ԱՍՏՈՒԱԾԱՅԱՅՏՆՈՒԹԻՒՆ

Հայ Ա­ռա­քե­լա­կան Ե­կե­ղե­ցին կը տօ­նէ մեր Տէր Յի­սուս Քրիս­տո­սի Ծննդեան եւ Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան տօ­նը։ Աս­տու­ծոյ մար­դե­ղու­թեան եւ մար­դու բնու­թիւն ստա­նա­լու հրա­շա­լի՜ ե­ղե­լու­թիւ­նը, ա­մէն տա­րի Յու­նուար 6-ին՝ որ­պէս ան­շարժ տօն։ Յի­սուս Քրիս­տո­սի Ծննդեան պատ­մու­թիւ­նը ծա­նօթ է բո­լո­րիս։ Ման­կու­թեան տա­րի­նե­րէն սկսեալ, գրե­թէ ա­մէն Հայ քրիս­տո­նեայ կը սոր­վի եւ գի­տէ այս դէպ­քին գո­նէ ար­տա­քին ծալ­քե­րը։

Սա­կայն կ՚ու­զենք քիչ մը ա­ւե­լի ըն­դար­ձակ տե­ղե­կու­թիւն­նե­րով ճո­խաց­նել մեր ա­ւան­դա­կան գի­տե­լիք­նե­րը։ Այս մտադ­րու­թեամբ կը դի­մենք Ա­դամ Քա­հա­նայ Մա­կա­րեա­նի «Քրիս­տո­նէու­թեան իս­կու­թիւ­նը. գի­տե­լիք­ներ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րուն» ման­րա­մասն ու­սում­նա­սի­րու­թեան։ Այս­պէ­սով թէ՛ կը վեր­յի­շենք մեր գի­տե­լիք­նե­րը՝ կը նո­րո­գենք զա­նոնք, եւ թէ՛, ին­չու չէ՞, կը ճո­խաց­նենք եւ կ՚ըն­դար­ձա­կենք զա­նոնք…։

Մի քա­նի ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ կա­րե­լի է ա­ւելց­նել մեր գի­տե­լիք­նե­րուն վրայ, որ­պէս­զի ա­ւե­լի եւս ըմբռ­նե­լի ու հասկ­նա­լի ըլ­լայ հրա­շա­լի՜ ի­րա­դար­ձու­թիւ­նը։

Գաբ­րիէլ հրեշ­տակ յայտ­նեց Մա­րիա­մի, Յի­սուս Քրիս­տո­սի Ծննդեան մա­սին, եւ զար­մա­ցած Մա­րիամ հար­ցուց հրեշ­տա­կին. «Ինչ­պէ՞ս կը կա­տա­րուի այդ ին­ծի, քա­նի որ ես տղա­մարդ չեմ ճանչ­ցած»։­

Եւ ա­հա­ւա­սիկ, այս հար­ցու­մին մէջ է պատ­ճա­ռը եւ ի­մաս­տը Մա­րիա­մի ընտ­րու­թեան եւ Ծննդեան խոր­հուր­դին՝ թէ Աստուած ընտ­րած էր Մա­րիա­մը՝ ա­մե­նա­հե­զը եւ ա­մե­նա­խո­նար­հը, ա­մե­նա­ռա­քի­նին եւ Տի­րոջ ա­մե­նա­հա­ւա­տա­րի­մը՝ որ­պէս «Մայր» Աս­տու­ծոյ, որ ա­պա կո­չուե­ցաւ «Աս­տուա­ծա­մայր» կամ «Տի­րա­մայր»։ Թէ՛ ին­չո՞ւ։ Ո­րով­հե­տեւ, հրեշ­տա­կին յայտ­նու­թիւ­նը հպար­տու­թեան ա­ռիթ չսե­պեց Մա­րիամ, կա­տա­րեալ ինք­նա­ճա­նա­չու­թեամբ, պար­զեց ի­րա­կա­նու­թիւ­նը։ Սա հա­մես­տու­թեան ու խո­նար­հու­թեան նշան մը չէ՞։ Սա ա­ռա­քի­նու­թիւն չէ՞…։

Մինչ­դեռ մար­դիկ, ի­րենց ըն­ծա­յուած ա­մէն յարգ ու պա­տիւ կ՚ըն­դու­նին՝ ընդ­հան­րա­պէս ա­ռանց խոր­հե­լու, թէ՝ ար­ժա­նի՞ են կամ ո՛չ այդ պա­տի­ւին։

Շա՜­տեր խո­րա­ման­կու­թիւն, վար­պետ հնարք կը սե­պեն՝ ա­նար­ժան կեր­պով ար­տա­քին ստա­նա­լը։

Շա­տե՜ր նեն­գամ­տօ­րէն եւ նոյ­նիսկ խար­դա­խու­թեամբ եւ խա­բէու­թեամբ տի­րա­նալ կը փոր­ձեն այն պա­տիւ­նե­րուն, դիրք ու աս­տի­ճան­նե­րուն, ո­րուն եր­բեք ար­ժա­նի չեն, եւ մա­նա­ւանդ, ի­րենք ալ գի­տեն ա­սի­կա եւ դար­ձեալ կը ձգտին բարձր դիր­քե­րու ու աս­տի­ճան­նե­րու՝ ա­նի­րաւ ու ա­նար­դար ճամ­բա­նե­րու դի­մե­լով։

Կեան­քի ընդ­հա­նուր փոր­ձա­ռու­թեան մէջ, եւ պատ­մու­թեան վկա­յու­թիւն­նե­րը դի­տե­լով կը տես­նուի, թէ այս «ա­նի­րա­ւու­թեան» ու «ա­նար­դա­րու­թեան» օ­րի­նակ­նե­րը շա՜տ են թէ՛ ան­ցեա­լի, թէ՛ ներ­կա­յի ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին, եւ թէ եր­բեք ան­պա­կաս պի­տի չըլ­լան ա­պա­գա­յի ըն­կե­րա­յին կեան­քի մէջ։ Խո­նար­հու­թիւ­նը եւ հե­զու­թիւ­նը միշտ բա­ցա­ռու­թիւն հա­մա­րուած է, ե՛ւ ա­ռա­քի­նու­թիւն, գո­վես­տի ար­ժա­նի, գնա­հա­տե­լի. մինչ­դեռ մար­դուս բնա­կան ու հա­րա­զատ վար­մուն­քը, վա­րուե­լա­կեր­պը պէտք է ըլ­լայ խո­նարհ ու հեզ կե­ցուած­քը։

Եւ ա­հա­ւա­սի՛կ, Ս. Ծննդեան «խո­նար­հու­թեան» դա­սը կը սկսի Մա­րիա­մէն՝ որ հրեշ­տա­կին յայ­տա­րա­րու­թե­նէն ան­մի­ջա­պէս չի հպար­տա­նար, այլ՝ խո­նար­հա­բար կը յայտ­նէ իր ա­նար­ժա­նու­թիւ­նը։

Ուս­տի Մա­րիա­մին՝ Սուրբ Կոյ­սին այս ըն­թաց­քը ո՛չ թէ թեր­հա­ւա­տու­թեան հե­տե­ւանք էր, այլ՝ ինք­նա­ճա­նա­չու­թեան, ճշմար­տու­թիւ­նը ի­մա­նա­լու եւ ի­րա­տես ըլ­լա­լու ա­պա­ցոյց մը, նշա՛ն մը։ Ուս­տի Մա­րիամ, հրեշ­տա­կի բա­ցատ­րու­թիւ­նը լսե­լէ յե­տոյ, հա­ւա­տար­մու­թեամբ եւ հաս­տա­տա­միտ կ՚ը­սէ.

«Ա­հա­ւա­սի՛կ Աս­տու­ծոյ ա­ղա­խինն եմ, թող քու ը­սածդ ըլ­լայ» (ՂՈՒԿ. Ա 38)։­

Այ­սօր կա­րե­լի է հան­դի­պիլ մար­դոց, դժբախ­տա­բար, ո­րոնք թե­րա­հա­ւա­տու­թեամբ, եւ ցա­ւա­լի՜ է, եր­բեմն ալ ծաղ­րան­քով կը մօ­տե­նան այս ճշմար­տու­թեան, եւ նեն­գամ­տօ­րէն կը հարց­նեն.

«Ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է որ կոյ­սը որ­դի ու­նե­նայ»։

­Մարդ­կա­յին սահ­մա­նա­փակ եւ նեղ մտա­ծո­ղու­թեամբ, կարգ մը ե­րե­ւոյթ­ներ ան­կա­րե­լի կ՚ե­րե­ւին մարդ էա­կին։ Մինչ­դեռ խոր­հուրդ­նե­րը հասկ­նալ կա­րե­լի է մտա­պէս խո­րը թա­փան­ցե­լով, վեր բարձ­րա­նա­լով եւ լայն ու ծա­ւա­լուն մտա­ծե­լով, ինչ որ հմտու­թիւն եւ զօ­րա­ւոր հա­ւատք կը պա­հան­ջէ։

Մարդ կրնայ բնու­թեան կարգ մը ե­րե­ւոյթ­նե­րուն ի­մաս­տը չհասկ­նալ, չկա­րե­նալ ըմբռ­նել, բայց այս՝ այդ ճշմար­տու­թեան ան­գոյ, ա­նի­րա­կան ըլ­լա­լուն մէկ փաս­տը, ա­պա­ցոյ­ցը չի՛ կրնար ըլ­լալ, քա­նի որ ո­րե­ւէ ճշմար­տու­թիւն իր ճշմար­տու­թիւ­նը եւ գո­յու­թիւ­նը մար­դուս չի՛ պար­տիր, ար­տա­քին մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րէ՝ հաս­տա­տում կամ ու­րա­ցում­նե­րէ կա­խում չ՚ու­նե­նար, այլ՝ ի՛նքն իր մէջ կայ՝ ճշմար­տու­թիւն կամ ստու­թիւն, խա­բէու­թի՛ւն, եւ չի՛ փո­խուիր ըստ մար­դուս գնա­հա­տու­թեան, ար­ժե­ւո­րու­թեան կամ ո­րա­կա­ւո­րու­թեան։

Ար­դա­րեւ Աս­տուած միշտ մարդս նա­խա­պատ­րաս­տած է այս­պի­սի մեծ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րու եւ հրաշք­նե­րու՝ որ­պէս­զի երբ ա­նոնք տե­ղի ու­նե­նան եւ ի­րա­կա­նա­նան, չգայ­թակ­ղին եւ չտա­րա­կու­սին։

Շա՜տ դէպ­քեր, որ կա­տա­րուած է Հին Կտա­կա­րա­նին մէջ, նա­խօ­րի­նա­կը եւ ստուերն էին այն մեծ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն՝ ո­րոնք պի­տի կա­տա­րուէին Նոր Կտա­կա­րա­նի մէջ։ Աշ­խար­հի ստեղծ­ման ժա­մա­նակ ա­ռանց սեր­մի, ա­ռանց հուն­տի եւ աշ­խա­տան­քի, միա՛յն Աս­տու­ծոյ խօս­քով երկ­րի վրայ բոյ­սեր ա­ճե­ցուց եւ եր­կի­րը պտղա­բե­րեց (ԾՆՆԴ. Ա 11)։ Ճիշդ նոյն կեր­պով ալ՝ Քրիս­տո­սի ծնունդն ալ կա­տա­րուե­ցաւ ա­ռանց մարդ­կա­յին սեր­մի, միա՛յն Աս­տու­ծոյ զօ­րու­թեամբ կոյ­սը յղիա­ցաւ եւ Որ­դին ծնաւ։

Ո­րոշ ե­կե­ղե­ցի­ներ Քրիս­տո­սի Ծնուն­դը կը տօ­նեն Դեկ­տեմ­բեր 25-ին։ Թուա­կան­նե­րու տար­բե­րու­թեան պատ­ճա­ռը այն է, որ նա­խա­պէս Սուրբ Ծննդեան եւ Մկրտու­թեան տօ­նե­րը միա­սին կը տօ­նուէին՝ Յու­նուար 6-ին, բայց յե­տոյ այս փո­խուե­ցաւ՝ Բեթ­ղե­հէմ քա­ղա­քի եւ Յոր­դա­նա­նի ի­րար­մէ հե­ռու ըլ­լա­լուն պատ­ճա­ռով։ Յու­նուար 6-ին մար­դիկ ուխ­տի կ՚եր­թա­յին Քրիս­տո­սի ծննդեան եւ մկրտու­թեան վայ­րե­րը, սա­կայն շա­տեր ի վի­ճա­կի չէին ըլ­լար ի­րենց ուխ­տը կա­տա­րե­լու՝ նոյն օ­րը եր­կու վայ­րերն ալ այ­ցե­լել չկա­րո­ղա­նա­լով։ Ա­սոր հա­մար ե­րու­սա­ղէ­մա­ցի­ներ Ծննդեան տօ­նը փո­խե­ցին Դեկ­տեմ­բեր 25-ի։

Նաեւ հե­թա­նո­սա­կան ժա­մա­նակ­նե­րու մէջ ա­րե­ւին նուի­րուած տօն կար Դեկ­տեմ­բեր 25-ին, եւ մար­դիկ այդ օ­րը, ըստ հաս­տա­տուած սո­վո­րու­թեան, տօ­նախմ­բու­թիւն կ՚ը­նէին։ Եւ հե­թա­նո­սա­կան այդ տօ­նը՝ քրիս­տո­նէա­կա­նով փո­խա­րի­նե­լու հա­մար Սուրբ Ծննդեան տօ­նը տե­ղա­փո­խուե­ցաւ Դեկ­տեմ­բեր 25-ի։ Իսկ Հայ քրիս­տո­նեա­ներ, պա­հե­ցին ա­ւան­դա­կա­նը՝ շա­րու­նա­կե­լով Փրկչի Ծննդեան եւ Աս­տուա­ծա­յայտ­նու­թեան տօ­նե­րը տօ­նել ճշգրիտ օ­րը, այ­սինքն Յու­նուար 6-ին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկ­տեմ­բեր 29, 2015, Իս­թան­պուլ

 

 

Շաբաթ, Յունուար 9, 2016