ԱՇԽԱՐՀԱՄԱՏՐԱՆ ԿԻՐԱԿԻ
«Աշխարհամատուռ» կը նշանակէ՝ աշխարհաժողով բազմութեան յատկացուած եկեղեցի, այսինքն՝ բոլոր աշխարհի պատկանող եկեղեցի։ Աշխարհամատուռը Սիոնի այն վերնատան անունն է՝ ուր Քրիստոս Վերջին Ընթրիքը կատարեց եւ Հաղորդութեան խորհուրդը հաստատեց։ Ուստի առաքեալները, Քրիստոսի Համբարձումէն յետոյ, սովորութիւն ըրած էին հաւաքուիլ նոր հաւատացեալներու հետ՝ ուր հաղորդութիւն ու աղօթք կը կատարէին։
Աշխարհամատուռը, ըստ պատմական վկայութիւններու, կը կարծուի, թէ Յովհաննէս Մարկոսի տունն էր, ուր կը հաւաքուէին բոլոր հաւատացեալները միասին։
Աշխարհամատուռը, այսինքն Վերնատունը՝ քրիստոնէութեան առաջին եկեղեցին է՝ որ բոլոր քրիստոնեայ եկեղեցիներուն նախատիպը եղաւ եւ եկեղեցւոյ նուիրականութեան խորհրդանիշը։ Ուստի «Աշխարհամատրան տօն»ը՝ Վերնատան առաջին Եկեղեցին ըլլալու յիշատակն է՝ որ կը տօնուի Զատկի Գ. Կիրակիին, այսինքն Զատկէն 15 օր յետոյ, 35 օրուան շարժականութեամբ։
Աշխարհամատրան Կիրակին կը կոչուի նաեւ «Կանաչ Կիրակի»։ Բայց ասիկա բնաւ եկեղեցական ծագում կամ նշանակութիւն չունի։ Կը կարծուի, թէ այս անունը առնուած է ժողովրդական հանդէսէ մը, իբր «դալարից տօն» եւ կանաչներով զարդարուելու սովորութիւն կամ երեւոյթ։ Պատմական վկայութիւններ կը պակսին այս մասին։ (Մաղաքիա Արքեպիսկոպոս Օրմանեան, «Ծիսական բառարան»)։
Ուստի «Գարունը հրա՛շք է, կանաչութիւնը կեա՛նք է». այս իմաստով՝ «Կանաչ Կիրակի»ն կը խորհրդանշէ ծաղկած, կանաչած՝ կեանք ստացած Եկեղեցիի տօնը։ Կանաչը կը խորհրդանշէ նաեւ Եկեղեցիին մշտականութիւնը եւ անմահութիւնը։ Մշտադալար ու մշտակայ Եկեղեցին՝ որ քրիստոնեայ ժողովո՛ւրդն է…։
Ինչպէս Մեծ պահքի կիրակիները իրենց կարգը ունին, այդպէս ալ իրենց յատուկ կարգը ունին Յինանց կիրակիները, որոնցմէ է «Աշխարհամատրան Կիրակի»ն։
Աշխարհամատրան Կիրակին տօնն է Ընդհանրական Եկեղեցիի, քանի որ այս Կիրակի օրը հիմնարկուեցաւ, հաստատուեցաւ ու տարածուեցաւ Քրիստոսի Եկեղեցին ամբողջ աշխարհի վրայ։
Աշխարհամատրան Կիրակին տօնն է աշխարհի Եկեղեցիի, եւ ո՛չ թէ «աշխարհի եկեղեցիներ»ու, որովհետեւ Եկեղեցին մէ՛կ է՝ թէեւ բազմաթիւ մասերու բաժնուած ըլլայ, որու մասին կ՚ըսէ Սողոմոն. «Թող վաթսուն թագուհի եւ ութսուն հարճ ըլլան, թող ազնիւ օրիորդներ ունենայ արքան, մինչդեռ մէ՛կն է իմ աղաւնին, իմ կատարեալը» (ԵՐԳ. Զ 7-8)։
Եկեղեցիի Նաւակատիքն է նաեւ այսօր, աւելի՛ պայծա՛ռ՝ քան Եկեղեցիի միւս նաւակատիքները, քանի որ ան անմիջապէս կը յաջորդէ «Նոր Կիրակի»ին, երբ Յիսուս Քրիստոս նորոգեց Եկեղեցին, քանի որ «Նաւակատիք»ը տաճարի նորոգման տօնահանդէսն է։ (Նաւակատիք=Եկեղեցիի մը օծումը, օծման տարեդարձ. նաեւ՝ մեծ տօնի նախորդ օրուան հանդիսութիւն, տօնակատարութիւն)։
Արդարեւ Եկեղեցին մէ՛կ ըլլալով՝ խորհրդով երկու մաս ունի. «հին» եւ «նոր»։ «Հին»ը ձեւաւորուած է Դրախտի մէջ՝ կազմուելով Ադամի կողմէ, եւ աճած մինչեւ Քրիստոս։ Իսկ «Նոր»ը շինուած Գողգոթայի վրայ՝ Քրիստոսի կողմէն, եւ կը շարունակէ աճիլ մինչեւ աշխարհի վախճանը։
Ինչպէս Հին Եկեղեցին Ադամի զօրութեամբ էր, այդպէս ալ Նորը՝ Քրիստոսի։ Ուստի Հին Եկեղեցիի մասին Սուրբ Գրքի մէջ ըսուած է. «Աներեւոյթ էր ու անպատրաստ» (ԾՆՆԴ. Ա 2), իսկ Նորի համար ըսուած է. «Աստուած ըսաւ- Լոյս ըլլա՛յ, եւ եղաւ» (ԾՆՆԴ. Ա 3)։
Հին ժամանակի Եկեղեցին անտեսանելի էր եւ զուրկ գեղեցկութիւններէ եւ միայն Հրէաստանի մէջ երեւելի. իսկ Նոր Եկեղեցին՝ Սուրբ Հոգիի իջմամբ տեսանելի եղաւ եւ գեղեցկացաւ, Քրիստոսի հաւատով լուսաւորուեցաւ եւ եղաւ երեւելի բոլոր ազգերու մէջ։
Արդարեւ Եկեղեցին «Հին» ու «Նոր» մասերու բաժնուելով, երբեք չի կորսնցներ իր միութիւնը, քանի որ Հին Եկեղեցիին մէջ կատարուող կարգերը ստուերներ, շուքեր ու հետքեր էին Նոր Եկեղեցիի կարգերու, ըստ Առաքեալին խօսքերուն. «Արդարեւ, Օրէնքը հանդերձեալ բարիքներու ստուերն էր, եւ ոչ թէ իրողութիւններու բուն կերպարանքը» (ԵԲՐ. Ժ 1)։ Ուստի անմահ Գառն մորթուելով ու զոհուելով՝ ստուերական օրէնքները ինքնըստինքեան վերցուեցան, ինչպէս արեգակի ծագումով կը չքանան, կը կորսուին ստուերները։
Եկեղեցին ունի նաեւ նիւթական բաժանումներ, որոնց մէջ առաջինը կը կոչուի «Աշխարհամատրան» այսինքն՝ մայր բոլոր եկեղեցիներու, եւ կարգուած է բոլոր հաւատացեալներու համար։
Ժամանակային առումով առաջինը կառուցուած է Սուրբ Էջմիածինը՝ Տրդատ արքայի կողմէ, ապա Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարը՝ Հեղինէ թագուհիի կողմէ։
Այնուհետեւ Կոստանդիանոս կայսրը Հռոմի մէջ կառուցած է Սուրբ Պետրոս եկեղեցին։
Առանց նկատի առնելու, թէ Սուրբ Յարութեան տաճարը առաջինը ըլլալով չէ կառուցուած, սակայն Խաչեալի զօրութեամբ ան գերազանցած է միւս եկեղեցիները. ուստի Երուսաղէմի Սուրբ Յարութեան տաճարը գերազանց է միւս եկեղեցիներէն։ Քանի որ Սողոմոնի տաճարի փոխարէն կառուցուեցաւ, ինչպէս եւ Սիոնը՝ Սինա լերան փոխարէն եղաւ։ Եւ որ աւելի կարեւոր է՝ կառուցուած է Գողգոթայի վրայ եւ սրբուած Տիրոջ Արեամբ։ Ուստի սա եւս կը կոչուի Աշխարհամատուռ, ինչպէս Նոյի տապանը, քանի որ ան ընդհանուր է բոլոր քրիստոնեաներու համար։
Երուսաղէմի տաճարը կառուցուելէ յետոյ հայրապետները հաստատեցին Կաթողիկէ Եկեղեցիի տօները՝ մէկը այս գարնանային ժամանակներուն եւ մէկն ալ՝ աշնան։ (Օգտուեցանք՝ Արամ Դիլանեանի աշխատասիրութենէն)։
Ուրեմն սիրելի՜ներ, Եկեղեցին մէ՛կ է, քանի որ Քրիստոս մէ՛կ է, եւ Անոր սեղանը սիրոյ սեղան է, ուր հրաւիրուած է ամբողջ մարդկութիւնը՝ առանց խտրութեան, առանց տարբերութեան եւ առանց բացառութեան…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ապրիլ 4, 2016, Իսթանպուլ