ԱՇԽԱՐՀԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ - Ա -

«Ժո­ղո­վուր­դէն մէ­կը Յի­սու­սի ը­սաւ.- Վար­դա­պե՛տ, ը­սէ՛ եղ­բօրս որ մեր հօր ձգած ժա­ռան­գու­թե­նէն իմ բա­ժինս տայ ին­ծի։

«Յի­սուս պա­տաս­խա­նեց.- Ո՛վ մարդ, ո՞վ զիս դա­տա­ւոր կամ ի­րա­ւուն­քի բա­ժա­նա­րար կար­գեց ձեր վրայ։

«Ա­պա դառ­նա­լով ժո­ղո­վուր­դին, շա­րու­նա­կեց.- Նա­յե­ցէ՛ք եւ զգու­շա­ցէ՛ք ա­գա­հու­թեան բո­լոր տե­սակ­նե­րէն, ո­րով­հե­տեւ մար­դու մը կեան­քը կա­խեալ չէ՛ իր ամ­բա­րած հարս­տու­թե­նէն» (ՂՈՒԿ. ԺԲ 13-15)։

«Աշ­խար­հա­սէր» կը կո­չուի այն մար­դը՝ որ աշ­խար­հը, աշ­խար­հա­յի­նը կը սի­րէ եւ ար­ժէք չ՚ըն­ծա­յեր ո­րե­ւէ բա­րո­յա­կան էու­թեան եւ ի­րո­ղու­թեան։ Այդ­պի­սի­ներ, բա­րո­յա­կան ա­մէն ար­ժէք կը շա­հա­գոր­ծեն, որ­պէս­զի պա­հեն այն բո­լո­րը՝ որ կը պատ­կա­նի աշ­խար­հի։ Ա­նոնք կը հե­տաքրք­րէ միա՛յն նիւ­թա­կա­նը՝ շօ­շա­փե­լին եւ տե­սա­նե­լին՝ այն որ դրա­կան է, զգա­լի եւ ստո՛յգ։ Ա­նոնց հա­մար կա­րե­ւո­րու­թիւն ու­նի միա՛յն այն՝ որ շահ կ՚ա­պա­հո­վէ, այն՝ որ կ՚ա­ւելց­նէ ի­րենց ստա­ցուած­քը, այն՝ որ ի­րենց սե­փա­կա­նու­թեան կը պատ­կա­նի։ Եւ ա­նոնք չեն վա­րա­նիր, ե­թէ հար­կադ­րուին, օգ­տա­գոր­ծել բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րը՝ ո­րոնք նա­խա­պէս ան­տե­սած էին եւ ու­րա­ցած ա­նոնց էու­թիւ­նը ի­րենց կեան­քին մէջ։ Բայց բա­րո­յա­կա­նը նո՛յն­քան կա­րե­ւոր է եւ էա­կան, որ­քան նիւ­թա­կա­նը, աշ­խար­հա­յի­նը։ Կեան­քը կա­րե­նալ ապ­րե­լու հա­մար պէտք է ներ­դաշ­նա­կել այդ եր­կու ար­ժէք­նե­րը։ Եւ մա­նա­ւանդ, պէտք է որ հո­գե­ւո­րը եւ աշ­խար­հա­յի­նը հա­մե­մա­տա­բար եւ ներ­դաշ­նակ կեր­պով ներ­գոր­ծէ կեան­քին։ Նաեւ պէտք չէ որ այդ եր­կու­քը խառ­նուի՝ ի­րա­րու մէջ անց­նուի եւ մէ­կը միւ­սին նա­խա­դա­սուի, կամ գե­րա­զան­ցուի՝ մէ­կը եւ միւ­սը ի­րա­րու են­թար­կուի։ Ուս­տի բա­րո­յա­կա­նը եւ աշ­խար­հա­յի­նը՝ նիւ­թա­կա­նը ի­րար­մէ ան­կախ ըլ­լա­լու է։

Եւ, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, ա­հա­ւա­սիկ պատ­մու­թիւն մը՝ ուր ցոյց կը տրուի, թէ մար­դիկ եւ մա­նա­ւանդ ե­րի­տա­սարդ­ներ ո՛ր­քա­նով կա­պուած են նիւ­թին, աշ­խար­հա­յի­նին, ժա­մա­նա­կա­ւո­րին եւ ան­ցո­ղի­կին։

Ար­դա­րեւ ո՞րն է կա­րե­ւո­րը մար­դուս հա­մար. հո­գե­ւո՞­րը, բա­րո­յա­կա­նը, թէ աշ­խար­հա­յի­նը։

Պատ­մու­թիւ­նը կը ներ­կա­յա­ցուի Սա­մուէլ Սար­կա­ւագ Սա­ֆա­րեա­նի կող­մէ՝ «Թան­կար­ժէք նուէ­րը» խո­րագ­րով։ Կար­դա՛նք ու­րեմն միա­սին։

«Ու­րախ եւ աղմ­կոտ ե­րե­կոյ մըն էր։ Խրախ­ճան­քը ո­գե­ւո­րու­թեամբ կը շա­րու­նա­կուէր։ Շրջա­նա­ւարտ­նե­րը կը տօ­նէին ի­րենց չար­չա­րան­քի ար­դիւն­քը։

«Ա­ւար­տեր էր հա­մալ­սա­րա­նը եւ ա­մէն մէ­կը կը մտա­ծէր, թէ ի՛նչ նուէր պի­տի ստա­նայ։ Ո­մանք կ՚ակն­կա­լէին ինք­նա­շար­ժի բա­նա­լին, ո­մանք՝ շրջա­գա­յու­թեան տոմս, դրա­մագ­լուխ եւ նմա­նա­տիպ այլ նուէր­ներ։

«Կար­ծես թէ տղա­նե­րու մի­ջեւ լուռ մրցակ­ցու­թիւն մը սկսեր էր՝ թէ ո՛վ եւ ի՛նչ տե­սակ նուէր պի­տի ստա­նար։ Ա­նոնց մէ­ջ էր նաեւ Ստե­փա­նը։ Ան տուն եր­թա­լու ճամ­բուն վրայ՝ կը մտա­ծէր, թէ ծնող­նե­րը ի­րեն ի՞նչ նուէր պի­տի տան։ Հնա­րա­ւո՞ր է, որ յան­կարծ ա­նոնք խո­շո՜ր դրա­մագ­լուխ եւ կամ ինք­նա­շարժ մը չդնեն իր տրա­մադ­րու­թեան տակ։ Ի­րեն հա­մար ի­րա­պէս ա­մօթ պի­տի ըլ­լար ըն­կեր­նե­րուն մօտ, ե­թէ այդ չի­րա­կա­նա­նար։ Չէ՞ որ հայ­րը բա­րո­յա­կան եւ քրիս­տո­նէա­կան խրատ­նե­րով ա­նոր բազ­մա­թիւ ան­գամ­ներ հա­ղոր­դած էր զերծ մնալ ա­ւե­լորդ գայ­թակ­ղու­թիւն­նե­րէ եւ բա­ւա­րա­րուիլ ու­նե­ցա­ծով։

«Սա­կայն այդ պա՛հ մըն էր, ան իր ե­րե­ւա­կա­յու­թեամբ վստա՛հ էր, որ ծնող­նե­րը ան­պայ­ման ի­րեն ա­նակն­կալ կը մա­տու­ցա­նեն։ Այս մտա­ծում­նե­րով եւ տրա­մադ­րու­թեամբ, տղան դրան զան­գա­կը հնչե­ցուց, դու­ռը բա­ցուե­ցաւ եւ տուն մտաւ։

«Ստե­փան չէ՛ր սխա­լած։ Ա­նոր ըն­դա­ռաջ ե­կաւ հայ­րը եւ ը­սաւ.- Սի­րե­լի Ստե­փան, սի­րե­լի զա­ւակս սրտանց կը շնոր­հա­ւո­րենք քեզ այս ար­դէն սպա­սուած ու­րախ օ­րուան ա­ռի­թով։ Որ­պէս նուէր ըն­դու­նէ մեզ­մէ այս ծրա­րը։ Բա՛ց եւ ինքդ տես, թէ ի՛նչ կայ ա­նոր մէջ։ Եւ այս ը­սե­լով՝ հայ­րը յանձ­նեց ծրա­րը։

«Յուզ­մուն­քէն դո­ղա­ցող ու սարս­ռա­ցող Ստե­փան, նուէ­րին ծրա­րը ձեռ­քե­րուն մէջ՝ շուռ ու մուռ ե­կաւ, վե­րի­վայր դառ­նալ սկսաւ, եւ յե­տոյ բա­ցաւ…։

«Ծրա­րին մէջ խաչ մը կը փայ­լէր։ Ստե­փա­նին այն­պէս թուե­ցաւ, թէ ծնող­նե­րը ի­րեն հետ կը կա­տա­կեն կամ կը ծաղ­րեն։ Չա­փէն ա­ւե­լի բար­կա­ցած, ան վեր­ցուց խա­չը, սեղ­մեց ա­փին մէջ եւ յե­տոյ վեր­ջին ծայր մո­լեգ­նած, մէկ կողմ նե­տեց զայն։

«Խուլ զնգոց մը՝ թրթռա­ցող ա­ռար­կա­յի հնչիւն մը լսուե­ցաւ, կար­ծես այն կոտ­րուա­ծը գե­տին իյ­նա­լով։ Իսկ Ստե­փա­նը՝ չա՛ր նա­յուած­քով կը նա­յէր իր ծնող­նե­րուն։ Ի՜նչ սպա­սած էր եւ ի՛ն­չով դի­մա­ւո­րուե­ցաւ։

«Խե՜ղճ ու գթա­սիրտ ծնող­նե­րը, շուա­րած կը փոր­ձէին ի­րենց հա­յեացք­նե­րը փախց­նել՝ խու­սա­փե­լու հա­մար ամ­բար­տա­ւան որ­դիին նա­յուածք­նե­րէն։

«Բայց քիչ յե­տոյ ա­նոնք նե­տուե­ցան դէ­պի խա­չը։ Ինք­զինք զսպե­լով, հայ­րը ը­սաւ.- Կը տես­նեմ, թէ ո՜ր­քան եւս իւ­րա­ցու­ցեր ես տա­րի­նե­րու ու­սումդ, ո՛ր­քան կը յար­գես բա­րո­յա­կան ար­ժէք­նե­րը ու սրբու­թիւ­նը՝ ուր նոյ­նիսկ ծա­ծուկ պա­հուած է քու ո­ղոր­մե­լի եր­ջան­կու­թիւ­նը։ Մօ­տե­ցի՛ր եւ տես. խա­չը բա­րե­բախ­տա­բեր չէ կոտ­րած, այն բա­ցուած է, ո­րով­հե­տեւ ան գե­ղե­ցիկ եւ օրհ­նուած տու­փով կը ներ­կա­յաց­նէ այն նուէ­րը՝ որ ինք­նա­շար­ժի բա­նա­լին մէ­ջէն գե­տին գլո­րած է։ Սա­կայն խա­չա­ձեւ տու­փը գե­ղե­ցիկ ըլ­լա­լէ ա­ւե­լի իւ­րա­յա­տուկ է նաեւ այն ի­րո­ղու­թեամբ, որ ին­ծի հա­մար բա­ցա­յայ­տեց որ­դիիս ի­րա­կա՛ն ար­ժա­նի­քը։

«Հայ­րա­կան ան­կեղծ նա­խա­տին­քի ու յան­դի­մա­նու­թեան ա­մէն մէկ հնչիւն ար­ձա­նագ­րուե­ցաւ Ստե­փա­նին հո­գիին վրայ եւ խո­րա­պէս ցնցեց զայն։

«Ստե­փան հե­կե­կա­լով ծուն­կե­րուն վրայ փլաւ։ Ան չէր գի­տեր, թէ նախ նե­րում պէտք էր խնդրե՞ր խա­չը ա­նար­գած ըլ­լա­լուն հա­մար, թէ՝ ծնող­նե­րը վի­րա­ւո­րած ըլ­լա­լուն հա­մար։

«Իսկ դուք, սի­րե­լի­նե՜ր, ի՞նչ է ձեր կար­ծի­քը»։

­Յով­սէփ Ա­ւագ Քա­հա­նայ Յա­կո­բեա­նի կող­մէ մե­զի փո­խան­ցուած այս պատ­մու­թիւ­նը մե­զի կը յի­շեց­նէ այն ե­րի­տա­սարդ­նե­րը՝ ո­րոնք կը ստո­րագ­նա­հա­տեն ի­րենց ծնող­նե­րու՝ ի­րենց հա­մար ը­րած զո­հո­ղու­թիւն­նե­րը, անձ­նուի­րու­թիւն­նե­րը, նիւ­թա­կան եւ բա­րո­յա­կան ըն­ծա­նե­րը, պար­գեւ­նե­րը եւ կը փոր­ձեն ա­ւե­լիին, մի՜շտ ա­ւե­լիին տի­րա­նալ…։

Եւ ա­նոնք չեն խոր­հիր թէ՝ օր մը ի­րենք ալ «ծնող» պի­տի ըլ­լան…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետ­րուար 2, 2016, Իս­թան­պուլ

Երեքշաբթի, Փետրուար 9, 2016