ՇՆՈՐՀԸ ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼ
Իւրաքանչիւր անձ տարբեր եւ իւրայատուկ շնորհներով, ձիրքերով եւ տաղանդներով օժտուած է։
Ուստի ամէն մարդու ունեցած ձիրքը՝ կը լրացնէ ուրիշ մէկուն պակասը եւ զօրացնելով իր նմանին տկարութիւնը, մարդիկ իրերօգնութեամբ կը կատարելագործուին։ Եւ այս կը նշանակէ, թէ իւրաքանչիւր անձ կոչուած է իր սեփական շնորհներով օգնելու մէկ ուրիշին եւ փոխադարձաբար ուրիշ մըն ալ անոր՝ որմէ կը պակսի իր ունեցած շնորհը։ Արդարեւ, համայն մարդկութիւնը եթէ «ընտանիք» մըն է, ապա ուրեմն անոր ամէն մէկ անդամը ունի իր դերը եւ պարտականութիւնը եւ պատասխանատուութիւնը ամէն մէկ անդամին նկատմամբ։
Ուրեմն թէ՛ պարտականութիւն եւ թէ՛ իրաւո՛ւնք է, աշխատիլը, աշխատասիրութիւնը՝ որ կ՚ենթադրէ աշխուժութիւն, ճարպիկութի՛ւն։
Իսկ ծուլութիւնը, որ ամլութիւն է, անշարժութիւն՝ դատապարտելի է, քանի որ վնաս կը պատճառէ թէ՛ ենթակային եւ թէ՛ շուրջիններուն։
Արդարեւ, Ժան Ժագ Ռուսօ «ընկերային բարոյական գող»եր կ՚անուանէ ծոյլերը, որոնք կը շահագործեն ուրիշներու օգտակարութիւնը, շնորհը՝ առանց իրենցմէ բան մը տալու, առանց օգտակար ըլլալու անոնց՝ որոնցմէ կ՚օգտագործուին։ Ուստի «գող» չի՛ նշանակեր ուրիշին պատկանածը յափշտակող ըլլալ, ապօրինի կերպով գործածելու արարքը կատարել, միայն նիւթական արժէքներու տեսակէտէ, այլ նաեւ՝ բարոյական արժէքներու նկատմամբ, զոր օրինակ՝ աշխատանքի շահագործում, մտային արժէքներու անիրաւ կերպով գործածութիւն, եւ այլն։ Գողը՝ «գող» է երբ ձեռք կը բերէ բան մը՝ որուն չէ՛ արժանացած, տէր ըլլալու իրաւունքը չէ՛ ստացած որեւէ օրինաւոր ճամբով՝ ջանք ընելով, աշխատելո՛վ։
Ջանադրութեամբ, աշխատելով, մարդ թէ՛ իր գոյութիւնը կը պահէ եւ թէ՛ բարօր կեանք կ՚ապրի։ Իսկ ծուլութեամբ, անշարժութեամբ, անգործութեամբ՝ ամլութեան կը մատնուի, անօգուտ եւ երբեմն ալ վնասակար անդամ մը կը դառնայ մարդկութեան մեծ ընտանքին։
Անոնք, որ անօգուտ են, անշուշտ, ի վերջոյ դատապարտուած կը մնան թշուառ կեանք մը ապրելու եւ հեռանալու ընկերային կեանքէն եւ անոր բազմատեսակ բարիքներէն։
Հոգեւոր կեանքի մէջ ալ ծուլութիւնը վնաս կը պատճառէ ենթակային՝ ծոյլ մարդուն։
Մարդիկ հաւատքով եւ հաւատարմութեամբ Աստուծոյ գործակիցներն են։ Աստուած ստեղծեց եւ հաստատեց աշխարհը եւ «այգի»ն եւ մարդիկը «մշակ» դրաւ անոր մէջ եւ որպէսզի գործեն եւ արդիւնաւորուին «այգի»ին բարիքներէն, զիրենք օժտեց բազմատեսակ շնորհներով, ձիրքերով, տաղանդներով։
Եւ եթէ մարդիկ չօգտագործեն, ծառայութեան չդնեն իրենց շնորհները, ձիրքերը եւ ծոյլ, աշխատանքէ խուսափող, անօգուտ կեանք մը ապրին, կեանքը կ՚ամլանայ, կը լճանայ եւ հետեւաբար «այգի»ն կը չորնայ, խոպան, անբարեբեր դաշտ մը կը դառնայ։
Եւ մա՛րդ իրաւունք չունի «այգի»ն անմշակ դաշտի մը վերածելու, քանի որ անիկա մշակելու, արդիւնաւորելու համար տրուած է իրեն։ Որպէսզի «այգի»ն արդիւնաբեր ըլլայ, պէտք է միշտ դալար մնայ եւ անհրաժե՛շտ է մշակումը՝ աշխատանքը։
Մտային, իմացական կեանքի մէջ ալ պարագան նոյնն է՝ մարդ իր ունեցած իմացական, մտային շնորհները, կարողութիւնները եթէ առանձնացնէ, միայն իրեն պահէ եւ նոյնիսկ ինք նոյն շնորհները՝ իրեն համար չօգտագործէ աշխարհի վրայ, մարդկութեան ընտանքին մէ՛ջ յառաջացում, բարեփոխում գոյութիւն չ՚ունենար։ Անշարժութիւնը՝ ամլութիւն կը ստեղծէ, իսկ ամլութիւնը՝ ոչնչացո՛ւմ…։ Ուստի աշխարհի վրայ որպէսզի ոգեւորութիւն, կեանք ըլլա՛յ, սէր եւ խաղաղութիւն տիրէ՛, իւրաքանչիւր մարդ պէ՛տք է կատարէ իր բաժինը, իր դերը՝ իրեն տրուած շնորհներու, ձիրքերու եւ կարողութիւններու համեմատ։ Անշուշտ որ կարելի չէ մէկէ մը սպասել իր ունեցածէն աւելին, ուրեմն ամէն մէկը պէտք է տայ իր ունեցածին չափով, բայց անպայմա՛ն տայ, գոնէ նուազագոյնը։
Ամէն բարի եւ օգտակար գործի յաջողութեամբ պսակուիլը կախում ունի ընծայուած նուիրականութեան եւ զոհողութեան ոգիէն։
Աստուած, աշխարհը ստեղծագործելէն ետք, անոր կառավարութիւնը եւ տնտեսութիւնը յանձնեց մարդո՛ւն։ Ուստի աշխարհի կատարելագործութիւնը կախում ունի մարդուն իմացական եւ հոգեկան առաջադրութիւններէն եւ մանաւանդ յարատեւ աշխատութենէն։
Այս իմաստով, մարդ կոչուած է աշխատելու՝ մշակելու եւ աշխատանքը հոգեւոր պարտականութիւն մըն է եւ մարդ պատասխանատո՛ւ է աշխարհի ընթացքէն՝ վատ կամ լաւ, չար կամ բարի ըլլալէն։ Եւ եթէ աշխարհ վատ ու չար ընթացք մը ունենայ, վնասուողը ինք՝ մա՛րդը կ՚ըլլայ եւ եթէ աշխարհ վատ ու չար ըլլայ՝ պատճառը մարդուն չարութիւնն է, ծուլութիւնն է եւ ուրեմն մարդ աշխարհի չարութենէն բաժին պիտի ունենայ, պատասխանատո՛ւ պիտի ըլլայ։
Իսկ եթէ աշխարհ լաւ եւ բարի ընթացք մը ունենայ, դարձեալ մարդ՝ ի՛նք պիտի օգտուի։ Ուրեմն աշխարհի բարութենէն եւ չարութենէն, մարդկութեան օգտակարութենէն եւ վնասարար ըլլալէն, մարդ՝ ինք պատասխանատո՛ւ է։
Բարոյական կամ նիւթական, մտային, իմացական կամ հոգեւոր ամէն աշխատանք, իրարու ընդելուզուած՝ ամբողջականութիւն մը կը կազմեն եւ կատարելութեան կը ձգտին։ Այս մարդուն կոչումն է՝ միշտ հետամուտ ըլլալ կատարելութեան, քանի որ ան աստուածանման ստեղծուած է եւ պէտք է կատարեալ ըլլա՛յ իր Նախատիպին նման։ Ահաւասիկ, ասիկա, քրիստոնէական բարոյագիտութեան կոչումին հիմը կը կազմէ։ Կատարեալ ըլլալու համար պէտք է ձգտիլ կատարելութեան՝ Աստուծոյ տիպարով։
Հետեւաբար քրիստոնեայ հաւատացեալին կը մնայ ընդունիլ եւ օգտագործել ա՛յնքան՝ որքան կը տանի իր կարողութիւնը։
Արդարեւ, իւրաքանչիւր անձ տարողութիւն մը ունի եւ իր տարողութեան չափով պէտք է մասնակցի կատարելագործութեան։
Այս կը նշանակէ, որ ամէն մէկ անձ պէտք է առնէ աստուածային պատգամը, իւրացնէ զայն, ապրի անով եւ զարգացնէ իր կեանքը, ըստ պատգամին։ Հոգեւոր օգտագործումը, հաւատացեալը երկնատուր շնորհներով երբ կ՚օժտէ եւ այդ շնորհներով կը հարստանայ, կը ճոխանայ մարդկային հոգին։ Եւ այս բարոյական-հոգեւոր հարստութիւնը անկողոպտելի եւ անգերազանցելի հարստութիւն մըն է։ Ուրեմն, պէտք է «գանձեր դիզել երկինքի մէջ» (ՄԱՏԹ. Զ 20), ինչպէս կը պատուիրէ Քրիստոս։ Բայց այս չի նշանակեր, թէ Յիսուս կը մերժէ, կը հակառակի աշխարհային հարստութեան. այլապէս Ան հակառա՛կ է խարդախ շահարկութեան եւ անարդար, անօրէն հարստութեան։
Եւ երբ Յիսուս «անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ շինեցէ՛ք…», կ՚ըսէ, ըսել կ՚ուզէ, թէ՝ դիզուած հարստութիւնները պէ՛տք է գործածուին բարի, օգտակար, սրբազան-վե՛հ նպատակներու՝ մարդկութեան օգտին եւ թշուառութեան բարձումին։
Արդարեւ, նիւթի-դրամի ուղիղ գործածութիւնը կ՚ենթադրէ, զայն նախ արդար ճամբաներով շահիլ եւ յետոյ բարի գործերու համար գործածել. այլապէս դրամը ընդունիլ որպէս միջոց եւ ո՛չ թէ նպատակ։
Այս իմաստով դրամը միջոց մըն է բարի նպատակներու հասնելու եւ օգտակար հանդիսանալու մարդկութեան։ Ուստի արդար կերպով շահուած դրամը եթէ կը գործածուի բարի նպատակներու, երբեք հակառակ չէ քրիստոնէական վարդապետութեան։
Մարդուս հոգին կ՚ազնուանայ օգտակար եւ բարի գործերու հետամուտ ըլլալով եւ մանաւանդ զանոնք իրականացնելով, կատարելո՛վ։
Ուստի ամէն բարեգործութիւն, ամէն օգտակարութիւն «հոգեւոր հարստութիւն» մըն է, ինչպէս ամէն բարոյական նուիրական արարք հոգեւոր վեհութի՛ւն մըն է։ Եւ ամէն հոգեւոր վերելք՝ մօտեցում է Աստուծոյ։
Այս իմաստով ամէն բարեգործութիւն՝ արդիւնաւէտ եւ օգտակար աշխատանք կ՚արժանանայ երկնային գնահատանքի։ Արդիւնաւէտ կեանք մը մարդուս հոգեւոր յաջողութեան պսակումն է, որը կարելի է իրականացնել ստացուած շնորհներու, ձիրքերու լաւագոյն կերպով օգտագործումով։ Ուստի ամէն մէկս պէտք է տա՛նք մեր ունեցածէն մէկ ուրիշին՝ որու կը պակսի, եւ ընդունինք փոխադարձ բարիքներ՝ որոնք մեզմէ կը պակսին։
Տա՛լը միշտ աւելի՛ երանաւէտ է քան առնելը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 4, 2017, Իսթանպուլ