ՀՆԱՄԱՇ ԱՅԼ ԻՄԱՍՏԱԼԻՑ…

Սա անուրանալի ճշմարտութիւն մըն է, թէ իմաստութիւն եւ հմտութիւն կը պահանջէ՝ կարճ խօսքով շատ բան ըսել, եւ ամփոփ եւ հակիրճ ասութիւններով նպատակ մը կամ իմաստ մը արտայայտել։ Արդարեւ, իմաստը ո՛չ թէ երկար խօսքերու մէջ, այլ համառօտ նախադասութեան մը մէջ շատ աւելի հասկնալի կ՚ըլլայ։ Ուստի շատ եւ երկար խօսքերու մէջ կը կորսուի իմաստը՝ ուր նախադասութեան սկիզբը եւ վերջը յայտնի չ՚ըլլար։ Ահաւասիկ, հակիրճ նախադասութիւններու մէջ շատ բան ըսելու, իմաստ մը դիւրահասկնալի ընելու լաւագոյն օրինակներ են առածները՝ ժողովրդական պարզ եւ իմաստալից խօսքերը, որմէ բարոյական դասեր կարելի է քաղել։ Եւ այս առածները ժողովրդային-հասարակական իմաստութեան արտայայտութիւններն են։ Այս ուղղութեամբ կա՛յ հասարակական՝ «հասարակաց իմաստութիւն» մը՝ որ անհատական իմաստութենէն շատ աւելի վստահելի է, քանի որ հոն կայ ընդհանուրին գաղափարը, փորձառութեան հետ միացած եւ հինէն ի վեր ընդունուած, սերունդէ սերունդ աւանդաբար փոխանցուած եւ հասարակութեան սեփականութիւնը դարձած։ Եւ ընդհանրապէս «հասարակաց միտք»ը շատ չի՛ սխալիր, եթէ ոչ բացարձակ, բայց ընդհանրապէս ընդունուած եւ շատերու կողմէ իւրացուցուած ճշմարտութիւնը կը ներկայացնէ։ Մէկ կամ երկու հոգի կրնայ սխալիլ, բայց բազմաթիւ միտքերու ընդունած իրողութեան մը սխալականութեան հաւանականութիւնը համեմատաբար աւելի քիչ է, քանի որ բազմաթիւներու միացած կէտն է։

Ուրեմն այս խորհրդածութիւններով այսօր մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներու կը ներյայացնենք հետաքրքրակ եւ շահեկան խօսքեր՝ հնամաշ այլ իմաստալից փունջ մը գաւառիկ առածներու, ուր բացայայտ կերպով կը նշմարուին ժողովուրդի հասարակաց իմաստութիւնը։ Եւ ահաւասիկ հասարակաց իմաստութեան նմոյշներ՝ որոնք շատ բան կ՚ըսեն…։

Առածները կը ներկայացնենք իրենց բնատիպ ձեւով, այնպէս ի՛նչպէս աւանդուած է մինչեւ մեր օրերը։

- Անհաց, անաղ, հոգիս քեզ մատաղ։

- Երկու աղուէս մէկ առիւծէն զօրեղ են։

- Երաշխաւորին ձեռքը ծոցը պէտք է ըլլայ։

- Չընեմ ես, չհաւնիմ ես, ինչո՞վ ապրիմ ես։

- Պառաւը դժոխք չերթար, քաշելով կը տանին։

- Զիստ չթրջած՝ ձուկ չբռնուիր։

-Պտուկն ըսաւ՝ ես ոսկի եմ, խուփն ըսաւ՝ ես ո՛ւսկէ եմ։

- Ժլատ մեծատուն, ոսկի թամբով անասուն։

- Իշուն քիթին՝ ռեհան։

- Ես կը քշեմ նախրի մէջ, ան կը մտնէ գոմի մէջ։

- Ակօսը մեծ եզէն կը ծռի։

- Կոյրին ի՞նչ փոյթ թէ մոմը թանկ է։

-Երկու իշուկ՝ կարաւան, երկու կնիկ՝ հարսնարան։

- Հօ՛ հօ՛ ըսելը դադրած եզին հոգին է։

- Ո՛չ խաչին խոստում, ոչ ալ տղուն բլիթ։

- Էրած սիրտը խօսուն կ՚ըլլայ, աներեսը՝ ծիծղուն։

- Բեռն՝ աքլորը կը տանի, սիրտն՝ ուղտ մը։

- Ո՛չ աչքդ ի գրեան, ոչ ձեռքդ ի գրպան։

-Որո՛ւ ուղղափառ ըսի, կուռքը ծոցէն հանեց։

-Ուղտապանին բարեկամ եղողը՝ դուռը պէտք է բարձր ընէ։

- Ես քու բուսուկդ կ՚ուզեմ, բասէն ցորեն շա՜տ։

- Երկու մերկէն թշուառ կը ծնի։

- Սիրէ՛ քեզ սիրողը, թէ ըլլայ հողին հաւասար, մի՛ սիրեր քեզ չսիրողը, թէ ըլլայ նախարար։

- Քոսոտ դատարկաշրջիկ, աքայական բաղնիք։

- Շան լակոտը գայլ չըլլար։

- Շոգին չկենաս, զովին չբզոտիս։

- Խելար մոզին լաւ եզ կ՚ըլլայ։

- Սարեցին եկեր՝ տնեցին կը վռնտէ։

- Սագը սագին հետ, բադը բադին հետ գոնջ աքլորն ալ՝ գոնջ հաւերուն հետ։

- Ա՞րջ էր թէ գայլ՝ չեմ գիտեր, մեր ոջխարը կերաւ։

- Արջուն քոթոթը արջէն չվախնար։

- Մարդ կալակ, դրամ շալակ։

- Հարուստ ողորմած՝ կապերտ է աղքատաց։

- Համեստն իրմէ կը խպնի, աներեսը կ՚ըսէ՝ ինէ է։

- Հոս սուր կը խաղայ, Բերիա ծայրը ցոյց կու տայ։

- Գեղարդին բռունցք չզարնուիր։

- Գայլն ինկաւ հօտին, վայ եկաւ մէկին։

- Ծով կ՚երթաս, ծարաւ կու գաս։

- Յուշիկ յուշիկ պտըտէ, մկրատի պէս կտրէ։

- Բարի արտին բերւոր ես, իստակ արտին քաղւոր։

- Բախտաւոր կնիկն էրկընէն առաջ կը մեռնի։

- Հարսին ստակը, դրան հնչակը։

- Ասանկ շան՝ ասանկ շարական։

- Կ՚ուզես ըլլալ մեգաւոր, եղի՛ր փոխանորդ կամ երաշխաւոր։

- Լուսը փուշ է, մութն անուշ է։

(Ընտրանօք քաղուած ձեռագիր հաւաքածոյէ մը զոր պատրաստած է ատենօք Անտօնեան միաբան Հ. Վահան Վրդ. Ռեւնանեան իր քսանամեայ պաշտօնավարութեանը միջոցին Կարնոյ Արծաթի գիւղ իր ծննդավայրը)։

Նոյնութեամբ կը ներկայացնենք վերոյիշեալ առածները եւ ծանօթագրութիւնը։

Առածներուն մեկնաբանութիւնը կը թողունք մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն։

Առածներէն, «Ա՞րջ էր թէ գայլ, մեր ոջխարը կերաւ»ի մէջ, ինչպէս կը տեսնուի «ոջխար»ը «ջ»ով գրուած է բնատիպին մէջ, մենք ալ հաւատարիմ մնալով սկզբնական վիճակին նոյնութեամբ ներկայացուցինք՝ փոխանակ սրբագրելու՝ «ոչխար»։

Եւ բառեր՝ որոնք քին գործածական են.

Պտուկ = ծառի ծայր, բողբոջ, պուտուկ

Խուփ = դռնակ, փեղկ, կափարիչ

Թամբ = հեծանելի կենդանիներու. ձիու, իշու կռնակը դրուած տեսակ մը նստարան «selle», «էյէր»

Նախիր = արջառներու խումբ

Բլիթ = բոլորակ կակուղ հացիկ

Գրեան = գրեր, գրքեր, գրենոյ

Բուսուկ = բուսած՝ ծնած բան, պտղի բոյս

Բաս = բա = թէ ոչ, իրաւ որ, հապա

Մոզի = հորթ

Ոջխար = ոչխար (բնատիպին մէջ «ջ»ով գրուած)

Կապերտ = լաթի կտոր

Այնպէս կը թուի թէ առածները կը ցոլացնեն շրջանի եւ վայրի՝ ընդհանուր հոգեվիճակը նաեւ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 31, 2019, Իսթանպուլ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2019