ԿՐԹԵԼ Ե՛Ւ ՈՒՍՈՒՑԱՆԵԼ

«Կատարեալ մարդ» հասցնելու համար պէտք է զայն դաստիարակել եւ կրթել։ Արդարեւ «դաստիարակել» կը նշանակէ՝ ուսում տալ, կեանքը դիւրատար դարձնելու համար անհրաժեշտ տեղեկութիւններ տալ, կեանքը արդիւնաւոր դարձնելու ճամբաները ցոյց տալ, կեանքի վարժեցնել։ Իսկ «կրթութիւն» կը նշանակէ՝ կեանքը լաւ գործածելու, ուրիշներու հետ լաւ յարաբերութիւններ մշակելու արուեստը սորվեցնել, որ է՝ բարեկրթութիւն, քաղաքավարութիւն եւ կենցաղագիտութիւն։ Այլապէս, եթէ դաստիարակութիւնը միտքը կը զարգացնէ, կրթութիւնն ալ հոգին կ՚ազնը-ւացնէ, բարոյապէս զարգացման, կատարելութեան ճամբաները ցոյց կու տայ։ Դաստիարակել՝ ուսուցանելու իմաստով…։

Բայց ընդհանրապէս «դաստիարակութիւն» եւ «կրթութիւն» իրար կը շփոթուի։ Անոնք թէեւ տարբեր մարզերու կը ծառայեն, բայց իրար կը լրացնեն, իրար կ՚ամբողջացնեն եւ «կատարեալ մարդ»ը կը հասցնեն։

Այս իմաստով, մանուկները պէտք է դաստիարակել ե՛ւ կրթել, որպէսզի ապագայի կատարեալ՝ զօրաւոր նկարագրի տէր, կրթուած եւ ուսեալ մարդը հասցնենք։

Անշուշտ կարգ մը կանոններ կան լաւ կրթելու եւ դաստիարակելու համար մանուկները։ Թէեւ մանկավարժներու մասնագիտութեան սահմաններուն մէջ է այս կանոններու ուսումնասիրութիւնը եւ ներկայացումը, բայց որպէս ընդհանուր գիտելիք կարելի է մատնանիշ ընել այդ կանոնները, առանց միջամտելու մանկավարժներու մասնագիտութեան սահմաններուն։

Զոր օրինակ, բարկութեան նոպայի մը ընթացքին երբեք պէտք չէ սպառնալիք մը ընել տղուն, եւ ոչ ալ անկարելի, անիրականալի խոստումներ տալ՝ երբ ուրախ տրամադրութեան մէջ կը գտնուի ծնողքը։ Արդարեւ, փոքրիկ տղու մը համար ծնողներուն խօսքը ամէն ինչ կը ներկայացնէ։ Եւ մանուկ մը որ իր ծնողներուն վրայ ունեցած վստահութիւնը կը կորսնցնէ, դժուարութիւն պիտի ունենայ ուրիշ բաներու վստահելու։

Ուրիշ հարց մը եւս ահաւասիկ. մանուկը մակերեսային սիրոյ ցուցադրութիւններով «խեղդել»։

Ամենէն անկեղծ, անարատ եւ առողջ սէրը ինքզինք կ՚արտայայտէ ամէնօրեայ վարժութիւններով, պարզ եւ չափաւոր արտայայտութիւններով։

Եւ իրական՝ անկեղծ սէրն է որ վստահութիւն կը ներշնչէ եւ նաեւ՝ անկախութի՛ւն։

Մանուկներու անձնականութիւնը կազմուելու ատեն անկախութիւնը զգալ, անհատ մը ըլլալու իրականութեան անդրադառնալ կը սկսի վստահութեան զգացումով։

Պէտք է գիտցուի, եւ յաճախ պէտք է յիշուի, որ մանուկները «պարգեւ» մը, «շնորհ» մըն են ծնողներուն՝ Աստուծմէ տրուած։ Թերեւս օրհնութիւններու նուազագոյնը։ Ուստի պէտք չէ զայն ոեւէ մէկուն պատկերին թրծելու աշխատիլ։ Իւրաքանչիւր մանուկ, իւրաքանչիւր զաւակ «անհա՛տ» մըն է եւ պէտք է արտօնուի իր անհատականութիւնը պահել։ Անոր անհատականութիւնը կաշկանդել, անկախութիւնը խափանել՝ ապագան խորտակել կը նշանակէ եւ «ախտաւոր» սերունդներ հասցնել։

Ուստի մանուկը պէտք է սորվի, թէ ամէն ծանր աշխատութիւն պատուաւոր է։ Պէտք է արտօնել որ օգտակար, արդիւնաւոր կեանք մը վարէ ան։ Հաճոյամոլութեան, ամլութեան եւ թուլութեան կեանքին անիմաստ եւ աննպատակ ըլլալը պէտք է գիտցուի մանուկներուն, որպէսզի անոնք ապագայի աշխատասէր անհատները ըլլան։

Բայց աշխատասիրութիւնն ալ պէտք է չափաւոր ըլլայ եւ զանազանուի աշխատամոլութենէն, քանի որ մարդ ունի նաեւ հոգեւոր-բարոյական կեանք մը՝ որուն պէտք է անդրադառնայ մանուկը իր փոքր հասակէն սկսեալ։

Մանուկներն ալ ներաշխարհ մը ունին, կրնան ուրախանալ կամ տրտմիլ։ Ուստի պէտք չէ՛ ջանալ մանուկը պաշտպանել իւրաքանչիւր փոքր ձախողութեան եւ անոր ստեղծած յուսախաբութեան դէմ։ Ձախողութիւնն ալ բնական պէտք է համարէ մանուկը՝ որքան յաջողութիւնը։

Հաստատուն եւ զօրաւոր նկարագիր մը կը շինուի արգելքներու դէմ պայքարելով, քաջ ըլլալով։ Ձախողութիւնը մարդս կարեկից կը դարձնէ։

Պէտք չէ մանուկին ամէն ուզածը ամէն ատեն տալ։ Բարի ծնողքը այն չէ որ զաւկին ամէն ուզածը անվերապահօրէն կը կատարէ։

Նաեւ պէտք է թոյլ տալ, որ մանուկը իր ուզածը իր իսկ ջանքերով, իր անձնական կարողութեամբ շահելու հաճոյքը վայելէ։ Մանուկին ամէն ուզածը տալ՝ ծոյլ եւ հաճոյամոլ կը դարձնէ զայն, ինչ որ կը տուժէ ամբողջ կեանքին մէջ։

Շատ կարեւոր հարց մըն է տղուն ներկայացնել անձ մը որպէս չափանիշ կատարելութեան։ «Տիպար» ըլլալ որոշ ստուգանիշներ ունի եւ ամէն անձ չի կրնար «տիպար» ըլլալ։ Ուստի սխա՛լ է ծնողքին իրենց անձը ներկայացնել որպէս չափանիշ կատարելութեան, եւ «տիպար» ցոյց տալ իրենք զիրենք, քանի որ ամէն մարդ ունի թերութիւններ եւ տկարութիւններ, որոնց երբ անդրադառնայ մանուկը, յուսախաբ կ՚ըլլայ…։ Ուստի, ծնողի մը իր զաւկին հետ առողջ յարաբերութիւն մշակելը շա՜տ աւելի դիւրին պիտի ըլլայ, եթէ տղան գիտնայ, թէ հայրիկն ու մայրիկն ալ երբեմն կրնան սխալիլ, քանի որ անոնք ալ ի վերջոյ «մա՛րդ» են։ Պէտք է նկատի ունենալ որ փոքրիկ մը թէ՛ հօր եւ թէ մօր պէտք ունի՝ այնպէս որ որպէս ծնողք միացեալ ճակատ կը ներկայացնեն։ Ուստի պէտք չէ երբեք զաւկին հետ համաձայնելով հակառակիլ ամուսնոյն դէմ՝ մայրը հօր դէմ, կամ հայրը մօր դէմ։ Այս կրնայ մանուկին մէջ յուզային բարդոյթներ ստեղծել։

Փոքրիկը պէտք է կարգապահութեան վարժեցնել հաստատամտութեամբ եւ տրամաբանութեամբ։ Ան երբ գիտէ, թէ իր ծնողը անաչառ է, արդարադատ եւ իրաւացի, անոր հանդէպ իր ունեցած սէրը եւ յարգանքը եւ վստահութիւնը երբեք չի կորսնցներ։ Հոգեբաններ եւ մանկավարժներ կ՚ըսեն՝ թէ մինչեւ իսկ ամենէն փոքրիկ երեխան «արդարութեան» գաղափարի զօրաւոր զգացումներ ունի։

Պէտք է փոքրիկներուն սորվեցնել, որ կա՛յ նաեւ հոգեւոր աշխարհ մը, ուստի ան պէտք է սիրէ Աստուած՝ իր Արարիչը եւ Նախախնամը, ինչպէս նաեւ պէտք է սիրէ մարդիկը։ Այս իմաստով ծնողներ իրենց զաւակները պէտք չէ՛ ղրկեն եկեղեցի, այլ իրենք պէ՛տք է տանին, որպէսզի ան ներշնչուի խորունկ եւ մնայուն հաւատքով Աստուծոյ հանդէպ եւ այդ հաստատ հաւատքը զօրութիւն մը պիտի ըլլայ եւ լո՛յս՝ երբ կեանքի ուղիին մէջ յառաջանայ մանուկը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Դեկետմբեր 18, 2018, Իսթանպուլ

Չորեքշաբթի, Յունուար 9, 2019