդը անկիւնադարձի մը վրայ կը գտնուի։

Մարդ, դեռ այսօր իսկ իր վերջնական ուղղութիւնը չէ կրցած որոշել, ան կը տատանի, կը խարխափի, կը դեդեւի տակաւին։ Եւ տակաւին «մի՞տք» թէ «հոգի՛» նախընտրութեան մէջ կը տարակուսի եւ չի տեսներ այն ճշմարտութիւնը՝ թէ իրեն համար կենսական կարեւորութիւն եւ արժէք ունին թէ՛ միտքը եւ թէ՛ հոգին, եւ պէտք է ներդաշնակէ զանոնք, հաւասարակշռէ եւ այդպէս որոշէ իր կեանքի ուղղութիւնը։

Մարդկութիւնը այսօր տակաւին կը տարուբերի «մտաւոր» եւ «հոգեւոր» արժէքներու միջեւ, եւ չի մտածեր որ լուծումը անոնց միութեանը մէջ է։

Եւ այսօր, մտապէս ա՜յնքան զօրացած մարդը տակաւին անզօր է Բնութեան դէմ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Հոկտեմբեր 4, 2020, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 8, 2020