ԿԱՐԳԸ «ԴԵՂԻՆՆԵՐՈՒՆ» ՀԱՍԱՒ
Տարիներէ ի վեր, մեր այս ապրած երկրէն ներս, գրեթէ շաբաթական դրութեամբ, զանազան ուրախ եւ տխուր, պարզ եւ «ծանր» լուրերու կողքին, ձայնասփիւռի կայաններէն, մամուլի էջերէն եւ կամ թիվիներէն կը լսենք, կը կարդանք եւ կը տեսնենք, որ նահանգէ մը ներս, սեւամորթ մը եւ կամ աւելի ճիշդ ափրիկեան-ամերիկացի մը, ոճիր մը, գողութիւն մը գործած կամ կատարած պահուն ձերբակալւած, եւ կամ ալ իբրեւ կասկածելի «անմեղ» տեղը դատապարտուած եւ կամ ալ սպաննուած է:
Ու իբրեւ «անարդար» որոշում եւ նաեւ այսպէս կոչուած՝ «խտրականութեան» արդիւնք, ահա ամբողջ երկրի տարածքին, շուտով «աղմուկ-ժխոր» մը կը ծնի եւ որուն իբրեւ հարազատ արդիւնք զանազան քաղաքներու մէջ «սեւերը» ոտքի ելլելով, բողոքի ցոյցեր կը կազմակերպեն: Արդարութիւն պահանջող կոչերով անոնք փողոց կ՚իջնեն եւ այս ձեւով իրենց վրդովանքը կը հրապարակեն: Սակայն, երբեմն տեսնուած է, որ ցուցարարներէն ոմանք նոյն այդ ցոյցերու ընթացքին, իբրեւ վրէժխնդրութիւն, իրենց հանդիպած մեծ ու փոքր վաճառատուներու դռներն ու ապակիները կոտրտելով, առիթէն օգտուելով, ներսի «եղածն ու չեղածը» կը թալանեն: Ահա քեզի Ամերիկա եւ «գունաւոր» ընդվզում ու «արդար» բողոքի ձեւ կամ որդեգրում:
Սակայն այս մէկը ուրիշ հարց է: Նիւթէն չշեղիմ:
«Սեւին» կամ «սեւերուն» նկատմամբ արդար կամ անիրաւ որեւէ որոշում, ինչ ալ որ ըլլայ, երբեմն կ՚ոտնահարէ մտածումներդ եւ կը խանգարէ առօրեադ: Ու չափազանցած չեմ ըլլար, եթէ աւելցնեմ, որ նման վիճակներու տարօրինակ խառնուրդը, յաճախակի կ՚ապրինք եւ որուն իբրեւ հետեւանք, մեր կեանքի հոսքն ալ կը պղտորի: Այս մէկը կու գայ հաստատելու, թէ մեր ապրած երկրի երկնքի տակ, ամէն բան միշտ փայլուն չէ: Բայց..., համաձայն ըլլանք կամ ո՛չ, այս ա՛յս է:
Եւ որպէսզի նախաբանս աւելի չերկարեմ, ըսեմ որ, շաբաթներէ ի վեր Ամերիկան եւ իր հետն ալ համայն աշխարհը, ականատես կ՚ըլլան ուրիշ ցաւալի նորութեան մը: Այս անգամ «սեւ»ի փոխարէն զոհը՝ «դեղինն» է: Պարզ խօսելով, Ծայրագոյն Արեւելքի երկիրներէն. Չինաստան, Վիեթնամ եւ այլն, տարիներէ ի վեր Ամերիկա ապաստանած կամ հաստատուած քաղաքացիներուն դէմ տարուած ատելութեամբ լեցուած անմարդկային արարքներուն մասին է ակնարկս:
Այսպէս, անծանօթ եւ դիմակաւոր մարդիկ, օր ցերեկով, չես գիտեր ինչու, փողոցներու մէջ իրենց հանդիպած «դեղին» քաղաքացիին -կին կամ տարեց- վրայ յարձակելով, կը ծեծեն եւ կամ կը վիրաւորեն, նոյնիսկ կը դանակոտեն ու կը կողոպտեն: Տակաւին կ՚անարգեն ալ եւ նոյնիսկ շատերուն բնակարաններուն դռներն ու պատուհանները կը քարկոծեն: Այս վատ արարքները FBI-ի կողմէ մեծ ուշադրութեան առարկան դառնալով՝ նկատուած է՝ «դիտումնաւոր» եւ նոյնիսկ «ատելութեան յանցագործութիւն»:
Եւ ի տես այս «նորութեան», իբրեւ քաղաքացիներ մեր կարգին, յանկարծ մեր մէջ ալ ինքնածին տագնապ մը կը ծնի, որ լեղիի համ կու տայ օրուայ մեր ժամերուն: Ըսի տագնապ մը, որ նաեւ կը պրկէ մեր հոգեվիճակները եւ զանոնք կը պահէ կեանքի տեսակաւոր ծանրութեան տակ:
Ահա նոր իրավիճակ ու մտովի հարց կու տաս.- մեղա՜յ... Ամերիկայի պէս երկրի մէջ, նայէ՛ ո՞ւր հասած է մարդկութիւնը: Ինչո՞ւ մարդիկ դուռ-դրացի այսքան չարացած են եւ դարձած՝ իրարու նկատմամբ ոխակալներ: Ի՞նչ շահ ունին նման չարագործութիւններ ընելով եւ նոյնիսկ վնասներ հասցնելով: Ու վախ մը կ՚անցնի սրտէդ ու կ՚ըսես մտովի «մեզի այս պակաս էր, այս ալ աւելցաւ»: Քորոնան չէր բաւեր, հիմա ալ «դեղիններուն» վրայ կատարուած տեսակաւոր արարքները՝ «աղ ու պիպէր»:
Այնպէս կ՚երեւի, թէ հիմա «սեւերէն» ետք, կարգը եկած է, «դեղիններուն»: Առ քեզի Ամերիկա...:
Բայց հոս նման արարքները նորութիւններ չեն: Եթէ «հարցը» եկուորներուն դէմ է, ապա պէտք է յստակեցնել, որ մեր ապրած այս երկրի մէջ համայն բնակչութիւնը երկուոր-գաղթականներէ կազմուած է: Այս երկրին իրաւասու տէրերը միայն բնիկ հնդիկներն են: Լաւ յիշենք: Տակաւին քանի մը դար առաջ, Եւրոպայէն եկող «ճերմակները», անխնայ ջարդած ու կոտորած էին տեղւոյն բնիկ հնդիկ ամբողջ ցեղախումբեր եւ ապա գրաւած ու տիրացած անոնց հողերն ու կալուածները եւ այս երկիրին նոր սեփականատերէրը դառնելով՝ նոր պետութիւն կազմած:
Պատմութիւնը բացէ՛ք եւ կը յստականայ ձեր միտքը: Իսկ այս օրերուն, ահա «սեւերէն» ետք, «դեղինները»: Զարմանալի է, չէ՞: Իրականութիւնը սարսափելի է ու նոյնիսկ անախորժ ներկայութիւն: Բայց արդարութեան համար պէտք չէ լռել:
Ու անցնող շաբաթներու ընթացքին դեղին ցեղին պատկանող ասիացի (չինացի-վիեթնամցի եւ այլն) քաղաքացիներուն հանդէպ նման ատելութեան եւ բռնի ուժի որդեգրումները, դատապարտելի են եւ նոյնքան ալ բողոքի եւ ընդվզումի առիթ ընծայող:
Իսկ մեր կարգին, իբրեւ քաղաքացիներ, բոլորս ալ կը զգանք ու կ՚ապրինք նման տագնապի մեծութիւնը: Ու կը մտածենք, թէ ինչպէ՞ս կարելի պիտի ըլլայ մերկացնել մարդոց եսերուն մէջ թաքնուած այս անհամ եւ ցաւալի արարքները:
Ու այս առթիւ հպարտօրէն յիշեցնեմ, որ մենք տարիներով ապրած եւ բնակութիւն հաստատած ենք Միջին Արեւելքի արաբական երկիրներուն մէջ: Սրտբաց հիւրընկալուած ենք: Անմոռանալի իրողութիւն: Դարձած ենք մանաւանդ գիտակից, հնազանդ եւ հաւատարիմ քաղաքացիներ: Բայց երբեք նման «բաներու» չհանդիպեցանք: Նոյնիսկ, եթէ մանր մունր դէպքեր պատահած են, շուտով պետութիւնը առաջքը առնելով, յանցաւորները խստօրէն պատժած է:
Այո՛, ճիշդ է, որ ծնունդով, մտքով եւ հոգիով իբրեւ հայեր հո՛ս կ՚ապրինք: Մենք ալ աշխարհի բազմազան ժողովուրդներու նման ինքնակամ, յօժարակամ, ճակատագրի հովերէն քշուած, մեծ երկիրներու քաղաքական խաղերուն զոհեր դարձած, եկած ու հաստատուած ենք այս երկրին մէջ, եւ զայն կոչած «աւետեաց» երկիր, փրկութեան կայան կամ լաստ։ Եւ հազիւ տեղաւորուած, գաղութ կազմած, եւ մենք զմեզ ապահով կարծած ենք: Միւս կողմէ, թէեւ մեր ոտքերը դրած ենք օտար այս հողին վրայ, սակայն միշտ մեր միտքն ու հոգին ուրիշ տեղ եղած է: Հո՛ն, հեռուն: Այնտեղ, ուր Հայաստան կը կոչուի: Ու պատիւ մեզի, մենք միշտ փորձած ենք ամէն ձեւով մասնակցիլ մեր ապրած երկրի ընդհանուր կեանքին: Ու թէեւ աշխարհի եւ մեր հայրենիքի բոլոր հարցերն ալ մեզ կլանած են եւ յաճախ ալ մեր կենսունակութիւնը ցամքեցուցած, սակայն միշտ մնացած ենք մեր հայու ինքնութեան հաւատարիմ: Բոլորս ալ անսակարկ եւ անյապաղ, ուր որ ալ ապրած ենք, մեր հայ կեանքը պարտէզի վերածել ցանկացած ենք։ Բայց, որովհետեւ անէծք սատանային, շերտաւոր սփիւռքներու մէջ կ՚ապրինք, մեզմէ շատեր յաճախ կորսնցուցած են իրենց սեփական կեանքով գոյատեւելու ձգտումը եւ «հետեւած» ու դուրսէն ընդօրինակած՝ նոր եւ օտար որդեգրումներ: Այս մէկն ալ ուրիշ հարց է:
Բայց նաեւ աւելցնեմ, որ մենք միայն Ամերիկա չենք: Մենք ամէն տեղ ենք: Մէյ մը աշխարհի քարտէսը նայեցէ՛ք: Ո՞ւր հայ չկայ: Ուրեմն երբեմն պէտք է մենք զմեզ համեմատենք ուրիշ ազգերու հետ, «դեղին», «ճերմակ», «սեւ».- վերագնահատելու համար մեր կեանքը: Անոր համար պէտք է ամուր պահենք մեր գաղափարի բանալին, որ մեր միաբան ըլլալն է:
Տեղին է յիշել, որ իւրաքանչիւր տասը տարին անգամ մը այս երկրի պաշտօնական մարդահամարին՝ միշտ հարց ծագած է, թէ մենք ո՞ր «խումբին» կը պատկանինք, «ճերմա՞կ» թէ ո՛չ «թուխ» եւ կամ «դեղին» եւ կամ այլ:
Ըսե՛մ: Մենք ո՛չ ճերմակ ենք եւ ո՛չ ալ՝ այլ: Մե՛նք «ԱՐՄԵՆԻԱՆ» ենք: Այսչափ:
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
bedig43@aol.com
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024