ՄԱՅՐԵՐԸ ՉԵ՛Ն ՄՈՌՑՈՒԻՐ

Մա­մու­լի հ՜ին է­ջե­րուն մէջ ճամ­բոր­դել, ան­ցեա­լի մէջ շրջա­գա­յիլ ան­մեկ­նե­լի հա­ճոյք կը պատ­ճա­ռէ  մե­զի, եւ կար­ծես հոն կը գտնենք մենք զմեզ, կը նոյ­նա­նանք ան­ցեա­լին հետ եւ կը զգանք, որ կ՚ապ­րինք եւ մե՛նք ինք։ Զգա­ցում­ներ կը նո­րո­գուին, կը վե­րա­կեն­դա­նանք, կ՚արթն­նանք…։

Ա­հա­ւա­սիկ այս զգա­ցում­նե­րով տպա­ւո­րուե­ցայ դար­ձեալ, երբ կը թղթա­տէի «ՔՈՒ­ԼԻՍ» հան­դէ­սին հա­ւա­քա­ծոն։ 15 Մա­յիս 1972 թուա­կիր պար­բե­րա­թեր­թին մէջ ու­շադ­րու­թիւնս գրա­ւեց հան­դէ­սին ար­տօ­նա­տէր եւ խմբագ­րա­պետ Յա­կոբ Այ­վա­զի, մայ­րե­րու օ­րուան առ­թիւ հրա­պա­րա­կուած խմբագ­րա­կա­նը։

Խոր­հե­լով, որ տար­ւոյ ա­մէն օ­րը «մայ­րե­րու օր» է, խոր­հե­լով որ մայ­րե­րը եր­բեք չե՛ն մոռ­ցուիր, խոր­հե­լով որ մայ­րե­րը յի­շե­լու հա­մար յա­տուկ օ­րուան մը սպա­սել մայ­րու­թեան նուի­րա­կան ու սրբա­զան կո­չու­մին, մայ­րու­թեան բարձր գա­ղա­փա­րին ներ­հակ է եւ կը հա­կա­սէ ա­նոր, փա­փա­քե­ցանք խմբագ­րա­կա­նը ներ­կա­յաց­նել մեր շա՜տ սի­րե­լի ազ­նիւ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­նե­րուն, նոյ­նու­թեամբ, մաս­նա­կից ը­նե­լու հա­մար ա­նոնք ալ մեր զգա­ցում­նե­րուն՝ ո­րոնք կը հա­մա­պա­տաս­խա­նեն  Յա­կոբ Այ­վա­զի զգա­ցում­նե­րուն, եւ ո­րոնք մեր ա­մէն­քին հա­սա­րա­կաց զգա­ցում­ներն են։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ այդ խմբագ­րա­կա­նը։

Մայ­րե­րու օ­րուան առ­թիւ

ՄԱՅՐ ԻՄ ԹԱՆ­ԿԱ­ԳԻՆ

Հա­զիւ աչ­քերս բա­ցի, գրկիդ մէջ գտայ ինք­զինքս ա­նու­շիկ մայր իմ։

Թե­ւե­րուդ մէջ ա­ռած էիր զիս կա­թո­գին։

Կա­թովդ սնա­նե­ցիր զիս։

Ա­րիւ­նովդ տաք­ցու­ցիր մար­մինս։

Գի­շեր ցե­րեկ հսկե­ցիր վրաս։

Ու­րախ օ­րե­րուս մաս­նա­կից էիր, ինչ­պէս բո­լոր տխուր օ­րե­րուս։

Ի՜նչ որ ու­նէիր տուիր ինձ հա­մար։

Ա­ռա­ջին դող­դոջ քայ­լե­րուս հե­տե­ւե­ցար սրտատ­րոփ։

Խնդա­ցիր երբ խնդա­ցի, լա­ցիր երբ լա­ցի, եւ ա­սի­կա ա­ռա­ջի­նէն ա­ւե­լի պա­տա­հե­ցաւ գրե­թէ բո­վան­դակ կեան­քիս մէջ։

Բո­լոր դժուա­րու­թիւն­նե­րու ու չքա­ւո­րու­թիւն­նե­րու դէմ դրիր զիս կար­դաց­նե­լու հա­մար։

Լամ­բար­նե­րու ա­ղօտ լոյ­սին տակ կար կա­րե­ցիր, ե­րի­տա­սար­դու­թեան ա­մե­նէն գե­ղե­ցիկ օ­րերդ զո­հե­ցիր զիս մեծց­նե­լու հա­մար։ Չի կե­րար կեր­ցու­ցիր, չի հա­գար հա­գուե­ցու­ցիր, քա­ջա­ռողջ զա­ւակ մը ու­նե­նա­լու տեն­չո­վը տո­գո­րուն։

Ծա­ղիկ հա­սա­կիս, ա­մէն խո­չըն­դո­տի դէմ դրիր, որ­պէս­զի զերծ պա­հես զա­ւակդ չար ճամ­բա­նե­րու հե­տե­ւե­լէ։

Մօր­կան խրատդ ան­պա­կաս ը­րիր միշտ։ Միշտ լա­ւը, գե­ղե­ցի­կը, բա­րին ցոյց տուիր ին­ծի։ Ա­սոնց­մէ ինչ որ մնաց մէջս, քե­զի կը պար­տիմ ա­նու­շիկ մա՜յր։

Դո՛ւն սիր­ցու­ցիր մարդ­կու­թիւ­նը, բնու­թիւ­նը ին­ծի։

Ե­րի­տա­սար­դու­թեանս ըն­թաց­քին չար փոր­ձանք­նե­րէ, չար խրատ­նե­րէ խու­սա­փե­ցու­ցիր զիս։ Հի­ւանդ օ­րե­րուս բա­րի հրեշ­տա­կի մը պէս վայր­կեան մը իսկ չի հե­ռա­ցար սնա­րիս քո­վէն։

Ա­մե­նէն դժուա­րին օ­րե­րուս միշտ քովս էիր։

Բե­մախ­տը վա­րա­կած էր զիս։

Հա­կա­ռակ հօրս ընդ­դի­մու­թեան, գլուխ ցցել սկսած էի այ­լեւս ձե­զի։

Միակ փա­փաքս էր բե­մա­կան մը դառ­նալ։

Եւ ա­տոր հա­մար պատ­րաստ էի նոյ­նիսկ հօ­րե­նա­կան տունս ան­գամ լքել։

Այդ դժուա­րին օ­րե­րուս քո՛վս էիր միշտ։ 

Հօրս եւ իմ մի­ջեւ կանգ­նած կա­մուրջ մը ե­ղար։ Բա­րի խրատ­նե­րովդ կ՚ու­զէիր զիս ճամ­բու բե­րել։

Բո­լոր ա­ղա­չանք­ներդ ու պա­ղա­տանք­ներդ օ­գուտ մը չը­րին այդ ուղ­ղու­թեամբ, եւ ստի­պուե­ցար գլուխ ծռել զաւ­կիդ բաղ­ձանք­նե­րուն։

Տա­ռա­պե­ցար ին­ծի հետ։

Բո­լոր այդ տա­ռա­պանք­նե­րուդ փո­խա­րէն ի՞նչ կրցայ տալ քե­զի թան­կա­գին մայրս։

Ո­չի՛նչ…

Ար­դէն ո­չինչ ու­նէի տա­լիք քե­զի։

Հկա­ռակ բո­լոր ջան­քե­րուս, չկրցի քե­զի լա­ւա­գոյն ու վար­դա­գոյն օ­րեր ցոյց տալ։

Չար զա­ւակ մը չէի։

Բայց բախտ ը­սուա­ծը միշտ փա­խաւ ինձ­մէ։

Ո՛չ ոք ու­նէի ձեռ­քէս բռնող։

Ամ­բողջ ե­րի­տա­սար­դու­թիւնս տա­ռա­պանք մը ե­ղաւ ին­ծի հա­մար։

Ու այդ տա­ռա­պանք­նե­րով տա­ռա­պե­ցար նաեւ դուն։

Եւ վեր­ջա­պէս մա­հը բաժ­նեց քեզ ինձ­մէ։

Այդ օ­րէն ի վեր տա­րի­նե՜ր ան­ցան, սի­րե­լի՜ մայր իմ։

Հա­կա­ռակ տա­րի­նե­րու հո­լո­վու­մին, եր­բեք մոռ­ցած չեմ քեզ։

Ա­մէն օր ա­ղօթք­նե­րուս մէջն ես։

Կը լսես չէ՞­ձայնս։

Ա­մէն մե­ռե­լո­ցի ան­պայ­ման կ՚այ­ցե­լեմ գե­րեզ­մանդ։

Կը նստիմ քո­վիկդ ու կը խօ­սինք ի­րա­րու հետ։ 

Ինչ­պէս կը խօ­սէինք տա­րի­ներ ա­ռաջ։

Մի՛ մե­ղադ­րեր զիս, մեր օ­րե­րուն «ՄԱՅ­ՐԵ­ՐՈՒ ՕՐ» չկար տա­կա­ւին։ Ա­տոր հա­մար ալ չկրցայ նոյ­նիսկ փոք­րիկ նուէր­նե­րով կամ ծաղ­կե­փուն­ջով մը քովդ գալ ու գրկե­լով քեզ համ­բու­րել սի­րե­լի՜ մայր իմ։

Այ­սօր ես վաթ­սունս ան­ցայ այ­լեւս։

Բայց օգ­տուե­լով «Մայ­րե­րու օր»էն այս տո­ղե­րովս կու գամ ե­րախ­տա­գի­տա­կան զգա­ցում­ներս յայտ­նել քե­զի ու համ­բոյր­նե­րով ո­ղո­ղել մար­մա­րէ շի­րիմդ։

Օ­րե­րը կը մօ­տե­նան ա­յելւս թան­կա­գին ու սի­րե­լի՜ մայ­րիկ, կրկին պի­տի գիր­կընդ­խառ­նուինք ու այն ժա­մա­նակ, եր­բեք, եր­բեք պի­տի բաժ­նուինք ի­րար­մէ։

Յ. ԱՅ­ՎԱԶ

Մենք բո­լորս շա՜տ կը սի­րենք մայ­րե­րը եւ եր­բեք չե՛նք մոռ­նար զա­նոնք, ա­նոնք միշտ մե­զի հետ են՝ ո՛ւր որ ալ ըլ­լան ա­նոնք եւ ո՛ւր որ ըլ­լանք մենք։

Այս առ­թիւ յի­շե­ցի, որ Ա­ւե­տա­րա­նի «Ա­նա­ռակ որ­դի»ի ա­ռա­կին մէջ եր­բեք չի՛ յի­շուիր «ա­նա­ռակ»ին մայ­րը, կը յի­շուի միայն հայ­րը…։

Ի՞նչ կը խոր­հինք սի­րե­լի ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, այդ ա­ռա­կին մէջ ե­թէ ըլ­լար «մա՛յր» մը, ար­դեօք Ա­ւե­տա­րա­նի պատ­մու­թեան մէջ «ա­նա­ռակ որ­դի» մը պի­տի ըլ­լա՞ր…։

Չ՚ար­ժե՞ր մտա­ծել այդ մա­սին։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 6, 2015, Իս­թան­պուլ

 

Երկուշաբթի, Մարտ 9, 2015