Ո՜ՒՐ ԷԻՆՔ… Ո՜ՒՐ ՀԱՍԱՆՔ…

Մի քանի օրեր առաջ բախտաւորութիւնը ունեցայ աւելի քան երեք ժամ հանդիպելու Պոլսոյ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ միաբանութեան երիտասարդ անդամներէն Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանին։ Հայր Սուրբին հետ խօսեցանք գրեթէ ամէ՛ն բանի մասին, մասնաւորաբար նիւթ ունենալով պոլսահայ կեանքն ու պոլսահայութիւնը յուզող հարցերը:

Հայր Սուրբին հետ տեսակցութեանս եզրակացութիւնը այս եղաւ. ո՜ւր էինք... ո՜ւր հասանք...: Ո՞ւր պիտի հասնինք...:

Զիս հետաքրքրող ամենէն կարեւոր հարցերէն մէկը հետեւեալն էր. Պոլսոյ մէջ հայկական դպրոցներ յաճախող աշակերտները դասերու ընդմիջման ժամերուն բակին մէջ երբ իրար հանդիպին հայերէ՞ն կը խօսին. Պատասխանը մռայլ էր: Դժբախտաբար ազգովի սկսանք անգիտանալ, որ ինքնութեան կարեւորագոյն մէկ մասնիկը լեզուն է. սկսանք մենք մեզ համոզել, որ հիմնականը հայ զգալն է, իսկ հայերէն խօսիլը պարզապէս առաւելութիւն: Դժբախտաբար հասած ենք հո՛ն, որ սկսած ենք զարմանալ երբ մաքուր ու ջինջ կերպով հայերէն խօսող սփիւռքահայ մը տեսնենք, որ բնականէն շա՜տ աւելի սովորական երեւոյթ մը պէտք է որ ըլլար:

Նոյն երեւոյթին ես հանդիպեցայ Յունաստան. զբօսանքի ժամանակ հայերէն խօսող չէ՛ր գտնուեր, որովհետեւ յունարէնը աւելի հարազատ կը զգար նոր սերունդը, քան հայերէնը. անոնք հայերէն չե՛ն մտածեր, այլ յունարէնը եւ կամ թրքերէնը հայերէն թարգմանել կը փորձեն:

Այս բոլորէն աւելի սարսափելին այն է, որ այս բոլորը կամաց կամաց կը սկսին բնական թուիլ մեզի եւ շա՜տ պարզ է, որ այսօր հայերէն չխօսող պատանիի մը ապագայ զաւակը նոյնպէս պիտի չխօսի հայերէն եւ սերունդէ սերունդ այս կորուստը աւելիով պիտի խարսխուի ազգին մէջ եւ տասնամեակներ ետք պիտի ունենաք հայեր, որոնք լո՛կ արմատներով, գուցէ մականունով հայեր են:

Սփիւռքի մէջ կամաց կամաց հայերէն լեզուէն հեռացող գաղութներ միջավայրն ու շրջանակը կը պատճառաբանեն. սակայն հարցը հետեւեալն է. շրջանա՞կը մարդը կը ստեղծէ, թէ մարդը՝ շրջանակը: Կարդացէ՛ք այսօրուան «Հայկական անցեալէն պատմութեան մէջ այսօր»ը. երկիրի մը մէջ ուր այսօր մատի վրայ կը համրուին հայերէն խօսողները՝ Շահան Շահնուր, Վազգէն Շուշանեան, Ենովք Արմէն, Զարեհ Որբունի, Նիկողոս Սարաֆեան եւ բազմաթիւ ուրիշներ մինչեւ կէս դար առաջ գրականութիւնը կը մշակէին, թերթ ու մամուլ կը հրատարակէին։ Միջավայրը նո՛յնն է, մարդիկն են փոխուողը:

Երբեմնի Պոլիսը, ուրկէ սկիզբ առած է արեւմտահայ գրականութեան եւ մամուլի զարթօնքը, այսօր ինչո՞ւ կը հայաթափուի: Հայութենէ մերկացողներ թող երբե՛ք չմեղադրեն եկեղեցին կամ այլ կազմակերպութիւններ, որովհետեւ հայ զգալու եւ հայ ապրելու սկզբունքը կախեալ չի՛ կրնար ըլլալ երկրորդ կամ երրորդ անձէ մը. ամէն մարդ նախ ի՛նքն իր անձին հանդէպ պատասխանատու է:

Հայր Սուրբին հարցուցի.-

-Պոլսոյ մէջ ինչքա՞ն հայեր կան.

-Սկզբնական տուեալներով 50 հազարը անց է:

-Իսկ անոնցմէ որքա՞նը մօտիկ է հայկական կեանքին:

-Հաւանաբար 3-4 հազարը:

Չեմ զարմանար, եթէ 3 հազարը «չափազանցուած» թիւ մը ըլլայ. Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ պոլսահայութեան քառապատիկը աւելի հայեր կ՚ապրին. ո՛չ հայերէն կը խօսին, ո՛չ հայկական դպրոց կ՚երթան, ո՛չ հայկական եկեղեցւոյ արարողութիւններու կը մասնակցին, ո՛չ հանդիսութիւններու ներկայ կը գտնուին. անոնց միայն արիւնն է հայկական, որ եթէ կարենային հաւանաբար այդ ալ փոխէին...:

Պէտք է ազգովի գիտակցինք, թէ Արցախի պատերազմը չէ՛ որ մեզ պարտութեան մատնեց. այդ պատերազմէն շա՜տ առաջ մենք արդէն պարտութեան ուղին բռնած կը յառաջանայինք. Արցախի ճակատամարտը 5-6 հազար երիտասարդներ խլեց մեզմէ, սակայն համաշխարհայնացումը միլիոններ կը խլէ մեզմէ, որուն դիմաց անտարբեր կը մնանք:

Շատ անգամ չեմ ուզեր պատկերացնել հարիւր տարիներ ետք աշխարհի վրայ գոյութիւն ունենալիք հայերու վիճակը, որոնք անունով, մականունով, լեզուով, մշակոյթով եւ գրեթէ ամէ՛ն ինչով հեռու պիտի ըլլան հայութենէ. մի քանի սերունդ հաւանաբար յիշէ, որ իր արմատները հայկական են, սակայն ժամանակ մը ետք այդ մէկը եւս վերանայ:

Հայրենակիցի մը հասկնալի ըլլալու համար մի՛ դիմեր թրքերէնի, անգլերէնի եւ կամ այլ լեզուի. թող ի՛նք ջանք թափէ եւ հասկնայ քեզ:

Յաճախ հրապարակի վրայ կը տեսնեմ մարդիկ, որոնք լաւատեսութեամբ կը խօսին հայութեան ներկայ իրավիճակի մասին. ես դրական ո՛չ մէկ բան գտայ, այնքան ատեն որ մեր արժէքներէն կը հեռանանք, այն ալ անտարբերութեամբ....: Եթէ Հայր Սուրբը իր դասը հասկնալի դարձնելու համար աշակերտներուն կը ստիպուի շատ անգամ թրքերէն լեզուին դիմել, խորաններէն տրուած քարոզը հասկնալի դարձնելու համար կը ստիպուի թրքերէնով քարոզել... մտահոգուելու շա՜տ պատճառներ ունինք:

 

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՆՑԵԱԼԷՆ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԱՅՍՕՐ

ՎԱԶԳԷՆ ՇՈՒՇԱՆԵԱՆ
(1903-1941)

Մեր թուականէն 119 տարիներ առաջ՝ 9 փետրուար 1903-ին, Թեքիրտաղի մէջ ծնած է ֆրանսահայ գրող, բանաստեղծ եւ հասարակական գործիչ Վազգէն Շուշանեան (բուն անունով՝ Օննիկ Շուշանեան):

Շուշանեան նախնական կրթութիւնը ստացած է ծննդավայրի Սուրբ Խաչի Յիսուսեան եւ Սուրբ Թագւոր Յովհանեան նախակրթարաններէն ներս. ապա 1919 թուականին ընդունուած է Արմաշի երկրագործական վարժարան, ուր ստացած է իր կրթութիւնը:

Պոլիս, Իզմիր եւ Նիւ Եորք մեկնելէ ետք Շուշանեան 1922 թուականին հաստատուած է Փարիզ, ուր բանուորութիւն կատարած է տեղի մետաղի գործարաններէն մէկուն մէջ: Նոյն տարիներուն իր ուսումը շարունակած է Սորպոնի համալսարանէն ներս, ուր հետեւած է երկրագործութեան եւ կաթնային արդիւնաբերութեան դասընթացքներուն:

Շուշանեան գրած է բազմաթիւ վէպեր, բանաստեղծութիւններ, արձակ ստեղծագործութիւններ, գրական, մշակութային ու քաղաքական յօդուածներ. ան իր գրութիւններու նիւթ ընտրած է սփիւռքն ու սփիւռքահայութիւնը: Անոր յայտնի ստեղծագործութիւններէն են «Սիրոյ եւ արկածի տղաքը», «Ճերմակ Վարսենիկը», «Գարնանային սիրոյ հեզ նամակներ»ը, «Մթին պատանութիւն»ը եւ ուրիշներ. դժբախտաբար Շուշանեանի գրութիւնները հրատարակուած են յետ մահու: Անոր յայտնի գործերէն մէկն է գրող եւ վիպագիր Շահան Շահնուրի համար գրած «Մարդ մը, որ Արարատ չունի իր հոգւոյ խորը» աշխատութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր «Օրագիր»ը, որ հարազատ պատկերն է սփիւռքի մէջ ապրող երիտասարդի մը յոյզերուն:

Շուշանեան մահացած է թոքատապի պատճառով, 2 յունիս 1941-ին, Ֆրանսայի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ. ցաւ ի սիրտ գրողը գերեզման եւ շիրմաքար չէ ունեցած. թաղուած հասարակական գերեզմանի մը մէջ:

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Փետրուար 9, 2022