ԱՆՁՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ
Անձնասիրութիւնը երկու տեսանկիւններէ դիտելով կարելի է երկու տարբեր նշանակութիւններով բացատրել՝ որոնք ըստ երեւոյթի հակասական կը թուին։ Անձը երբ մարդկային էութեան ամբողջութիւնն է՝ մարմին, հոգի եւ միտք, զայն պահպանել, հոգալ, խնամել, զարգացնել մարդուն պարտքն է եւ պարտականութիւնը։ Եւ անձը պահպանելու համար ալ պէտք է զայն սիրե՛լ։ Անձը արդարեւ արժէք մըն է եւ բնականաբար պէտք է պահպանել այդ արժէքը։ Եւ այս իմաստով «անձնասիրութիւն»ը բնական է եւ պարտադրակա՛ն։ Անձը պէտք է սիրէ ինքզինք, որպէսզի մարմնապէս առողջ, հոգեպէս ազնիւ եւ մտապէս զարգացած ըլլայ, ինչ որ ի վերջոյ պիտի ծառայէ եւ օգնէ հասարակաց բարիքին, քանի որ իւրաքանչիւր անձ հաւաքականութեան բնական մէկ տարրը, անդա՛մն է։
Անձնասիրութիւնը իր մէջ նպաստաւոր է եւ օգտական։
Բայց ինչպէս ամէն մարզի մէջ, անձնասիրութեան պարագային ալ չափազանցութիւնը ո՛չ թէ օգուտ այլ վնաս կը բերէ։ Անձնասիրութիւնն ալ եթէ չափազանցուի, իր ներքին սահմաններէն դուրս գայ եւ ուրիշները ատելու, ուրիշները ստորագնահատելու չափին հասնի, ահաւասիկ այն ատեն վնասակար զգացում մը կը դառնայ։ Ուրեմն «անձնասիրութիւն» երբ կ՚ըսենք, զայն պէտք է դիտեն նախ ներքնապէս, յետոյ՝ արտաքնապէս։
Ընդհանրապէս սէրը պէտք չէ ատելութեան վերածուի. զոր օրինակ, մէկը սիրել՝ ուրիշ մէկը ատել պէտք չէ նշանակէ։ Մարդ երբ իր անձը կը սիրէ, ասիկա պէտք չէ՛ ուրիշները ատելու պատճառ հանդիսանայ, եւ ճիշդ այդ պարագային է, որ «անձնասիրութիւն»ը վատ զգացումի մը կը վերածուի. թէ ոչ՝ անձնասիրութիւնը ինքնին վատ եւ վնասակար զգացում մը չէ, երբ իր սահմաններուն մէջ մնայ, իր չափը եւ կշիռը պահէ։ Եւ այդ պատճառով է, որ ըսուած է, թէ պէտք է ընկերը սիրել իր անձին պէս։ Եւ ուրեմն իր անձը սիրել բնական է, պայմանով որ ուրիշն ալ նոյնպէս սիրէ մարդ։ Արդէն երբ սիրոյ մասին է խօսքը, այնտեղ կարելի չէ վնասակար, չար բանի մը մասին խորհիլ. հոն ուր սէր կայ, հոն բարիք կայ, որովհետեւ Աստուած սէր է եւ բարի՛։
Արդարեւ երբ Սուրբ Գիրքը ամբողջութեամբ ուշադրութիւն դարձնելով ուսումնասիրենք, հոն պիտի տեսնենք, որ իւրաքանչիւր մարգարէ իր տեսիլներովը, իր նախատեսութիւններով եւ հեռատեսութեամբ իր ժամանակակիցներուն ցասմունքը, ատելութիւնը եւ թշնամանքը իր վրայ հրաւիրած է, որովհետեւ անոնց «նուիրագործեալ» բարքերուն, սովորութիւններուն, աւանդութիւններուն, գաղափարներուն, համոզումներուն հակառակած է։
Անձնասիրութիւնը, ինչպէս նախապէս նկատեցինք, արտաքնապէս եթէ ատելութեան է վերածուած, այդ իմաստով մարգարէին հետ երբեք չի կրնար հաշտուիլ, չի կրնար համաձայնիլ։
Անձնասէրը երբ անձնասիրութեան սահմանը անցնի, ուրիշներու նկատմամբ ատելութեան զգացումով լեցուի, կ՚ըսէ. «ինձմէ վերջ ջրհեղեղ»։ Իսկ մարդասէրը կ՚ըսէ. «ջրհեղեղի բուն ատենը արդէն հասած է, երբ մարդիկ այնքան անձնասէր են որ ի՛նչ որ իրենց անմիջական շահուն նպաստաւոր է, ուղիղ կամ ծուռ, կը նուիրագործեն, առանց փոյթ ունենալու անոնց ապագայ հետեւանքներուն համար»։ Միայն ինքզինք սիրող, ուրիշը ատող անձնասէրը ինքնամոլ եւ ինքնակեդրոն է եւ ուրիշը ո՛չինչ կը համարէ. իսկ մարդասէրը ուրիշը կը տեսնէ իր անձին պէս եւ այդպէս կը սիրէ զայն…։
Ուստի մարգարէն «ջրհեղեղ»ը կը հանէ, կը թափէ անոնց գլխուն վրայ, որոնք արժանի են, որոնք անձնասիրութեան սահմանը անցած եւ անձնասիրութիւնը ուրիշները ատելու միջոց ըրած են։ Եւ սակայն անոնք կ՚ուզեն խուսափիլ «ջրհեղեղ»էն եւ, եթէ կարելի ըլլայ խուսափիլ, «ջրհեղեղ»ը դարձեալ կը թափի անոնց յաջորդ սերունդներուն գլխուն։
Այս պատճառով, այն որ կը խորհի իր յաջորդ սերունդներու բարիքը, պէտք է խուսափի չափազանցուած անձնասիրութենէ եւ զայն չվերածէ ուրիշներու ատելութեան։ Անձնասիրութիւնը պէտք է պահէ իր անձին մէջ, միայն իր անձին սիրով չբաւականանայ, այլ սիրէ նո՛յնպէս նաեւ ուրիշները՝ իր նմանները, այսինքն ըլլայ «մարդասէ՛ր»։
Մարգարէն կը պատուիրէ. «Դո՛ւք զոհեցէ՛ք, որպէսզի ապագան փրկէք, ապագան ապահովէք»։
Եւ ո՜րքան ծանր է այս պահանջքը։
Որո՞ւն գործին կու գայ, ո՞վ կ՚ուզէ զոհել, ո՞վ կ՚ուզէ իրմէ բան մը տալ, իրմէ պակսեցնել եւ ուրիշին տալ, ուրիշինը աւելցնել։ Ահաւասիկ այս կէտին «անձնասէր» է մարդ, քանի որ անձնասիրութեամբ իրեն թէեւ օգուտ կ՚ապահովէ, բայց այդ օգուտը ի գին ուրիշին վնասին է, որ կ՚անտեսէ, նկատի չ՚առներ, հոգ չի տանիր այդ մասին։
Բայց, սիրելի՜ներ, փրկութեան գինը ա՛յս է.- զոհողութիւն. ինչպէս անհատին համար, նաեւ՝ ապագայ եւ ներկայ սերունդին համար, հաւաքականապէս։ Տարակոյս կա՞յ. զոհողութեամբ է, որ պիտի յառաջդիմենք։ Բայց զոհողութեան համար մարդ պէտք է նախ սիրէ՛…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Դեկտեմբեր 29, 2019, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/27/2024
- 11/27/2024