ԱՒԱԳ ՀԻՆԳՇԱԲԹԻ

Աւագ հինգշաբթի օրը պատկերն է արարչութեան հինգերորդ օրուան, երբ Արարիչը ստեղծեց ձուկերը եւ թռչունները։ Այս օրը ունի նաեւ հինգերորդ ժամանակաշրջանի խորհուրդը՝ երբ Իսրայէլի զաւակները կերան զատկական գառը, մկրտուեցան ամպի եւ ծովի մէջ, անապատի մէջ կերան երկինքէն իջած մանանան եւ ըմպեցին վիմաբուխ աղբիւրներէն։ (ԵԼՔ. ԺԲ, ԺԶ, ԺԷ)։

Աւագ հինգշաբթի օր կը յիշատակուի նաեւ Յիսուս Քրիստոսի «Վերջին Ընթրիք»ը՝ ուր հաստատուած է Սուրբ Հաղորդութեան Խորհուրդը։

Արդարեւ, Սուրբ Հաղորդութիւնը ակնաղբիւր եւ գագաթնակէտ է քրիստոնեայ ամբողջ կեանքին։

Միւս սուրբ խորհուրդները, եկեղեցային միւս բոլոր պաշտօնատարութիւնները եւ ստանձնուած առաքելական գործերը՝ բոլորն ալ առընչուած եւ կարգաւորուած են Սուրբ Հաղորդութեան հետ, քանի որ Սուրբ Հաղորդութիւնը իր մէջ կը բովանդակէ Եկեղեցւոյ ամբողջ գանձը, այսինքն՝ նոյնինքն Քրիստոսը, մեր Զատիկը։

Աստուծոյ հետ կեանքի հաղորդութիւնը եւ Աստուծոյ Ժողովուրդին միութիւնը, որոնք Եկեղեցին իսկ են, կ՚արտայայտուին եւ կ՚իրականացուին Սուրբ Հաղորդութեամբ։ Սուրբ Հաղորդութիւնը գագաթնակէտը կը հանդիսանայ թէ՛ այն գործին, որով Աստուած կը սրբացնէ աշխարհն ի Քրիստոս, եւ թէ՛ այն պաշտամունքին, զոր մարդիկ Սուրբ Հոգիով կը մատուցանեն Քրիստոսի եւ Անով՝ Հօր։

Եւ վերջապէս Սուրբ Պատարագի հանդիսակատարումով մենք արդէն իսկ կը միանանք երկինքի ծիսակատարումին եւ կը կանխենք յաւիտենական կեանքը՝ ուր «Աստուած պիտի ըլլայ ամէն ինչ ամէնին մէջ» (Ա ԿՈՐՆ. ԺԵ 18)։ Մէկ խօսքով՝ Սուրբ Պատարագի խորհուրդը մեր հաւատքին համառօտութիւնն է եւ ամփոփո՛ւմը։ Սուրբ Երանոս Լիոնցի կ՚ըսէ. «Մեր մտածելակերպը կը յարմարի Սուրբ Հաղորդութեան հետ, Սուրբ Հաղորդութիւնն ալ իր կարգին կը հաստատէ մեր մտածելակերպը»։

Այս Սուրբ Խորհուրդ անսպառ ճոխութիւնը կ՚արտայայտուի իր զանազան անուններով։ Այս անուններուն իւրաքանչիւրը արտայայտութիւնն է անոր կարգ մը երեսներուն։

Կոչուած է «Գոհութիւն», որովհետեւ Աստուծոյ գոհաբանութիւնն է։ «Գոհանալ» (ՂՈՒԿ. ԻԲ 19), (Ա ԿՈՐՆ. ԺԱ 24) եւ «օրհնել» (ՄԱՏԹ. ԻԶ 26), (ՄԱՐԿ. ԺԴ 22) եզրերը կը յիշեցնեն հրէական օրհնութիւնները, որոնք կը հռչակեն -մանաւանդ ընթրիքի պահուն- Աստուծոյ գործերը. արարչագործութիւնը, ստեղծագործութիւնը, փըրկ-չագործութիւնը եւ մարդոց սրբացումը։

Կոչուած է նաեւ «Տիրոջ Ընթրիք», որովհետեւ կ՚ակնկալէ «Վերջին Ընթրիք»ին, զոր Տէրը կատարեց Իր աշակերտներուն հետ Իր չարչարանքներուն նախօրեակին։ Կ՚ակնկալէ նաեւ երկնային Երուսաղէմի մէջ Գառնուկին (ՅԱՅՏ. ԺԹ 9) հարսանեկան ընթրիքին կանխակատարումին։

«Բեկանում Հացին» կոչուած է, որովհետեւ հրէական ընթրիքին յատուկ եղող այս ծիսարարքը Յիսուսի կողմէ օգտագործուեցաւ ամէն անգամ որ իբրեւ սեղանապետ՝ հացը կ՚օրհնէր եւ կը բաշխէր, յատկապէ՛ս «Վերջին Ընթրիք»ին գիշերը։

Յիսուսի Յարութենէն ետք (ԳՈՐԾ. Բ 42, 46. Ի 7, 11) հացի բեկանումը կատարելով է որ աշակերտները Յիսուսը պիտի ճանչնան եւ այս անունով է որ առաջին քրիստոնեաները պիտի կոչեն իրենց գոհաբանական հաւաքները (ՂՈՒԿ. ԻԴ 13-35)։ Անոնք այս բառով կ՚ուզեն նշանակել, թէ «բեկանուած միակ հաց»էն, այսինքն Քրիստոսէն բոլոր ճաշակողները Անոր հետ հաղորդութեան մէջ կը մտնեն եւ Անոր հետ կը կազմեն մէկ Մարմին. (Ա ԿՈՐՆ. Ժ 16-17)։

«Գոհաբանական համախմբում», որովհետեւ Սուրբ Պատարագի խորհուրդը կը հանդիսակատարուի հաւատացեալներու գոհաբանական համախումբին մէջ, իբր «տեսանելի արտայայտութիւն» Եկեղեցւոյ. (Ա ԿՈՐՆ. ԺԱ 17-34)։

«Յիշատակ» Տիրոջ չարչարանքին եւ Յարութեան։

«Սուրբ Զոհաբերում», որովհետեւ կ՚այժմէագործէ Քրիստոս Փրկչին միակ զոհաբերումը եւ անոր մէջ կը ներփակէ Եկեղեցւոյ մատուցած ընծան։ Ան կը կոչուի նաեւ «Պատարագի Սուրբ Զոհ». «Զոհ գովաբանութեան» (ԵԲՐ. ԺԳ 15), (ՍԱՂՄ. ՃԺԵ 13, 17), «հոգեւոր Զոհ» (Ա ՊԵՏ. Բ 5), «Զոհ մաքուր» (ՄԱՂ. Ա 11) եւ «Սուրբ» քանի որ ան Հին Ուխտին բոլոր զոհերը կը գերազանցէ եւ իրենց լրումին կը հասցնէ։

«Սուրբ եւ Աստուածային Ծիսակատարում», որովհետեւ Եկեղեցւոյ լման ծիսակատարումը իր կեդրոնը եւ իր թանձրացած արտայայտութիւնը կը գտնէ այս Սուրբ Խորհուրդի հանդիսակատարումին մէջ։

Նոյն նշանակութեամբ է, որ զայն կը կոչեն նաեւ «Սուրբ Խորհուրդներուն հանդիսակատարում»։ Կը կոչեն նաեւ «Գոհութեան Ամենասուրբ  Խորհուրդ», որովհետեւ ան սուրբ խորհուրդներուն Խորհո՛ւրդն է։ Նոյն անունով կը կոչեն նաեւ տապանակին մէջ պահուած Հաղորդութեան տեսակները։

«Հաղորդութիւն». որովհետեւ այս խորհուրդով է որ մենք կը միանանք Քրիստոսի, որ մեզ Իր Մարմինին եւ Իր Արեան մասնակիցներ կը դարձնէ, մեզի հետ կազմելով մէկ մարմին։ (Ա ԿՈՐՆ. Ժ 16-17)։ Կը կոչեն նաեւ «Սրբութիւններ», ասիկա է առաջին իմաստը «Սուրբերուն հաղորդութեան», որուն մասին կը խօսի «Առաքելոց Հանգանակ»ը. «Հաց հրեշտակներու, հաց երկինքի, դեղ անմահութեան, թոշակ» ինչպէս կը յիշէ Սուրբ Իգնատիոս Անտիոքացի։

«Սուրբ Պատարագ» կամ «Միսսա», որ լատին լեզուով կը նշանակէ «արձակում», որովհետեւ փրկութեան խորհուրդը կատարող ծիսակատարումը կը վերջանայ հաւատացեալներուն արձակումով՝ որպէսզի տուն երթան խաղաղութեամբ եւ իրենց առօրեայ կեանքին մէջ Աստուծոյ կամքը կատարեն։

Արդարեւ, Սուրբ Պատարագի խորհուրդին «կեդրոնական մաս» կը հանդիսանան «հաց»ը եւ «գինի»ն՝ որոնք Քրիստոսի խօսքերով եւ Սուրբ Հոգիին կոչումով կը փոխուին Քրիսոտսի Մարմինին եւ Արիւնին։ «Առաւ հացը…», «Առաւ գինիով լեցուն բաժակը…»։ Հացին եւ գինիին նշանակները խորհրդաւորապէս Քրիստոսի Մարմին եւ Արիւն դառնալով, կը շարունակեն արարչութեան ալ բարութիւնը շարունակել…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարտ 31, 2020, Իսթանպուլ

Հինգշաբթի, Ապրիլ 9, 2020