ՈՂԲԱՄ ԶՔԵԶ ՄԵՌԵԼՈՑ

Նկատենք թէ ոչ, արդէն իսկ կամաց-կամաց ուղղակի կամ անուղղակի ձեւով կը փորձեն մեր կեանքէն հեռացնել բոլո՛ր այն արժէքները, որոնք մեզի համար սրբազան ե՛ն եւ եղած են դարեր շարունակ, սակայն այսօր ինչ-ինչ պատճառներով փոփոխութեան կ՚ենթարկուին՝ առանց աղմուկի ու դժգոհութիւններու:

Ժամանակ առ ժամանակ ինչքա՜ն օգտաշատ է կարդալ հիները, սորվիլ հիներէն եւ մինչե՛ւ իսկ ընդօրինակել հիները, որովհետեւ մեր այսօրուան հիմը մեր երէկն է, մեր հիներն են:

Խրիմեան Հայրիկ, մեր թուականէն 127 տարիներ առաջ հրատարակած «Պապիկ եւ թոռնիկ» աշխատութեան «Մեռելոց դաշտ եւ գերեզմանաց յիշատակարաններ» խորագրեալ 23-րդ գլխուն մէջ կը գրէ. «Կտակ արի յետնամնաց զաւակներու, որ տարուան հինգ տաղաւարի մեռելոց օրեր մատաղ անելով աղքատաց կերակուր բաշխեն» եւ շարունակելով կ՚ըսէ. «կ՚աւանդեմ քեզ որդեակ, որ տարուան հինգ տաղաւարաց մեռելոցի օր, քսան ոչխար պէտք է մատաղ անէք, աղքատներուն լիապէս հաց եւ կերակուր տաք, գիւղի քահանայն իւր պատարագին մէջ բոլոր մեռելոց հոգիներուն հետ յիշէ նաեւ հովիւ Յակօյի հոգին»:

Այս աւանդն ու սրբազան արժէքը անցնելով Խրիմեան Հայրիկէն կը հասնի մինչեւ Եղիշէ պատմիչ, որ իր Խրատներու գիրքին «Վասն յիշատակաց մեռելոց ի կանոնաց Գրոց» խորագրեալ յօդուածին մէջ կ՚ըսէ. «Առնիցէք յիշատակ հանգուցելոցն. զի մեռեալ է մարմինն եւ կենդանի է հոգին»:

Եղիշէ պատմիչը անցնելով եւս կը հասնի մինչեւ Վերնատուն, ուր Քրիստոս առնելով հացն ու գինին տուաւ անոնց եւ ըսաւ. «Ասիկա կատարեցէք իմ յիշատակիս համար» (Ղուկաս 20.19): Կարելի է Քրիստոսէն հասնիլ մինչե՛ւ Մովսէս մարգարէ՝ այդ աւանդին հինութիւնն ու Աստուածային ըլլալը փաստելու համար...

Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին իշխանութիւնները, քիչ թէ շատ հաւատարիմ այդ աւանդին ու գիտակի՛ց անոր արժէքին՝ 24 յունիս 2001 թուականին Հայաստանի Հանրապետութեան տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին օրէնքներու յօդուած 1.1-ով կ՚որոշէ. «Սուրբ Ծննդեան եւ Յայտնութեան տօնին յաջորդող մեռելոցի յիշատակի օրը կը նշուի յունուար 7-ին. ո՛չ աշխատանքային օր»: 

Մինչ չորեքշաբթի, 27 հոկտեմբեր 2021-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովը 53 կողմ, 16 դէմ եւ 3 ձեռնպահ քուէով Հայաստանի Հանրապետութեան տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին օրէնքներէն դուրս դրաւ 1.1 յօդուածը. յետ այսու մեռելոցը ոչ-աշխատանքային օր չէ:

Ներկայ իշխանութիւնները ինչքան ալ դէմ ըլլան եկեղեցւոյ եւ եկեղեցական սրբազան արժէքներու, պէտք է գիտակցին, որ մեռելոցը եկեղեցական տօն մը ըլլալէ անդին ազգային աւանդութիւն մըն է, որ փոխանցուած է սերունդէ սերունդ՝ հասնելով մինչեւ մեր օրերը: Ներկայ իշխանութիւնները բացայայտօրէն ազգային եւ հոգեւոր արժէքները ոչնչացնելու մարմաջը ունին. 53 հոգիով կ՚ուզեն դարաւոր աւանդութիւն մը կորուստի մատնել եւ բարքերը փոխել նորերով՝ համաշխարհայնացման չափանիշներու հաւատարիմ:

Պատմութեան մէջ հաւանաբար այնքա՛ն գերեզման չէ՛ յաճախած հայ ժողովուրդը՝ ինչքան այս տարի. մինչեւ այսօր, օրուայ ո՛ր ժամուն ուզէք այցելեցէք Եռաբլուր եւ այդտեղ պիտի տեսնէք հոծ բազմութիւն մը. օր մը մտածեցի, թէ առաւօտեան ժամը 2.00-ին խաղաղ կ՚ըլլայ Եռաբլուրը եւ լաւ խորհրդածելու պահ մը կ՚ունենամ. հարիւրաւոր հայորդիներ այդտեղ էին: Ու հիմա եկէ՛ք բոլոր այդ հայորդիներուն, բոլոր նահատակ հերոսներու ծնողներուն ու հարազատներուն բացատրեցէք ու համոզեցէք, որ մեռելոցի օրը կարեւոր օր մը չէ, ի՞նչ պէտք կայ անոնց յիշատակը յարգելու:

Արժէքներ կան, որոնք ժամանակի ընթացքին, կամայ թէ ակամայ մոռացութեան կը տրուին, մանաւա՛նդ սփիւռքի պայմաններուն մէջ: Սակայն թէ՛ Լիբանան, թէ՛ Սուրիա, թէ՛ Պոլիս եւ այլուր, հաւատացեալ թէ՛ անհաւատ կը շարունակեն պահել մեռելոցի սրբազան, ազգային ու եկեղեցական արժէքը:

Կրնա՞յ ըլլալ մեր կառավարութիւնը հաւատարիմ մնալով «դուն հետեւէ՛ ինծի, եւ ձգէ որ մեռելները թաղեն իրենց մեռելները» (Մատթէոս 8.22) Քրիստոսի խօսքին, կ՚ուզեն կեանքի կոչել աւետարանական այդ պատգամը... կը կասկածի՛մ: Սակայն վստահ եմ, որ այդքան ալ դիւրին պիտի չըլլայ վերջ դնել դարաւոր այդ աւանդութիւններուն, որովհետեւ հայ ժողովուրդը գիտէ լաւապէս յարգել իր մեռելոց յիշատակը:

Կամաց-կամաց կը փորձեն նսեմացնել մեր ազգային արժէքները. կ՚ուզեն փոխել մեր դիմագիծը եւ հայկականին տեղ մը պարտադրել օտարին խեղաթիւրուածը:

Չե՛մ զարմանար օր մը, եթէ լսեմ թէ Ապրիլ 24-ը դադրի Մեծ Եղեռնի յիշատակի օր ըլլալէ եւ վերածուի քէֆի աննշմար օրի:

Թող մեծ մատենագիրը հիմա՛ ապրէր ու ըսէր Ողբամ զքեզ, Հայոց աշխարհ, ողբամ զքեզ մեռելո՛ց:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ԱՐԱՐԱՏ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
(1913-1987
)

Մեր թուականէն 34 տարիներ առաջ՝ 8 նոյեմբեր 1987-ին Երեւանի մէջ մահացած է թատերագիր եւ թատերագէտ Արարատ Բարսեղեան:

Բարսեղեան ծնած է 5 փետրուար 1913-ին, Պաքուի մէջ: Նախնական կրթութիւնը ստացած է Պաքուի թիւ 44 հայկական միջնակարգ դպրոցէն ներս. 1931 թուականէն սկսած է դերեր ստանձնել 1920 թուականին Պաքուի մէջ հիմնուած Հայկական Պետական թատրոնին մէջ: Այնուհետեւ հանդէս եկած է Երեւանի, Էջմիածնի, Աշտարակի եւ այլ շրջաններու մէջ, դերեր ստանձնելով Երեւանի Պատանի հանդիսատեսի, Գաբրիէլ Սունդուկեանի անուան եւ Ամօ Խարազեանի անուան թատրոններուն մէջ:

Բարսեղեան 1934 թուականէն սկսեալ զբաղած է նաեւ թատերագրութեամբ. իր առաջին գործը՝ «Կամօ»ն 1937-ին արժանացած է Խորհրդային Հայաստանի լաւագոյն ներկայացումներու մրցանակաբաշխութեան երկրորդ կարգի մրցանակին: Մրցանակի արժանացած են նաեւ անոր «Հայ Կինը» (1943), «Սիրոյ Հովիտ» (1955) եւ «Վարդենիկ» (1973) թատրերգութիւնները: Զանազան հայկական թատերախումբեր ներկայացուցած են Բարսեղեանի ներկայացումները. ինչպէս՝ «Քեզ դժուար է մոռանալ», «Փակ դռներ», «Ծնունդ», «Ընդհանուր բաղնիք», «Ազնիւ սրտերի աշխարհում» եւ այլ ներկայացումներ:

Բարսեղեանի թատրերգութիւնները հրատարակուած եւ «Պիեսների ժողովածու» հինգ հատորներէ բաղկացած աշխատութեան մէջ: Անոր թատրերգութիւններէն շատեր թարգմանուած է ռուսերէն լեզուով եւ հրատարակուած «Կոտրուած գարշապարը» խորագրով: Բարսեղեան թատրերգութեան կողքին կատարած է նաեւ ուսումնասիրութիւններ, ուսումնասիրելու Լեւոն Երամեանի, Օրի Բունիաթեանի, Յովսէփ Ոսկանեանի, Ալեքսանդր Յովհաննիսեանի եւ Աստղիկ Երամեանի կեանքերը, որոնք որպէս առանձին աշխատութիւններ տպագրուած են թատերագիրի կողմէ:

Բարսեղեան եղած է Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ 1937 թուականին:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2021