ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ՕՐԷՆՔԸ
Նոր Օրէնքը կամ Աւետարանական Օրէնքը բնական եւ յայտնեալ Աստուածային Օրէնքին կատարելութիւնն է այս աշխարհիս վրայ։ Ան գո՛րծն է Քրիստոսի եւ կ՚արտայայտուի յատկապէս Լերան Քարոզին մէջ։ Ան նաեւ գործն է Սուրբ Հոգիին եւ Անոր միջոցով կը դառնայ սիրոյ «ներքին օրէ՛նք»։ Առաքեալը կ՚ըսէ. «Իսրայէլի տան հետ պիտի կնքեմ Նոր Ուխտը։ Ես պիտի դնեմ իմ օրէնքներս անոնց մտքին մէջ, զանոնք պիտի դրոշմեմ անոնց սրտին մէջ, պիտի ըլլամ անոնց Աստուածը եւ անոնք պիտի ըլլան Իմ ժողովուրդս» (ԵԲՐ. Ը 8 եւ 10)։
Նոր Օրէնքը Սուրբ Հոգիին շնորհքն է, որ տրուած է հաւատացեալներուն՝ հաւատքովն ի Քրիստոս։ Ան կը գործէ «սիրոյ» միջոցով։ Ան կ՚օգտագործէ Տիրոջ քարոզը՝ ուսուցանելու համար մեզի ի՛նչ որ պէտք է կատարել։ Եւ յաջորդաբար, խորհուրդները՝ հաղորդելու համար մեզի՝ զայն կատարելու շնորհքը։ «Ան որ պիտի ուզէ աստուածպաշտութեամբ եւ զգօնութեամբ խորհրդածել այն քարոզին մասին՝ զոր մեր Տէրը խօսեցաւ լերան վրայ, ինչպէս որ զայն կը կարդանք Մատթէոսի Աւետարանին մէջ, անիկա անտարակոյս հոն պիտի գտնէ քրիստոնեայ կեանքին կատարեալ օրինագիրը։ Այս քարոզը կը բովանդակէ այն բոլոր պատուէրները, որոնք յատուկ են առաջնորդելու քրիստոնեայ կեանքին», կ՚ըսէ Սուրբ Օգոստինոս Աւրելիոս։
Աւետարանական Օրէնքը՝ Նոր Օրէնքը, Հին Օրէնքը «իր լրումին» կը հասցնէ (ՄԱՏԹ. Ե 17-19), կը նրբացնէ, կը գերազանցէ եւ իր կատարելութեան կը հասցնէ։ Արդարեւ, նորը հինը չի ջնջեր, այլ՝ կը կատարելագործէ։
«Երանութիւններ»ուն մէջ, ան կ՚իրագործէ աստուածային խոստումները, բարձրացնելով եւ դասաւորելով զանոնք դէպի «Երկինքի Արքայութիւնը»։ Ան կ՚ուղղուի անոնց, որոնք տրամադիր են հաւատքով ընդունելու այս «Նոր Յոյսը». աղքատները, խոնարհները, համեստները, սգաւորները, մաքուր սրտերը, հալածեալները Քրիստոսի դատին համար, գծելով այսպէս անակնկալ պատճառող Արքայութեան ճանապարհները։
Աւետարանական Օրէնքը Օրէնքին պատուիրանները իրենց լրումին կը հասցնէ։
Տիրոջ քարոզը ո՛չ միայն չի ջնջեր կամ չ՚արժեզրկեր Հին Օրէնքի բարոյական պատուէրները, այլ անոնցմէ կը քաղէ թաքուն ուժեղականութիւնը եւ անոնցմէ կը ժայթքեցնէ նոր պահանջներ. կը յայտնէ անոնց աստուածային եւ մարդկային ամբողջական ճշմարտութիւնը։ Ան չ՚աւելցներ արտաքին նոր պատուէրներ, բայց կ՚երթայ մինչեւ բարեփոխելու արարքներուն արմատը եղող սիրտը, հոն ուր մարդը իր ընտրութիւնը կը կատարէ մաքուրին եւ անմաքուրին միջեւ (ՄԱՏԹ. ԺԵ 18-19), ուր կը ձեւաւորուին հաւատքը, յոյսը եւ սէրը եւ անոնց հետ միատեղ՝ միւս առաքինութիւնները։
Այսպէս Աւետարանը կ՚առաջնորդէ Օրէնքը իր լիութեան, նմանելով երկնաւոր Հօր կատարելութեան (ՄԱՏԹ. Ե 48), ներելով թշնամիները եւ աղօթելով հալածողներուն համար, ըստ օրինակին աստուածային առատաբաշխութիւնը (ՄԱՏԹ. Ե 44)։ Նոր Օրէնքը կը գործադրէ կրօնին արարքները, ողորմութիւնը, աղօթքը եւ ծոմը, ուղղելով զանոնք «Հօր, որ կը տեսնէ ծածուկը», ներհակաբար «մարդոցմէ տեսնուելու» բաղձանքին (ՄԱՏԹ. Զ 1-6, 16-18)։ Իր աղօթքը «Հայր Մեր»ն է (ՄԱՏԹ. Զ 9-13)։
Աւետարանական Օրէնքը կը համառօտուի «ոսկեղէն կանոն»ով. «Ուստի, ինչ որ կ՚ուզէք որ մարդիկ ընեն ձեզի՝ դուք ալ ա՛յնպէս ըրէք անոնց, որովհետեւ այս են Օրէնքն եւ Մարգարէները» (ՄԱՏԹ. Է 12)։ Այս կ՚ենթադրէ համակրական հասկացողութիւնը…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024