ԱՐԵՆԱԿԱՆ ԱՍՏԻՃԱՆՆԵՐ

Ա­րե­նակ­ցա­կան կամ ազ­գակ­ցա­կան աս­տիճան եւ կամ պորտ կ՚ա­նուա­նուի՝ մէ­կու մը կա­պը միւ­սի հետ ծննդեամբ։

Աս­տի­ճան­նե­րու կա­պը ա­նընդ­հատ շա­րու­նա­կուող «գիծ» մըն է։ Գի­ծը կը սկսի այն ան­ձէն՝ որ­մէ ծնած է որ­դին, ա­նոր ալ յա­ջոր­դող ան­ձը եւ շա­րու­նա­կա­բար կ՚եր­թայ ցած՝ դէ­պի թոռ­ներ, ծոռ­ներ, ո­րը կը կո­չուի «ստո­րա­գիծ», այ­սինքն դէ­պի վար գա­ցող գիծ։

Երբ կը հա­շուենք ծոռ­նե­րէն սկսեալ դէ­պի վեր՝ հայ­րը, պա­պը, պա­պի պա­պը, այս գիծն ալ կը կո­չուի «վե­րա­գիծ» այ­սինքն՝ դէ­պի վեր գա­ցող գիծ։

Իսկ երբ կը հա­շուենք ո՛չ ու­ղիղ գի­ծով, այլ դէ­պի կող­քե­րը գա­ցող ուղ­ղու­թեամբ՝ դէ­պի եղ­բայր­ներ, քոյ­րեր, հօ­րեղ­բայր­ներ, հօ­րա­քոյ­րեր, այն ժա­մա­նակ կը ստա­նանք «կո­ղա­կիծ» այ­սինքն՝ կող­քե­րը, կող­մե­րը գա­ցող գիծ։ Ա­ռա­ջի­նի օ­րի­նակ՝ պա­պը, որ­դին, թո­ռը, ծո­ռը, թո­ռան թո­ռը, ծո­ռան ծո­ռը։

Երկ­րոր­դի օ­րի­նակ. ծո­ռը, ծո­ռան հայ­րը, ծո­ռան պա­պը, ծո­ռան պա­պի հայ­րը։

Եր­րոր­դի օ­րի­նակ. հօ­րեղ­բօ­րը որ­դի­նե­րը, հօ­րաք­րո­ջը աղ­ջիկ­նե­րը, մօ­րաք­րո­ջը թոռ­նե­րը։

Այս դրու­թեամբ, աս­տի­ճան­նե­րը եւ մեր­ձա­ւո­րու­թիւ­նը կա­րե­լի է հա­շուել շատ դիւ­րու­թեամբ. ուս­տի եւ ա­մէն մէկ ծնունդ կը հա­մա­րուի մէկ աս­տի­ճան կամ մէկ պորտ՝ հօր­մէ սկսած։ Զօր օ­րի­նակ՝ որ­դին հօր վե­րա­բեր­մամբ «աս­տի­ճան» մըն է, իսկ թո­ռը պա­պի  վե­րա­բեր­մամբ երկ­րորդ աս­տի­ճան է, քա­նի որ երկ­րորդ ծնունդ է։ Այս ուղ­ղու­թեամբ եր­կու եղ­բայր ի­րա­րու նկատ­մամբ եր­կու աս­տի­ճան են, քա­նի որ եր­կու ծնունդ են, այ­սինքն՝ եղ­բայր­ներ եր­կու պորտ են։

Այս ի­մաս­տով՝ ա­մուս­նա­ցած այր-մար­դը եւ կին-մար­դը ա­ռան­ձին աս­տի­ճան չեն կազ­մեր, քա­նի որ ա­նոնք կը հա­մա­րուին «մէ՛կ մար­մին»։ Ուս­տի այր-մարդ եւ կին-մարդ, ա­մու­սին­ներ միա­ցած պի­տի հաշ­ւըուին։

Որ­դի­ներ՝ տղայ եւ աղ­ջիկ, դէ­պի ծնող­նե­րը մէկ աս­տի­ճան են։

Որ­դի­ներ՝ տղայ եւ աղ­ջիկ, դէ­պի ի­րա­րու նկատ­մամբ եր­կու աս­տի­ճան են։

Հօր մը եւ խորթ մօր, կամ մօր եւ խորթ հօր որ­դի­նե­րը՝ բո­լո­րը կը հա­մա­րուին մէկ մօր, մէկ հօր. ուս­տի հա­րա­զա­տի աս­տի­ճա­նով պի­տի հաշ­ւըուին։

Կի­ներ եւ այ­րեր, իբ­րեւ ծնունդ­ներ հօր վե­րա­բեր­մամբ միեւ­նոյն կա­նո­նին են­թա­կայ են։ Զոր օ­րի­նակ.

«Ա» նա­խա­հայ­րը նկա­տե­լով՝ «Բ» եւ «Ե» որ­դի­ներ, «Գ» եւ «Զ» թոռ­ներ, «Դ» եւ «Է» ծոռ­ներ.

«Ա»էն սկսե­լով գի­ծը կ՚ըն­թա­նայ դէ­պի «Բ», «Գ», «Դ» եւ միւս կող­մէ՝ դէ­պի «Ե», «Զ», «Է»։­

Ըստ այս ցու­ցա­կին՝ ձախ կող­մէն՝ «Բ» կը կազ­մէ դէ­պի հայ­րը՝ «Ա», մէկ աս­տի­ճան, «Գ» կը կազ­մէ դէ­պի «Ա» երկ­րորդ աս­տի­ճան, «Դ» կը կազ­մէ դէ­պի «Ա» եր­րորդ աս­տի­ճան։ Իսկ աջ կող­մէն՝ «Ե» կը կազ­մէ դէ­պի «Ա» մէկ աս­տի­ճան, «Զ» կը կազ­մէ դէ­պի «Ա» երկ­րորդ աս­տի­ճան, «Է» կը կազ­մէ դէ­պի «Ա» եր­րորդ աս­տի­ճան։

Ու­րեմն՝

Ա

Բ      Ե

Գ      Զ

Դ      Է

ե­րեք աս­տի­ճան ձախ կող­մէն է, ե­րեք աս­տի­ճան աջ կող­մէն, ո­րոնց գու­մա­րը՝ վեց աս­տի­ճան։ Այս ցու­ցա­կի հա­մա­ձայն, «Բ» եւ «Ե» եր­կու եղ­բայր են, կամ եր­կու քոյր, եր­կու քոյր-եղ­բայր, ո­րոնք եր­կու ծնունդ են՝ դէ­պի ի­րա­րու եր­կու աս­տի­ճան։

Նոյն ցու­ցա­կին հա­մա­ձայն՝ «Գ» եւ «Զ» թոռ­ներ են՝ եր­կու ծնունդ ի­րա­րու հետ եւ եր­կու ծնունդ ալ ի­րենց հայ­րե­րը՝ կ՚ըլ­լայ 4 աս­տի­ճան։

Իսկ «Դ» եւ «Է» ծոռ­ներ են՝ եր­կու ի­րա­րու նկատ­մամբ եւ 4 ալ նա­խորդ­նե­րու, բո­լոր 6 աս­տի­ճան։

Վե­րո­յի­շեալ ճիւ­ղագ­րու­թիւ­նը ազ­գակ­ցա­կան է կամ ա­րե­նակ­ցա­կան՝ ո­րու մէջ նա­խա­հայ­րը «Ա» կը կազ­մէ 6 աս­տի­ճա­նով «մեծ ըն­տա­նիք», որ­դի­ներ, թոռ­ներ եւ ծոռ­ներ, տղա­յի թոռ­ներ, աղջ­կայ թոռ­նե­րով ան կը կազ­մէ հա­րա­զատ ազգ, ա­րիւ­նա­կից մեծ ըն­տա­նիք՝ որ խառն չէ ու­րիշ ըն­տա­նի­քի հետ։

Երբ պսա­կի մի­ջո­ցով յա­րա­բե­րու­թիւն կը հաս­տա­տուի եր­կու «օ­տար» ըն­տա­նի­քի մի­ջեւ, ի­րա­րու նկատ­մամբ կամ մէ­կը միւ­սին վե­րա­բեր­մամբ կը կո­չուին «խնա­մի»։ Այս կեր­պով կը ստա­ցուի եր­կու ցե­ղի մեր­ձա­ւո­րու­թիւն կամ բա­րե­կա­մու­թիւն՝ երկ­ցեղ խնա­մու­թիւն։ Այս յա­րա­բե­րու­թիւ­նը օ­րի­նա­կան ազ­գակ­ցու­թիւն կա­րե­լի է ա­նուա­նել։

Ուս­տի խնա­մու­թիւ­նը կը կազ­մէ.

ա) Ա­մու­սին­նե­րու՝ այր եւ կնոջ մեր­ձա­ւոր­նե­րը,

բ) Եր­կու ա­մու­սին­նե­րու՝ այր եւ կնոջ եր­կու կող­մե­րը,

գ) Մէկ ա­մու­սի­նի՝ այր կամ կին եւ միւ­սի ա­ռա­ջին ա­մուս­նու­թեան ստո­րա­գիծ ծնունդ­նե­րը՝ խորթ որ­դի­նե­րը,

դ) Փե­սան դէ­պի հար­սի մեր­ձա­ւոր­նե­րը, բա­րե­կամ­նե­րը այն աս­տի­ճա­նի մէջ կը հա­մա­րուի՝ ի՛նչ աս­տի­ճա­նի մէջ որ կը գտնուի հար­սը՝ դէ­պի իր ա­րե­նա­կից­նե­րը, հա­րա­զատ­նե­րը,

ե) Հար­սը՝ դէ­պի փե­սա­յին ա­րե­նա­կից­նե­րը, հա­րա­զատ­նե­րը կը գտնուի այն աս­տի­ճա­նի մէջ՝ ի՛նչ աս­տի­ճա­նի մէջ որ կը գտնուի փե­սան դէ­պի իր ազ­գա­կից­նե­րը կամ ա­րե­նա­կից­նե­րը։

Այս եր­կու պա­րա­գա­նե­րուն ալ հարսն ու փե­սան՝ «մէ՛կ մար­մին»՝ մէկ աս­տի­ճան կը կազ­մեն։

զ) Հար­սը եւ փե­սան ջոկ-ջոկ, այ­սինքն՝ խումբ խումբ, զատ, ա­ռան­ձին աս­տի­ճան­ներ կը կազ­մեն, ե­թէ եր­կու կող­մի մեր­ձա­ւոր­նե­րու աս­տի­ճան­նե­րը հաշ­ւըուի։

Աս­տի­ճան­նե­րը կը հաշ­ւըուին միշտ ուղ­ղա­հա­յեաց եւ թեք գի­ծե­րով. այր-մար­դու եւ կին-մար­դու պսա­կը կը միա­ցուի հո­րի­զո­նա­կան գի­ծով։

Խնա­մա­կան մեր­ձա­ւոր­ներ կը կո­չուին՝ «ա­ներ», «զո­քանչ», «փե­սայ», «հարս», «տալ», «քե­նի», «սկե­սուր», «սկես­րայր», «պատ­րոն», «տէգր», «տէգ­րա­կին», «ա­ներ­ձագ», «խորթ հայր եւ խորթ մայր», «խորթ տղայ եւ խորթ աղ­ջիկ»։ Խոր­թու­թիւ­նը կը մտնէ թէ՛ ազ­գակ­ցու­թեան կամ ա­րե­նակ­ցու­թեան եւ թէ խնա­մու­թեան մէջ՝ ան կանգ­նած է եր­կու­քին մէջ­տե­ղը։

Խոր­թու­թեան աս­տի­ճան­նե­րը կը հաշ­ւըուին ընդ­հա­նուր կա­նո­նի հա­մա­ձայն։

Պսակ­նե­րու աս­տի­ճան­նե­րու մեր­ձա­ւո­րու­թեան եւ հե­ռա­ւո­րու­թեան կար­գը՝ Ե­կե­ղե­ցին ա­ռած է Մով­սի­սա­կան օ­րէն­քէն։

Ար­դա­րեւ «որ­դեգ­րու­թիւն»ն ալ ան­ձե­րու մի­ջեւ կապ հաս­տա­տող «գիծ» մը կը ստեղ­ծէ։

Քա­ղա­քա­ցիա­կան օ­րէնք­նե­րով կնքա­ւո­րու­թեան կը փո­խա­րի­նուի որ­դեգ­րու­թիւ­նը՝ որ կը կա­տա­րուի որ­դի չու­նե­ցող հօր, օ­տար տղա­յի մը մի­ջեւ, ան­շուշտ տղա­յին ծնող­նե­րուն հա­մա­ձայ­նու­թեամբ։

Աս­տի­ճան­ներ մա­նա­ւանդ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ստա­նան պսա­կի եւ ժա­ռան­գի պա­րա­գա­նե­րուն՝ ի­րա­ւա­կան հար­ցե­րու շուրջ…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 12, 2015, Իս­թան­պուլ

Հինգշաբթի, Յուլիս 9, 2015