ՔՆՆԱԴԱՏԱԿԱՆ ՄԻՏՔ

Իմաստակ, կեղծ իմաստուն եւ սոփեստ մարդիկ, իր գիտութեամբ պարծենկոտ անձեր, ընկերութեան մէջ շատ հաւանութիւն չեն գտներ։ Եթէ աշխարհ իմաստակներով լեցուն ըլլար, մարդկութիւնը ոչ մէկ գիւտ կրնար կատարել։ Զոր օրինակ, կրակի գիւտը չէր կատարուեր, որովհետեւ իմաստակներ անմիջապէս կ՚առարկէին. «Երկու քար իրարու քսելով ո՛չ մէկ արդիւնք կարելի է ձեռք ձգել»։

Իմաստակներ միշտ ժխտական են, քանի որ համոզուած են որ միայն իրենք գիտեն եւ իրենք իրաւացի են, ուրիշ ոչ մէկը գիտէ։ Կատարեալ եւ անբուժելի ինքնախաբէութի՛ւն։ Ամէն բան գիտնալու յաւակնիլ՝ մարդկութեան յառաջդիմութիւնը կը կասեցնէ, կը խափանէ։ Նոր գիւտ մը չի կրնար կատարել։ Մտաւոր կեանքի մէջ լուրջ հարց մըն է ասիկա։ Գոնէ պահ մը անդրադառնալ, թէ սխալած է, կամ առնուազն երկվայրկեան մը ընդունիլ, թէ գիտութիւնը պակաս է, իր «ԵՍ»ը կարենայ ճանչնալ։

«Չեմ գիտեր» պատասխանելը արժանապատուութեան վիրաւորանք մը համարել՝ իրապէս արժանապատուութեան տէր անձերու անարգանք մըն է։

Կասկածը քննադատական խելքը կը ստեղծէ եւ քննադատական միտքը յառաջդիմութիւնը կը խրախուսէ, կ՚ոգեւորէ։ Շատ բնական է, որ մարդոց միջեւ տարակարծութիւններ՝ կարծիքի եւ համոզումի, տեսակէտի տարբերութիւններ ըլլան. անհամաձայնութիւններ գոյանան։ Բայց այս հարցին, մարդ պէտք է հանդուրժողական ոգիով մօտենայ ամէն տեսութեան։ Իրօք, կասկածը, գիտութեան նկատմամբ, տեսակէտներու, կարծիքներու հասարակաց կէտի մը վրայ հաշտութիւնը կարեւոր դեր կը խաղայ։ Ապա՝ ստուգիւ, քննադատական միտքը կասկածները կը փարատէ, կը յստակացնէ եւ մարդկային մտքին զարգացման կ՚օգնէ։

Այս կէտին պէտք է զանազանել եւ չշփոթել «վստահ ըլլալ»ը եւ «իրաւացի ըլլալ»ը։ Եւ դժուար է ուրիշի մը կարծիքը չընդունիլ, երբ այդ մէկը տարեց եւ ըստ երեւոյթի փորձառու մէկն է։ Բայց մարդ միշտ կասկած մը պէտք է կրէ իր մտքին մէջ։ Միշտ ի մտի ունենալու է՝ վստահութիւն ներշնչողի եւ իրաւացիի տարբերութիւնը։

Ուստի քննադատական միտք ունենալ կը նշանակէ՝ հաւանութիւններու եւ վստահութիւններու նկատմամբ ուշադիր եւ բծախնդիր ըլլալ։ Որեւէ գաղափար ընդունելու կամ մերժելու մէջ չաճապարել՝ քննել, ուսումնասիրել եւ յետոյ որոշել։ Ուստի, կեանքի մէջ անորոշութիւնը վատ կացութիւն մըն է. մարդ իր բանականութեամբ եւ քննադատական միտքով սխալ կամ ճիշդ որոշում մը տալու է։ Համոզը՝ մարդուն բանականութեան եւ խղճին միատեղ յանգած եզրակացութիւնն է։

Մարդիկ ազատ են իրենց քննադատական միտքով հասած որոշումը արտայայտել, բայց ասիկա ուրիշներու բռնութեամբ, բռնի ստիպումով պարտադրել սխա՛լ է, քանի որ ամէն անհատ նոյն ազատութիւնը ունի եւ ասիկա մարդկային արժանապատուութեան հարց մըն է։ Ամէն գաղափար յարգարժան է, բաւ է որ ան բանականութեան եւ խղճմտանքի հակառակ չըլլայ…

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հինգշաբթի, Մայիս 9, 2024