ԼԱՒԱԳՈՅՆԸ ԹՇՆԱՄԻ՛Ն Է ԼԱՒԻՆ

«Լաւագոյնը թշնամին է լաւին»։ Հրէական այս ասացուածքը տիեզերական իմաստ մը ունի եւ ճշմարտութեան համահաւասար արժէք մը կը ներկայացնէ։ Ուստի, այս խօսքին մէջ կարելի է տեսնել չափաւորութեան, պարզութեան, քիչով բաւարարուելու, գոհանալու առաքինութիւնները, նաեւ՝ խոնարհութիւն եւ համեստութիւն։ Արդէն այս առաքինութիւնները եւ առաւելութիւնները ունեցող մէկը «լաւագոյն»ը կատարած է…

Մարդ էակը կատարեալ չէ՝ թերութիւններ եւ տկարութիւններ ունի, եւ այս իմաստով անոր, գագաթնակէտին՝ «zénith»ին հասնիլը, եթէ ոչ անկարելի, բայց շատ դժուար է։ Եւ ուրեմն, մարդուս համար ունեցածովը բաւարարուիլ «լաւագոյն» ընտրութիւնը պէտք է ըլլայ։ Անշուշտ անիկա չի նշանակեր անաշխատ, անգործ մնալ։ Չի նշանակեր նաեւ վհատիլ, ջանասիրութիւնը թողուլ եւ ճակատագրական՝ «fataliste», ամէն բան «ճակատագիր»ի վերագրել եւ ամուլ, անպտուղ կեանք մը ապրիլ եւ ապարդիւն մնալ։ Մարդ պէտք է կարելին ընէ՝ իր տարողութեան չափով աշխատի, ջանայ եւ նպատակին հասնելու համար աշխոյժ եւ ժիր ըլլայ։ Այս կը պահանջէ ինքնագիտակցութիւն, այսինքն գիտնալ իր իսկ կարողութեան չափը եւ ըստ այնմ վարուիլ՝ յուսախաբ չըլլալու եւ դասալիք չնկատուելու համար կեանքէն։ Ուստի, մարդ երբ կ՚ուզէ յաջողիլ, պէտք է իր կարողութեան համեմատ վարուի։

Ուրեմն, տեսնենք, թէ ի՛նչ կը նշանակէ «չափաւո՛ր ըլլալ»։ Նախ՝ չափաւորութիւնը մեզի կ՚աւանդուի Սուրբ Գիրքէն, երբ Աստուած ամէն ազատութիւն կու տայ «մարդ»ուն՝ Ադամին, բայց կ՚արգիլէ «բարիի եւ չարի գիտակցութեան ծառ»ին մօտենալ։ Հարցին աւելի աշխարհականութեան (sécularité) տեսանկիւնէն մօտենալով՝ ո՛չ մէկ ազատութիւն, ո՛չ մէկ մարդկային կարողութիւն անսահման է, ինչ որ բնութեան օրէ՛նքն է։

Մարդկային փոխյարաբերութիւններուն եւ մարդուն անհատական գոյապահպանման եւ գոյատեւման կողմէ՝ չափաւորութիւնը եւ պարզութիւնը էական, անհրաժեշտ պայմաններն են առողջութեան, յաջողութեան, ներքին եւ արտաքին խաղաղութեան, իր ընդհանուր առումով՝ երջանկութեան։ Արդարեւ, բանականութիւնն ալ, բարոյականութիւնն ալ, կրօնական գիտակցութիւնը եւ զգացումն ալ այսպէս կը պահանջեն։ Եւ այս բոլոր պահանջները չեն կրնար ժխտել, թէ չափաւորութիւնը սերտ կապ ունի մարդ-կութեան գոյութեան խնդրին հետ։ «Լաւագոյնը թշնամին է լաւին»։ Այս բանաձեւը մեզի ցոյց կու տայ ագահ՝ արծաթասէր եւ անյագ ըլլալու վնասակարութիւնը։

Մարդ երբ անյագ է, անյագուրդ, երբեք երջանիկ չի կրնար ըլլալ։ Միշտ աւելին՝ աւելի լաւը ուզել՝ երջանկութեան ամենամեծ արգելքն է. մարդ պէտք է կենայ տեղ մը՝ ուրկէ աւելին իրեն ոչ թէ օգուտ այլ վնաս կը հասցնէ։ Բայց ասիկա իմաստութիւն, հմտութիւն եւ կեանքի փորձառութիւն կը պահանջէ։ Ուստի, յառաջդիմել մարդուս տրուած պարտաւորութիւն մըն է, կասկած չկայ, բայց դէպի հոն՝ ուր կարելի է յառաջանալ։ Դէպի խաւար, դէպի վիհ, դէպի անդունդ յառաջանալ՝ յառաջդիմութիւն չէ՛, այլ՝ ինքնախաբէութիւն եւ վատնում, սպառում։ Գաւաթ մը միայն մէկ գաւաթի չափ ջուր կրնայ պարունակել, եթէ անոր մէջ կաթիլ մը աւելի ջուր լեցնել փորձենք, կը յորդի, ջուրը դուրս կը թափի…

Մեր շա՜տ սիրելի ընթերցող բարեկամներ, ներկայ Մեծ պահքի շրջանը առիթ մըն է չափաւորութեան, օգտագործենք այս առիթը, եւ երջանկութեան հասնինք…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Մարտ 6 2023, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Մարտ 9, 2023