ԱՌՈՂՋ ՄԱՐԴՈՒ ՏԻՊԱՐԸ

Յա­ճախ կը կրկնենք՝ «ա­ռող­ջու­թիւն»ը իր ընդ­հա­նուր եւ լայն ա­ռու­մով, պէտք չէ՛ հասկ­նալ միայն «մարմ­նա­կան ա­ռող­ջու­թիւն»։ Ար­դա­րեւ, մարդ միայն մարմ­նա­ւոր էակ մը չէ, այլ նաեւ՝ հո­գե­ւոր եւ մտա­ւոր, բա­նա­կան էակ մըն է։ Ու­րեմն չի բա­ւեր միայն «մարմ­նա­կան ա­ռող­ջու­թիւն»ը՝ կա­տա­րեալ ա­ռողջ մարդ մը ըլ­լա­լու հա­մար, հա­պա պէտք է նաեւ հո­գե­կան ու մտա­յին ա­ռող­ջու­թիւ­նը, ը­սենք՝ կա­տա­րե­լու­թիւ­նը։

Փրոֆ. Հըքս­լէ այս մա­սին կ՚ը­սէ.-

«Դաս­տիա­րա­կուած մար­դը՝ ճշմար­տա­պէս դաս­տիա­րա­կուած մար­դը ա՛ն է, որ իր տղա­յու­թեան օ­րե­րէն մար­մի­նը՝ ֆի­զի­քա­կան էու­թիւ­նը կա­նո­նա­ւոր մար­զան­քի տակ պա­հած է եւ կրնա՛յ զայն ծա­ռա­յեց­նել իր կամ­քին, եւ կա­տա­րել ա­մէն գործ «մե­քե­նայ»ի մը պէս ա­րա­գա­շար­ժու­թեամբ, կա­նո­նա­ւոր եւ ճշդու­թեա՛մբ։ Եւ դար­ձեալ, ան է դաս­տիա­րա­կուած մար­դը՝ որ իր ի­մա­ցա­կան կա­րո­ղու­թիւն­նե­րով կրնա՛յ ա­մէն խնդիր վեր­լու­ծել լրջօ­րէն, դա­տել բա­նա­կա­նու­թեամբ, ո­րուն միտ­քը համ­բա­րուած է բնա­կան գի­տու­թիւն­նե­րով ե՛ւ ճշմար­տու­թիւն­նե­րով։ Եւ վեր­ջա­պէս, դաս­տիա­րա­կուած մար­դը ա՛յն է, որ կեանք ու կրակ ու­նի իր մէջ, գի­տէ իր կիր­քե­րը զսպել ու հպա­տա­կեց­նել զա­նոնք՝ իր զօ­րեղ ու տի­րա­պե­տող կամ­քին եւ ծա­ռան ը­նել, հպա­տա­կեց­նել իր զգա­յուն խղճին, ան որ սոր­ված է սի­րե՛լ գե­ղե­ցի­կը՝ ըլ­լա՛յ բնու­թեան մէջ, ըլ­լա՛յ ա­րուես­տի մէջ եւ կամ մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու մէջ եւ ա­տե՛լ ա­մէն վա­տու­թիւն, նաեւ յար­գել ու­րիշ­նե­րը՝ իր ան­ձին պէս»։­

Եւ ա­հա­ւա­սի՛կ, ա­ռողջ, կա­տա­րեալ մար­դու տի­պա­րը՝ որ կո­չումն է մարդ էա­կին՝ իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թե­նէն իսկ։ Մարդ պէտք է նպա­տակ ըն­դու­նի՝ մարմ­նով, հո­գիով եւ միտ­քով կա­տա­րեալ ըլ­լա­լու եւ ո՛չ միայն ի­րեն հա­մար, այլ մա­նա­ւանդ իր շուր­ջին­նե­րուն հա­մար։

Այս կա­տա­րե­լու­թեան հաս­նե­լու հա­մար պէտք է, որ մարդ ու­նե­նայ զօ­րա­ւոր մար­մին՝ ֆի­զի­քա­կան կազ­մու­թիւն, ազ­նիւ հո­գի եւ մշա­կուած, զար­գա­ցած միտք։

Միտ­քը, հո­գին եւ մար­մի­նը ներ­դաշ­նա­կող մար­դը՝ ի­րա­պէս կա­տա­րեա­լի մօտ «անձ» մըն է, քա­նի որ ան գի­տէ չափ ու կշիռ իր կիր­քե­րուն, մտա­ծում­նե­րուն եւ զգա­ցում­նե­րուն մէջ։ Զոր օ­րի­նակ միտ­քը՝ բա­նա­կա­նու­թեան կա­րո­ղու­թիւ­նը, գի­տէ պատ­շաճ կեր­պով գոր­ծա­ծել, եւ հե­ռո՛ւ մնալ ա­մէն չա­փա­զան­ցու­թե­նէ, ո­րոնք կը վնա­սեն «մարդ»ուն լիա­կա­տա­րու­թեան, եւ պատ­ճառ կ՚ըլ­լան որ լու­ծուի հաս­տա­տուած ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը՝ մարմ­նին, հո­գիին եւ մտքին։

Ուս­տի ե­րա­նե­լի՜ է այն մար­դը, որ կրնայ ա­պա­հո­վել ե՛ւ պահ­պա­նել այդ ներ­դաշ­նա­կու­թիւ­նը, կրնայ գո­յա­պահ­պա­նել զայն եւ գո­յա­տե­ւել ա­նով մշտնջե­նա­պէս։

Մարդ, ը­սինք, մտա­ւոր, այ­սինքն բա­նա­կա­նու­թեամբ օժ­տուած էակ մըն է, եւ ու­րեմն գա­ղա­փար­ներ կրնայ յղա­նալ եւ ար­տա­յայ­տել զա­նոնք, բնա­կան է այդ…։

Բայց «գա­ղա­փար յղա­նալ» եւ «գա­ղա­փար ար­տա­յայ­տել» ու­նի իր բնա­կան օ­րէնք­նե­րը եւ կա­նոն­նե­րը, ո­րոնք կա­րե­ւոր են եւ անհ­րա­ժեշտ ա­մէն գա­ղա­փար յղա­ցո­ղի եւ ար­տա­յայ­տո­ղի հա­մար։

Եւ ա­հա­ւա­սիկ այս հար­ցին մէջ ալ կա­րե­ւոր դեր կը ստա­նայ «չա­փա­ւո­րու­թեան եզր»ը՝ չափ ու կշիռ ու­նե­նա­լը, սահ­մա­նը լա՛ւ ո­րո­շե­լը։

Կը հարց­նեմ, սի­րե­լի՜ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, ի՞նչ է ձեր կար­ծի­քը՝ գա­ղա­փար յղա­նա­լու հա­մար, եւ ան­շուշտ զայն ար­տա­յայ­տե­լու հա­մար, գա­ղա­փա­րը յղա­ցուած եւ ար­տա­յայ­տուած նիւ­թին մա­սին ո­րոշ գի­տու­թիւն մը, նուա­զա­գոյն տե­ղե­կու­թիւն մը ու­նե­նալ պէտք չէ՞։ Ու­րիշ խօս­քով՝ ա­ռանց գի­տու­թեան կա­րե­լի է գա­ղա­փար կազ­մել կամ յղա­նալ եւ մա­նա­ւանդ զայն ար­տա­յայ­տել։ Կա­րե­լի՞ է որ մարդ ա­ռանց նախ­նա­կան գո­նէ գի­տու­թիւն ու­նե­նա­լու «գա­ղա­փար» ու­նե­նայ ո­րե­ւէ նի­ւթի մա­սին։

Մեր հա­մեստ կա­րի­ծքով՝ ո­րոշ չա­փով գո­նէ գի­տու­թիւն ու­նե­նալ պէտք է, որ­պէս­զի «գա­ղա­փար»ը կազ­մուի։ Եւ մա­նա­ւանդ երբ այդ սխալ կամ թե­րի, կի­սատ «գա­ղա­փար»ը ար­տա­յայ­տուի, կ՚ե­րե­ւա­կա­յէ՞ք, թէ ի՜ն­չեր կը պա­տա­հի եւ ո՜ր­քան վնա­սի պատ­ճառ կը դառ­նայ այդ «սխալ» կամ «ան­կա­տար» գա­ղա­փա­րը…։ Զոր օ­րի­նակ, երբ ա­ռող­ջա­պա­հա­կան հարց մը ծա­գի, ձեր շուրջ ա­մէն ոք «բժիշկ»ի կամ «դե­ղա­գործ»ի հան­գա­մանք կը ստա­նան եւ կը սկսին հան­գա­մա­նօ­րէն յանձ­նա­րա­րու­թիւն­ներ, յոր­դոր­ներ տե­ղաց­նել, եւ ցա­ւա­լին այն է, որ ի­րենց կեան­քէն օ­րի­նակ­ներ կու տան, ը­սե­լով, թէ ի­րենք սա մէկ դե­ղը օգ­տա­գոր­ծած եւ ա­պա­քի­նած, բու­ժուած են։

Հա­պա ո՞ւր է «ախ­տա­ճա­նա­չում»ը։

Ա­ռանց ախ­տա­ճա­նա­չու­մի դեղ ու դար­ման կա­րե­լի՞ է ո­րո­շել, մա­նա­ւանդ որ մար­դուս կեան­քը խնդրոյ ա­ռար­կայ է։ Կը նա­յիք, ա­մէն մարդ բժիշկ է, ա­մէն մարդ դե­ղա­գործ է, ի­րա­կա­նին՝ ո՛չ մէ­կը…։

Ը­սինք, գա­ղա­փար յղա­նա­լու, գա­ղա­փար կազ­մե­լու հա­մար ո­րոշ գի­տու­թիւն մը անհ­րա­ժեշտ է, եւ ա­սի­կա ընդ­հա­նուր կա­նոն է եւ պա­հանջք։ Իսկ յղա­ցուած գա­ղա­փա­րը յայտ­նել՝ լո՛ւրջ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն կը պա­հան­ջէ։ Մէ­կը կրնայ մտա­ծել, խորհր­դա­ծել ո­րե­ւէ նիւ­թի մա­սին, ը­սե­լիք չու­նինք այդ մա­սին, բայց ե­թէ հան­գա­մանք չու­նի, թո՛ղ ի­րեն պա­հէ իր միտքն ու գա­ղա­փա­րը, եւ զայն ար­տա­յայ­տե­լու, յայտ­նե­լու հա­մար գիտ­նայ իր պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան սահ­մա­նը. իր «սխալ»ով ու­րիշ­ներն ալ սխա­լեց­նե­լու ի­րա­ւուն­քը չէ՛ տրուած ի­րեն, պէտք է գի­տակ­ցի իր չափ ու կշի­ռին եւ ըստ այնմ վա­րուի, որ­պէս­զի «օգ­տա­կար ը­լալլ»ու պատ­րուա­կով՝ ու­րիշ­նե­րու ան­հա­տա­պէս կամ հա­ւա­քա­պէս «վնա­սա­կար» չհան­դի­սա­նայ։ Եւ ի՜նչ վե­հու­թիւն է, մե­ծու­թիւն է՝ մէ­կու մը, չգիտ­ցա­ծը քա­ջա­բար ը­սե­լը, ո՜ր­քան կա­րե­ւոր ա­ռա­քի­նու­թիւն է լռել, խօ­սե­լէ դադ­րիլ նիւ­թի մը մա­սին՝ ո­րուն մա­սին բա­ւա­րար տե­ղե­կու­թիւն եւ գի­տու­թիւն չու­նի։ Եւ ի՜նչ քա­ջու­թիւն է, կա­րե­նալ ը­սել. «Չե՛մ գի­տեր…»։

­Գա­ղա­փար յղա­նա­լու եւ մա­նա­ւանդ յայտ­նե­լու գոր­ծին կա­րե­ւոր է նաեւ հան­դուր­ժո­ղու­թիւ­նը, եւ համ­բե­րա­տա­րու­թիւ­նը։ Գա­ղա­փար յայտ­նող­ներ նախ պէտք է գի­տակ­ցին գա­ղա­փար յայտ­նե­լու կեր­պին ու ո­ճին կա­րե­ւո­րու­թեան, գա­ղա­փար­նե­րու փո­խա­դարձ յայտ­նու­թիւ­նը՝ թե­րեւս «գա­ղա­փար­նե­րու բա­խում» կամ «միտ­քե­րու ընդ­հա­րում» է, բայց եւ եր­բե՛ք՝ գա­ղա­փար­նե­րու կռիւ կամ մտա­ծում­նե­րու ճա­կա­տա­մարտ…։

Դէ՛մ գա­ղա­փար մը յայտ­նո­ղը, թե­րեւս կո­չուի «հա­կա­ռա­կորդ»՝ իր դէմ եւ հա­կա­ռա­կող մտա­ծու­մին պատ­ճա­ռով, բայց դէմ միտք յայտ­նո­ղը ո՛չ եւ եր­բեք «թշնա­մի» կա­րե­լի չէ՛ հա­մա­րել, կա­րե­լի է կո­չել զայն «մրցա­կից» եւ ա՛յդ­քան։

Ֆրան­սուա-Մա­ռի Ա­ռուէ Վոլ­թէր (1694-1778) գա­ղա­փար յայտ­նե­լու մա­սին, իր «հա­կա­ռա­կորդ»ին սա­պէս կ՚ը­սէ. «Խստու­թեամբ եւ սաս­տիկ կը հա­կա­ռա­կիմ ձեր յայտ­նած գա­ղա­փա­րին, սա­կայն ձեր գա­ղա­փա­րը յայտ­նե­լու ի­րա­ւուն­քը եւ ա­զա­տու­թիւ­նը կը պաշտ­պա­նեմ ի գին ա­մէ՛ն բա­նի»։­

Ա­հա­ւա­սի՛կ ի­րաւ «գա­ղա­փա­րի մա՛րդ»ը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Յու­նիս 23, 2016, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Յուլիս 9, 2016