ԳԱՄԱՌ-ՔԱԹԻՊԱՅԻՆ «ՔԱՀԱՆԱՅ»Ն
«Ինչպէս մեր մարմինը բազմաթիւ անդամներ ունի, որոնց պաշտօնը նոյնը չէ սակայն, այնպէս ալ Քրիստոսի միացած ըլլալով՝ մենք բոլորս մէկ մարմին ենք», կ՚ըսէ Պօղոս Առաքեալ, հռոմայեցիներու գրած իր նամակին մէջ. (ՀՌՈՄ. ԺԲ 4-5)։ Անդամներէն ոմանք Աստուծմէ կոչուած են հասարակութեան յատուկ ծառայութեան մը համար՝ Եկեղեցւոյ մէջ եւ Եկեղեցիին միջոցով։ Այս կոչուած ծառայողները ընտրուած են եւ նուիրագործուած Սուրբ Խորհուրդով, որուն միջոցով Սուրբ Հոգին զանոնք ատակ կը դարձնէ գործելու յանձին Քրիսոտսի, որ գլո՜ւխն է ամբողջ մարմնին, այսինքն Եկեղեցիին, ի սպաս անոր բոլոր անդամներուն։ Ուստի ձեռնադրուած պաշտօնատարը կերպով մը «սրբանկա՛ր»ն է Քրիսոտսի Քահանային։
Եւ քանի որ Սուրբ Պատարագի ընթացքին է որ Եկեղեցւոյ սուրբ խորհուրդը լիովին կը բացայայտուի, ուստի Սուրբ Պատարագի մէջ է որ կը յայտնուի քահանային պաշտօնատարութիւնը։
Արդարեւ, ձեռնադրուած պաշտօնատարին եկեղեցային ծառայութեան մէջէն՝ Քրիստո՛սն է որ ներկայ է Իր Եկեղեցւոյ մէջ իբրեւ «Գլուխ»՝ իր Մարմինին, իբրեւ Հովիւ՝ Իր հօտին, Քահանայապետ՝ փրկչագործ զոհին, Վարդապետ՝ ճշմարտութեան։ Քահանան, ուրեմն կը գործէ յանձին Քրիսոտսի, որ է «Գլուխ»ը։
Սուրբ Թովմաս Աքուինացի, մեծ աստ-ւածաբանը կ՚ըսէ. «Յիսուս Քրիստոսի՝ նոյն Քահանային դերը, պաշտօնատար քահանան ճշմարտապէս կը կատարէ։ Քանի որ իր ընդունած քահանայական օծումին պատճառով՝ ան ճշմարտապէ՛ս կը նոյնանայ Գերագոյն Քահանային հետ, ապա ուրեմն իր ներկայացուցած Քրիստոսի զօրութեամբ գործելու իշխանութիւնը կը վայելէ զօրութեամբ եւ յանձին նոյն ինքն Յիսուս Քրիստոսի։ Ուստի Քրիստոս աղբի՛ւրն է ամբողջ քահանայութեան. հին օրէնքին քահանան՝ պատկե՛րն էր Քրիստոսի, իսկ նոր օրէնքին՝ քահանան՝ կը գործէ յանձին Քրիստոսի»։
Իբրեւ «Գլուխ»՝ Քրիստոսի ներկայութիւնը հաւատացեալներու հասարակութեան մէջ տեսանելի կը դառնայ ձեռնադրուած պաշտօնատարութեան եւ յատկապէ՛ս քահանաներուն միջոցով։ Արդարեւ, ըստ Սուրբ Իգնատիոս Անտիոքացիին գեղեցիկ եւ տպաւորիչ արտայայտութեան եպիսկոպոսը կենդանի պատկերն է Հօր Աստուծոյ։ Բայց Քրիստոսի պաշտօնատարին մէջ Քրիստոսի ներկայութիւնը պէտք չէ՛ ըմբռնուի այն ձեւով՝ թէ ասիկա զե՛րծ է մարդկային բոլոր տկարութիւններէն, թերութիւններէն, «տիրապետումի ոգի»էն, սխալմունքէն, նոյնիսկ մեղքէն։ Արդարեւ, Սուրբ Հոգիին Զօրութիւնը միակերպ կերպով, նոյն ձեւով չ՚երաշխաւորեր քահանաներուն բոլոր արարքները։ Մինչդեռ սուրբ խորհուրդներուն մէջ այս երաշխաւորութիւնը տրուած է այնպիսի ձեւով, որ նոյնիսկ քահանային «մեղաւորութիւն»ը չի՛ կրնար խափանել շնորհքին պտուղը, սակայն եւ այնպէս՝ գոյութիւն ունին բազմաթիւ ուրիշ արարքներ, ուր քահանային «մարդկային դրոշմ»ը հետքեր կը թողու, որոնք Աւետարանին հանդէպ հաւատարմութեան նշանը չեն միշտ եւ որոնք հետեւաբար կրնան Եկեղեցւոյ առաքելական բեղմնաւորութեան վնաս հասցնել։ Եւ որեւէ մարզի մէջ, այն որ օգուտէ աւելի վնաս կը պատճառէ՝ բարեկարգութեան պէտք ունի կը նշանակէ։
Եւ այս իսկ պատճառով, այս պահանջքով, եկեղեցական բարենորոգութեան ե՛ւ բարեկարգութեան հարցին մէջ՝ ընդհանուր բաղձանքն է՝ ԱՄԵՆԷՆ ԱՌԱՋ ԻՐ ԴԵՐԻՆ ՈՒ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ԳԻՏԱԿՑՈՒԹԵԱՆԸ ՄԷՋ ԲԱՐՁՐԱՑԱԾ ՏԵՍՆԵԼ ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆԸ։
Այս մտադրութիւններով ե՛ւ մտահոգութիւններով, ուրեմն, մեր շատ սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն ներկայացնել կ՚ուզենք բանաստեղծ Գամառ-Քաթիպայի՝ որ ինքն ալ քահանայի զաւակ է եղած, յուզիչ եւ նոյնքան տպաւորիչ մէկ քերթուածը՝ որով իտէալ պատկեր մը կը ձգէ «քահանայ»ին, ինչպէս որ կ՚ըմբռնէ ինքը անոր պաշտօնը։
Ո՜ւր էր թէ այդ վսեմ ըմբռնումին գիտակցութիւնը եւ զգացումը ունենային մեր բոլոր քահանայ հայրերը՝ իրենց նուիրական եւ սրբազան պաշտօնին վրայ. ո՜ւր էր թէ՝ մանաւանդ՝ կրօնքէն ու ճշմարիտ հաւատքէն հեռացած եւ անոր սփոփանքէն զրկուած ժողովուրդը անդրադառնար իր սխալին վրայ, պաշտելու համար իր սուրբ նախնիներուն կրօնքը եւ յարգելու անոր անձնուէր պաշտօնեան՝ քահանա՛ն…։
Ուրեմն միասնաբար կարդանք Գամառ-Քաթիպայի «ՔԱՀԱՆԱՅ» քերթուածը։
ՔԱՀԱՆԱՅ
Այն ո՛վ է կանգնած ամբիոնի վրայ,
Դողդոջուն ձեռքերն երկինք ամբարձած,
Գըթառատ աչքերն լի արտասունքով,
Բազմութեան ուշքը դէպի նա դարձած.
Որին ամէնը ՀԱՅՐ են անուանում,
Ծանօթ, անծանօթ՝ հաւասար յարգում,
Որի լոկ խօսքը օրէնք է նոցա,
Սրտի գաղտնիքը նորան են յայտնում։
Քահանայ է նա, քաւող մեղքերու,
Միջնորդ Աստուծոյ մարդկան ազգի հետ,
Հովիւ եւ անխոնջ Քրիստոսի հօտին,
Երկնաձիր գանձին նա է արթուն դէտ։
***
Երբ մենք թաթախուած Ադամայ մեղօք
Եկանք այս աշխարհ՝ լրցեալ ցաւերով.
Ո՞վ սրբեց մաքրեց մեր հին մեղքերը,
Ո՞վ մեզ սփոփեց իւր սուրբ խօսքերով.
Կամ՝ երբ ժանտխտած, ընկած մահճումը,
Մըտատանջ, անյոյս մահ էինք խնդրում,
Պանդխտի նման ամենից թողած,
Ո՞վ մեզ առաջին հասաւ օգնութեան.
Կամ՝ երբ մոլորած գառներու նման
Կոյր վազում էինք դէպի խորխորատ՝
Ո՞վ արդեօք այն օր փրկեց մեզ մահից,
Դիւական գըբէն հանեց անարատ.
Կամ՝ երբ մեղսալիր աչքերս բընաւ
Չենք համարձակում երկինք ամբառնալ,
Որի՞ն կանչում ենք միջնորդ հաշտութեան,
Ո՞ւմով յոյս ունինք թողութիւն ստանալ.
Եւ կամ՝ զբաղաց ունայն գործերով,
Մոռցել ենք Աստուած, կըրօն, սուրբ հաւատ,
Ո՞վ է մեր տեղը մեր մեղաց համար
Արտասունք թափում աչքէն յորդառատ։
***
Քահանա՛ն է այն, եւ միշտ քահանան,
Մեր միջնորդ, հովիւ քաջ եւ աղօթիչ.
Որբոց հայր, եղբայր աղքատ մուրացկին,
Արտասուաց սրբող, յանցանաց քաւիչ։
Ե՛կ պատուենք, եղբա՜յրք, այդ սուրբ քահանան,
Սիրենք միշտ նորան մանկական սիրով,
Որ ամբողջ գիշեր իւր որդւոց վերայ
Պատրաստ է հըսկել անքուն աչքերով.
Նա բոլոր կեանքը զոհեց մեզ համար,
Չուզեց փառք, պատիւ, զբօսանք աշխարհի.
Քանց սուրբ քահանան էլ ո՞վ է կարող
Արդեօք մեզ համար լինել հայր բարի։
ԳԱՄԱՌ-ՔԱԹԻՊԱ
- Ծանօթ.- «քանց»=փոխանակ, քան, քան թէ…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 1, 2016, Իսթանպուլ