ՊԱՏ­ՄՈՒ­ԹԵԱՆ ՇՈ­ՂՈՒՆ ԴԷՊ­ՔԵՐ

Հե­տաքրք­րա­կան եւ նո՛յն­քան շա­հե­կան է թղթա­տել պատ­մու­թեան հին է­ջե­րը՝ ո­րոնք ուղ­ղա­կի եւ եր­բեմն ա­նուղ­ղա­կի կեր­պով խա­րիս­խը կը կազ­մեն ա­պա­գա­յի բազ­մա­թիւ դէպ­քե­րու եւ ըն­կե­րա­յին ե­րե­ւոյթ­նե­րու։ Մա­նա­ւանդ մեր ե­կե­ղե­ցա­կան պատ­մու­թեան մէջ կան այն­պի­սի ե­րե­ւոյթ­ներ՝ որ կեր­պով մը նա­խա­պատ­ճառ­նե­րը կազ­մած են յա­ռա­ջի­կայ դէպ­քե­րուն, ե­ղե­լու­թիւն­նե­րուն, ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րուն։

Ա­սո­ղիկ, Մա­գիստ­րոս, ե­ւ այլ պատ­միչ­ներ կը վկա­յեն, թէ՝ 9-րդ դա­րուն, Յով­հան­նէս Դ. Ո­վա­յե­ցի Կա­թո­ղի­կո­սի օ­րով (833-855) հրա­պա­րակ ե­լած է ա­ղանդ մը՝ թիւր վար­դա­պե­տու­թիւն մը՝ որ պատ­մու­թեան մէջ յայտ­նի է «Թոնդ­րա­կեան» ա­նու­նով։ Այս ա­ղան­դի հիմ­նա­դիրն էր Սմբատ ա­նու­նով մէ­կը՝ որ Ծաղ­կոտն գա­ւա­ռի Զա­րե­հա­ւան գիւ­ղէն էր։ Այս հայ ա­ղան­դա­ւո­րը իր հայ­րե­նի գիւ­ղէն գնաց Ա­պա­հու­նեաց Թոնդ­րակ գիւ­ղը եւ այս­տեղ բազ­մա­թիւ հե­տե­ւող­ներ գտաւ՝ ո­րոնք տե­ղի ա­նու­նով «Թոնդ­րա­կե­ցի­ներ» կո­չուե­ցան։

Սմբա­տը՝ որ հա­ւա­նօ­րէն սպան­նուե­ցաւ, կը մեր­ժէր ե­կե­ղե­ցիի նուի­րա­պե­տու­թիւ­նը, ինչ­պէս՝ ե­կե­ղե­ցիի բո­լոր խոր­հուրդ­նե­րը, հան­դեր­ձեալ կեան­քը, հո­գիին ան­մա­հու­թիւ­նը՝ կ՚ու­սու­ցա­նէր, թէ ո՛չ մեղք կայ, եւ ոչ ալ մեղ­քի հա­մար պա­տիժ, ե­ւայլն։ Ըստ էու­թեան Սմբա­տի վար­դա­պե­տու­թիւ­նը կը մօ­տե­նայ «Պաւ­ղի­կեան­ներ»ու ու­սուց­ման, եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով «Թոնդ­րա­կեան» ու­սու­ցու­մը կը հա­մա­րուի «Պաւ­ղի­կեան»ի վե­րա­յայտ­նու­մը։

Թոնդ­րա­կեան­նե­րու այս ա­ղան­դը մուտք գոր­ծեց նաեւ Մա­նա­նա­ղի գա­ւա­ռի Թու­լայլ գիւ­ղը եւ Խնու­սի մէջ, եւ այս իսկ պատ­ճա­ռով ա­ղան­դա­ւոր­նե­րը «Թու­լայ­լե­ցի­ներ» եւս կը կո­չուին, թէեւ ա­նոնք մա­սամբ, քիչ-շատ կը տար­բե­րէին Թոնդ­րա­կե­ցի­նե­րէն։

Յով­հան­նէս Ո­վա­յե­ցի Կա­թո­ղի­կո­սի ժա­մա­նակ­նե­րէն Հայ Ե­կե­ղե­ցին այս ա­ղան­դին դէմ միշտ մա­քա­ռած է, բայց եւ այն­պէս ան հետզ­հե­տէ տա­րա­ծուած եւ ճա­րա­կուած է, քա­նի որ մարդ­կա­յին բո­լոր թոյլ կող­մե­րէն ա­զա­տու­թիւն տուած էր։ Այս թիւր վար­դա­պե­տու­թիւ­նը ա­ւե­լի շատ զօ­րա­ցաւ 10-րդ դա­րուն, եւ նոյ­նիսկ ե­կե­ղե­ցա­կան­ներ ա­նոր յա­րե­ցան, այս­պէս՝ Կճա­ւի վան­քի վա­նա­կան­նե­րը, եւ Հարք գա­ւա­ռի սրբու­թեամբ հռչա­կուած Յա­կոբ Ե­պիս­կո­պո­սը՝ ո­րուն այս ըն­թաց­քը մեծ յու­զում պատ­ճա­ռեց։ Սրբակ­րօն Յա­կո­բը բազ­մա­թիւ հե­տե­ւող­ներ ու­նե­ցաւ թէ՛ հա­սա­րակ եւ թէ իշ­խա­նա­կան դա­սէն, ո­րոնք բո­լոր հո­գիով ա­նոր նուի­րուե­ցան ու հնա­զան­դե­ցան։

Սար­գիս Կա­թո­ղի­կոս (Սար­գիս Ա. Սե­ւան­ցի. 992-1019) այս գայ­թակ­ղու­թեան վերջ տա­լու եւ վերց­նե­լու հա­մար 1002 թուա­կա­նին «Հար­քի Ժո­ղով»ը գու­մա­րեց, որ Յա­կո­բը իր կար­գէն զրկեց եւ ճա­կա­տին ալ ա­ղուե­սադ­րոշմ զար­նե­լով շրջել տուաւ ի տես ժո­ղո­վուր­դին՝ քա­րո­զե­լով թէ. «Ո՛վ որ Գրի­գոր Լու­սա­ւոր­չի հա­ւատ­քէն հե­ռա­նայ ու Թոնդ­րա­կեան­նե­րու փա­րա­խը մտնէ, այս պա­տի­ժին կ՚ար­ժա­նա­նայ»։

­Յա­կո­բը բան­տար­կուե­ցաւ, բայց ան ա­ռի­թը գտաւ բան­տէն Բիւ­զան­դիոն փախ­չե­լու, ա­պա Թոնդ­րակ գիւ­ղը դար­ձաւ եւ վեր­ջը Մու­ֆար­զին քա­ղա­քը վախ­ճա­նե­ցաւ։ Մին­չեւ մահ՝ ա­ղան­դա­ւոր մնաց։

Չնա­յե­լով Հար­քի Ժո­ղո­վի դա­տա­պար­տու­թեան՝ Թոնդ­րա­կեան ա­ղան­դը այ­նու­հե­տեւ եւս շա­րու­նա­կեց հե­տե­ւորդ­ներ վաստ­կիլ, այն ալ, դժբախ­տա­բար՝ հո­գե­ւոր դա­սա­կար­գէն։ Կուն­ծիկ ա­նու­նով ա­բե­ղայ մը՝ Շի­րի բեր­դա­քա­ղաք­նե­րէն, Թոնդ­րա­կեան­նե­րու ա­ղան­դի քա­րոզ­չու­թեան լծուե­ցաւ 11-րդ դա­րուն, եւ ո՛չ միայն ինքն ա­ղան­դա­ւոր դար­ձաւ, այլ եւ ազ­նուա­զարմ Հրա­նոյ տի­կինն ալ ա­ղան­դա­ւոր դար­ձուց, ո­րուն մի­ջո­ցով ու­րիշ եր­կու տի­կին­ներ եւս այս ա­ղան­դին յա­րե­ցան, այս­պէս նաեւ՝ Վրվէռ իշ­խա­նը՝ որ նշա­նա­ւոր էր ո՛չ միայն իր հարս­տու­թեամբ՝ գեր­դաս­տա­նով, այլ եւ կրօ­նա­սի­րու­թեամբ։

Այս նոր խմբա­կը բազ­մա­թիւ հե­տե­ւորդ­ներ ու­նե­ցաւ՝ Սմբա­տի գա­ղա­փար­նե­րուն ջե՛րմ պաշտ­պան՝ ո­րոնք սկսան հայ ե­կե­ղե­ցի­ներ այ­րել, խա­չեր խոր­տա­կել, սրբու­թիւն­ներ ոտ­նա­կոխ ը­նել եւ ու­րիշ գայ­թակ­ղու­թիւն­նե­րու եւ ոտնձ­գու­թիւն­նե­րու պատ­ճառ դառ­նալ։

Տես­նե­լով այս ա­ղան­դա­ւոր­նե­րուն ըն­թաց­քը՝ ե­կե­ղե­ցա­կան­ներ եւ հա­ւա­տա­ւոր ու հա­ւա­տա­րիմ հա­ւա­տա­ցեալ­ներ սաս­տիկ զայ­րա­ցան եւ օր մը Սա­մուէլ Ե­պիս­կո­պո­սի ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, ա­նոնք յար­ձա­կե­ցան Վրվէ­ռի կա­լուած­նե­րուն վրայ եւ ա­մէն ինչ այ­րե­ցին ու կո­ղոպ­տե­ցին, իսկ ա­ղան­դի գլխա­ւոր­նե­րէն ո­մանքն ալ բռնե­լով՝ ա­ղուե­սադ­րոշմ (=յան­ցա­ւո­րին վրայ տաք եր­կա­թով դրոշ­մուած կնիք) խա­րա­նով (=շի­կա­ցուած եր­կա­թի դրոշմ՝ մոր­թին վրայ) պատ­ժե­ցին։

Վրվէռ՝ բա­րե­պաշտ ու աղ­քա­տա­սէր իշ­խան մըն էր նա­խա­պէս, իր բազ­մա­թիւ ու մե­ծա­ծա­ւալ կա­լուած­նե­րուն մէջ շի­նած էր ճգնա­ւոր­նե­րու հա­մար մե­նաս­տան մը՝ ուր ինքն ալ շատ ան­գամ կը ճգնէր։ Բայց յե­տոյ, այս հա­ւա­տա­ւոր իշ­խա­նը Թոնդ­րա­կեան դառ­նա­լով՝ հիմ­նեց Թոնդ­րա­կեան­նե­րու վան­քը՝ որ ի վեր­ջոյ, 1011 թուա­կա­նին կոր­ծա­նեց Սա­մուէլ Ե­պիս­կո­պոս Ե­կե­ղեաց։

Այս­պի­սի խստու­թիւն­նե­րով եւ ար­դար զայ­րոյ­թի պատ­ճա­ռած մի­ջամ­տու­թիւն­նե­րով Թոնդ­րա­կեան ա­ղան­դը կար­ծես թու­լա­ցաւ, բայց եւ այն­պէս շա­րու­նա­կեց իր գո­յու­թիւ­նը։

Թոնդ­րա­կեան ա­ղան­դին դէմ ա­ւե­լի խստու­թեամբ վա­րուե­ցաւ Գրի­գոր Մա­գիստ­րոս իշ­խա­նը՝ որ Ա­րա­րա­տեան գա­ւա­ռի հայ­րե­նի կա­լուած­նե­րը փո­խա­նա­կած էր Մի­ջա­գետ­քի իշ­խա­նու­թեան հետ։

Մինչ 1050 թուա­կա­նին եր­կու Թոնդ­րա­կե­ցի ա­ղան­դա­ւոր­ներ հրա­ժա­րե­լով եւ հե­ռա­նա­լով ի­րենց թիւր ու մո­լար գա­ղա­փար­նե­րէն՝ կրկին դար­ձած են Հա­յոց Ե­կե­ղե­ցիի ծո­ցը։ Ա­նոնք խնդրած են նաեւ Մա­գիստ­րո­սէն, որ հոգ տա­նի այդ ա­ղան­դը ի սպառ ջնջե­լու։ Մա­գիստ­րոս սի­րով յանձն կ՚առ­նէ այս ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը, եւ այդ օ­րուը­նէ կը սկսի հա­լա­ծել ա­նոնք՝ ո­րոնց մա­սին կաս­կած կ՚ու­նե­նայ. ան կ՚եր­թայ Թոնդ­րակ գիւղ, կը քան­դէ ա­ղան­դա­ւոր­նե­րու ժո­ղո­վա­րա­նը, եւ ա­նոր տեղ կը շի­նէ Սուրբ Գէորգ ե­կե­ղե­ցին։ Այս­պէս կը հա­լա­ծէ նաեւ այս ա­ղան­դին ա­ռաջ­նոր­դը՝ Ղա­զա­րը եւ շա­տեր կը պատ­ժէ եւ հա­զա­րէն ա­ւե­լի ա­ղան­դա­ւոր կը յօ­ժա­րին Հա­յոց Ե­կե­ղե­ցիի դա­ւա­նու­թիւ­նը ըն­դու­նե­լու…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ, 2, 2016, Իս­թան­պուլ

Չորեքշաբթի, Մարտ 9, 2016