ԻՐԱՒԱԲԱՆԱԿԱՆ ՀԱՐՑԵՐ -Բ-

Եկեղեցական իրաւունքը, կամ իրաւագիտութիւնը այդ խնդիրները մշակելու համար կրնայ գործածել եւ գործադրել զանազան միջոցներ, որոնք կը գործածուին եւս միւս գիտութիւններու մշակման մէջ։

Առաջին միջոցն է «տեսական» կամ «փիլիսոփայական» եղանակը՝ որը տարածուած է եւ յառաջացած գլխաւորապէս Գերմանիայի մէջ «բանապաշտ» (=rationaliste, բանապաշտութիւն=rationalisme) փիլիսոփաներու՝ Քանթի, Հեկելի, եւ ուրիշներու շնորհիւ։ Այդ եղանակը իր մշակման յենակէտ կ՚ընդունի ո՛չ եկեղեցական պատմական եւ ժամանակակից կեանքը, այլ՝ եկեղեցւոյ նպատակի եւ յատկութիւններու հիմնական գաղափարները…։

Եկեղեցական իրաւագիտութիւնը իր զանազան հարցերը մշակելու համար զանազան միջոցներ կը գործադրէ։

Այս միջոցներէն առաջինն է իմաստասիրական կամ տեսական եղանակը՝ որ մշակած են ընդհանրապէս Գերմանիոյ «բանապաշտ»՝ «rationaliste» փիլիսոփաներ։ Ինչպէս մեր նախորդ գրութեան մէջ անդրադարձած էինք, այս եղանակը իր մշակման յենակէտ ընդունած է ո՛չ եկեղեցիի պատմական եւ ժամանակակից կեանքը, այլ եկեղեցիի նպատակին եւ յատկութիւններուն հիմնական գաղափարները։ Այս եղանակը, եթէ չզարգանայ միակողմանի կերպով, եկեղեցիի դրական իրաւունքը եւ գործնական կեանքը մէկ կողմ թողելով կը կազմէ գաղափարի վրայ յենուած, մտածողական օրէնքներու վրայ հիմնուած եկեղեցին կառավարելու կանոններ եւ «բարոյական չափեր», որոնց ստորադրել կու տայ բոլոր եկեղեցական կեանքը իր երեւոյթներով։ Այն ժամանակ այդ եղանակը կը դառնայ անկայուն, վերացական, կեանքէ հեռու եւ բոլորովին ներանձնական եւ անհաստատ։

Մշակման երկրորդ եղանակը՝ «համեմատական եղանակ»ն է. մի քանի եկեղեցիներու զուգընթաց ուսումնասիրութիւնը կամ եկեղեցիի մը որոշ խնդիրներու եւ հարցերու միւս եկեղեցիներու նոյն խնդիրներուն զուգակշիռ մշակումը։

Այս եղանակը այն առաւելութիւնը ունի, որ ճիշդ պարզաբանելով խնդիրներու էութիւնը, եկեղեցիներէն մէկը կամ միւսը եթէ շեղում ցոյց տայ ուղիղ գիծէն եւ կանոնաւոր կերպով կը գնահատէ այդ հաստատութիւններու արժէքը. գիտէ զանազանել վնասակարը եւ օգտակարը՝ ուղիղը եւ շեղածը։ Բայց համեմատական այս եղանակը չի միջամտեր հաստատութիւններու քննութեան, չի մտներ այդ հարցին, եւ նիւթը կը տեսնէ պատրաստ եւ յայտնի դրութեամբ։ Մանրամասնութիւնները չեն հետաքրքրեր այս եղանակը եւ հարցին կը նայի իրապաշտ տեսութեամբ։ Եւ այս իմաստով՝ այս եղանակին տեսողութիւնը մակերեսային է եւ արտաքնապէս դիտուած։ Այս ձեւը կը գործադրուի Գերմանիոյ մէջ ընդհանրապէս կաթոլիկ եւ բողոքական եկեղեցիներու համեմատական պարզաբանութիւնը ընելու ատեն։

Երրորդ՝ «պատմական եղանակ»։ Այս եղանակը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս սկսած է եկեղեցիի իրաւունքը, ի՛նչ շրջաններէ է անցած, ի՛նչ փոփոխութիւններու ենթարկուած եւ այսօր ի՛նչ դրութեան մէջ է՝ պարզելով այժմեայ դրութեան հիմքը։

Պատմական եղանակը օգտակար կ՚ըլլայ գիտութեան տեսակէտէ այն ժամանակ, երբ աստիճանական զարգացման հետեւելով փաստերու դասաւորումը, գործողութիւններու յաջորդական համադրութիւնը կ՚ենթարկուի ղեկավարող գաղափարի մը՝ որը իբրեւ «հիմնական գիծ» կ՚անցնի փաստերու եւ վկայութիւններու սկզբնական ծագումէն մինչեւ վերջնական կէտը։ Եւ այն ժամանակ միայն այդ եղանակը կ՚ունենայ գնահատութեան արժէք։

Չորրորդ եղանակը՝ «գործնական եղանակ»ն է. պատկերացնել եկեղեցիի կեանքը իր բոլոր երեւոյթներով այնպէս, ինչպէս ներկայիս գոյութիւն ունի, գործող օրէնքները համակարգել եւ դասաւորել գործնական եւ դրական նպատակներու հասնելու համար։

Այս եղանակը գիտական չէ, որովհետեւ կ՚առնուի իրաւունքը այն դրութեամբ՝ ի՛նչ դրութեամբ որ կայ այժմ՝ կտրելով եւ անջատելով զայն անցեալէն, չտալով մեզի տեղեկութիւն, թէ ի՛նչ պատմական շրջան ունեցած է ան։ Մինչդեռ, ինչպէս պատեհ առիթներով յաճախ կը կրկնենք, անցեալը պէտք է լա՛ւ գիտնալ, պատմութիւնը պէտք է սորվիլ՝ ներկան հասկնալու, ներկայ իրավիճակը ըմբռնելու համար…։ Այսպիսով, ուրեմն, կը տեսնուի, որ իւրաքանչիւր եղանակ, առանձին ձեռք առնուած, կարող չէ բազմակողմանի կերպով մշակել խնդիրը, լուծում գտնել հարցերուն, այն ինչ ամէն մէկը, իբրեւ ամբողջի մաս առնուած, ունի իր նշանակութիւնը. ուստի այդ բոլոր միջոցները, բոլոր եղանակները միացնել՝ հարցերու մշակման համար շատ աւելի նպատակայարմար կ՚ըլլայ։ Այդ բոլոր եղանակներու միացումը կ՚ըլլայ ամենալաւ եղանակը։

Սոքոլովի կարծիքով՝ այդ միացումը յաջողութեամբ կատարած է Շուլտէ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ իրաւունքի կազմուելով։ Այդ եղանակը ան կ՚անուանէ «պատմափիլիսոփայական եղանակ»։

«Մենք կ՚առնենք», կ՚ըսէ Շուլտէ, «իբրեւ սահմանակէտ պատրաստ իրաւական կանոնադրութիւն, այժմեայ դրութեան մէջ եւ կը փնտռենք անոր սաղմը, անոր արմատը կա՛մ աստուածային օրէնքի մէջ, կա՛մ եկեղեցիի բնաւորութեան մէջ, կա՛մ ազգային որեւէ եկեղեցիի մը մէջ ընդունուած եւ իւրացուցուած համոզմունքի մէջ։ Գտնելով մենք ամուր պիտի պահենք անիկա, հետեւանք անոր պատմական զարգացման բոլոր շրջաններուն՝ միշտ եւ ճիշդ ընդգծելով այն տեղական, ազգային, քաղաքական ազդեցութիւնները՝ որոնց ներգործութեամբ ան աստիճանաբար հասեր է այժմեայ դրութեան՝ ընդունելով ժամանակակից կանոնադրութեան ձեւը։

«Այդ հետեւողական գործողութեամբ իրաւունքը կը պատկերանայ կենդանի կերպով մեր աչքի առջեւ իր կենսական աճման մէջ, իր սեպհական բնաւորութեամբ։

«Անոր հետ պիտի միացնենք նաեւ ուրիշ եղանակ։ Եկեղեցիի իրական կեանքին մէջ պատահող, իրենց բնաւորութեամբ մեզի յայտնի առանձին յարաբերութիւններէ կը քաղենք լոկ անոնց փաստական կեղեւը, կը հանենք անոնց իրաւաբանական բովանդակութիւնը, վերլուծելով կը փնտռենք բարձր հասկացողութիւնները՝ որոնց կը ստորադրուին այդ յարաբերութիւնները, այսպիսի ձեւով կը կարգենք իրաւական ձեւեր եւ կանոնադրութիւններ։

«Այդպիսով, հատուկտոր, պառակտուած իրաւական դրութիւնները կ՚ոչնչանան եւ տեղի կու տան կանոնադրութիւններու, աւելի ընդհանուր հասկացողութիւններու։ Այդ գործողութիւնը կատարելու համար անհրաժեշտ է մշտապէս ի նկատի ունենալ իրաւունքի կապը եկեղեցիին նպատակին հետ դաւանաբանական հիմունքներու նկատմամբ»։

Եկեղեցական իրաւաբանութիւնը կարեւոր հարց մըն է, հաւատալով հասկնալու եւ հասկնալով հաւատալու համար…։

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

- Վերջ

Սեպտեմբեր 28 2022, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 8, 2022