ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ՈՒՆԱՅՆ ՓԱՓԱՔ

Բնաւ ու­շադ­րու­թիւն ը­րա՞ծ էք, սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, մար­դիկ, շատ ան­գամ ո՜ր­քան ու­նայն, պա­րապ փա­փաք­նե­րով ու նպա­տակ­նե­րով կը վատ­նեն, կը մսխեն ի­րենց թան­կա­գին ժա­մա­նա­կը՝ ան­տե­սե­լով ի­րա­պէս կա­րե­ւոր եւ ար­ժէ­քա­ւոր, օգ­տա­կար փա­փաք­ներն ու նպա­տակ­նե­րը։

Խոս­տո­վա­նինք, որ բո­լորս ալ, մեր կեան­քի ո­րե­ւէ մէկ շրջա­նին, գո­նէ մէ՛կ ան­գամ գոր­ծած ենք այդ սխա­լը, եւ եր­բեմն մէ­կէ ա­ւե­լի՛ ան­գամ­ներ նոյ­նիսկ…։

Եւ երբ մարդ­կա­յին ա­մէն ու­նայն եւ փուճ փա­փաք­նե­րէ, չնչին ու ա­նար­ժէք նպա­տակ­նե­րէ կը պար­պուի եւ կը մեր­կա­նայ մեր հո­գին, եւ ար­դէն պէտք է մեր­կա­ցած ըլ­լայ կեան­քի ա՜յն­քան փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րու պատ­ճա­ռով, կը մնայ սոս­կա­կան տենչ մը՝ ճգնա­ւո­րիլ, ճգնիլ եւ ներ­հա­յե­ցո­ղա­կան կեանք ապ­րիլ, ա­ռանձ­նա­նալ Բնու­թեան Եր­կին­քին մէջ՝ Աս­տու­ծոյ հետ։ Ը­սինք, «ա­ռանձ­նա­նալ», բայց ո՛չ եր­բեք «մի­նակ» ըլ­լալ, քա­նի որ ա­ռանձ­նու­թիւ­նը, «մի­նակ» ըլ­լալ չի՛ նշա­նա­կեր, այլ՝ ինքն ի­րեն հետ եւ ինքն ի՛ր մէջ Աս­տու­ծոյ հետ ըլ­լալ, Աս­տուծ­մով լե­ցուիլ եւ պար­պուիլ ա­մէն ու­նայ­նու­թե­նէ։

Եւ ո՜ր­քան ե­րա­նե­լի է այդ վի­ճա­կը՝ հոն ուր հա­սած է մարդ՝ լիա­ցած ինքն իր­մով եւ Աս­տուծ­մով։ Հոն՝ ո՛ւր մարդ կը գտնէ ինք­զինք, կը լե­ցուի իր­մով եւ իր մէջ՝ Աս­տուա­ծա­յին ճշմար­տու­թեամբ։ Եւ ո՜ր­քան հա­ճե­լի է՝ պար­պուիլ ու­նայ­նու­թիւն­նե­րէ, եւ լե­ցուիլ ճշմար­տու­թեան լոյ­սով։ Եւ երբ մարդ ծա­նօ­թա­նայ իր «Ես»ին, ինքն ի­րեն, այ­լեւս կը լե­ցուի ճշմար­տու­թեա՛մբ։

Ուս­տի ո­մանք «ի­մաս­տա­սէ՜ր» են, տե­ւա­կան կը փնտռեն կեան­քին ի­մաս­տը, ճշմար­տու­թիւ­նը եւ ա­նոնք եր­բեմն «մի­նա՛կ» կը մնան, ա­նո­րո­շու­թեան խա­ւա­րին մէջ կը տա­տա­նին, կը տա­րու­բե­րուին եւ ա­նոնք բա­ռին իս­կա­կան ի­մաս­տով՝ «մի­նա՛կ» կը զգան ի­րենք զի­րենք։ Կեան­քին ի­մաս­տը եւ ճշմար­տու­թիւ­նը երբ ան­ծա­նօթ է մար­դուս, ա­պա ու­րեմն այդ կը նշա­նա­կէ, որ մարդ «մի­նակ» է, որ­քան ալ բազ­մու­թիւն ըլ­լայ իր շուր­ջը։ Այդ այդ­պի­սի հո­գե­վի­ճակ մըն է, որ են­թա­կան ինք­զինք «ան­ծա­նօթ» եւ «օ­տար» կը զգայ ծա­նօթ­նե­րու եւ ճանչ­ցուած­նե­րու բազ­մու­թեան մէջ, եւ դար­ձեալ, ինք­զինք «մի­նակ» կը զգայ ամ­բո­խի մէջ, որ­քան ալ բազ­մու­թիւն ըլ­լայ իր շուր­ջը։

Եւ կան՝ ո­րոնք «ի­մաս­տո՛ւն» են. կեան­քի փոր­ձա­ռու­թիւ­նը ցոյց տուած է ա­նոնց կեան­քին ի­մաս­տը եւ ճշմար­տու­թիւ­նը, լե­ցուած են ա­նոնք ճշմար­տու­թեան լոյ­սով. հաս­տատ ու ինք­նավս­տա՛հ կ՚ապ­րին կեան­քը՝ իր բո­լոր ե­րե­սակ­նե­րով՝ հա­ճոյք կը զգան կեան­քէն, ինչ­պէս որ մէ­կը հա­ճոյք կը զգայ երբ գի­տէ, թէ ի՛նչ կը գտնուի փակ, կղպուած արկ­ղի մը, կամ տու­փի մը մէջ կամ դրան մը ե­տին…։

Եւ «ի­մաս­տո՛ւն»ը եր­բե՛ք մի­նակ չէ՛, քա­նի որ ան ա­ռան­ձին է ինքն իր մէջ, կեան­քին ի­մաս­տին եւ ճշմար­տու­թեան հետ։ Ա­նոր տե­սո­ղու­թեան սահ­մա­նը ան­հուն է՝ պա­հանջ­քը չի զգար կար­ճա­տես եւ նեղ­միտ մար­դոց տե­սած­նե­րը տես­նե­լու, ո­րոնք կը կար­ծեն տե­սած ըլ­լալ շատ բան, մինչ­դեռ ո՛­չինչ կը տես­նեն, քա­նի որ ի­րենց չտե­սա­ծը շա՜տ ա­ւե­լի է քան տե­սա­ծը։

Հե­ռա­տես ու լայ­նա­խոհ մար­դիկ, ե­թէ ո՛չ մարմ­նա­ւոր, բայց մտա­յին աչ­քով շատ ա­ւե­լին կը տես­նեն. եւ տես­նո­ղը՝ կը գիտ­նայ՝ կը ծա­նօ­թա­նայ, եւ գիտ­ցո­ղը միշտ եր­ջա­նիկ եւ լիա­ցած կ՚ըլ­լայ, հա­կա­ռակ այն խօս­քին՝ որ կ՚ը­սէ. «ան­գի­տու­թիւ­նը եր­ջան­կու­թի՛ւն է»։

«Ան­գի­տութիւ­նը եր­ջան­կու­թիւն է» մտայ­նու­թիւ­նը, ար­դա­րեւ միամ­տօ­րէն մխի­թա­րու­թիւն մըն է, պար­զամ­տու­թիւն եւ քօ­ղար­կում՝ տկա­րու­թեան եւ ան­կա­րո­ղու­թեան։ Ա­ւե­լի լաւ չ՚ըլ­լա՞ր՝ գիտ­նալ եւ ըստ այնմ շար­ժիլ, մի­ջամ­տել կեան­քի անն­պաստ ի­րո­ղու­թիւն­նե­րուն, ճանչ­նալ բա­րին ու չա­րը, չա­րը բա­րիի՛ փո­խե­լու, վնա­սա­կա­րը օգ­տա­կա­րի՛ վե­րա­ծե­լու աշ­խա­տիլ…։

Եւ բա­նա­կան մար­դուն ա՛յս կը վա­յե­լէ, մարդ­կա­յին ար­ժա­նա­ւո­րու­թեան ու ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան ա՛յս կը պատ­շա­ճի. գիտ­նա՛լ եւ ըստ այնմ վա­րուիլ։

Սի­րե­լի՜ բա­րե­կամ­ներ, «Եր­կինք»ը հոն է՝ ո՛ւր մարդ եր­ջա­նիկ է. «Եր­կինք»ը հո՛ս է՝ բնու­թեան գե­ղեց­կու­թեան անն­կա­րագ­րե­լի ու ան­բա­ցատ­րե­լի՜ գե­րադ­րան­քը՝ ուր մարդ­կա­յին ընդ­հա­նուր «բա­ռա­գիրք»ին մէջ ու­րիշ բառ չկա՛յ «եր­կինք» բա­ռէն զատ…։

Յի­սուս Քրի­սոտս մի՛շտ գի­տա­կից էր Աս­տու­ծոյ ներ­կա­յու­թեան, բայց «պայ­ծա­ռա­կեր­պու­թեան» կամ ընդ­հա­նուր ա­նուա­նու­մով՝ «այ­լա­կեր­պու­թեան» փոր­ձա­ռու­թիւ­նը՝ լե­րան մը վրայ միայն ու­նե­ցաւ։ Լե­րան մը վրայ ա­ռան­ձին՝ «ճգնա­ւո­րած» հո­գին միշտ կը լու­սա­ւո­րուի. «կ՚այ­լա­կեր­պի» եւ «կը պայ­ծա­ռա­կեր­պուի» Աս­տու­ծոյ հո­գիին հետ ան­մի­ջա­կան ե՛ւ մտե­րմա­կան հա­ղոր­դակ­ցու­թեան գա­լով։ Եւ ա՛յն որ Աս­տու­ծոյ հո­գիին հետ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մէջ է՝ հա­սած է կա­տա­րե­լու­թեան՝ ի­մա­ցած ու հասկ­ցած է «կեան­քին ի­մաստ»ը եւ ճշմար­տու­թեան լոյ­սով լու­սա­ւո­րուա՛ծ։ Եւ ա­հա­ւա­սիկ, հո՛ս է ի­մաս­տա­սէ­րին եւ ի­մաս­տու­նին տար­բե­րու­թիւ­նը…։

Ուս­տի այն՝ որ ու­նի գի­տակ­ցու­թիւ­նը ճշմար­տու­թեան, լիա­ցած է կեան­քին ի­մաս­տով՝ ու­նի հա­ւա­տա­րիմ եւ գա­ղա­փա­րա­կից բա­րե­կամ­ներ, ո­րոնք եր­բեք չեն թո­ղուր զինք, չեն հե­ռա­նար իր­մէ, բնա՛ւ մի­նակ չի զգար ինք­զինք։ Եւ քա­նի որ ա­մե­նէն ան­կեղծ, ա­մե­նէն հա­ւա­տա­րիմ, ա­մե­նէն սրտա­կից «Բա­րե­կամ»ը Աս­տուած է, Հա՛յ­րը, եւ քա­նի որ Ան եր­բեք չի հե­ռա­նար, եր­բեք չի թո­ղուր մար­դը, եւ վեր­ջա­պէս քա­նի որ Ան մի՛շտ ներ­կա՛յ է, միշտ կա՛յ, ա­պա ու­րեմն մարդ եր­բեք մի­նակ չէ, տե­ւա­պէս իր հետ ու­նի «Ա­մե­նավս­տա­հե­լի» Հո­գին, որ զինք եր­բեք մի­նակ չի թո­ղուր։

Ե­րա­նի՜ այս ճշմար­տու­թեան լոյ­սին մէջ ըլ­լա­լու գի­տակ­ցու­թիւ­նը ու­նե­ցող­նե­րուն…։

Այս պատ­ճա­ռով, եր­բե՛ք «մի­նակ» չեն ա­նոնք, որ­քան ա­տեն որ Աս­տուած ի­րենց հետ եւ ի­րենց մէ՛ջ է։ Եւ ի­րենք Ա­նոր հետ ու Ա­նոր մէ՛ջ։ Աս­տուած «ան­ժա­մա­նակ» եւ «ա­մէ­նու­րե՛ք» է, ան­տա­րա­կոյս, անհ­րա­ւէր իսկ՝ Իր ներ­կա­յու­թիւ­նը կը պար­գե­ւէ ա­նոնց, որ «մի­նակ» կը զգան ի­րենք զի­րենք եւ կը կար­ծեն «լքուած ըլ­լալ» աշ­խար­հէ մը՝ ո­րուն սիր­տը պա­ղած է եւ նոյ­նիսկ սա­ռա՛ծ։

Աս­տու­ծոյ ըն­կե­րակ­ցու­թիւ­նը ա­ւե­լի՛ քան կը լեց­նէ մար­դոց ըն­կե­րակ­ցու­թեան պա­կա­սը։

Մա­նա­ւանդ որ Աս­տու­ծոյ հետ կա­րե­լի է խօ­սիլ կեան­քի այն խո­րունկ նիւ­թե­րուն վրայ՝ ո­րոնց­մէ կը խու­սա­փին ծան­ծա­ղա­միտ ու կար­ճա­տես մար­դիկ։

Ուս­տի, «մի­նա­կու­թիւն» եր­բե՛ք։

«Ա­ռանձ­նու­թիւն»՝ ե­րա­նե­լի՜ վի­ճակ…։

 ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մա­յիս 2, 2016, Իս­թան­պուլ

Երկուշաբթի, Մայիս 9, 2016