ՅԱՐԳԵԼԻՈՒԹԵԱՆ ՉԱՓԱՆԻՇԸ
Բարոյական վճռական ընտրանքները կը հրաւիրեն մարդը՝ մաքրուելու սիրտով, ներքնապէս, ամէն յոռի բնազդներէ եւ փնտռել սէ՛րը։ Այս ուղղութեամբ կ՚ու-սուցուի, թէ ճշմարտութիւնը ո՛չ թէ տեսանելի կամ շօշափելի արժէքներու, այլ անտեսանելի եւ հոգեւոր արժէքներու մէջ կը կայանայ։ Արդարեւ ճշմարիտ երջանկութիւնը չի՛ կայանար հարստութեան կամ բարեկեցութեան մէջ, ո՛չ մարդկային փառքին կամ աշխարհային հզօրութեան մէջ, ո՛չ ալ մարդկային որեւէ գործի մէջ՝ որքան ալ օգտակար ըլլայ ան, եւ ոչ ալ արարածի մը մէջ, հապա միա՛յն Իմաստութեան, Սիրոյ եւ Բարիքի մէջ՝ որ համապարփակ կը ներկայացնեն Աստուա՛ծ։
Ուրեմն, ինչպէս Ճոն Հենրի Նիուման կ՚ըսէ, հարստութիւնը օրուան մեծ «աստուածութիւն»ն է, անոր է, որ բազմութիւնը եւ մարդոց ամբողջ զանգուածը բնազդաբար յարգանք կը մատուցանէ։ Անոնք երջանկութիւնը կը կշռեն «հարստութեան» համեմատ եւ հարստութեան համեմատ ալ՝ կը կշռեն «յարգելիութիւն»ը։ Այս բոլորը յառաջ կու գայ այն համոզումէն, թէ հարստութեամբ մարդ ամենակարող կը դառնայ։ Հարստութիւնը ուրեմն օրուան մէկ «կուռք»ն է եւ հռչակը՝ երկրորդ կուռքը։ Հռչակը, համբաւը, երեւելիութիւնը, ճանչցուած ըլլալու իրողութիւնը եւ աշխարհը աղմկելը հասած է նկատուելու իբրեւ բարիք մը ինքն ի՛ր մէջ, գերակայ բարիք մը՝ առարկայ մը իսկական մեծարանքի։
Սուրբ Բարսեղ Կեսարացի կ՚ըսէ. «Նայիր քեզ»։
Ուստի մարդ պէտք է ճանչնայ ինքզինք, որպէսզի առիթ ունենայ տեսնել մտքի եւ հոգիի աղտերը, արատները եւ սրբագրէ, մաքրէ զանոնք։ Այս իմաստով՝ չի բաւեր մաքրել սիրտը, այլ նաեւ՝ միտքը, որ խորհուրդը կը վերածէ գործի՝ բարի կամ չար։ Ուրեմն «Նայիր քեզ», որպէսզի ախտաճանաչումը ներքին արժէքներու՝ սրտի եւ մտքի։ Ներհայեցողութեան կարեւորութիւնը պէտք չէ անտեսել աշխարհային զբաղումներու, հոգերու եւ մտահոգութիւններու հոսանքին տարուելով։
Արդարեւ Աստուած ստեղծեց մարդը՝ որպէսզի ճանչնայ զԻնք։ Եւ երբ ճանչնայ՝ պիտի սիրէ զԱյն, քանի որ Ան աղբիւր է ամէն բարիքի եւ ամէն սիրոյ։
Ս. Երանոս Լիոնցի եւս կ՚ըսէ այս մասին.
«Երանի՜ անոնց որ սրտով սո՛ւրբ են, քանի որ անոնք Աստուած պիտի տեսնեն, սակայն ո՛չ ոք պիտի տեսնէ Աստուած եւ պիտի ապրի, ըստ իր մեծութեան եւ անասելի փառքին, քանի որ Հայրը անըմբռնելի է։ Բայց Իր սիրով, Իր բարութեամբ մարդոց հանդէպ եւ Իր Ամենազօրութեամբ ու Ամենակարողութեամբ, Ան կը հաճի զԻնք սիրողներուն շնորհել առանձնաշնորհումը տեսնելու Աստուած՝ քանի որ ի՛նչ որ անկարելի է մարդոց, կարելի՛ է Աստուծոյ…»։
Ուստի մեծամտութիւն, փառամոլութիւն երբեք յարգելիութեան պատճառներ չեն. համեստ ու խոնարհ հոգիներ, որոնք ճանչցած են իրենք զիրենք, որոնք ճանչցած են Իմաստութիւնը, Սէրը, Բարին՝ որ Աստուած ի՛նքն է, յարգելիութեան արժանի են։ Հոգին է, որ կ՚որոշէ մարդուս յարգելիութեան չափանիշը, ներքին մա՛րդն է, որ արժանաւորութիւնը կ՚որոշէ։ Տեսէ՛ք, սիրելի ընթերցող բարեկամներ, ո՞ր արտաքին գեղեցկութիւն, ո՞ր արտաքին տեսք մշտնջենաւոր եւ անայլայլելի է մնացած։ Բայց ներքին գեղեցկութիւնները՝ սէրը, իմաստութիւնը, մարդկային ամէն առաքինութիւն մշտատեւ արժէքներ են՝ որոնք արժանի են յարգելիութեան։ Եւ եթէ գիտունը յարգելի է, հապա համեստ գիտութեան տէր մէկը արժանի չէ՞ յարգանքի, կամ եթէ մեծատունը յարգելիութիւն կը վայելէ, հապա խոնարհ աղքատը եւ կարիքաւորը պէտք չէ՞ յարգելի նկատել…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարտ 17, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 12/26/2024
- 12/26/2024