ՈՍԿԻ ԿՈՒՌՔ՝ ԱՆՍԻՐՏ ԵՒ ԱՆԽԻՂՃ

Յաճախ կը կրկնենք ճշմարտութիւնը՝ թէ մարդ մարմին չէ՛ միայն, այլ՝ մարմին - հոգի ե՛ւ միտք, որոնք կը կազմեն եւ կ՚ամբողջացնեն մարդը որպէս անձ՝ ապրող, զգացող եւ մտածող էակ։ Մարդ միայն մարմին չէ, այլապէս «ոսկի կուռք» մը պիտի ըլլար ան՝ անսիրտ եւ անխիղճ եւ անբա՛ն։ Արդարեւ, դժուար չէ տեսնել մարդիկ, որ ընդհանրապէս միա՛յն մէկ անգամ, միա՛յն մէկ կարողութիւն, միա՛յն մէկ տրամադրութիւն, միա՛յն մէկ զգացում մշակեր, զարգացուցեր, զօրացուցեր եւ աճեցուցեր են, ի վնաս ուրիշ բազմաթիւ չքնաղ կարողութիւններու՝ որոնք պատշաճ խնամքէն եւ հոգածութենէն զրկուած՝ չորցած եւ խամրած են, լոյսի եւ «ջուրի եւ ջերմութեան կարօտ ծաղիկներու նման…»։

Այս կ՚ենթադրէ ըլլալ միայն ուղեղ՝ զգացումէ բոլորովին զուրկ՝ «ոսկի կուռք» մը՝ անխիղճ, անսի՛րտ։

Կան՝ որ կը խորհին, թէ մարդ միա՛յն զգացում ունի՝ զգացումով կը շարժի, մէկ կարողութիւն ունի, զբօսանք, հաճոյք վայելելու կարողութիւն, որուն բովանդակ ջանքն է մարմինը գոհացնել, միակ աշխատութիւնն է մարմնապէս յագենալ եւ անդին իր սիրտին եւ միտքին ուրիշ տրամադրութիւնները անտեսել՝ սովալլուկ թողուլ եւ փճացնել բոլորովին։

Բայց պէ՞տք է միայն մարմինը գոհացնել, երբ կան միտք եւ սիրտ, որոնք անբաժան են մարմինէն։ Պէ՞տք է միայն մարմինը հոգալ, խնամել եւ անխնամ թողուլ միտքը եւ հոգին։ Մարդ եթէ չխորհի, մարդ եթէ չզգայ, ի՞նչ արժէք պիտի ունենայ գոհացած, լիացած մարմինը։ Եւ անոնք որ մարդը միայն «մարմին» կը տեսնեն, եւ կ՚անտեսեն միտքը եւ սիրտը, հոգին թերի կը թողուն «մարդ»ը իր իսկական կոչումին եւ նպատակին մէջ։

Անոնք շքեղ երեւոյթով, առողջ մարմինով միեւնոյն նպատակին կը ձգտին, նիւթի եւ մարմինի իրենց տենդայոյզ ձգտումներով կուրացած՝ միայն իրենց մարմնի մասին կը մտածեն եւ իրենց մարմնական կարողութիւնները ուժգնապիրկ վիճակի մէջ կը պահեն՝ միա՛յն իրենց մարմինը զօրաւոր եւ լեցուն պահելու համար։

Հակառակ իրենց մոլեգին հետապնդումներուն եւ սպառիչ եւ մաշիչ յոգնութիւններուն, չեն կրնար յաջողիլ իրենց նպատակին հասնելու, քանի որ անոնց հոգին եւ միտքը կուրսացած է։ Թէեւ հազուադէպ, սակայն երբեմն ալ կը յաջողին, ի՛նչ որ խաբէութիւն մըն է միայն, ժամանակաւոր յաջողութիւն մը եւ ի վերջոյ կարօտը կը զգան միտքին եւ հոգիին՝ մտածումի եւ զգացումի։ Ուստի մարմնապէս առողջ ըլլալ, աչքառու չի բաւեր կատարեալ ըլլալու համար։

Արդարեւ, իր մարմինի, միտքի եւ հոգիի չքնաղ կարողութիւններուն ներդաշնակ եւ հաւասարակշռուած միաւորութեամբ եւ գործակցութեամբ՝ մարդ էակը ստեղծագործութեան եւ արարչագործութեան ամենէն կատարեալ տիպա՛րն է։

Մարդ «մա՛րդ» է՝ մարմինով, միտքով եւ հոգիով։ Մարդ ստեղծուած է ո՛չ միայն որպէս մարմին, այլ՝ միտք եւ հոգի՛։ Մարդ «մա՛րդ» է, քանի որ բանաւոր է, բանականութեամբ օժտուած է, նաեւ զգացում ունի, եւ իր զգացումներուն համաձայն կը դատէ, կ՚որոշէ եւ ընթացք կու տայ իր կեանքին։ Մարդ «ազատ կամք»ի տէր է, ո՛չ թէ մարմին է, այլ անոր համար, որ միտք է եւ հոգի՛, անոր համար, որ մտածելու եւ զգալու կարողութիւն ունի։ Մարդ բնազդով չ՚առաջնորդուիր, այլ՝ բանականութեամբ, իմացականութեամբ, իւրայատուկ զգացումով, որոնք ընթացք կու տան իր մարմնական կեանքին։

Մարդ կը շարժի բանականութեամբ եւ զգացումներով։ Անոր կեանքի ընդհանուր ընթացքը կ՚որոշեն՝ իր կարողութիւնները, իր տրամադրութիւնը եւ իր տարողութիւնը, որոնք մարմնի, միտքի եւ հոգիի արտայայտութիւններն են։ Հոգին եւ միտքը ներդաշնակ եւ հաւասարակշռուած գործակցութեամբ շարժման կ՚անցընեն մարմինը եւ այս կերպով մարդ կը գործէ եւ կեանքը կը վարէ, կ՚ապրի։

Բայց մարդը՝ այս կատարեալ «տիպար»ը կրնայ նաեւ «հրէշութեան» մը փոխակերպուիլ, երբ մարդկային-մարմնական կեանքին ժամանակամիջոցին, ընթացքին մէջ, իր ամբողջ ջանքը եւ նպատակը կ՚ըլլայ միայն մարմինը խնամել, հոգալ՝ մարմինը կամ նիւթը միայն նկատի ունենալ եւ անոր ետեւէն վազել՝ անտեսելով կամ ի սպառ մոռնալով կեանքին բարձրագոյն կարողութիւններու եւ նպատակներու, արժէքներու գոյութիւնը՝ որոնք ի զո՜ւր կը սպասեն գուրգուրոտ եւ հոգածու ուշադրութեան եւ փափկանկատ խնամատարութեան։ Բայց, դժբախտաբար, անխնամ եւ անտեսուած մնալով, հետզհետէ, օրէ օր եւ տարուէ տարի կը թօշնին եւ ի սպառ կը խամրին, լոկ մարմինը լեցնելով եւ փոր մը շինելով մարդուն վրայ՝ հաճոյքով, ոսկիով, սին փառքով լեցուած մարմին մը՝ այլանդակ, տարօրինակ եւ հրէշայի՛ն…։

Եւ միայն մարմինը խնամքի արժանի տեսնող, միայն մարմնին հոգ տանող մարդը «հրէշ» մը կարելի է համարել՝ անսիրտ, անխիղճ, եւ անհոգի՛։

Իսկ անոնք որ կարող են մարմինը, միտքը եւ հոգին ներդաշնակել, հաւասարակշռել՝ դէմքեր են, որ իրենց ուշագրաւ եւ առինքնող դիմագիծով, տիպար կեանքով եւ տպաւորիչ արտայայտութեամբ «տիպա՛ր» կ՚ըլլան իր շուրջիններուն եւ կը քանդակուին յիշողութիւններու վրայ եւ կը մնան հոն երկար ժամանակ։ Որովհետեւ անոնք գիտակցութիւնը ունին կարեւորութեանը միտքին եւ հոգիին եւ ըստ այնմ կը տպաւորեն միտքեր եւ հոգիներ փոխանակ ծանրանալու եւ ծանրացնելու միայն մարմիններ։

Տիպարներ են անոնք, որոնք նկարագրի ցայտուն գրաւիչ գիծերով եւ կամ իրենց առանձնայատուկ դրոշմներով կը տարբերին, կը զանազանուին մարդոց բազմութենէն, եւ անոնց հետ պատահական հանդիպու մը կամ կարճատեւ ծանօթութիւն մը, մարդկային յիշողութեան անկորնչելի մէկ «դրամագլուխ»ը կը դառնայ, եւ որուն անդրադառնալ կ՚ուզէ մարդ ատեն ատեն։

Այդպիսի «տիպար»ներ անմոռանալի կը մնան, քանի որ գիտեն տպաւորել միտքը եւ հոգին, գիտեն խօսիլ միտքին եւ հոգիին, գիտեն երեւիլ մարդուս միտքի եւ հոգիի աչքերուն։

Ճշմարտութիւն, բարութիւն, գեղեցկութիւն, արդարութիւն, մարդասիրութիւն, ազնուութիւն՝ այս բոլոր առաքինութիւնները, արժէքները միտքի եւ հոգիի արտադրութիւններն են, եւ առանց այս առաքինութիւններուն մարդ չի կրնար կատարեալ ըլլալ. միշտ թերութիւն, միշտ տկարութիւն մը կ՚ունենայ, եւ մարմինը ինքնին չի՛ կրնար զօրացնել այդ տկարութիւնը եւ չի՛ կրնար լիացնել այդ թերութիւնը. անպայմա՛ն կը կարօտի միտքի եւ հոգիի։ Մարդ, քանի որ «մա՛րդ» է այս երեք արժէքներով։

Ուրեմն, մանաւանդ Մեծ պահքի շրջանին, սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ, անդրադառնանք հոգիին եւ միտքին, կարեւորութիւն ընծայենք մանաւանդ զգացական եւ մտաւոր մեր կեանքին…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Փետրուար 28, 2018, Իսթանպուլ

Ուրբաթ, Մարտ 9, 2018